Ինչ­պէս Եր­կու­շաբ­թի օ­րո­ւան թի­ւով հրա­տա­րա­կած էինք, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Յ.Դ. Ա­թէն­քի, ­Գո­քի­նիոյ եւ ­Ֆիք­սի կո­մի­տէ­նե­րուն ­Շա­բաթ, 8 ­Յու­նիս 2024-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ Մա­յիս 28-ի 106-ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան խրախ­ճանք: Ս­տո­րեւ կը հրա­տա­րա­կենք ե­լոյ­թի ըն­թաց­քին ար­տա­սա­նո­ւած խօս­քե­րը:

***

Օրուան բանախօս ընկ. Նորա Քիւրտօղլեանի արտասանած խօսքը

Ազ­գին հա­մար դժո­ւար ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու կը զու­գա­դի­պի Ան­կա­խու­թեան մեր մեծ տօ­նը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն եւ այս տա­րի ին­ծի վի­ճա­կո­ւե­ցաւ՝ տա­րե­դար­ձի խօս­քի այ­սօ­րո­ւան պար­տա­կա­նու­թիւ­նը:
Այն­պի­սի ժա­մա­նա­կի մը, երբ Ար­ցա­խը բռնագ­րա­ւուած է: Ար­ցախ­ցին իր հողն ու տու­նը լքած: Ան­գամ մը եւս հա­յը հայ­րե­նիք կորսն­ցու­ցած եւ դար­ձած է գաղ­թա­կան:
Այն­պի­սի պա­հու, երբ յա­նուն են­թադ­րեալ «խա­ղա­ղու­թեան» մը ու «դրա­ցիա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու», ոչ միայն ար­տա­քին լուրջ ճնշում­նե­րու են­թա­կայ ըլ­լա­լով, այ­լեւ պար­տո­ւա­ծի հո­գե­բա­նու­թեամբ եւ հա­շիւ­նե­րով, ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը տե­ղի կու­տան թշնա­մա­կան պա­հանջ­նե­րուն եւ կը զի­ջին հայ­րե­նի­քի ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քին տէր կանգ­նե­լու ի­րենց գե­րա­դաս պար­տա­ւո­րու­թե­նէն:
Այն­պի­սի պա­հու մը, երբ hայ ժո­ղո­վուր­դը կ­՛ապ­րի ներ­քին պա­ռակ­տո­ւա­ծու­թեան մթնո­լորտ: ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան կեան­քի ներ­քին խռո­վու­թիւ­նը իր ազ­դե­ցու­թիւ­նը գոր­ծած կը թո­ւի ըլ­լալ նաեւ՝ սփիւռ­քա­հա­յու­թեան վրայ:
Այ­սու­հան­դերձ, ո՛չ մէկ ա­ղե­տա­լի կամ կնճռոտ ի­րա­կա­նու­թիւն կրնար շու­քի մէջ ձգել հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան ա­մէ­նէն հե­րո­սա­կան սխրան­քը, ­Մա­յիս 28-ի իս­կա­պէս պատ­մա­կերտ թո­ւա­կա­նը: Ո­րով­հե­տեւ ­Մա­յիս 28-ն ­միայն ան­ցեա­լին չի պատ­կա­նիր, ան մեր ներ­կան է եւ ա­պա­գան:
­Մա­յիս 28-ի օ­րը ու­րախ տրա­մադ­րու­թեամբ եւ տօ­նա­կան ե­րան­գով դրոշ­մեց սփիւռ­քի ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րը՝ Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի գա­ղա­փա­րին եւ ե­ռա­գոյ­նին պար­ծան­քով, այն տա­րի­նե­րուն, երբ ե­ռա­գոյ­նը չէր ծա­ծա­ներ հայ­րե­նի­քի մէջ, քա­նի՝ վան­դա­կո­ւած էր մեր հայ­րե­նի­քը 70 տա­րի սո­վե­տա­կան ա­նա­զատ վար­չա­կար­գի տակ:
­Վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն, ­Հա­յոց ­ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ջան­քերն ու ծա­ւա­լուն գոր­ծը եւ ա­ռա­ւել՝ այդ աշ­խա­տանք­նե­րու շրջագ­ծին մէջ, ­Մեծ Ե­ղեռ­նի ծանր բե­ռին վրայ ա­ւել­ցած նոր դժբախ­տու­թիւն­նե­րու՝ ­Սում­կայ­թի ջար­դի մա­սին մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քը լու­սա­բա­նե­լու պարտ­քը մեր ու­սե­րուն առ­նե­լով, բնա­կա­նա­բար մեր պա­տա­նի­նե­րուն ու ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հո­գիին ու մտքին մէջ տեղ գրա­ւեց՝ ցե­ղաս­պա­նուած, ջար­դո­ւած ժո­ղո­վուր­դի մը ող­բեր­գու­թեան ժա­ռան­գորդ­նե­րը ըլ­լա­լու ճնշո­ւա­ծու­թիւ­նը:
