140 տարի առաջ, 1878ի Յունիս 25ին (հին տոմարով՝ 13 Յունիսին), կայսերական Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ, վարչապետ Օթօ Ֆոն Պիսմարք պաշտօնապէս կատարեց բացումը այսպէս կոչուած «խաղաղութեան» եւ «հաշտութեան» եւրոպական վեհաժողովին։
Հայոց պատմութեան մէջ տխրահռչակ իր տեղը ունի 1878ի Պերլինի Վեհաժողովը, որուն ամիս մը տեւած աշխատանքներու աւարտին, 24 Յուլիսին, կնքուեցաւ Պերլինի հանրածանօթ Դաշնագիրը։ Դաշնագիր մը՝ որ գլխիվայր շրջեց Հայկական Հարցի միջազգային եւ իրաւական նուիրագործումը կատարող Սան Սթեֆանոյի Դաշնագիրը, անոր հայանպաստ 16րդ յօդուածը փոխարինելով քաղաքականապէս ամուլ եւ հայավնաս 61րդ յօդուածով։
Թէեւ Հայկական Հարցը աւելի ընդհանրական եւ մեծակշիռ՝ Օսմանեան Կայսրութեան «հիւանդ մարդ»ու անդամահատման հետամուտ Արեւելեան Հարցին մէջ միջազգային առանձնայատուկ ուշադրութեան արժանացնող համեւրոպական առաջին քայլը հանդիսացաւ Պերլինի Դաշնագիրը, այդուհանդերձ՝ անոր գործած անարդարութիւնը եւ հայավնաս արդիւնքը նախադէպ դարձան միջազգային հետագայ նմանօրինակ սայթաքումներու։ Ամէնէն դառն ու դաժան կրկնօրինակին հայ ժողովուրդը ականատես եղաւ Պերլինի Վեհաժողովէն 45 տարի ետք, դարձեալ 24 Յուլիսին, բայց արդէն 1923 թուականին ստորագրուած Լօզանի Դաշնագրով, երբ մեծապետական աշխարհը նոյն ոգիով եւ աւելի ծանրակշիռ մեղսակցութեամբ՝ վերջնականապէս թաղել փորձեց Հայկական Հարցը։
Կ’արժէ նշել, որ ոչ միայն հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն անտեսման առումով տխրահռչակ եղաւ Պերլինի Վեհաժողովը, այլեւ՝ համեւրոպական քաղաքականութեան առումով, իր գործած սխալներով ու անարդարութիւններով, Պերլինի Վեհաժողովը պատմութեան անցաւ, ըստ ամենայնի, իբրեւ մեծապետական շահամոլութեան, գաղթատիրութեան եւ մաքիաւելեան կարճատեսութեան տխրահռչակ բեմագրութիւն մը։
Փաստօրէն Պերլինի Վեհաժողովին գործած սխալներուն հետեւանքով՝ «Հին Աշխարհ»ը թաւագլոր գահավիժեցաւ դէպի Առաջին Աշխարհամարտի անդունդը, որ «յարմար պահը» ընձեռեց թրքական պետութեան, որպէսզի գործադրէ Հայոց Ցեղասպանութեան իր հրէշային ծրագիրը։
Պերլինի Վեհաժողովի գումարման նախաձեռնեց գերման վարչապետ Պիսմարք, որ իր վարչապետական նստավայրին՝ երբեմնի կայսերական Րացուիլ ապարանքին մէջ հիւրընկալեց համագումարին լիիրաւ մասնակից վեց մեծ տէրութեանց՝ Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Աւստրօ-Հունգարիոյ, Ռուսաստանի եւ Օսմանեան Կայսրութեան, ինչպէս նաեւ միայն իրենց ճակատագրին առնչուող օրակարգով գումարուած նիստերուն ներկայ գտնուելու իրաւունք ստացած Յունաստանի, Ռումանիոյ, Սերպիոյ եւ Մոնթենեկրոյի բարձրաստիճան պատուիրակութիւնները։
Վեհաժողովին գլխաւոր օրակարգը Պալքանեան Թերակղզիի աշխարհաքաղաքական նոր սահմանագծումն ու իրաւակարգումն էր։ Բայց շարժառիթը նոյնինքն Պալքաններու խռովայոյզ վիճակը չէր այնքան, որքան Օսմանեան Կայսրութեան արագընթաց տկարացումին եւ փլուզումին նոյնքան եւ աւելի արագութեամբ հետեւող ցարական Ռուսաստանի ուժեղացումն ու վերելքը՝ ռուսական ազդեցութեան գօտիներու ընդլայնումով՝ արեւմուտքէն դէպի Պալքաններ ու Սեւ Ծով, իսկ հարաւ-արեւելքէն դէպի հայկական նահանգներ ու Պարսկաստան։
