28 ­Մա­յիս 1918-ի ­Հա­յաս­տա­նի ան­կախ ­Հան­րա­պե­տու­թեան տօ­նին 103-րդ­ ա­մեա­կին առ­թիւ, ­Կի­րա­կի, 30 ­Մա­յիս 2021-ին ­Յու­նաս­տա­նի ­Թե­մի բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ յըն­թացս սուրբ պա­տա­րա­գի կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Հան­րա­պե­տա­կան մաղ­թանք գո­հա­բա­նա­կան ա­ղօթք։ Իսկ յա­ւարտ սուրբ պա­տա­րա­գի կա­տա­րո­ւե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն 1918-ի մա­յի­սեան հե­րո­սա­մար­տե­րու ըն­թաց­քին զո­հո­ւած հա­յոց բա­նա­կի քա­ջա­մար­տիկ­նե­րու հո­գի­նե­րուն հա­մար։
Ա­թէն­քի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» ­Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ սուրբ պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան։
Ս. ­Պա­տա­րա­գի ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնո­ւե­ցան Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նադ­պիր պ. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան, ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.Դ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Սեր­գօ ­Գու­յում­ճեան, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Լի­զէթ ­Շան­կա­յեան եւ վար­չու­թեան ան­դամ ընկ. Ա­լիս ­Փա­փա­զեան։
­Հան­րա­պե­տա­կան մաղ­թան­քէն ա­ռաջ պա­տա­րա­գիչ Սր­բա­զան ­Հայ­րը յա­ւուր պատ­շա­ճի պատ­գա­մը փո­խան­ցեց, ը­սե­լով, որ 1991 թո­ւա­կա­նին ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խա­ցու­մէն ի վեր 30 տա­րի­ներ է կը կա­տա­րենք ­Հան­րա­պե­տա­կան գո­հա­բա­նա­կան մաղ­թանք։ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մը, հայ­րե­նի ե­ռա­գոյն դրօշն ու օրհ­ներ­գը եւ պե­տա­կա­նու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դին տո­ւաւ ինք­նու­թիւն, պատ­կա­նե­լիու­թիւն աշ­խար­հի ազ­գե­րու կար­գին։ Ոչ միայն հա­յեր­նի ժո­ղո­վուր­դը ազ­գա­յին զար­թօնք եւ ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան բիւ­րե­ղա­ցում ապ­րե­ցաւ, այ­լեւ սփիւռ­քի հա­յու­թիւ­նը իր ապ­րած օ­տար մի­ջա­վայ­րին մօտ հա­մայն­քա­յին կար­գա­վի­ճա­կի տար­տամ գա­ղա­փա­րին փո­խա­րէն ստա­ցաւ պե­տա­կա­նու­թիւն ու­նե­ցող երկ­րի մը յստակ ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թիւն։
Անդ­րա­դառ­նա­լով վե­րան­կա­խաց­ման տօ­նին առ­թիւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս հան­րա­պե­տա­կան ա­ղօթ­քին, շեշ­տեց, թէ քրիս­տո­նէա­կան մեր հա­ւատ­քի դաս­տաի­րա­կու­թիւ­նը մե­զի կը թե­լադ­րէ պա­հել եւ պաշ­տել սրբու­թիւն­նե­րը։ Աս­տո­ւած երկ­նա­յին սրբու­թիւն է, հայ­րե­նի­քը երկ­րա­յին սրբու­թիւն է։ ­Նոր Կ­տա­կա­րա­նին մէջ ­Յա­կո­բոս Ա­ռա­քեալ իր երկ­րորդ գլխուն մէջ կը­սէ, թէ հա­ւատ­քը ա­ռանց գոր­ծի մե­ռած է։ ­Հա­ւատք ու­նե­նալ եւ այդ հա­ւատ­քի ար­տա­յայ­տու­թիւն ե­ղող գոր­ծեր չու­նե­նա­լը ա­նի­մաստ է։ ­Հե­տե­ւա­բար հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը, ազ­գա­սի­րու­թիւ­նը ե­թէ միայն զգա­լով ըլ­լայ թե­րի է, ա­նոր պէտք է միա­նայ հայ­րե­նի­քի պահ­պան­ման, զար­գաց­ման հա­մար մա­տու­ցո­ւած ար­դիւ­նա­բեր գոր­ծեր եւ ի­րա­գոր­ծում­ներ։
Ազ­գաա­նո­ւէր հա­ւատ­քի ար­դիւնք էր ինք­նին 28 ­Մա­յիս 1918-ի ­Հա­յաս­տա­նի ան­կախ ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մը, որ յա­ջոր­դեց մա­յի­սեան հե­րո­սա­մար­տե­րու հրա­շա­զան յաղ­թա­նակ­նե­րուն։ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ու գաղ­թա­կա­նու­թե­նէն սպա­ռած վի­ճակ ու­նե­ցող ­Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դը, իր հար­յե­նա­սի­րու­թիւ­նը կա­րո­ղա­ցաւ ա­պա­ցու­ցել շնոր­հիւ այդ օ­րե­րու հայ­րե­նա­սէր եւ ազ­գա­նո­ւէր ղե­կա­վար­նե­րու, մաս­նա­ւո­րա­բար Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի եւ մա­յի­սեան հե­րո­սա­մար­տե­րը ա­ռաջ­նոր­դող բարձ­րաս­տի­ճան զի­նո­ւո­րա­կան­նե­րու։ 28 ­Մա­յիս 1918-ին, հա­յու­թիւ­նը ե­ղաւ ազգ ու պե­տու­թիւն, աշ­խար­հի քար­տէ­սին վրայ ու­նե­ցաւ ի­րա­ւա­ցի հող եւ հայ­րե­նիք ու ազ­գե­րու խճան­կա­րին մէջ ու­նե­ցաւ ի­րեն յա­տուկ ե­ռա­գոյն դրօ­շը, ու հա­մայն հա­յու­թեան դար­ձեալ պար­գե­ւեց հայ ըլ­լա­լու ազ­գա­յին հպար­տու­թիւ­նը։
Այ­սօր, սա­կայն, ­Մա­յիս 28-ի այս տօ­նը, հա­մայն հայ ժո­ղո­վուր­դը կը գտնէ մռայլ եւ մտա­հո­գիչ պայ­ման­նե­րու մէջ։ Անց­նող տա­րո­ւան ­Սեպ­տեմ­բե­րին Ար­ցա­խի պա­տե­րազ­մին ան­փա­ռու­նակ եւ նո­ւաս­տա­ցու­ցիչ պա­տե­րազ­մի հե­տե­ւանք­նե­րը շշմե­ցու­ցած են հայ ժո­ղո­վուր­դը, յատ­կա­պէս սփիւռ­քահ­յու­թիւ­նը, որ վե­րան­կա­խաց­ման 30 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին միշտ լիա­բուռն ըն­դա­ռա­ջեց ­Հայս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի զօ­րակ­ցու­թեան բո­լոր կո­չե­րուն, ու մա­նա­ւանդ վեր­ջին 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մին։ ­Քա­ղա­քա­կան մա­կար­դա­կի վրայ շա­րու­նա­կո­ւող ան­կա­յուն եւ մտա­հո­գիչ կա­ցու­թիւ­նը, ո­րուն ժխտա­կան հե­տե­ւանք­նե­րը կը վտան­գէն նոյ­նինքն ­Հա­յաս­տա­նի կա­յու­թիւ­նը եւ ա­պա­գա­յի գո­յա­տե­ւու­մը, մենք իբ­րեւ սփիւռ­քի հա­յու­թիւն, հա­յաս­տա­նի ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քին