Դժ­բախ­տա­բար այդ ճնշո­ւա­ծու­թեան վրայ բար­դո­ւե­ցաւ նաեւ Ար­ցա­խի կո­րուս­տի ընկ­ճո­ւա­ծու­թիւ­նը եւ պար­տո­ւած ըլ­լա­լու հո­գե­բա­նու­թիւ­նը:
­Մինչ, սե­րունդ­նե­րը պէտք ու­նին մա­նա­ւանդ հպար­տու­թեան զգա­ցու­մին:
Եւ ա­հա, ա­մէն ի­մաս­տով, ­Մա­յիս 28-ը գե­րա­զանց հպար­տու­թեան օր է հա­յուն հա­մար:
Ին­չի՞ մէջ կը կա­յա­նայ ա­նոր խոր­հուր­դը:
Մտ­քով ետ եր­թանք 106 տա­րի ա­ռաջ եւ պատ­կե­րացնենք ­Հա­յաս­տա­նի կա­ցու­թիւ­նը:
1915-ի սեւ թո­ւա­կա­նէն հա­զիւ եր­կու տա­րի ան­ցած, Ե­րե­ւա­նի մէջ՝ գաղ­թա­կա­նու­թիւն, սով, ցուրտ, բնա­կա­րան­նե­րու չգո­յու­թիւն: ­Վե­րապ­րող հա­յու­թեան ա­պա­գան անս­տոյգ, հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր թշո­ւառ որ­բեր, թա­փա­ռա­կան, ա­նօ­թի եւ մա­հո­ւան սե­մին, հա­ւա­քո­ւած Ա­րա­րա­տեան դաշ­տին մէջ: ­Հայ­կա­կան կա­մա­ւո­րա­կան գուն­դե­րը սա­կա­ւա­թիւ ու ան­զօր: Թր­քա­կան բա­նա­կի դէ­պի Ե­րե­ւան յա­ռաջ­խա­ղաց­քը սար­սափ կը տա­րա­ծէ: ­Հա­յե­րը լքո­ւած էին նաեւ դաշ­նա­կից ռու­սե­րէն: Այ­լեւս մի­նակ պէտք էր դի­մագ­րա­ւէին ի­րենց ճա­կա­տա­գի­րը:
­Յու­սա­հա­տա­կան այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ, Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դը եւ Ե­րե­ւա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ընդ­լայ­նուած ժո­ղո­վի մը ըն­թաց­քին միա­ձայ­նու­թեամբ կ­՛ո­րոշուէր Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նին յանձ­նել երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը՝ զայն հռչա­կե­լով տիկ­տա­թոր: Ա­րամ ­Մա­նու­կեան այդ ժո­ղո­վէն բա­ցա­կայ էր: ­Տիկ­տա­թո­րի կո­չու­մը բո­լո­րո­վին խորթ էր ա­նոր, ան խո­րա­պէս եւ գործ­նա­պէս ժո­ղովրդա­վար էր եւ գա­ղա­փա­րի մարդ:
Ա­րամ ­Մա­նու­կեանն էր, որ1915-ի Ապ­րի­լի սկիզ­բին ­Վա­նի մէջ, հա­յու­թեան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւ­նը յաղ­թա­նա­կի ա­ռաջ­նոր­դած էր, պզտիկ պե­տու­թիւն մը կեր­տե­լով ու կազմ­կեր­պե­լով ­Վա­նի մէջ, որ դի­մա­ցած էր շուրջ ե­րեք ա­միս:
Ու­րեմն, այդ օ­րե­րու ­Հա­յաս­տա­նի դժխեմ պայ­ման­նե­րուն մէջ, Ա­րամ ­Մա­նու­կեան, զօ­րա­վար ­Սի­լի­կեա­նի հետ միա­սին կազ­մե­ցին 12.000 հո­գի­նոց բա­նակ՝ տե­ղա­կա­յուած ­Սար­դա­րա­պա­տի մէջ:
Ա­րա­մի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը եւ հրա­պա­րա­կած կո­չը հայ­րե­նա­սի­րու­թեամբ եւ զար­մա­նա­լի յոյ­սով կը վա­րա­կէ բո­լո­րը անխ­տիր:
­Հա­րուստն ու աղ­քա­տը, մեծն ու փոք­րը կ­՛իջ­նան կռուի դաշտ, ոչ թէ կռո­ւե­լու միայն, այլ յաղ­թե­լու հա­մար: Ու­րիշ ելք չկար հա­յե­րուն, բա­ցի յաղ­թա­նա­կէն: Լ­քո­ւած ու յու­սա­հատ ժո­ղո­վուր­դը հե­րո­սա­կան բա­նա­կի մը վե­րա­ծուած էր ­Սար­դա­րա­պա­տի մէջ, Ա­րա­մի ղե­կա­վա­րու­թեան տակ:
2016-ին էր ե­թէ չեմ սխա­լիր, հոս ա­ռիթ ու­նե­ցանք լսե­լու յոյն թղթա­կից՝ ­Նի­քո­լաս ­Զիր­ղա­նո­սի զե­կոյցն ու տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, նոր վե­րա­դար­ձած Ար­ցախ իր գոր­ծուղ­ղու­մէն: ­Հար­ցու­մի մը պա­տաս­խա­նե­լով ան ը­սած էր. «­Հա­կա­ռակ տե­ղի ու­նե­ցող ահ­ռե­լի պա­տե­րազ­մին, ես Ար­ցա­խի մէջ վախ չտե­սայ ոե­ւէ մէ­կու աչ­քե­րուն մէջ եւ ա­տոր հա­մար ալ՝ ոչ մէկ պա­հու ես ինքս եր­բե՛ք ­վա­խի զգա­ցում չու­նե­ցայ»:
