Յունիս 27ի օրը, 191 տարի առաջ, Օսմանեան Կայսրութեան կեդրոնական հրապարակներէն Էթ Մէյտանի կամ Սուլթանահմէտ Մէյտանի վրայ, օրուան սուլթան Մահմուտ Բ.ի հրահանգով՝ մինչ այդ Թրքական Բանակի ընտրանին ու փառքը հռչակուած Ենիչերիները հազարներով սպաննուեցան…
Այդպիսով վերջ գտաւ համաշխարհային առումով զօրքերու պատմութեան մէջ իր բացառիկ վայրագ ու անգութ առասպելը ստեղծած Ենիչերիներու… տխրահռչակ «աւանդութիւն»ը։ Ընդհանրապէս օսմանեան լուծի տակ ապրած քրիստոնեաներու եւ յատկապէս հայ ժողովուրդի բազմաչարչար պատմութեան անիծեալ պատուհասն էին Ենիչերիները, որոնք նոյնինքն քրիստոնեաներէ եւ մանաւանդ հայերէ խլուած ու բռնի իսլամացուած մանուկներէ կամ պատանիներէ սերած ըլլալով հանդերձ՝ թրքական կրօնամոլութեան ամէնէն մոլեռանդ ու կատաղի «յառաջապահները» եղան։
Ենիչերիներու ձեռքերն ու եաթաղանները միշտ ներկուած մնացին անմեղ հայերու արեամբ…
Անոնք «Ենիչերի»՝ թրքերէնով «Նոր Զինուոր» կոչուեցան, որովհետեւ պատմութեան թատերաբեմին յայտնուեցան 14րդ դարու երկրորդ կիսուն, երբ Ասիոյ տափաստաններէն Փոքր Ասիա ներխուժած եւ մինչեւ Եւրոպա հասած օսմանցի թուրքերը կը հաստատէին հիմերը Օսմանեան Կայսրութեան։ 1360ին օսմանցի թուրքերու արքայական գահին բազմեցաւ Մուրատ Ա., որ կոչուած էր դառնալու առաջին սուլթանը նոր կազմաւորուող Օսմանեան Կայսրութեան։ Օսմանցի թուրքերու զօրքերը մինչ այդ ցեղախմբային ասպատակող ուժերէ՝ «Ղազի»ներէ (թրքերէնով՝ «յաղթականներ») կը բաղկանային։ «Ղազի»ներու հաւատարմութիւնը առաջին հերթին կþերթար իրենց ցեղապետին եւ, այդ ճամբով միայն, օսմանցի ցեղախումբերու ուժեղագոյնի ցեղապետին, որ այս պարագային սուլթանն էր։
Սուլթան Մուրատ Ա. նոր ստանձնած էր գահը եւ արշաւանքներու մէջ էր Պալքանեան թերակղզիի տարածքին, յատկապէս սերպերու դէմ, երբ իր բացակայութենէն օգտուելով՝ անոր երկու զաւակները պալատական յեղաշրջում փորձեցին կատարել իրենց հօր դէմ։ Մուրատ Ա. անմիջապէս վերադարձաւ եւ մահուամբ պատժեց իր ապստամբ զաւակները, որոնք արքունի զօրքին վրայ յենած էին։
Այդ ժամանակներէն սուլթան Մուրատ Ա. յղացաւ «Նոր Զինուորներ»՝ Ենիչերիներ զօրակոչելու գաղափարը։
Մուրատ Ա.ի մտայղացումը պարզ էր, բայց խորապէս սադայէլական։ Ենիչերիները պէտք է կազմուէին ոչ-իսլամ՝ առաւելաբար քրիստոնեայ եւ, այդ շարքին ու մանաւանդ, հայազգի մանուկներու եւ պատանիներու բռնի հաւաքագրումով։ Ենիչերին բռնի իսլամացման պիտի ենթարկուէր, յատկապէս ստեղծուած զօրանոցներու մէջ իսլամական եւ ռազմական բարձրագոյն կրթութիւն պիտի ստանար, ընտանիք ունենալու իրաւունք պիտի չունենար եւ նորակազմ զօրքը պիտի դառնար անոր միակ ընտանիքը՝ որդիական հաւատարմութեամբ կապուելով ուղղակի Սուլթանին։
1360-70ականներուն այսպէ՛ս կեանքի կոչուեցան Ենիչերիները, որոնք շուրջ 500 տարի ողնաշարը կազմեցին օսմանեան պետականութեան։ Անոնք եղան օսմանեան բանակի յառաջապահ գունդերը եւ թրքական ներխուժումներու ժամանակ թէ՛ ամէն կարգի դիմադրութիւն ճեղքող, ճզմող ու անցնող վայրագ հարուածողները դարձան, թէ՛ խաղաղութեան շրջանին կայսրութեան ներքին կարգուկանոնին հսկող «ոստիկանութեան», յատկապէս Սուլթանի մենատիրութիւնը պարտադրող ու պահպանող «հաւատարիմ շուներ»ու դերը ստանձնեցին։
Հանրագիտական աղբիւրներու համաձայն՝ Ենիչերիները 1570ականներուն 20 հազար հաշուող օսմանեան զօրքի ընտրանին էին, իսկ 1826ին, երբ կոտորուեցան ու լուծարուեցան, կը հաշուէին աւելի քան 135 հազար զինուոր։ Այդ հինգ դարերու ընթացքին շատ բան փոխուեցաւ Ենիչերիներու կեանքին մէջ։
Սկզբնապէս սուլթանին հաւատարիմ «կուսակրօն իսլամ զօրական»ի կերպարէն՝ Ենիչերին վերածուեցաւ օսմանցի թուրքերու իշխանաւոր վերնախաւի, որ իբրեւ սեփական հարստութեան կը վարուէր Օսմանեան Կայսրութեան հետ. թէ՛ Սուլթանի հրամանները մոլեռանդութեամբ ու արիւնահեղութեամբ գործադրողն էր, թէ՛ ըստ կարիքի սուլթաններուն քաղաքականութիւն եւ հրաման պարտադրողն էր։
Իբրեւ սուլթանի «հաւատարիմ շուն»ը կեանքի կոչուած Ենիչերին քայլ առ քայլ վերածուեցաւ «պալատական յեղաշրջումներ»ու որջի՝ նոյնինքն սուլթաններու գլխուն ալ պատուհաս դառնալով։
Ի վերջոյ, 1820ականներուն, երբ սուլթան Մահմուտ Բ.ի օրով թրքական պետութիւնը թեւակոխած էր կայսերական իր ուժն ու հարստութիւնը կորսնցնելու փուլը, Ենիչերիները ստանձնեցին «աւանդապահ» փաղանգի դերը Օսմանեան փլուզուող Կայսրութեան մէջ. ուժգնօրէն ընդդիմացան Մահմուտ Բ.ի ձեռնարկած վարչական բարեկարգումներուն։
Հետեւանքը եղաւ 1826ի ենիչերիական մեծ ապստամբութիւնը Սուլթանի իշխանութեան դէմ։
Մահմուտ Բ. արեան մէջ խեղդեց Ենիչերիներու այդ վերջին ապստամբութիւնը եւ Յունիս 27ին, Էթ Մէյտանի հրապարակին վրայ, սուլթանին հաւատարիմ մնացած զօրքը ուղղակի ոչնչացուց Ենիչերիներու ղեկավարութիւնը… հազարաւորներ սպաննելով։
Հայկական աղբիւրները կարեւորութեամբ կը նշեն, որ Մահմուտ Բ.ի այդ վճռական քայլին մէջ իր ներդրումը ունեցաւ այդ շրջանին Օսմանեան Գանձարկղին հայ պատասխանատուներէն Գազէզ Արթին Ամիրա Պէզճեան, որ արքունի ընտանիքին պատկանող եւ իր անձնական մտերիմ Հիւսէյին փաշային միջոցաւ՝ տնտեսապէս նեցուկ կանգնեցաւ Սուլթանի ձեռնարկած քայլին։
185 տարիներ անցած են Ենիչերիներու ոչնչացումէն ասդին, բայց Օսմանեան Կայսրութեան անկումի շրջանի եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան արդին շրջանի ուսումնասիրողները, պատմաբաններ թէ քաղաքագէտներ, կարեւորութեամբ կը շեշտեն, որ թրքական պետութեան պահապանի՝ «հաւատարիմ շան» ենիչերիական «աւանդութիւն»ը կը շարունակէ վերապրիլ՝ թէ՛ իբրեւ հոգեկերտուածք, թէ՛ իբրեւ ուղղակի վերնախաւ։ Թրքական Բանակը, իր հրամանատարական կազմով, Մուսթաֆա Քեմալի ժամանակներէն մինչեւ այսօր, պարբերաբար զգալի կը դարձնէ ենիչերիական «աւանդութեան» ապրող «ժառանգութիւն»ը՝ հանդիսադրելով անոր տէր կանգնելու իր խորարմատ «յանձնառութիւն»ը։
Ենիչերիական «աւանդութիւն»ը նաեւ յուշարարն է այն ողբերգական ու բարդ երեւոյթին, որ մանուկ տարիքէն բռնի հաւատափոխ դարձած՝ իսլամացած քրիսստոնեաներու եւ յատկապէս հայերու «Պապէն աւելի պապական» ըլլալու մոլեռանդ հոգեկերտուածքն է։
Այն աստիճան, որ նաեւ մեր օրերուն, Ենիչերի անունը կու տանք այն մարդոց, նաեւ հայու արիւնէ սերած մոլեռանդներուն, որոնք կը դրսեւորեն թրքութեան «նոր զինուոր»ի աւանդական կերպարին մէջ արմատացած ամէնէն մոլեռանդ ու անգութ այլամերժութիւնը, այս պարագային նոյնիսկ սեփական արմատներուն ուրացումը։
27 Յունիս 1826. Ենիչերիներու ապստամբութիւնը եւ ոչնչացումը
27 Յունիս 1826. Ենիչերիներու ապստամբութիւնը եւ ոչնչացումը Ն.