«Փետրուարի 27. ժամը 5ին թուրքերի ամբոխը ներխուժեց հարեւան հինգ յարկանի շէնքը… Ես իմ աչքերով տեսել եմ միայն Սաշայի եւ նրա տիկնոջ՝ Աւագեան Լոլայի ու քրոջ սպանութիւնը: Աղմուկ-աղաղակ էր, սուլոց: 100-150 հոգի էին: Մտան շքամուտք: Սաշային սպաննեցին շքամուտքի մօտ, խփում էին փայտերով, ոտքով, երկաթէ ձողերով, դանակահարում: Սաշայի քոյրը պատշգամբից գոռում էր, օգնութիւն կանչում: Ամբոխը, Սաշային մորթելուց յետոյ, բարձրացաւ նրա տուն, անմարդկային ոռնոց էր լսւում նրանց պատշգամբից, մի քանի ժամ յետոյ Սաշայի քրոջը խոշտանգուած վիճակում շպրտեցին 5րդ յարկից, իսկ տիկնոջը մերկացրած մօտ մէկ ժամ քարշ էին տալիս շէնքի բակում եւ բռնաբարում. կինը չդիմացաւ… Երեք հայերի յօշոտուած մարմինները մի քանի ժամ մնացին շէնքի բակում»… (ականատես Սէյրանեան Էլմիրայի վկայութիւնը)։
Ահա այսպէ՛ս մոլեգնեցաւ, Փետրուարի այս օրերուն, 31 տարի առաջ, թրքական պետութեան գործադրած եւ անպատիժ մնացած հայասպան եղեռնագործութեան ատրպէյճանական յորձանքը։
Եւ Փետրուար 1988ի այս օրերուն, աշխարհի չորս ծագերէն, միլիոնաւոր մարդիկ սահմռկած աչքերով հետեւեցան ազգային՝ «էթնիք մաքրազտման» քստմնելի այն եղեռնագործութեան, որ պատմութեան սեւ ու անմոռանալի էջերէն մէկը դարձաւ «Սումկայիթի փոկրոմը» անունով։
Իսկ հայ ժողովուրդին համար մինչ այդ գրեթէ անծանօթ ատրպէյճանական քաղաք մը՝ Սումկայիթը «մանրանկար» հոմանիշը դարձաւ… Տէր-Զօրի։
Եւ մինչ այդ միջազգային հանրութեան համար անծանօթ քաղաք մը՝ Սումկայիթը աշխարհին յայտնի դարձաւ ցեղասպանական նորօրեայ սպանդի մը թատերաբեմը դառնալու իր տխուր հռչակով։
1988ի Փետրուար 27-29ին, Սումկայիթէն ծայր առին պետականօրէն ծրագրուած ու կազմակերպուած ջարդերը Ատրպէյճանի բռնակալութեան տակ ապրող հայ բնակչութեան դէմ։ Ազերի զինեալ ամբոխի տեսքով ու ձեռքով գործադրուած այդ ջարդերը, իրենց տեսակին մէջ, եղան առաջին «էթնիք մաքրազտման» վայրագ բռնութիւնները Խորհրդային Միութեան վախճանի ժամանակաշրջանի պատմութեան մէջ։ Սումկայիթի սպանդը մեծ դեր ունեցաւ ինչպէս ընդհանրապէս Խ.Ս.Հ.Մ.ի փլուզման, նոյնպէս եւ Արցախեան Ազատամարտի բռնկման առումներով։
Այսօր արդէն մանրամասնօրէն եւ անվիճելիօրէն փաստագրուած են ահաւորութիւնն ու բարբարոսութիւնը Խ. Ատրպէյճանի իշխանութեանց իրագործած թրքատիպ Սպանդին՝ Սումկայիթի հայ բնակչութեան զանգուածային եղեռնագործութեան։
Միջազգային հանրային կարծիքը ձեւաւորող եւ առաջնորդող շրջանակները այսօր իրե՛նք կը հաստատեն, թէ Սումկայիթի մէջ ազերի խուժանը հաւաքագրուած, զինուած եւ ղեկավարուած էր ատրպէյճանական իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Նոյնպէս կը հաստատեն, որ պետական հրահանգով սկսաւ, 1988ի փետրուարեան այս օրերուն, կազմակերպուած յարձակումը քաղաքի հայ խաղաղ, անզէն ու անպաշտպան բնակչութեան դէմ։
Միւս կողմէ, ինչպէս օրին, այնպէս ալ այս օրերուն միջազգային մամուլի էջերուն տակաւին լոյս կը տեսնեն մեկնաբանութիւններ, որոնք ատրպէյճանական հակահայ քարոզարշաւին ծառայելով՝ կը փորձեն տարածել այն թիւրիմացութիւնն ու նենգափոխումը, թէ այդ ժամանակ Խորհրդային Հայաստանի մէջ ծաւալած Արցախեան պահանջատիրութիւնը պատճառ եղաւ ազգամիջեան լարուածութեանց սրումին՝ հայերու եւ ազերիներու միջեւ։
Բայց նոյնիսկ նման անհիմն վերագրումներու հեղինակները չեն կրնար ուրանալ փաստացի իրողութիւնները եւ կը խոստովանին, որ Հայաստանէն փախուստ տուած եւ Ատրպէյճանի տարբեր շրջաններն ու, անոնց կարգին, Սումկայիթ թափած ազերի գաղթականները առաւելագոյնս գործածուեցան ատրպէյճանեան իշխանութեանց կողմէ։ Պաքուի այդ օրերու վարիչներն ու անոնց ժառանգորդ Ալիեւ հայր ու որդի բռնակալ իշխանութիւնները ինչպէս ատենին փորձեցին, նաեւ մինչեւ այսօր կը շարունակեն ամէն կարգի յերիւրանքի եւ կեղծիքի դիմել, որպէսզի ազերի գաղթականներու ամբոխային հակահայ այդ տրամադրութեամբ բացատրեն եւ չքմեղանք գտնել հայ բնակչութիւնը սպանդի ենթարկելու եւ, ահաբեկումի այդ սպառնալիքով, Սումկայիթի ու ամբողջ Ատրպէյճանի հայերը երկրէն վտարելու ատրպէյճանեան բուն յանցագործութեան։
Թուրքեւատրպէյճանական ուժերու այդ նենգափոխումներն ու հակահայ քարոզչութիւնը ապարդիւն անցան՝ բախելով հայկական պահանջատիրութեան ծաւալած Իրաւունքի եւ Արդարութեան արշաւին։ Այսօր միջազգային շրջանակները իրե՛նք անուն-ազգանունով կը յիշատակեն Սումկայիթի իշխանաւոր այն դէմքերը, որոնք նախ հրահրեցին եւ, ապա, գազազած ամբոխին գլուխը անցած՝ նախապէս պատրաստուած ցուցակներու հիման վրայ, հայերու բնակարաններուն եւ խանութներուն վրայ յարձակում ու եռօրեայ արեան բաղնիք կազմակերպեցին…
Որոշապէս կը տրուի Ճահանկիր Մուսլումզատէ կոչուած Սումկայիթի Կոմկուսի առաջին քարտուղարին անունը, որ գլխաւոր պատասխանատուն եղաւ պետականօրէն ծրագրուած ու գործադրուած հայերու փոկրոմին, որուն շուտով պիտի հետեւէին Պաքուի եւ այլ վայրերու աւելի լայնածաւալ ոճիրները։
Սումկայիթի հայոց սպանդին մէջ պատասխանատուութեան իր բաժինը ունեցաւ, անկասկած, նաեւ խորհրդային կեդրոնական իշխանութիւնը։ Կրեմլի ղեկավարութիւնը շատ ուշ միջամտեց՝ ատրպէյճանեան եղեռնագործութիւնը սանձելու համար։ Իսկ երբ միջամտեց, քաղաքական իշխանափոխութեան կորպաչովեան խաղերուն համապատասխան շարժեցաւ՝ հայութեան բաժին հանուած ողբերգութեան համարժէք կեցուածք չճշդելով ու հատու եւ զսպիչ հարուած չտալով յանցագործներուն։
Խորհրդային իշխանութիւնը օրին նոյնիսկ նսեմացնել փորձեց Սումկայիթի սպանդին տարողութիւնը։ Ամէն ճիգ թափեց, որպէսզի միայն 30 մեռեալ ցոյց տայ հայ զոհերուն թիւը, մինչդեռ ականատեսներու եւ վերապրողներու անհերքելի վկայութիւններով ու տուեալներով՝ աւելի քան 200 անզէն ու խաղաղ բնակիչ հայերու արիւն հեղեցին ազերի ջարդարարները։
31 տարիներ անցած են Սումկայիթի այդ սահմռկեցուցիչ եղեռնագործութեան փետրուարեան սեւ օրերէն։ Հայեւատրպէյճանեան յարաբերութիւնները արեան եւ մահուան ամբողջ ճամբայ մը կտրած են Սումկայիթէն ասդին։ Բուն կռուախնձորը՝ Արցախը իրողապէս ազատագրուած եւ իր անկախ պետականութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը հաստատած է։ Բայց ցեղասպանական ոճիրի գնով հայկական իրաւունքները ոտնակոխելու քաղաքական մոլուցքը տակաւին կ’եռայ ատրպէյճանեան իշխանութեանց մէջ, ինչ անուն ալ կրեն անոնք։
Հայ ժողովուրդը Փետրուարի այս օրերուն կը սգայ եւ կ’ոգեկոչէ Սումկայիթի իր նահատակները, որոնք անլռելի վկաներն են հայաջնջումի թրքատիպ եղեռնագործութեան շարունակուող վտանգին։
1915ին թրքական պետութեան գործադրած հայասպանութեան ոճիրը, անպատիժ մնալով եւ քաղաքական անհրաժեշտ դատաստանի ու պատիժի չենթարկուելով՝ պատճառ դարձաւ, որ պատմութիւնը պարբերաբար կրկնուի՝ հայասպանական յանցագործութեանց սանձակոտոր յորձանքով։
Նոյնը պատահեցաւ Սումկայիթի «փոկրոմ»ի պարագային։
Ատրպէյճանական իշխանութիւնները, անպատիժ մնալով, ոչ միայն շարունակեցին հակահայ պարբերական ջարդերը, այլեւ՝ պատմական ճշմարտութեան ուրացման պետական իրենց քարոզչութիւնը հասցուցին իր գագաթնակէտին, նոյնինքն զոհը՝ հայութիւնը իբրեւ ցեղասպան ներկայացնելու սուտ ու կեղծ «պատմագրութեամբ»։ Վկայ՝ Հայաստանն ու հայութիւնը այսպէս կոչուած «Խոջալուի ցեղասպանութեան» համար պատասխանատու հռչակելու համաթրքական մերօրեայ ծաւալուն լոպիինկը։
Թուրքիոյ ունեցած քաղաքական ազդեցութեան լծակներով եւ Ատրպէյճանի նաւթային հարստութեամբ՝ անպատիժ մնացած ցեղասպանը, թուրքի անուն կրէ ան թէ ազերիի, նորովի թափով կը շարունակէ իր սուտին ու կեղծիքին սպասարկելու պատրաստ ծախու խիղճեր կաշառել աշխարհի տարածքին, որպէսզի լռութեան պատ հիւսէ Սումկայթի ողբերգութեան ցեղասպանական ահաւոր ճշմարտութեան շուրջ։
Այդպէ՛ս. Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պետական այրերը ոչ միայն կը շարունակեն ուրանալ իրենց կազմակերպած ու հրահրած ոճիրները, ոչ միայն կը մերժեն խոնարհիլ հայ անմեղ զոհերու յիշատակին առջեւ, այլեւ օր ու գիշեր միջոցներ կը փնտռեն եւ սադրանքներ կ’որոճան, որպէսզի կարենան խեղաթիւրել պատմական ճշմարտութիւնները եւ աշխարհին ներկայանան իբրեւ «զոհերը… հայկական մոլեռանդութեան»։
Սումկայիթի հակահայ սպանդին պատասխանատուները տարուէ տարի նոր թափ կու տան ուրացումի եւ խեղաթիւրման իրենց այդ արշաւին, որովհետեւ մեծապետական ուժերը իրենց հաշիւներով իսկ չեն ուզեր մեղադրեալի աթոռին նստեցնել որոշապէս Ատրպէյճանն ու Թուրքիան, այլ շարունակ կը փնտռեն առիթներ, որպէսզի իբրեւ իրաւարարի՝ իբր թէ հաւասար աչքով նային ցեղասպանին եւ զոհին…
Այդ առումով ալ մեծապետական ուժերը իրենք եւս պատասխանատուութեան իրենց բաժինը ունին հակահայ ցեղասպանական մոլուցքին պարբերական դրսեւորումներուն եւ մոլեգնութեան մէջ։
Սումկայիթը արիւնալի վկան ու յուշարարն է դառնագոյն այդ իրողութեան եւ ողբերգութեան։
Փետրուարի վերջին օրերն են դարձեալ եւ պահանջատէր հայութիւնը աշխարհով մէկ կրկին կը բարձրացնէ ճշմարտութեան ձայնը եւ պիտի շարունակէ անխոնջ պայքարիլ յանուն ճշմարտութեան յաղթանակին՝ մինչեւ որ ցեղասպանը խոնարհի եւ ճանչնայ ու ընդունի Արցախի ազատ եւ անկախ պետականութեամբ ապրելու Հայկական Իրաւունքն ու Արդարութիւնը։
27 Փետրուար 1988, Սումկայիթ
27 Փետրուար 1988, Սումկայիթ. Թրքատիպ սպանդի ատրպէյճանական մոլեգնութեան յորձանքը Ն.