«Փետրուարի 27. ժամը 5ին թուրքերի ամբոխը ներխուժեց հարեւան հինգ յարկանի շէնքը… Ես իմ աչքերով տեսել եմ միայն Սաշայի եւ նրա տիկնոջ՝ Աւագեան Լոլայի ու քրոջ սպանութիւնը: Աղմուկ-աղաղակ էր, սուլոց: 100-150 հոգի էին: Մտան շքամուտք: Սաշային սպաննեցին շքամուտքի մօտ, խփում էին փայտերով, ոտքով, երկաթէ ձողերով, դանակահարում: Սաշայի քոյրը պատշգամբից գոռում էր, օգնութիւն կանչում: Ամբոխը, Սաշային մորթելուց յետոյ, բարձրացաւ նրա տուն, անմարդկային ոռնոց էր լսւում նրանց պատշգամբից, մի քանի ժամ յետոյ Սաշայի քրոջը խոշտանգուած վիճակում շպրտեցին 5րդ յարկից, իսկ տիկնոջը մերկացրած մօտ մէկ ժամ քարշ էին տալիս շէնքի բակում եւ բռնաբարում. կինը չդիմացաւ… Երեք հայերի յօշոտուած մարմինները մի քանի ժամ մնացին շէնքի բակում»… (ականատես Սէյրանեան Էլմիրայի վկայութիւնը)։
Ահա այսպէ՛ս մոլեգնեցաւ, Փետրուար ամսու վերջին օրերուն, 29 տարի առաջ, Ատրպէյճանի պետականօրէն նախաձեռնած, խուժանավարի գործադրած եւ ցարդ անպատիժ մնացած հայասպանական ոճրային յորձանքը։
Փետրուար 1988ի վերջին երեք օրերուն, աշխարհի չորս ծագերէն, միլիոնաւոր մարդիկ սահմռկած աչքերով հետեւեցան ազգային «մաքրազտման» քստմնելի այն ոճրագործութեան, որ պատմութեան սեւ ու անմոռանալի էջերէն մէկը դարձաւ՝ «Սումկայիթի փոկրոմը» անունով։
Իսկ հայ ժողովուրդին համար մինչ այդ գրեթէ անծանօթ ատրպէյճանական քաղաք մը՝ Սումկայիթը «մանրանկար» հոմանիշը դարձաւ… Տէր-Զօրի։
Սումկայիթ կը գտնուի Կասպից ծովու ափին, Պաքուէն 30 քիլոմեթր դէպի հիւսիս։ Բնակչութիւնը աւելի քան 450 հազար հոգի է, տարածքը՝ շուրջ 83 քառ. քմ., եւ կը նկատուի Ատրպէյճանի 3րդ խոշոր քաղաքը։
Սումկայիթը քսաներորդ դարու քաղաք է, թէեւ այդ տարածքին վրայ բնակավայրներ կը յիշատակուին 16րդ դարու վերջերէն սկսեալ։ Ներկայ քաղաքը արագ ծաղկում ապրեցաւ 1935էն ետք, երբ ատենի Խորհրդային Միութեան կեդրոնական իշխանութիւնները որոշեցին այդ տարածքին վրայ զարգացնել ծանր արդիւնաբերութիւնը։ 1938-1941 թուականներուն կառուցուեցաւ մեծ ջերմա-ելեկտրակայան մը, որ ելեկտրականութեամբ պիտի ապահովէր Պաքուի զարգացող նաւթային արդիւնաբերութիւնը։ Երկրորդ Աշխարհամարտէն յետոյ կառուցուեցան նաեւ քիմիական ու մետաղագործական համալիրներ։ Արդիւնաբերութեան զարգացումը բնակչութեան մեծ հոսք ապահովեց դէպի նոր զարգացող շրջանը եւ 1949ի Նոյեմբեր 22ին Սումկայիթը պաշտօնապէս ստացաւ քաղաքի կարգավիճակ։ Սումկայիթը 2006ին եւ 2007ին առաջին տեղերը զբաղեցուցած է Blacksmith Institute անունով միջազգային բնապահպանական խումբին կողմէ կազմուած աշխարհի ամէնէն կեղտոտ կենսոլորտը ունեցող քաղաքներու ցանկին վրայ։
Բայց Սումկայիթ աշխարհին յայտնի դարձաւ որոշապէս ցեղասպանական քաղաքի իր տխուր հռչակով՝ 1988ի Փետրուար 27էն ետք, երբ ծայր առին պետականօրէն ծրագրուած ու կազմակերպուած ջարդերը տեղւոյն հայ բնակչութեան դէմ։ Ազերի զինեալ ամբոխի տեսքով ու ձեռքով գործադրուած այդ ջարդերը, իրենց տեսակին մէջ, եղան առաջին «էթնիք մաքրազտման» վայրագ բռնութիւնները Խորհրդային Միութեան վերջին ժամանակաշրջանի պատմութեան մէջ եւ մեծ դեր ունեցան ինչպէս ընդհանրապէս Խ.Ս.Հ.Մ.ի փլուզման, նոյնպէս եւ Արցախեան Ազատամարտի բռնկման առումներով։
Այսօր արդէն մանրամասնօրէն եւ անվիճելիօրէն փաստագրուած են ահաւորութիւնն ու բարբարոսութիւնը Խ. Ատրպէյճանի իշխանութեանց իրագործած թրքատիպ Ոճիրին՝ Սումկայիթի հայ բնակչութեան զանգուածային սպանդին։
Միջազգային հանրային կարծիքը ձեւաւորող եւ առաջնորդող շրջանակները այսօր իրե՛նք կը հաստատեն, թէ Սումկայիթի մէջ ազերի խուժանը հաւաքագրուած, զինուած եւ ղեկավարուած էր ատրպէյճանական իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Նոյնպէս կը հաստատեն, որ պետական հրահանգով սկսաւ, 1988ի փետրուարեան այս օրերուն, զինեալ կազմակերպ յարձակումը քաղաքի հայ խաղաղ, անզէն ու անպաշտպան բնակչութեան դէմ։
Միւս կողմէ՝ ինչպէս օրին, այնպէս ալ այս օրերուն միջազգային մամուլի էջերուն տակաւին լոյս կը տեսնեն մեկնաբանութիւններ, որոնք ատրպէյճանական հակահայ քարոզարշաւին ծառայելով՝ կը փորձեն տարածել այն թիւրիմացութիւնն ու չարափոխումը, թէ այդ ժամանակ Խորհրդային կոչուող Հայաստանի մէջ ծաւալած Արցախեան պահանջատիրութիւնը ինք եղած է եղեր պատճառը… ազգամիջեան լարուածութեանց սրումին՝ հայերու եւ ազերիներու միջեւ։
Բայց նոյնիսկ նման անհիմն վերագրումներու հեղինակները չեն կրնար ուրանալ փաստացի իրողութիւնները եւ կը խոստովանին, որ Հայաստանէն փախուստ տուած եւ Ատրպէյճանի տարբեր շրջաններն ու, անոնց կարգին, Սումկայիթ թափած ազերի գաղթականները առաւելագոյնս գործածուեցան ատրպէյճանեան իշխանութեանց կողմէ, որպէսզի ամբոխային գրգռութեանց քողով ծածկուի հայ բնակչութիւնը սպանդի ենթարկելու եւ այդ սպառնալիքով Սումկայիթի եւ ամբողջ Ատրպէյճանի հայերը երկրէն վտարելու ատրպէյճանեան մեծ ոճիրը։
Այսօր միջազգային շրջանակները իրե՛նք անուն-ազգանունով կը յիշատակեն Սումկայիթի իշխանաւոր այն դէմքերը, որոնք նախ հրահրեցին եւ, ապա, գազազած ամբոխին գլուխը անցած՝ նախապէս պատրաստուած ցուցակներու հիման վրայ, հայերու բնակարաններուն եւ խանութներուն վրայ յարձակում եւ եռօրեայ արեան բաղնիք կազմակերպեցին… Որոշապէս կը տրուի Ճահանկիր Մուսլումզատէ կոչուած Սումկայիթի Կոմկուսի առաջին քարտուղարին անունը, որ գլխաւոր պատասխանատուն եղաւ պետականօրէն ծրագրուած ու գործադրուած հայերու սումկայիթեան փոկրոմին, որուն շուտով պիտի հետեւէին Պաքուի եւ այլ վայրերու աւելի լայնածաւալ ոճիրները։
Սումկայիթի հայոց սպանդին մէջ պատասխանատուութեան իր բաժինը անկասկած ունեցաւ նաեւ խորհրդային կեդրոնական իշխանութիւնը։ Կրեմլի ղեկավարութիւնը շատ ուշ միջամտեց՝ ատրպէյճանեան եղեռնագործութիւնը սանձելու համար։ Իսկ երբ միջամտեց, քաղաքական իշխանափոխութեան կորպաչովեան խաղերուն համապատասխան շարժեցաւ՝ իբր թէ հաւասարակշռուած մօտեցում ցուցաբերելով դատապարտեց «երկու կողմերն» ալ… խորքին մէջ խուսափելով հայութեան բաժին հանուած ողբերգութիւնը ուղղակի դատապարտելէ, առանց հատու եւ զսպիչ հարուած տալու ցեղասպան յանցագործներուն։
Խորհրդային իշխանութիւնը օրին մինչեւ իսկ նսեմացնել փորձեց Սումկայիթի սպանդին տարողութիւնը։ Ամէն ճիգ թափեց, որպէսզի միայն 30 մեռեալ ցոյց տայ հայ զոհերու թիւը, մինչդեռ ականատեսներու եւ վերապրողներու անհերքելի վկայութիւններով ու տուեալներով՝ աւելի քան 200 անզէն ու խաղաղ բնակիչ հայերու արիւն հեղեցին ազերի ջարդարարները։
29 տարիներ անցած են Սումկայիթի այդ սահմռկեցուցիչ եղեռնագործութեան փետրուարեան սեւ օրերէն։ Հայեւատրպէյճանեան յարաբերութիւնները արեան եւ մահուան ամբողջ ճամբայ մը կտրած են Սումկայիթէն ասդին։ Բուն կռուախնձորը՝ Արցախը իրողապէս ազատագրուած եւ իր անկախ Հանրապետութիւնը հաստատած է։ Բայց ցեղասպանական ոճիրի գնով հայկական իրաւունքները ոտնակոխելու քաղաքական մոլուցքը տակաւին կ’եռայ ատրպէյճանեան իշխանութեանց մէջ, ինչ անուն ալ կրեն անոնք։
Հայ ժողովուրդը Փետրուարի այս օրերուն կը սգայ եւ կ’ոգեկոչէ Սումկայիթի իր նահատակները, որոնք անլռելի վկաներն են հայաջնջումի թրքատիպ եղեռնագործութեան շարունակուող վտանգին։
Ինչպէս որ 1915ին թրքական պետութեան գործադրած հայասպանութեան ոճիրը, անպատիժ մնալով եւ քաղաքական համարժէք վերաբերումի չենթարկուելով, պատճառ դարձաւ ցեղասպանական այլ ոճիրներու գործադրութեան, այնպէս ալ Սումկայիթի «փոկրոմ»ին անպատիժ մնալը սանձարձակ մոլեգնութեան մէջ կը պահէ Ատրպէյճանի հակահայ թշնամանքն ու ցեղասպանական ընթացքը։
Ատրպէյճանական իշխանութիւնները անպատիժ մնալով, ոչ միայն շարունակեցին հակահայ պարբերական ջարդերը, այլեւ՝ պատմական ճշմարտութեան ուրացման պետական իրենց քարոզչութիւնը հասցուցին իր գագաթնակէտին, նոյնինքն զոհը՝ հայութիւնը իբրեւ ցեղասպան ներկայացնելու սուտ ու կեղծ «պատմագրութեամբ»։
Թուրքիոյ ունեցած միջազգային ազդեցութեան լծակներէն օգտուելով եւ Ատրպէյճանի նաւթային հարստութիւնը ըստ չարս գործածելով՝ անպատիժ մնացած ցեղասպանը անարգել կը շարունակէ իր սուտին ու կեղծիքին սպասարկելու պատրաստ ծախու խիղճեր գտնել աշխարհի տարածքին, որպէսզի լռութեան պատ հիւսէ Սումկայիթի ողբերգութեան շուրջ։
Փետրուարի վերջին օրերն են դարձեալ եւ պահանջատէր հայութիւնը աշխարհով մէկ կրկին կը բարձրացնէ ճշմարտութեան ձայնը եւ պիտի շարունակէ անխոնջ պայքարիլ յանուն ճշմարտութեան յաղթանակին՝ մինչեւ որ ցեղասպանը խոնարհի եւ ճանչնայ ու ընդունի Արցախի ազատ եւ անկախ պետականութեամբ ապրելու Հայկական Իրաւունքն ու Արդարութիւնը։
27-29 Փետրուար 1988, Սումկայիթի փոկրոմը
27-29 Փետրուար 1988, Սումկայիթի փոկրոմը. Ատրպէյճանի անպատիժ մնացած հակահայ ցեղասպանական ոճիրը Ն.