Ա­մէն տա­րո­ւան նման, այս տա­րի եւս ­Գո­քի­նիոյ հա­յու­թեան կա­ռոյց­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան ­Յու­նաս­տա­նի ազ­գա­յին տօ­նի՝ 28 ­Հոկ­տեմ­բե­րի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք կազ­մա­կեր­պո­ւած էին շրջա­նի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան կող­մէ։
­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան եւ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ ­Լու­սի ­Հա­նէ­յեան եւ ­Գար­լօ ­Գու­յում­ճեան ներ­կայ գտնո­ւե­ցան Օ­սիա Ք­սե­նիի հրա­պա­րա­կի յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում շրջա­նի քա­ղա­քա­կան, քա­ղա­քա­պե­տա­կան, կրօ­նա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն կող­մէ։ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­նու­նով դափ­նեպ­սակ զե­տե­ղեց ­Լու­սի ­Հան­նէ­յեան, ա­պա ­Տէր հայ­րը եւ թա­ղա­կա­նու­թեան ան­դամ­նե­րը, մնա­ցեալ պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րու կար­գին, հե­տե­ւե­ցան ա­շա­կեր­տա­կան եւ սկաու­տա­կան տո­ղանց­քին։
Հ.Յ.Դ. ­Գո­քի­նիոյ «­Վա­րան­դեան» կո­մի­տէի ա­նու­նով դափ­նեպ­սակ զե­տե­ղե­ցին ­Նի­քէա­յի մէջ՝ ընկ. ­Գէորգ Ա­ւա­գեան, ­Քո­րի­տա­լո­յի մէջ՝ ընկ. Ա­րամ ­Գո­լա­նեան եւ ­Փի­րէա­յի մէջ՝ ընկ. ­Յա­կոբ ­Յո­վա­կի­մեան։
Ա­մէն տա­րո­ւան նման, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ­Գո­քի­նիոյ մաս­նա­ճիւ­ղի սկաուտ­նե­րը եւ աս­տի­ճա­նա­ւո­րա­կան կազ­մը տպա­ւո­րիչ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցան ­Նի­քէա­յի տո­ղանց­քին, ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ հել­լէն, հայ­կա­կան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօշ­նե­րուն։
­Շուրջ 70 պա­տա­նի­ներ եւ փոք­րիկ­ներ քա­լե­ցին պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րուն եւ ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ, խլե­լով ծա­փա­հա­րու­թիւն­ներ եւ գնա­հա­տան­քի խօս­քեր, մինչ տո­ղանց­քը նկա­րագ­րող խօս­նա­կը բարձ­րա­խօ­սէն կը յայ­տա­րա­րէր «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հայ սկաուտ­ներ»-ու քայ­լեր­թը պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու պա­տո­ւան­դա­նին առ­ջեւ։
Ա­պա, հայ եւ յոյն սկաուտ­նե­րը մէկ­տե­ղո­ւե­ցան ­Նի­քէա­յի սկաու­տա­կան խնա­մա­կա­լու­թեան շէն­քին առ­ջեւ, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ դրօ­շի ա­րա­րո­ղու­թիւն եւ պա­տո­ւոյ վկա­յա­կան­նե­րու տու­չու­թիւն։ ­Յու­նա­կան, հայ­կա­կան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօ­շակ­նե­րը ան­ցան բո­լոր սկաուտ­նե­րուն առ­ջե­ւէն, ո­րոնք պա­տո­ւի կանգ­նած էին։
­Նի­քէա­յի սկաու­տա­կան ընդ­հա­նուր խնա­մա­կա­լի ձեռ­քով քոյր ­Մա­րիան­նա ­Խա­չատ­րեան ստա­ցաւ պա­տո­ւոյ վկա­յա­գիր իր ու­նե­ցած մուտ­քի յա­ջո­ղու­թեան հա­մար ­Յու­նաս­տա­նի բարձ­րա­գոյն կրթա­րան­նե­րէն ներս։
­Վեր­ջին ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի մար­զա­դաշ­տին մէջ ներ­կա­յու­թեամբ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վի­ւին, թա­ղա­յին խոր­հուր­դին, Հ.Յ.Դ. ­Գո­քի­նիոյ կո­մի­տէին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի տե­ղա­կան վար­չու­թեան եւ մեծ թի­ւով ժո­ղո­վուր­դի։
Ս­կաու­տա­կան մաս­նա­ճիւ­ղի խմբա­պետ եղբ. ­Վի­գէն ­Մի­նա­սեան իր գնա­հա­տան­քը յայտ­նեց բո­լո­րին եւ ստա­ցաւ տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւն աս­տի­ճա­նա­ւո­րա­կան կազ­մին կող­մէ։ ­Յա­ջոր­դեց դրօշ­նե­րու ա­րա­րո­ղու­թիւն եւ տո­ղանցք։
Իր հայ­րա­կան խօս­քը փո­խան­ցե­լու հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Տէր ­Պա­րէտ քա­հա­նայ հայ­րը, որ շեշ­տեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պա­տո­ւա­բեր ներ­կա­յու­թիւնն ու տո­ղացն­քը հել­լէն ազ­գա­յին տօ­նին։ Ան նշեց, թէ պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րը ի­րենց գնա­հա­տան­քը յայտ­նե­ցին հայ սկաուտ­նե­րու տպա­ւո­րիչ եր­թին մա­սին։ ­Տէր հայ­րը մաղ­թեց, որ սկաու­տա­կան շար­ժու­մը ա­ւե­լիով ա­ճի ու յա­րա­տե­ւէ։
­Տա­րի­նե­րու սո­վո­րու­թեան հա­մա­ձայն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ­Գո­քի­նիոյ մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պեց կէ­սօ­րո­ւան ճաշ­կե­րոյթ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի «­Զա­քա­րեան-­Սա­րա­ճեան» զոյգ սրահ­նե­րուն մէջ։ ­Մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­նե­րու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բա­րե­կամ­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ ե­րաժշ­տա­կան ճոխ յայ­տա­գի­րով ստեղ­ծո­ւե­ցաւ խան­դա­վառ մթնո­լորտ, որ տի­րեց մին­չեւ ե­րե­կոյ։

ԹՂԹԱԿԻՑ