Հայ ժողովուրդը յատուկ կարեւորութեամբ կը յիշէ 1905 թուականի Փետրուար 28ի օրը։
113 տարի առաջուան այս օրը, Ցարական Կայսրութեան մենատէրը կայսերական յատուկ հրամանագրով մը արքայական իր ընտանիքի ընտրանիէն նոր փոխարքայ մը նշանակեց Կովկասի համար։
Կովկասի փոխարքայութիւնը կը հանդիսանար Ցարական Կայսրութեան կառավարման համակարգի բարձրագոյն պաշտօններէն մէկը, զոր ատենի Նիկոլայ Բ. Ցարը վստահեցաւ իր անձնական մտերիմներէն կոմս Իլարիոն Իվանովիչ Վորոնցով-Դաշկովին (1837-1916)։
Փոխարքայութեան նստավայրը Թիֆլիսն էր եւ Վորոնցով-Դաշկով իր ստանձնած պաշտօնը վարեց 1905էն մինչեւ 1915, երբ փոխարքային յանձնուեցաւ ռուսական զօրքին ընդհանուր հրամանատարութիւնը, Առաջին Աշխարհամարտին սկիզբը, Ռուս- րքական ռազմաճակատին վրայ։
Կովկասի համար նոր փոխարքային նշանակումը իր ուղղակի անդրադարձը ունեցաւ, յատկապէս Անդրկովկասի տարածքին, ռուսական տիրապետութեան տակ ապրող ազգերու եւ ժողովուրդներու կեանքին մէջ։
Ցարի որոշումը ունէր քաղաքական-ռազմավարական ծանրակշիռ պատճառները։
1904ին բռնկած էր Ռուս-Ճափոնական պատերազմը, որու ընթացքին ցարական զօրքը ծանր պարտութիւն կրեց։ Ցարական իշխանութեան այդ ընկրկումին անմիջապէս հետեւեցաւ յեղափոխական շարժման պոռթկումը ռուսական կայսրութեան ամբողջ տարածքին՝ բռնկելով Ս. Փեթերսպուրկէն։
Համառուսական յեղափոխական շարժման ալիքը իր ամէնէն բուռն արձագանգը գտաւ Անդրկովկասի մէջ, ուր Պաքուի նաւթային պաշարներուն տիրանալու մեծապետական մրցապայքարը իր գագաթնակէտին հասած էր այդ շրջանին։ Նոյն այդ խորապատկերով՝ լայն թափ հաւաքած էր աշխատաւորական պայքարը յանուն ընկերային պայմաններու բարելաւման ու արդարութեան։
Անդրկովկասեան այդ եռեւեփող միջավայրին մէջ, Ցարի իշխանութիւնը անդրդուելիօրէն յառաջ կը մղէր ամբողջ Կովկասը ռուսացնելու իր քաղաքականութիւնը։ Այդ անհեռանկար քաղաքականութեան անբաժանելի մասը կը կազմէր «Հայաստան առանց հայու» Ցարական ռազմավարութիւնը, որուն տխրահռչակ ծառաներէն էր ատենի Անդրկովկասի կառավարչապետը՝ իշխան Գրիգորի Սերգէյեւիչ Գոլիցինը (1838-1907)։
Իշխան Գոլիցին ռուս պետական եւ ռազմական հռչակաւոր գործիչ էր՝ զօրավարի աստիճանով եւ ցարական իշխանի տիտղոսով։
1896ին ան նշանակուած էր Կովկասի քաղաքացիական մասի կառավարչապետ եւ շրջանի ցարական ռազմական զօրքերու հրամանատար։ Գոլիցինի կառավարման տարիները եղան բիրտ ուժով ցարական տիրակալութիւնը պարտադրելու եւ ամբողջ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն ռուսացման քաղաքականութիւնը կամակորութեամբ յառաջ մղելու ժամանակաշրջան մը՝ «գոլիցինեան ռեժիմ» անունով։
Իշխան Գոլիցին անձնապէս մոլի միապետական մը ըլլալով՝ լայն պայքար ծաւալեց ազգային-ազատագրական շարժումի դոյզն դրսեւորումներուն դէմ։ Գոլիցինի օրօք փակուեցան հայկական շատ հասարակական կազմակերպութիւններ, սահմանափակուեցաւ բարեգործական հիմնարկներու գործունէութիւնը, խստացուեցաւ գրաքննութիւնը, փակուեցան թերթեր ու հրատարակութիւններ, հալածուեցան հայ մշակոյթի գործիչներ։
Հայոց թեմական դպրոցները փակելու հետեւողական ճիգ թափուեցաւ։
Գոլիցինի յամառ պնդումներով կառավարութիւնը 1903ին ընդունեց եկեղեցական գոյքի բռնագրաւման օրէնքը, որ կ’ոտնահարէր հայ ժողովուրդի ազգային կենսական շահերը։ Գոլիցին բազմիցս հրապարակ նետեց Ս. Էջմիածինի գահակալները «Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս»ի տիտղոսէն զրկելու առաջարկ-պահանջը։
Հակահայ եւ բռնատիրական այդ վարքագիծին վերջակէտ դնելու առաջադրանքով՝ 1903ի Հոկտեմբերի 14ին հնչակեանները մահափորձի ձեռնարկեցին իշխան Գոլիցինի դէմ, բայց ծանրօրէն վիրաւորուելով հանդերձ՝ Գոլիցին մահէ փրկուեցաւ։
1904ի վերջերուն Ցարը ստիպուեցաւ յետ կանչելու Գոլիցինին։
Այդպէ՛ս, գոլիցինեան քայլերուն ամէնէն ծանրակշիռը հանդիսացաւ հայ եկեղեցապատկան կալուածներու եւ ինչքերու բռնագրաւման Ցարական հրամանագիրը, որուն գործադրութիւնը կառավարչապետը փորձեց պարտադրել խստագոյն միջոցներու կիրարկումով։
Պատմութենէն ծանօթ է, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ղեկավարութեամբ բողոքի համաժողովրդային ուժեղ ալիք մը բարձրացաւ ցարական այդ անարդար, հայակործան եւ անընդունելի հրամանագրին դէմ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսով եւ հայ հասարակական, քաղաքական եւ յեղափոխական բոլոր շրջանակներու գործակցութեամբ կազմուած միասնական ճակատով՝ Անդրկովկասի հայութիւնը մէկ մարդու պէս ծառացաւ գոլիցինեան խստութեանց դէմ։
Ցարական իշխանութիւնը ողջմտութեան դիմելու փոխարէն՝ իշխան Գոլիցինի ղեկավարութեամբ վճռեց ազգամիջեան ատելութեան եւ թշնամանքի ալիք բարձրացնել Անդրկովկասի թաթար եւ վրացի ազգաբնակչութեանց մօտ, որպէսզի հակահայ խժդժութեանց հրահրումով կարենայ խեղդել հայկական բողոքը, առնուազն՝ տկարացնել անոր թափը։
Այդպէս սկսան խմորուիլ հայ-թաթարական եւ հայ-վրացական ընդհարումները Անդրկովկասի ամբողջ տարածքին՝ Պաքուն եւ Թիֆլիսը թատերաբեմ դարձնելով անզէն հայ բնակչութեան դէմ կատաղած ամբոխներու կիրարկած խուժանային կոտորածներու։
Դաշնակցութիւնը բնականաբար ուժգնօրէն հակադարձեց եւ Նիկոլ Դումանի ընդհանուր ղեկավարութեան տակ Պաքուէն մինչեւ Թիֆլիս եւ Շուշիէն մինչեւ Երեւան, հայ ժողովուրդը զէնք բարձրացուց, հերոսական ինքնապաշտպանութիւն իրականացուց եւ անփառունակ ձախողութեան մատնեց կառավարչապետ իշխան Գոլիցինի եւ անոր տխրահռչակ աջ բազուկը հանդիսացող Պաքուի նահանգապետ Նակաշիձէի հակահայ սադրանքը։
Ազգամիջեան զինեալ բախումներուն մէջ ցարական իշխանութեանց հրձիգի սադրանքներուն հատու պատասխան մը տալու եւ սանձելու առաջադրանքով՝ Հ.Յ.Դ. օրին վճռեց եւ հազիւ երիտասարդ ԴՐՕի ձեռամբ իրագործեց Նակաշիձէի ահաբեկումը։
Հետեւաբար, ընդհանրապէս համառուսական յեղափոխութեան խմորումներուն եւ յատկապէս հայութեան ազգային-ազատագրական յաղթարշաւին դէմ յանդիման սահմռկած՝ Նիկոլայ Բ. Ցարը ստիպուեցաւ կառավարչութեան փոխարէն Կովկասի համար վերահաստատել փոխարքայութեամբ կառավարման դրութիւնը՝ անոր ղեկավարութիւնը վստահելով «հին աղուէս»ի հռչակ վայելող կոմս Ի. Վորոնցով-Դաշկովի։
Փոխարքան անշուշտ չհրաժարեցաւ ռուսացման քաղաքականութենէն, բայց նախընտրեց Անդրկովկասի սիրաշահումին վրայ խարսխել ռուսացման հետագայ քայլերը։
Այդ մեկնակէտով ալ, առաջին հերթին, Վորոնցով-Դաշկով յետս կոչեց հայ եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման Ցարական հրամանագիրը, նաեւ ձեռնարկեց հայ-վրաց-թաթար հաշտեցման խորհրդակցութիւններու, որոնք ըստ էութեան ձեւական էին եւ այդպէս ալ ապարդիւն անցան։
Ցարիզմի «բաժնէ՝ որ տիրես»ի քաղաքականութիւնը շարունակեց հրահրել ազգային հողի վրայ հակադրութիւններն ու բախումները՝ մինչեւ Ցարական Կայսրութեան փլուզումը։
Կայսերապետական միեւնոյն քաղաքականութեան ժառանգորդները եղան նաեւ պոլշեւիկներն ու անոնց խորհրդային ձեռնասունները։
28 Փետրուար 1905
28 Փետրուար 1905. Ցարական իշխանութիւնը որոշեց Անդրկովկասի ռուսացման գործը «մեղմութեամբ»... յառաջ մղել