Անշուշտ Պալքանները, ազգայնական զարթօնքի եւ սլաւոնական-ուղղադաւան ինքնահաստատման շարժումներու բուռն մթնոլորտին մէջ, ինքնին ստեղծած էին միջազգային առումով պայթուցիկ իրավիճակ մը, որ եթէ մէկ կողմէ անխուսափելի դարձուցած էր թրքական տիրապետութեան թօթափումը, միւս կողմէ ալ, սակայն, վտանգի ենթարկած էր Աւստրօ-Հունգար Կայսրութեան եւ Մեծն Բրիտանիոյ «շահերը» Պալքաններու եւ ընդհանրապէս ամբողջ Արեւելքի մէջ։
Տակաւին նոր աւարտած էր 1877-1878ի Ռուս-Թրքական պատերազմը՝ անփառունակ պարտութեան մատնելով Օսմանեան Կայսրութիւնը թէ՛ կովկասեան եւ թէ պալքանեան ռազմաճակատներուն վրայ։
Մարտ 1878ին կնքուած էր Սան Սթեֆանոյի Դաշնագիրը, որ ի նպաստ Ցարական Ռուսաստանի՝ լուրջ զիջումներ պարտադրած էր Սուլթանի կառավարութեան։
— Պալքաններու մէջ, Բարձրագոյն Դուռը համակերպած էր Պուլկարական ինքնավար եւ ընդլայնուած սահմաններով Իշխանապետութեան մը առաջացումին, սուլթանի անուանական տիրապետութեան ներքեւ։
— Իսկ Արեւելեան ճակատի վրայ, օսմանեան կառավարութիւնը ոչ միայն ամբողջ նահանգներ զիջած էր յաղթական Ռուսաստանին, այլեւ՝ դրուած էր հայկական բարենորոգումներու իրագործման քաղաքակա՛ն ճնշումին տակ։
Այսպէ՛ս, մեծապետական ուժերու հաւասարակշռութիւնը լրջօրէն խախտած էր, բայց ոչ միայն Օսմանեան Կայսրութեան անկումին եւ Ցարական ռուսաստանի հզօրացման առումով։
Արեւմտեան կողմն Եւրոպայի եւս տեղի ունեցած էին նոյնքան եւ աւելի մեծակշիռ փոփոխութիւններ։
Պիսմարքի Գերմանիան կրցած էր պարտութեան եւ նահանջի մատնել Աւստրօ-Հունգարիան եւ Ֆրանսան։ Այս վերջիններուն ծանր հարուած հասցուցած էր նաեւ Իտալիոյ միաւորման ազգայնական շարժումը, որ յաղթական վերելքի իր տարերքին մէջ էր եւ եւրոպական գաղթատիրութենէն աւարի իր բաժինը կը պահանջէր։
Ֆրանսայի համեմատական տկարացումով եւ Գերմանիոյ հզօրացումով, փաստօրէն, Եւրոպա կորսնցուցած էր իր ֆրանսացի «հոմանուհին» եւ գտած էր իր նոր՝ գերմանացի «տիրակալ»ը, ինչպէս որ 19րդ դարավերջին եւրոպացի պատմաբան մը պատկերաւոր ձեւով բնութագրած է։
Իսկ Մեծն Բրիտանիան, եւրոպական ցամաքամասէն հեռու՝ ծայրագոյն Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի իր գաղութներուն հոգերով տարուած, Կլատսթոնի կառավարութեան օրով անտեսումի մատնած էր նոյնինքն Եւրոպան եւ յանկարծ կ’անդրադառնար, որ Պալքաններու մէջ վերանայումի կ՛ենթարկուէր մեծապետական աշխարհի ընդհանուր քարտէսը՝ Գերմանիոյ եւ Ռուսաստանի համախոհութեամբ ու դաշնադրութեամբ եւ, մանաւա՛նդ, Մեծն Բրիտանիոյ բացակայութեամբ ու անտեսումով։
Այդ պատճառով ալ յատկապէս Մեծն Բրիտանիա բուռն հակազդեցութիւն ունեցաւ Սան Սթեֆանոյի Դաշնագրին դէմ։
Անմիջապէս օգնութեան ձեռք երկարեց Եւրոպայի «Հիւանդ Մարդ»ուն։ Գաղտնի գործարքի մէջ մտաւ Սուլթանի կառավարութեան հետ եւ, կանխի՛կ, Կիպրոսը նուէր ստանալով՝ ի նպաստ Օսմանեան Կայսրութեան ահազանգ հնչեցուց Պալքաններուն սպառնացող սլաւոնական վտանգին դէմ։ Ցարական Ռուսաստանի անհակակշռելի հզօրացումով անհանգստանալու պատճառներ ունէր նաեւ Գերմանիան. Պիսմարք լուրջ մտավախութեամբ կը հետեւէր ոչ միայն Պալքաններու ուղղութեամբ Ռուսաստանի յաղթական յառաջխաղացքին, այլեւ Եւրոպայի մեծապետական հաւասարակշռութեան խախտումին եւ Գերմանիոյ նկատմամբ Մեծն Բրիտանիոյ թշնամական տրամադրութեանց սրումին։
Պիսմարք անհրաժեշտ հոտառութիւնը ունէր, որպէսզի արագ շարժէր եւ պահպանէր կացութեան տէրը ըլլալու իր առաւելութիւնը։
Այդպէ՛ս ալ եղաւ։
Պիսմարք նախաձեռնեց Պերլինի Վեհաժողովին գումարումին եւ անձամբ ղեկավարեց անոր աշխատանքները՝ աշխարհի ճակատագիրը միասնաբար ղեկավարելու ընդհանուր համախոհութիւն մը առաջացնելով եւրոպական մեծ տէրութեանց միջեւ։
Բայց ի՞նչ գնով։
Պերլինի Դաշնագիրը դժգոհ ձգեց առաջին հերթին Պալքանեան թերակղզիի ժողովուրդները, ուղղադաւան ըլլան անոնք թէ կաթոլիկ, որոնք Օսմանեան Կայսրութենէն ազատութիւն ու անկախութիւն կը պահանջէին։
Սան Սթեֆանոյի մէջ կեանքի կոչուած կիսանկախ եւ միացեալ մեծ Պուլկարիան, որ Պալքաններու քրիստոնեայ ազգութեանց համակեցութեան եւ հետագայ անկախացման երաշխիքը պիտի ըլլար, վերստին մասնատուեցաւ եւ ամբողջապէս դրուեցաւ օսմանեան տիրապետութեան տակ։
Պիսմարք շատ լաւ կ’անդրադառնար, որ պարզապէս աւարի բաժանման շուրջ գոյացած համախոհութիւն էր իր ձեռք բերած… յաջողութիւնը Պերլինի Վեհաժողովի աւարտին։
Ազատութիւն եւ արդարութիւն պահանջող ժողովուրդներու ձայնը պարզապէս խեղդուեցաւ Պերլինի Վեհաժողովին՝ մեծ տէրութեանց նեղ-շահամոլոլական յաղթագոռ ելոյթներու ճնշումին տակ։
Աւելի՛ն. պատմաբաններու ընդհանուր եզրակացութեամբ, Պերլինի Վեհաժողովը պարզապէս ծառայեց Պալքանեան վառօդի տակառը սոսկ ծածկելու նպատակին…
Եւ այսօր, Պերլինի Վեհաժողովի բացումէն 140 տարի ետք, որքան դիպուկ իր ախտաճանաչումը կը պահպանէ նոյնինքն Պիսմարքի մարգարէական նախատեսութիւնը՝ Պալքաններու մէջ եւրոպական մեծ տէրութեանց դրսեւորած ընչաքաղցութեան եւ կարճատեսութեան հետեւանքին վերաբերեալ.-
«Եւրոպան այսօր վառօդի տակառ մըն է, իսկ անոր ղեկավարները նման են զինարանի մը մէջ ծխող մարդոց…մէկ հատիկ փոքր կայծ մը կրնայ առաջացնել այնպիսի պայթիւն մը, որ պիտի սպառէ բոլորս… Չեմ կրնար ըսել ձեզի, թէ այդ պայթիւնը ե՞րբ պիտի պատահի, բայց կրնամ ըսել, թէ ո՞ւր…
«Պալքաններու մէջ անիծեալ ապուշ բան մը պիտի առաջացնէ այդ պայթիւնը…»
Դժբախտաբար իրականացաւ Պիսմարքի նախատեսութիւնը։
Ամբողջ մարդկութեան գլխուն պայթեցաւ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմը՝ աշխարհակործան իր հետեւանքներով։
Իսկ հայ ժողովուրդը ծանրագոյն գինը վճարեց Մեծապետական Խաղին՝ զոհ երթալով թրքական պետութեան ծրագրած ու գործադրած 20րդ դարու Առաջին Ցեղասպանութեան։
Պերլինի Վեհաժողովին ծանրակշիռ դասերը այսօր եւս կը պահեն իրենց այժմէականութիւնը եւ պարբերաբար պէտք է բանալ անոր ծալքերը, որպէսզի վաղը դարձեալ չիյնանք մահացու հարուածի տակ։
Այսօրուան պայմանները հիմնովին բարեփոխուած են անշուշտ։
25 Յունիս 1878. Բացում՝ Պերլինի Վեհաժողովին
25 Յունիս 1878. Բացում՝ Պերլինի Վեհաժողովին. Եւրոպական դիւանագիտութեան տխրահռչակ Դաշնագիրը եւ Հայկական Հարցի միջազգայնացման դասերը Ն.