Կ’են­թադ­րեմ, թէ ա­հա այս էր նաեւ Ար­ցա­խի ծնունդ՝ (­Շու­շե­ցի) Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի ներշն­չած ու­ժը ­Սար­տա­րա­պա­տի մէջ:
­Մա­յիս 28-ի ան­ժա­ման­ցե­լի ար­ժէ­քը կը գո­յա­նայ այն բա­նին մէջ թէ՝ ­Սար­տա­րա­պա­տի, ­Բաշ-Ա­բա­րա­նի եւ ­Ղա­րա­քի­լի­սէի ճա­կատ­նե­րուն վրայ ռազ­մա­կան յաղ­թա­նա­կը պսա­կո­ւե­ցաւ քա­ղա­քա­կան յաղ­թա­նա­կով, այ­սինքն ան­կա­խու­թեան հռչա­կու­մով ու պե­տու­թեան կա­ռու­ցու­մով:
Ան­կա­խու­թեան ա­ռա­ջին տա­րե­դար­ձին 1919-ին, օ­րուան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը բա­նա­ձե­ւեց Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան նպա­տա­կը:
Շ­նոր­հիւ ­Մա­յիս 28-ին էր, որ 1918-ին ու­նե­ցանք հայ­րե­նիք եւ ան­կախ պե­տու­թիւն, ­Բագ­րա­տու­նեաց թա­գա­ւո­րու­թեան ան­կու­մէն (1045 թ.) 873 տա­րի եւ ­Կի­լի­կիոյ թա­գա­ւո­րու­թեան ան­կու­մէն 1375 թո­ւա­կա­նէն գրե­թէ 600 տա­րի վերջ:
­Շատ կարճ տե­ւեց այդ ան­կա­խու­թիւ­նը, միայն եր­կու­քու­կէս տա­րի, տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ տի­րող այդ օ­րե­րու ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան բարդ ի­րա­վի­ճա­կին հե­տե­ւան­քով: ­Բայց եւ այն­պէս, այդ կար­ճա­տեւ ան­կա­խու­թեան շրջա­նին, քա­ղա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին ու տնտե­սա­կան շատ դժո­ւար պայ­ման­նե­րու մէջ իսկ, ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կառա­վարու­թեամբ յա­ջո­ղե­ցանք դար մը ա­ռաջ, հայ­կա­կան ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թիւ­նը հաս­տա­տել ժո­ղովր­դա­վար եւ յա­ռաջ­դի­մա­կան սկզբունք­նե­րու վրայ, մարդ­կա­յին ի­րա­ւուն­քի, ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան եւ կին-այր հա­ւա­սա­րու­թեան ըմբռ­նում­նե­րը ար­մա­տաց­նե­լով:
Ան­կա­խու­թիւ­նը կո­րաւ, բայց հա­յոց սրտե­րուն մէջ պա­հո­ւե­ցաւ ու վերս­տին կեր­տո­ւե­ցաւ 70 տա­րի ետք:
­Հա­զիւ պատ­մա­կան ա­ռի­թը ներ­կա­յա­ցաւ, հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դը 1991-ի ­Սեպ­տեմ­բեր 21-ի հան­րա­քո­ւէով վե­րա­հաս­տա­տեց ­Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, իբ­րեւ շա­րու­նա­կու­թիւ­նը ­Մա­յիս 28-ին՝ որ­դեգ­րե­լով ա­նոր խորհր­դա­նիշ միեւ­նոյն դրօ­շը, ո­գեր­գը եւ զի­նան­շա­նը:
Ան­ցեա­լի մե­զի շնոր­հած հպար­տու­թիւ­նը կ­‘ի­մաս­տա­ւո­րո­ւի, երբ ու­ղե­ցոյց ըլ­լայ ան եւ յե­նա­րան՝ լաւ գնա­հա­տե­լու այ­սօ՛րը, ներ­կան, ներ­կա­յի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը: ­Մար­տահ­րա­ւէր­ներ, ո­րոնք կը պա­հան­ջեն ու­ժե­րու հա­մախմ­բում եւ պայ­քա­րի պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն:
«­Պատ­մու­թե­նէն կը սոր­վինք, որ ո­չի՛նչ չենք սոր­վիր պատ­մու­թե­նէն»: ­Խօս­քը կը պատ­կա­նի ­Գեր­մա­նա­ցի փի­լի­սո­փայ՝ ­Կէորկ ­Հէ­կէ­լին:
­Պատ­մու­թե­նէն դա­սեր քա­ղե­լու մա­սին այս խօս­քի ի­մաս­տու­թիւ­նը՝ ոչ միայն դէպ­քե­րու, քա­ղա­քա­կան ու ըն­կե­րա­յին ե­ղե­լու­թիւն­նե­րու խոր­քը տես­նե­լուն առն­չո­ւած հաս­տա­տում մըն է, այ­լեւ կը վե­րա­բե­րի մարդ ա­րա­րա­ծի եւ մարդ­կա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու հո­գե­բա­նու­թեան, կե­ցո­ւածք­նե­րուն, վե­րա­բեր­մուն­քին:
«­Խա­ղա­ղու­թեան» օ­րա­կարգ մը ա­ռաջ կը քշո­ւի մի­ջազ­գա­յին ու­ժե­րու բո­լոր կող­մե­րէն անխ­տի՛ր, ա­ռիթ տա­լով ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նին ի­րենց վա­ղե­մի ծրա­գի­րը ի­րա­կա­նաց­նե­լու: Թուր­քիան իր հնա­րամ­տու­թեամբ ու հմուտ մար­տա­վա­րու­թեամբ պա­տանդ դար­ձու­ցած է կար­ծես Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւ­նը եւ մի­ջազ­գա­յին բե­մին վրայ կը նե­րո­ւի ի­րեն ա­մէն տե­սակ ար­կա­ծախնդ­րու­թիւն:
Ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէ, որ խա­ղա­ղու­թեան օ­րա­կար­գով մե­զի ճնշում կը բա­նե­ցո­ւի վեր­ջին 33 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին: ­Ֆութ­պո­լա­յին դի­ւա­նա­գի­տու­թեան ար­դիւնք՝ 2009-ին, օ­րո­ւայ կա­ռա­վա­րու­թեան ստո­րագ­րած Փ­րո­թո­քոլ­նե­րուն դէմ մեր «Ոչ»ը դեռ թարմ է մեր մտքե­րուն մէջ:
Այ­սօր եւս, մեր­ժե­լի քայ­լեր կը պար­տադ­րո­ւի ­Հա­յաս­տա­նին:
­Կը պար­զո­ւի, թէ ­Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը պար­տո­ւո­ղա­կան մտայ­նու­թեան գե­րի են եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան սե­ղա­նին շուրջ՝ ան­կա­րող:
Ան­ցեալ տա­րո­ւայ ­Սեպ­տեմ­բե­րին մե­ծա­գոյն ա­ղե­տը ե­կաւ մեր գլխուն, երբ «­Խա­ղա­ղու­թեան» խա­ղա­քար­տով Ար­ցա­խը յանձ­նո­ւե­ցաւ: ­Բո­լորս կ’ակն­կա­լէինք, որ հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դը պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան կան­չէր այդ ա­ղե­տին պա­տաս­խա­նա­տու իշ­խա­նու­թիւ­նը: Այդ­պէս չե­ղաւ…
Իսկ հի­մա, ­թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մէ պար­տադ­րո­ւած միա­կող­մա­նի սահ­մա­նագծ­ման եւ սահ­մա­նա­զատ­ման պա­հանջ­քին տե­ղի տա­լով, ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը յանձ­նէ հայ­րե­նի­քի սահ­մա­նա­յին տա­րածք­ներ, ­Տա­ւու­շի սահ­մա­նա­մերձ գիւ­ղե­րէն սկսեալ:
Ա­յո, խա­ղա­ղու­թիւ­նը թանկ ու բարձ­րա­գոյն ար­ժէք է բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հա­մար եւ վստահ՝ ա­մէ­նա­թան­կը մե­զի հա­մար: ­Սա­կայն, հայ­րե­նի պե­տու­թեան ղե­կա­վար խա­ւը պի­տի գիտ­նար զա­նա­զա­նել իս­կա­կա՛ն խա­ղա­ղու­թիւ­նը որ կը հիմ­նո­ւի փո­խա­դարձ յար­գան­քի եւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու վրայ, ոչ թէ խա­փու­սի՛կ, ան­հիմն ու ա­նո­րոշ խոս­տում­նե­րու վրայ:
­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տը տկա­րաց­նող կամ կաս­կա­ծի տակ դնող ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով, Ան­կա­խու­թեան Հռ­չա­կագ­րի ի­մաս­տը խե­ղա­թիւ­րո­ւած մեկ­նա­բա­նե­լով, միա­կող­մա­նի զի­ջումն­երով, միակ բա­նը որ կը յա­ջո­ղի ­Հա­յաս­տա­նի այ­սօ­րո­ւայ իշ­խա­նու­թիւ­նը, հա­րուած հասց­նել է՝ ազ­գա­յին մեր ար­ժա­նա­պատո­ւու­թեան եւ հայ­րե­նի­քի անվ­տան­գու­թեան:
Ար­ժա­նապ­տո­ւու­թիւն, ի­րա­ւունք եւ հե­րոս­նե­րու ա­րիւ­նը սա­կար­կու­թեան դնե­լով, մենք կը դառ­նանք թզզուկ եւ ցա­ծէն միայն կրնանք նա­յիլ մեր զրու­ցա­կից դրա­ցիին:
Ատր­պէյ­ճա­նի սպառ­նա­լիք­նե­րուն տե­ղի տա­լով, սահ­մա­նա­մերձ ո­րոշ գիւ­ղեր յանձ­նե­լու կա­ռա­վա­րու­թեան ո­րո­շու­մին դէմ, ­Մա­յի­սէն ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ըն­թացք ա­ռած է «­Տա­ւու­շը յա­նուն հայ­րե­նի­քի» շար­ժու­մը, գլխա­ւո­րու­թեամբ ­Տա­ւու­շի թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Բագ­րատ արք. ­Գալս­տա­նեա­նին: Ան քայ­լեր­թով հա­սաւ Ե­րե­ւան, ա­պա այ­ցե­լեց այլ քա­ղաք­ներ եւ ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի հա­ւաք­նե­րու հրա­ւի­րեց քա­ղա­քա­ցի­նե­րը:
­Միա­կող­մա­նի զի­ջում­նե­րու եւ յանձ­նո­ւո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դէմ իր պա­հանջ­քին մէջ ան բան­բերն ու պատ­գա­մա­բե­րը ե­ղաւ պա­հանջ­քին հա­յու­թեան պատ­կա­ռե­լի մա­սին, բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք խո­րա­պէս մտա­հոգ ենք հայ­րե­նի­քի սահ­ման­նե­րու անվ­տան­գու­թեամբ:
Այժմ, շար­ժու­մը պա­հան­ջած է վար­չա­պե­տի հրա­ժա­րա­կա­նը եւ ա­ռա­ջար­կած՝ ան­ցու­մա­յին կա­ռա­վա­րու­թիւն կազ­մել ­Բագ­րատ արք. ­Գալս­տանեա­նին վար­չա­պե­տու­թեամբ, ո­րուն պար­տա­կա­նու­թիւ­նը պի­տի ըլ­լայ կազ­մա­կեր­պել նոր Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի ընտ­րու­թիւն­ներ:
­Կա­րե­լի չէ չմատ­նան­շել հոս այն ի­րո­ղու­թիւ­նը որ հո­գե­ւոր կեան­քի նո­ւի­րեալ մը, կղե­րա­կան մը յա­ջո­ղե­ցաւ ժո­ղովր­դա­յին այս շար­ժու­մը ղե­կա­վա­րել, եւ ոչ՝ քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը, ինչ որ կը բա­ցա­յայ­տէ դժբախ­տա­բար տկա­րու­թիւ­նը հայ յա­ռաջ­դի­մա­կան քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հի ղե­կա­վար տար­րին:
­Ներ­կա­յիս, ­Հա­յաս­տա­նի ներ­քա­ղա­քա­կան կեան­քը տագ­նա­պի մէջ է կրկին եւ ժո­ղո­վուր­դի տար­բեր հա­տուած­ներ ի­րա­րու հան­դէպ ան­հան­դուր­ժո­ղու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րեն: Այդ մթնո­լոր­տը ո­րոշ չա­փով փո­խան­ցո­ւած է նաեւ սփիւռք, ուր սա­կայն մտա­հո­գի­չը այն է, թէ հա­յու­թեան մեծ մաս մը զինք դուրս պա­հե­լու հա­մար ան­հան­դուր­ժո­ղու­թեան, ար­հա­մա­րան­քի եւ հայ­հո­յանք­նե­րու ա­պա­ռողջ մթնո­լոր­տէն, դար­ձած է լուռ, վե­րա­պահ, նոյ­նիսկ՝ ան­տար­բեր: Ընդ­հա­նուր այս կա­ցու­թիւ­նը կը նպաս­տէ միայն՝ ի­րենց ճի­րան­ներ լա­րած դրա­ցի­նե­րուն:
1918-ին Ան­կա­խու­թեան ու պե­տա­կա­նա­շի­նու­թեան նո­ւա­ճում­նե­րը հնա­րա­ւոր դար­ձան, շնոր­հիւ հայ ժո­ղո­վուր­դի կամ­քին ու միաս­նա­կան ո­գիին եւ այդ ո­գին դարբ­նող ու նո­ւա­ճում­նե­րը ի­րա­կա­նաց­նող ղե­կա­վար գոր­ծիչ­նե­րու գա­ղա­փա­րա­պաշ­տու­թեան եւ անձ­նո­ւի­րու­մին: Ա­նոնց յի­շա­տա­կին առ­ջեւ կը խո­նար­հինք բո­լորս:
­Բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն մէջ, մե­զի պէտք են գա­ղա­փա­րով, կազ­մա­կեր­պա­կան ու դի­ւա­նա­գի­տա­կան տա­ղան­դով ու հմտու­թեամբ, է­՛ա­պէս ժո­ղովր­դա­վար եւ է­՛ա­պէս յա­ռա­ջա­դէմ՝ Ա­րամ ­Մա­նու­կեան­նե­րու տի­պա­րին ձգտող քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ:
­Հե­ղի­նա­կու­թիւն­ներ, ո­րոնք միայն օ­տա­րէն չյու­սան ու չակն­կա­լեն, ո­րոնք «image maker»-ով դիր­քե­րու չհաս­նին, այլ գա­ղա­փա­րա­կան պատ­րաս­տու­թեամբ ու կեն­դա­նի գոր­ծով լծո­ւին հայ­րե­նի­քի բար­գա­ւաճ­ման, ազ­գա­յին ռազ­մա­վա­րու­թիւն մշա­կեն, հարս­տա­հա­րո­ղին անխնայ հա­րո­ւա­ծեն, իշ­խա­նու­թեան դիր­քե­րը չշա­հա­գոր­ծեն, հայ­րե­նի­քի անվ­տան­գու­թիւ­նը ե­րաշ­խա­ւո­րեն:
Ա­նոնք պի­տի գան ժո­ղո­վուր­դին մէ­ջէն, ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դէն: ­Մենք ու­նինք հայ­րե­նա­սէր եւ փայ­լուն ե­րի­տա­սար­դու­թիւն հայ­րե­նի­քին մէջ եւ սփիւռ­քին մէջ:
­Մա­յիս 28-ի հպար­տու­թիւ­նը վե­րա­նո­րո­գենք նախ մեր մէջ, ա­պա նաեւ ա­նի­կա եւ ա­նոր պատ­մա­կան խոր­հուր­դին գի­տակ­ցու­թիւ­նը սրսկենք մեր շրջա­պա­տին, մա­նա­ւանդ նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն:
Եւ ու­րեմն վեր­ջա­բանս՝
­Թող ­Կեց­ցէ՛ ­Մա­յի­սեան յաղ­թա­նա­կը մեր հո­գի­նե­րուն մէջ:

***

Օ­րո­ւան նա­խա­գահ ընկ. ­­Վի­գէն ­­Մի­նա­սեա­նի բաց­ման խօս­քը

­­­Հա­յու­թեան ու հայ­րե­նի­քի 1915-ի տա­ռա­պան­քի, վիշ­տի ու ող­ջա­կիզ­ման ահ­ռե­լի օ­րե­րէն մօ­տա­ւո­րա­պէս ե­րեք տա­րի­ներ ետք, ա­մա­յա­ցած ու խղճա­լի կա­ցու­թեան մատ­նո­ւած, ա­րեւմ­տեան ­­­Հա­յաս­տանն ու իր ժո­ղո­վուր­դը, նման ա­ռաս­պե­լա­կան ­­­Փիւ­նի­կի, իր իսկ մո­խիր­նե­րէն ծնունդ առ­նե­լով, կը սա­ւառ­նէր՝ ­­­Սար­տա­րա­պա­տի, ­­­Բաշ — Ա­պա­րա­նի եւ ­­­Ղա­րա­քի­լի­սէի դաշ­տե­րուն վրայ հա­մախմբո­ւած թրքա­կան բա­նա­կին գլխի­վեր, իր լայ­նա­տա­րած թե­ւե­րուն շու­քին տակ առ­նե­լով զա­նոնք, որ սար­սա­փի, եր­կիւ­ղի ու վա­խի մատ­նո­ւած գա­զան­նե­րու նման, սար­սա­փած կը փախ­չէին դէ­պի ի­րենց որ­ջե­րը:
Ա­րիւ­նա­կեր ճի­ւա­ղը, կար­ծես տա­կա­ւին գո­հա­ցած չէր հա­յու ա­րիւ­նէն եւ կ­‘ու­զէր ան­գամ մը եւս ծծել մեր Ե­ղեռ­նա­զոհ ժո­ղո­վուր­դին կար­միր ա­րիւ­նը:
­­­Սա­կայն ո՛չ…
Այս ան­գամ ա­մէն ինչ պի­տի չըլ­լար, ըստ թուրք թշնա­մու ծրագ­րին:
«Այս­քան չա­րիք չմո­ռա­ցած…», մեր պան­ծա­լի ազ­գին քա­ջա­սիրտ հա­յոր­դի­նե­րը, ի­րենց պա­տո­ւին չտա­րին, ան­գամ մը եւս ձեռ­քեր­նին վար նա­հա­տա­կո­ւիլ, ան­գամ մը եւս ան­պա­տո­ւո­ւիլ, ան­գամ մը եւս թուր­քին զո­հը դառ­նալ:
Ու ու­րիշ ո­րե­ւէ ելք կամ ճար չու­նե­նա­լով, այս մեր սրբա­զան խեն­թե­րը ո­րո­շե­ցին եւ գտան միակ հնա­րը…
«­­­Մահ, կամ ա­զա­տու­թիւն…»:
Եւ ինչ­պէս կ­‘ը­սէ նաեւ ­­­Շի­րազ…
«­­­Մենք ել­լանք ձեր դէմ մեր լեռ­նե­րի պէս,
«­­­Դուք հող­մե­րի պէս ոռ­նա­ցիք վայ­րագ:
«­­­Բայց մենք յա­ւերժ ենք մեր լեռ­նե­րի պէս,
«­­­Դուք հող­մե­րի պէս կը կոռ­չիք վայ­րագ…»:
Եւ ի­րա­պէ՛ս, սի­րե­լի ներ­կա­ներ:
­­­Մա­յիս 28-ին՝ ­­­Սար­տա­րա­պա­տի, ­­­Բաշ-Ա­պա­րա­նի եւ ­­­Ղա­րա­քի­լի­սէի, մա­հու-կե­նաց ճա­կա­տա­մար­տե­րու ըն­թաց­քին, թուրք բա­նա­կը ոռ­նաց վայ­րագ հող­մե­րի պէս, բայց նաեւ հող­մե­րի նման կո­րչեց վայ­րագ, իր դէմ հան­դի­պե­լով մեր ժո­ղո­վուր­դի անն­ման զա­ւակ­նե­րուն, հե­րո­սա­կան, անձ­նա­զոհ ու վճռա­կան կամ­քին:
Չ­կայ պատ­մու­թեան մէջ ժո­ղո­վուրդ մը, որ հա­յու­թեան նման ծնունդ տո­ւած ըլ­լայ, այս­քա՜ն շատ ­­­Վար­դան­նե­րու, Անդ­րա­նիկ­նե­րու, Բ. ­­­Սիւ­նի­նե­րու, Դ­րօ­նե­րու եւ ան­հա­մար նման հե­րոս­նե­րու:
Չ­կայ մեզ նման ազգ մը, որ իր բո­լոր պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին, դէմ-յան­դի­ման գտնո­ւած ըլ­լայ այս­քան տա­ռա­պան­քի, այս­քան տան­ջան­քի ու այս­քան վիշ­տի:
­­­Բայց միա­ժա­մա­նակ, չկայ նաեւ հա­յուն նման ազգ մը, որ իր ողջ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին, ու­նե­ցած ըլ­լայ՝ յաղ­թա­նա­կի, պա­տո­ւոյ ու հպար­տու­թեան այս­քան շատ օ­րեր:
Եւ ինչ­պէս ար­դա­րօ­րէն կ­‘ը­սէ նաեւ ­­­Պա­րոյր ­­­Սե­ւակ.
