Յունաստանի Հայոց Ազգ. Առաջնորդարանի տնօրինութեամբ, Կիրակի՝ 30 Մայիս 2021-ին, Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս յատուկ կերպով նշուեցաւ 28 Մայիս 1918-ի, Հայաստանի Անկախութեան տօնը։
Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց հոգեւոր հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, դպրաց դասու խմբավարութեամբ պ. Քերոբ Էքիզեանի։ Ներկայ էին Ազգային վարչութեան ատենապետ պ. Պօղոս Չոլաքեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. վարչութեան ատենապետ եղբ. Հայկազ Տէօքմէճեան, Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջ. վարչութեան անդամ ընկ. Մարի-Ռոզ Գէորգեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։
Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն։ Տ. Պարէտ քահանան օրուան իր պատգամին մէջ նշեց, թէ բոլոր պետութիւններու կրթական ծրագրին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ ժողովուրդի պատմութիւնը։ Դպրոցներէն ներս, նորահաս սերունդին մեծ ուշադրութեամբ կը դասաւանդուի ազգի պատմութիւնը իր ուրախ կամ տխուր բաժիններով։ Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը եւս հարուստ է յաղթանակներով ու պարտութիւններով։ Եւ մեր նորահաս սերունդները հարկ է լաւապէս իմանան, որպէսզի յաղթանակի էջերով հպարտանան, իսկ պարտութեան դասէն աւելի կազմակերպուին ու գօտեպնդուին։ Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ մինչեւ այսօր հերոսներու ծնունդ կու տանք եւ չենք նահանջեր ազգային մեր արդար իրաւունքներու պահանջատիրութեան իրաւունքներուն մէջ։ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ՝ Սարդարապատի նահատակ հերոսներու հոգիներուն համար, ապա բոլորին կողմէ երգուեցաւ «Մեր հայրենիք» քայլերգը։
Հանդիպում Փիրէայի փոխքաղաքապետին հետ
Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, Թաղային խորհուրդի փոխատենապետ պ. Լեւոն Չէրչեան, Ազգային վարչութեան անդամ ու Գոքինիոյ ներկայացուցիչ պ. Գէորգ Պօղոսեան Հինգշաբթի՝ 27 Մայիս 2021-ի կէսօրուան հանդիպում մը ունեցան Փիրէայի փոխքաղաքապետ պ. Յարութիւն Մարգարեանին հետ:
Հայազգի փոխքաղաքապետը, որպէս շրջանի բնակիչ, իր ծնողաց միջոցաւ արդէն որոշ ծանօթութիւն ունէր Գոքինիոյ հայկական կառոյցներուն ու ազգայիններուն հետ:
Հանդիպումի ընթացքին, պ. Չէրչեան ներկայացուց «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ հետ կապուած կարգ մը առաջնահերթ կարիքներ եւ խնդրեց փոխքաղաքապետի աջակցութիւնը: Հարկ է նշել, թէ պ. Մարգարեան ընդառաջելով դիմումին, կարգ մը հարցերու լուծումները տեղւոյն վրայ արդէն տուաւ: Աւարտին, Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, յանուն եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդին, շնորհակալութիւն յայտնեց պրն. Մարգարեանին եւ յոյս յայտնեց ապագային շարունակելու սոյն օգտաշատ հանդիպումները: Փոխքաղաքապետը իր կարգին, խոստացաւ իր պաշտօնի կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգտակար հանդիսանալ, ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուիլ եկեղեցի՝ տօնական եւ այլ առիթներով։
ԹՂԹԱԿԻՑ