զար­գա­ցում­նե­րուն ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն մաս­նա­կից չըլ­լա­լով հան­դերձ, ­Հա­յաս­տա­նի հան­դէպ մեր ցու­ցա­բե­րած պար­տա­կա­նու­թեանց դի­մաց ի­րա­ւուն­քը ու­նինք, ընտ­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցին հետ կա­պո­ւած մեր լո­զուն­գը, կար­գա­խօ­սը բարձ­րա­ձայ­նել ը­սե­լով, թէ հայ­րե­նա­սէր եւ հայ­րե­նա­շէն ղե­կա­վար­ներ կը փնտռո­ւին։ Ո­րով­հե­տեւ ­Հա­յաս­տա­նի գո­յու­թիւ­նը, ան­սա­սա­նու­թիւ­նը կեն­սա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նին սփիւռ­քահ­յու­թեան սե­րունդ­նե­րուն հա­մար, որ­պէս­զի օ­տար հո­վե­րու եւ հո­սանք­նե­րու են­թա­կայ պայ­ման­նե­րու մէջ կա­րե­նայ պա­հել իր ինք­նու­թեան հիւ­սի­սը ցոյց տո­ւող կողմ­նա­ցոյ­ցը։
Ազ­գա­յին տօ­նե­րը ան­ցեա­լի յու­շե­րու եւ դէպ­քե­րու յի­շա­տա­կում չէ, այլ պատ­մա­կերտ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թեանց ազ­գա­յին յոր­դորն ու պատ­գա­մը կեն­դա­նի ապ­րում, ա­ռօ­րեայ զգա­ցում պա­հել իւ­րա­քան­չիւր սե­րուն­դի կեան­քին մէջ։ Ազ­գա­յին տօ­նի յի­շա­տա­կու­մը, ինչ­պի­սին է ­Մա­յիս 28-ն, նաեւ մեզ կը գօ­տեպն­դէ որ յա­րա­տե­ւենք ազ­գա­յին մեր ինք­նու­թեան եւ ժա­ռան­գու­թեան տէր տի­րա­կան մնա­լու, ինչ­պէս նաե յանձ­նա­ռու մնա­լու մեր ազ­գա­յին պար­տա­կա­նու­թեանց։
­Հան­րա­պե­տա­կան մա­թան­քի ըն­թաց­քին պա­տա­րա­գիչ Սր­բա­զան հայ­րը օրհ­նեց ­Հա­յաս­տա­նի ե­ռա­գոյն դրօ­շը։
­Յա­ւարտ սուրբ պա­տա­րա­գի կա­տա­րո­ւե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն 1918-ի մա­յի­սեան հե­րո­սա­մար­տե­րուն հայ­րե­նի­քի ա­զա­տու­թեան հա­մար զո­հո­ւած քա­ջա­մար­տիկ զի­նո­ւոր­նե­րու հո­գի­նե­րուն հա­մար։ Ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ա­ռաջ, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը հայ­րը իր խօս­քը ուղ­ղե­լով ը­սաւ, որ Ե­կե­ղե­ցի հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը ապ­րող հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն հետ կ­՚ընդգր­կէ նաեւ ննջե­ցեալ­նե­րը, ո­րոնք յաղ­թա­կան ե­կե­ղե­ցին կը կազ­մեն, իսկ ապ­րող­նե­րը՝ ո­րոնք ի­րենց հա­ւատ­քի պայ­քա­րը կը մղեն, զի­նո­ւո­րեալ ե­կե­ղե­ցին կը կազ­մեն։ Այդ­պէս ալ ազ­գին կեան­քին մէջ կան յաղ­թա­կան հայ­րե­նի­քի զա­ւակ­ներ, ո­րոնք ազ­գին սի­րոյն զո­հո­ւած նա­հա­տակ­ներն են, եւ՝ զի­նո­ւո­րեալ հայ­րե­նի­քի զա­ւակ­նե­րը, ո­րոնք կը նկրտին պա­հել պահ­պա­նել հայ­րե­նի­քը։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին եր­գո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի օրհ­ներ­գը։

ԹՂԹԱԿԻՑ