«­­­Մենք քիչ ենք‚ սա­կայն մեզ հայ են ա­սում,
«­­­Մենք մեզ ոչ մէ­կից չենք գե­րա­դա­սում‚
«­­­Բայց մեզ էլ գի­տենք,
«­­­Մեզ հա՜յ են ա­սում։
«Եւ ին­չո՞ւ պի­տի չհպար­տա­նանք…
«­­­Կա՛նք: ­­­Պի­տի լի­նե՛նք: Ու դեռ շա­տա­նա՜նք…»:
­­­Սար­տա­րա­պա­տի, ինչ­պէս նաեւ մնա­ցեալ ռազ­մա­դաշ­տե­րուն վրայ կա­յա­ցած հե­րո­սա­մար­տե­րուն ըն­թաց­քին ին­կած մեր հե­րոս հա­յոր­դի­նե­րը, ի­րենց գրիչ­նե­րը նոյ­նինքն ի­րենց ա­րիւ­նին մէջ թաթ­խե­լով, մեր հա­յոց պատ­մու­թեան հա­տո­րին մէջ, կար­միր տա­ռե­րով ար­ձա­նագ­րե­ցին, ­­­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան, ինչ­պէս նաեւ՝ ­­­Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին ­­­հան­րա­պե­տու­թեան փայ­լուն է­ջե­րը:
­­­Մա­յիս 28-ի հայ մայ­րը, եր­բե՛ք չհար­ցուց ե­թէ իր զա­ւա­կը ողջ է կամ մե­ռած:
Ու­զեց գիտ­նալ միայն՝ ե­թէ իր զա­ւա­կը զէն­քը ձեռ­քին ին­կած է եւ կամ ալ… զո­հո­ւե­լէն ա­ռաջ, քա­նի՞ թշնա­մի մեռ­ցու­ցած է:
­­­Մա­յիս 28-ի հայ մայ­րը, հպար­տու­թեամբ ըն­դու­նեց իր ծնունդ տո­ւած զաւ­կին զո­հո­ղու­թիւ­նը:
­­­Զո­հո­ղու­թիւն մը, ո­րուն շնոր­հիւ մեր պաշ­տե­լի Ե­ռա­գոյ­նը սկսաւ դար­ձեալ ծա­ծա­նիլ, նո­րան­կախ մեր հայ­րե­նի­քին խորհր­դա­րա­նին վրայ:
­­­Զո­հո­ղու­թիւն մը, ո­րուն դի­մող մեր մար­տիկ­նե­րը լաւ գի­տէին, թէ՝ «­­­Մահ ի­մա­ցեալ, ան­մա­հու­թիւն է»:
­­­Սի­րե­լի ներ­կա­ներ,
Ե­թէ իս­կա­պէս հա­մո­զո­ւած ենք, որ մեր ներ­կայ հայ­րե­նի­քը, ու­րիշ ո­չինչ է, ե­թէ ոչ բնա­կան հե­տե­ւան­քը՝ ­­­Մա­յիս 28-ին կեր­տո­ւած ­­­Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին ­­­Հան­րա­պե­տու­թեան, ու­րեմն պէտք է, որ նա­­­՛եւ հա­մո­զո­ւած ըլ­լանք, որ մե­րօ­րեայ հա­յոր­դի­նե­րը, ու­րիշ ո­չինչ կա­րե­լի են ըլ­լալ, ե­թէ ոչ բնա­կան հե­տե­ւան­քը՝ ­­­Մա­յիս 28-ն ­կեր­տած մեր քա­ջա­սիրտ բո­լոր հայ զի­նո­ւոր­նե­րուն:
Ինչ­պէս այդ տա­րի­նե­րուն, վստահ ենք, որ նաեւ այ­սօր, մեր ազ­գին մէջ կը գտնո­ւին պաշ­տե­լի «խեն­թեր», ո­րոնք ա­ռանց ո­րե­ւէ սա­կար­կու­թեան, միշտ պատ­րաստ են ա­մէն ինչ զո­հե­լու, ի շահ ազ­գա­յին օ­գու­տին:
­­­Պատ­րաստ են ի­րենց անձ­նա­զո­հու­թեամբ՝ հե­տապնդե­լու, ի­րենց ու­սե­րուն վրայ ժա­ռանգ մնա­ցած, հայ ազ­գի գո­յա­տեւ­ման ծանր ճա­կա­տա­մար­տը:
­­­Ծանր, բայց միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, հո­գիին սնունդ եւ ին­չու չէ՝ նա­­­՛եւ լիա­ցում տո­ւող սուրբ պար­տա­կա­նու­թիւ­նը:
Ե­թէ իս­կա­պէս հա­մո­զո­ւած ենք, որ ­­­Սար­տա­րա­պա­տի, ­­­Բաշ — Ա­պա­րա­նի եւ ­­­Ղա­րա­քի­լի­սէի նման ճա­կա­տա­մար­տե­րով է միայն, որ պի­տի գայ մեր ազ­գի ար­դար դա­տին լու­ծու­մը եւ ե­թէ ի­րա­պէս ուխ­տեր ենք մեր բռնագրա­ւո­ւած հայ­րե­նի­քի սահ­ման­նե­րը հասց­նել ի­րենց բո­վան­դակ ամ­բող­ջա­կան հու­նին, ու­րեմն շտա­պենք ժամ ա­ռաջ արթն­նալ մեր մա­հա­քու­նէն եւ չէ­զո­քի ու դի­տո­ղի դե­րէն, մեր բո­լոր ու­ժե­րով նե­տո­ւինք պայ­քա­րի դաշտ, ամ­բող­ջաց­նե­լու հա­մար մեր հայ­րե­րուն կի­սա­վարտ թո­ղած գոր­ծը:
Այս կը պա­հան­ջէ մեզ­մէ, ­­­Մա­յիս 28-ի պատ­գա­մը:
Այս կը պա­հան­ջէ մեզ­մէ,
­­­Մա­յիս 28-ն ­կեր­տած հայ­րե­նա­սէր մեր հայ զի­նո­ւո­րը:
Այս կը պա­հան­ջէ մեզ­մէ, մեր ներ­կայ հայ­րե­նի­քը:
Եւ վեր­ջա­պէս,
Այս կը պա­հան­ջէ մեզ­մէ, մեր ար­ծո­ւա­բոյն Ար­ցա­խը:
­­­Սի­րե­լի ներ­կա­ներ,
­­­Մեր նա­խա­հայ­րե­րը ­­­Մա­յիս 28-ն ­յա­ջո­ղե­ցան կեր­տել, ո­րե­ւէ ժա­մա­նակ մա­հէն չվախ­նա­լու ազ­գա­յին խո­յան­քով:
­­Հայ ազ­գի մշտա­կան գո­յա­տե­ւու­մը ուխ­տո­ղին հա­մար, այ­սօր եւս, ու­ղին տար­բեր չի կրնար ըլ­լալ:
­­­Փա՜ռք, ­­­Մա­յիս 28-ն ­կեր­տող՝ մեր հե­րոս նա­հա­տակ­նե­րուն:
­­­Փա՜ռք, մեր գի­տա­կից ու խե­լա­հաս հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան:

***

Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան խօս­քը՝ ընկ. Ա­նի Ար­զու­մա­նեա­նի կող­մէ

Այ­սօր հայ ժո­ղո­վուր­դի լու­սա­ւոր օ­րե­րէն մէկն է, ո­րը կը կի­սո­ւինք ազ­գո­վին։ ­Մա­յիս 28` մեր ա­ռա­ջին ան­կա­խու­թեան օ­րը։
Այն, կը խորհր­դան­շէ մեր ժո­ղո­վուր­դի ան­կոտ­րում կամ­քը եւ պայ­քա­րը, ա­զա­տու­թեան եւ ինք­նո­րոշ­ման նպա­տա­կով:
1918 թո­ւա­կան`ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն յառաջ եկած հայ գաղ­թա­կան­ներ, շրջա­փա­կում­ներ, սով, թրքա­կան ան­դա­դար յար­ձա­կում­ներ, ռու­սա­կան կայս­րու­թեան կող­մէ շա­հա­գոր­ծում։
­Մա­յիս ամ­սո­ւայ 28-րդ­ օր`միաս­նա­կա­նու­թիւն, պայ­քար, ա­զա­տու­թիւն, ան­կա­խու­թիւն։
Այս օ­րը, հռչա­կո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թիւ­նը. ­Հիմք դրո­ւե­ցաւ նոր, ա­զատ եւ ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի մը։ Այս օ­րը մե­զի կը յի­շեց­նէ, նաեւ կը յու­սադ­րէ, թէ տի­րող դժո­ւար ի­րա­վի­ճակ­նե­րու եւ պայ­ման­նե­րու մէջ, հա­յը միշտ կ’ու­նե­նայ կա­թիլ մը յոյս, ո­րը կրնայ վե­րա­ծուիլ կամ­քի եւ կամ­քէն պայ­քա­րի։
Որ­պէս ե­րի­տա­սարդ սե­րունդ, մեր պար­տա­կա­նու­թիւնն է պահ­պա­նել եւ զար­գաց­նել այն ար­ժէք­նե­րը։
­Մենք ե­րի­տա­սարդ­ներս, կը հա­ւա­տանք, որ ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թիւ­նը եւ գոր­ծադ­րու­մը, ա­մէն հա­յու՝ ոչ միայն ի­րա­ւունքն է, այլ նաեւ բա­րո­յա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը։
­Յի­շենք, որ ­Մա­յիս 28-ը միայն ան­ցեա­լի փառք չէ, այլ նաեւ ա­պա­գա­յի յոյ­սի ներշն­չում: Այդ յոյ­սով կրնանք հաս­նիլ նոր բար­ձունք­նե­րու, շա­րու­նա­կե­լով մեր ժո­ղո­վուր­դի ծա­ռա­յու­թիւ­նը եւ ազ­գա­յին նպա­տակ­նե­րու հե­տապն­դու­մը։
­Մա­յիս 28-ի խոր­հուր­դը, մեզ այն­քան հար­կա­ւոր է մեր հայ­րե­նի­քի այ­սօրո­ւայ տագ­նապ­նե­րուն, ո­րը մենք բո­լորս դա­սեր ու­նինք գա­ղե­լիք ­Սար­դա­րա­պա­տի հե­րո­սա­կան ո­գիէն։
­Կը փա­կեմ, մեր մեծ բա­նաս­տեղծ ­Պա­րոյր ­Սե­ւա­կի խօս­քե­րով`
­Բայց մենք չըն­կանք, մենք միշտ կանք,
­Մենք չհան­գանք, դեռ կգանք,
Երբ տան զան­գը, ա­հա­զան­գը,
Որ մեր հո­գու պարտ­քը տանք: