Յուլիս 25ի այս օրը, 120 տարի առաջ, թրքական եւ ռուսական կայսրութեանց տիրապետութեան տակ երկփեղկուած, այլեւ անոնց միջեւ կռուախնձոր դարձած Հայաստան Աշխարհը ապրեցաւ ազգային ու ռազմաքաղաքական իր ինքնավստահութեան վերականգնումի հպարտառիթ պահը։
Ինչպէս որ Խանասորի Արշաւանքին մասնակիցներէն եւ ազգային-ազատագրական շարժման լուսաւոր ռահվիրաներէն Գալուստ Ալոյեան հետագային պիտի գրէր իր սրտաբուխ բանաստեղծութեան՝ իրերայաջորդ սերունդներու կողմէ պահպանուած ու պանծացուած յեղափոխական երգին մէջ.
Կարկուտ տեղաց Խանասորայ դաշտումը,
Ֆետայիներ դաշնակցական, վրէժ առան հովտումը
Մի ժամուայ մէջ Մազրիկ ցեղը ջնջուեցաւ,
Խանասորայ Կանաչ դաշտը կարմիր արեամբ ներկուեցաւ:
Հայեր յիշէք նուիրական այս օրը,
Յուլիս ամսու քսանհինգին կատարեցէք մեր տօնը:
25 Յուլիս 1897ի անմոռանալի այդ օրը, պատմութեան դաժան դասաւորումով երկատուած ու գերեվարուած հայ ժողովուրդը, իր դաշնակցական ֆետայիներուն յայտնաբերած ուժերու գերագոյն լարումով, պատմութեան թատերաբեմին վրայ իր արժանի տեղը ունենալու իրաւունքը նուաճեց։
Ինչպէս որ ժողովրդականացած սիրուած երգը կը յուշէ, մէ՛կ օրուան մէջ իրագործուեցաւ Խանասորի արշաւանքը։ Քանի մը ժամէն քիւրտ յանցագործներու կարմիր արեամբ ներկուեցաւ Խանասորայ կանաչ դաշտը։
Հարիւրաւոր հայ յեղափոխականներու արեան հեղումին պատասխանատուն էր թրքական պետութեան արիւնարբու կամակատարը դարձած քրտական Մազրիկ ցեղախումբը, որ Խանասորի Արշաւանքով արեա՛մբ պատժուեցաւ՝ Դաշնակցութեա՛ն որոշումով։
24էն 25 Յուլիս 1897ի լուսցող գիշերուան կանուխ ժամերուն, թուրք–պարսկական սահմանը յանդգնօրէն հատեցին 253 դաշնակցական մարտիկներ, որոնց 40ը՝ ձիաւոր։ Արշաւախումբը ճամբայ ելաւ Սալմաստէն, արագօրէն կտրեց Արաուլ լերան լանջը եւ, լեռնային ճանապարհով, ուղղուեցաւ դէպի Վանայ Լիճին հարաւ-արեւելքը գտնուող Խանասորի դաշտը։
Խանասորայ դաշտը ամառնային բանակավայրն էր անարգ Մազրիկ ցեղախումբին, որ իր արիւնարբու աշիրաթապետ Շարաֆ պէյի ղեկավարութեամբ, տարի մը առաջ, 1896ի Յունիսին, ուղղակիօրէն թիկունքէն հարուածած ու կոտորածի ենթարկած էր Վանէն Պարսկաստան անցնող աւելի քան երեք հարիւր հայ մարտիկներ։ Թրքական բռնակալութեան դէմ ըմբոստացած յեղափոխական հայորդիներ էին անոնք, որոնք դաշնակցական Պետոյի, արմենական Աւետիսեանի եւ հնչակեան Մարտիկի գլխաւորութեամբ՝ Վանի հայութեան ինքնապաշտպանական առաջին կռիւները մղած էին եւ անզէն հայերու վրայ յարձակող թրքական զօրքը ետ մղած էին։ Եւրոպական մեծ տէրութեանց հիւպատոսներու միջնորդութեամբ ու երաշխաւորութեամբ՝ թուրք կուսակալին եւ Վանայ հայոց ներկայացուցիչներուն միջեւ գոյացած էր համաձայնութիւն, որուն հիման վրայ հերոսաբար կռուած երիտասարդութիւնը ժամանակաւորապէս պէտք է հեռանար Վանէն։
Այդ երիտասարդներն էին, զինեալ եւ անզէն տղաք, որ նոյնինքն Պետոյի, Աւետիսեանի եւ Մարտիկի գլխաւորութեամբ կþուղղուէին դէպի Սալմաստ՝ Ատրպատական, երբ թուրքեւպարսկական սահմանը չհատած՝ յարձակումի ենթարկուեցան եւ կոտորուեցան Շարաֆ պէյի Մազրիկ ցեղախումբին կողմէ։
Հայկական արիւնի այդպէս վատաբար ու անարգ հեղումը, քիւրտ հրոսակներու ձեռամբ, անպատասխան եւ անպատիժ չէր կրնար մնալ ու չմնա՛ց։
Եւ Խանասորի արշաւանքը եկաւ հայոց նորագոյն պատմութեան այդ հատո՛ւ պատասխանը անջնջելիօրէն խարանելու Հայը սեփական Երկրին մէջ կոտորելու ելած ամէն կարգի ոսոխներու ճակտին։
Թրքական բռնատիրութեան ծառայակոչուած Մազրիկ ցեղախումբը այդպէ՛ս ստացաւ իր արդար պատիժը։
Իսկ Հայրենատէր Հայը վերականգնեց իր ազգային ինքնավստահութիւնը՝ դարերու գերութենէ ետք հայկական այրուձի կազմելով եւ ի հեճուկս պարսկական, ռուսական թէ թրքական իշխանութեանց ճնշումի զօրքերուն, սեփական հողին ու կեանքին տիրութիւն ընող պատժական այդ արշաւանքին ձեռնարկելով։
Դաշնակցութիւնը շատ երկար մտածեց եւ նպատակայարմարութեան ու յաջողութեան բոլոր երեսներով եւ մանրամասնութիւններով քննեց ու կշռադատեց իր քայլը, գործնական որեւէ նախաձեռնութեան դիմելէ առաջ։ Հարկ եղաւ սպասել մինչեւ 1896ի տարեվերջին եւ 1897ի տարեսկիզբին Թիֆլիսի մէջ Հ.Յ.Դ. Ռայոնական Ժողովի գումարումին՝ եզրակացնելու եւ որոշելու համար, որ այո՛, պէ՛տք էր այդպէս՝ մեծաթիւ արշաւախումբով մը քրտական ցեղախումբը պատժել եւ, նախ, անհրաժեշտ դասը տալ բոլոր անոնց, որոնք հայու արիւն կը հեղէին՝ անպատժելիութեան ապաւինելով։ Միաժամանակ՝ Աւետիսեաններու, Մարտիկներու եւ Պետոներու նահատակութեան վրէժը լուծել։ Ու, տակաւին, հաւասարապէս թէ՛ ջարդարար Սուլթանին, թէ՛ Պիղատոսի պէս ձեռքերը լուացող Եւրոպային ազդարարել, որ այլեւս կարելի չէ բիրտ ուժով լռութեան մատնել կամ արեան բաղնիքներու մէջ խեղդել փորձել հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի արդարութեան ու իրաւունքի մարտունակ ձայնը։
Առաջին հերթին, հայ ժողովուրդին ճակատագրակից քրտական ցեղախումբերը մեծ մասամբ ի վերջոյ հասկցան, որ իրենց իսկ իրաւունքներուն եւ շահերուն պաշտպանութեան սիրոյն զէնք պէտք չէ բարձրացնէին հայ ժողովուրդին ու անոր յեղափոխական զաւակներուն դէմ։ Սուլթանին կողմէ զինուած, հովանաւորուած եւ հայոց դէմ արձակուած, արիւնալի կոտորածի ձեռնարկած ու անպատիժ մնացած քրտական ցեղախումբերէն շատեր ի վերջոյ սթափեցան եւ անդրադարձան, թէ թշնամին հայն ու Հայաստանը չեն, այլ՝ նոյնինքն թրքական պետութիւնն է։
Աւելի՛ն. Մազրիկ ցեղախումբին եւ անոր մեծաւորին՝ Շարաֆ պէյի օրինակով անուղղայ բարբարոսներուն տրուեցաւ այնպիսի՛ «համոզիչ» դաս, որ բոլորն ալ անդրադարձան, թէ այլեւս կարելի չէ հայու արեան ու ինչքին հետ այդպէս վարուիլ՝ անպատիժ սպաննել ու յափշտակել, գողնալ ու աւերել։
Խանասորի Արշաւանքին անմոռանալի դասերուն վերջինը, այլեւ կարեւորագոյնը եղաւ այն, որ նոյնինքն Սուլթանին եւ անոր հիւանդ մարդու սնարին շուրջ հաւաքուած, միայն Օսմանեան Կայսրութեան «ժառանգէն» առիւծի բաժին խլելու կայսերապետութեամբ կուրացած եւրոպական մեծ տէրութիւններուն հարկ էր լսելի ու հասկնալի դարձնել միեւնոյն հատու պատգամը. Հայը այլեւս անցեալի ռայան ու ստրուկը չէ, այլ՝ ազգային իր իրաւունքներուն, Ազգի եւ Հայրենիքի ազատագրութեան համար «Ազատութիւն կամ Մահ» վճիռով զէնք բարձրացուցած աննկուն մարտիկն է։
Թէեւ իր շղթայազերծման առաջին տասնամեակը նոր աւարտած էր հայոց յեղափոխական պոռթկումը, այսուհանդերձ՝ արդէն կտրած էր ինքնահաստատման այնքան կարեւոր ուղի, որ ի վիճակի էր այդպէս՝ 250է աւելի մարտիկներով արշաւախումբ կազմակերպել եւ պատժել հայ ժողովուրդին ու հայ յեղափոխականներուն սպառնացող «ցեց»երը…
1897ի տարեսկիզբին գումարուած թիֆլիսեան իր Ռայոնական ժողովէն եւ անոր հաստատած ա՛յս որոշումէն ետք ալ, Դաշնակցութիւնը շարունակեց յեղափոխական շրջահայեցութեամբ շարժիլ Խանասորի արշաւանքի կազմակերպման իր աշխատանքներուն եւ նախապատրաստական քայլերուն մէջ։ Մինչեւ Յունիս 1897 շարունակուեցան բուռն քննարկումները եւ տարակարծութիւնները Նիկոլ Դումանի կողմէ ներկայացուած եւ Ռայոնական Ժողովի հաւանութեան արժանացած պատժական արշաւախումբի առաջարկին շուրջ։ Թէեւ ոչ ոք վիճելի կը նկատէր հայոց ազգային–ազատագրական պայքարին կենսունակութիւնն ու մարտունակութիւնը վերահաստատելու հրամայականը, այդուհանդերձ՝ կային հիմնաւոր առարկութիւններ այդպիսի մեծաթիւ արշաւախումբով ցուցական քայլի մը արդիւնաւէտութեան, նպատակայարմարութեան եւ, ինչու ոչ, նաեւ յաջողելու հաւանականութեան հանդէպ։
Ատրպատական հաւաքուեցաւ դաշնակցական գործիչներու եւ ֆետայիներու ամբողջ փաղանգ մը։ Հոն էին Նիկոլ Դումանն ու Վարդանը (Մեհրապեան), իշխան Յովսէփ Արղութեանն ու Կարոն (Արիստակէս Զօրեան, Ռոստոմի կրտսեր եղբայրը), Յարութիւն Շահրիկեանն ու Վազգէնը (Տիգրան Տէրոյեան), Գուրգէնն (Պաղտասար Մալեան) ու Սեւքարեցի Սաքոն, Քրիստափոր Օհանեանն ու Գալուստ Ալոյեանը, Փոխիկն ու Ախպերը, տակաւին նորագիր պարզ զինուոր Անդրանիկն ու շատ–շատեր։ Շուրջ երեք հարիւրի կը հասնէր անոնց թիւը։
Արշաւախումբի գաղափարին համաձայն չէին Իշխան Յովսէփ Արղութեանի, Վարդանի եւ Վազգէնի տարողութեամբ հեղինակաւոր գործիչներ, որոնք Երկրի մէջ՝ յատկապէս Վասպուրականի տարածքին, յեղափոխական առաջին կառոյցներու եւ դաշնակցական կուռ կազմակերպութեան ստեղծման ռահվիրաները եղած էին։ Անոնք կը նախընտրէին զինական թէ մարդկային ուժերը խնայողաբար գործածել, շարունակել լուռ եւ անաղմուկ կազմակերպչական գործը ու նոր թափ տալ Երկրի զինման եւ մարտական ուժեղացման աշխատանքներուն՝ խուսափելով ցուցական քայլերէ, որոնք մեծ քաղաքներու մէջ աւելի ազդու կրնային ըլլալ։ Մանաւանդ որ նոր պատահած էր Պոլսոյ մէջ Օսմանեան Դրամատան գրաւման ցուցական քայլը։
Բայց Նիկոլ Դումանի երկաթեայ տրամաբանութիւնը յաղթական դուրս եկաւ։ Ան կրցաւ պատժական արշաւախումբի գաղափարին շուրջ համախոհութիւն առաջացնել։ Դումանի մօտեցումներուն ջերմ պաշտպանն էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի կողմէ ուղարկուած լիազօրը՝ Յարութիւն Շահրիկեան, որ Թաւրիզ առաքուած էր յատկապէս Արշաւանքին վերաբերեալ Ռայոնական Ժողովի որոշումին գործադրութիւնը փութացնելու յանձնարարութեամբ։ Հ.Յ.Դ. Ատրպատականի Կ. Կոմիտէն Յունիսի վերջերուն վճռահատեց հարցը՝ արշաւախումբի կազմութիւնը արագացնելով եւ, զուգահեռաբար, Վազգէնին ու Գուրգէնին յանձնարարելով, որ լաւապէս զինուած 30 հոգինոց խումբով մը ուղղուին դէպի Վան ու Սասուն։
Նոյնինքն Վարդան եւ Իշխան Արղութեան նշանակուեցան արշաւախումբի հրամանատար եւ օգնական հրամանատար։ Հարիւրապետներ նշանակուեցան Փոխիկ եւ Ախպեր։
Իսկ Նիկոլ Դուման, որ գլխաւոր դարբինն էր պատժական Արշաւանքի գաղափարին, նշանակուեցաւ արշաւախումբի չորս յիսնապետներէն մէկը։ Ճշդուեցան նաեւ տասնապետները։ Սեւքարեցի Սաքոյին վստահուեցաւ ձիաւոր խումբի պատասխանատուութիւնը։ Եւ 21էն 25 Յուլիս 1897ին իրագործուեցաւ Խանասորի արշաւանքը։
25 Յուլիս 1897ին Խանասորի դաշտին վրայ գտնուող Մազրիկ ցեղախումբի բոլոր տղամարդիկ արեամբ քաւեցին իրենց մեղքը։ Հայ յեղափոխականները ձեռք չերկարեցին կանանց եւ մանուկներու վրայ։ Դաշնակցական ֆետայիներու այդ վեհանձն գաղափարականութենէն օգտուեցաւ նոյնինքն Շարաֆ պէյ, որ կանացի հագուստ հագած կրցաւ ճողոպրիլ։ Սպաննուեցաւ նաեւ անոր անձնական հիւրը եղող թուրք հարիւրապետը։
Երգին բառերով՝
Սոսկաց քիւրտը՝ լեղապատառ մազրիկցին,
Չէր երազեր ջնջուել ի սպառ քաջ ֆետայու գնդակէն:
— Եամա՜ն, Աստուած, ֆետան եկաւ, ո՞ւր փախչինք,
Ըսաւ որդուն կրծքին սեղմած լեղապատառ քրտուհին։
— Մի՛ վախենար, հանգիստ կեցիր, պաճի ճան,
Կանանց երբեք ձեռք տալու չէ վրէժխնդիր քաջ ֆետան:
Արշաւախումբը յաջողութեամբ աւարտեց իր առաքելութիւնը, բայց դէպի պարսկական սահման նահանջի իր ճամբուն վրայ ընդհարումներ ունեցաւ մերձակայ լեռներէն խուժած քիւրտ զինեալներու հետ։
Մղուեցան բուռն կռիւներ, որոնց հետեւանքով արշաւախումբը ունեցաւ ծանր կորուստ. նահատակուեցան քսան մարտիկներ, որոնց շարքին՝ հարիւրապետի օգնական Կարոն, յիսնապետի օգնականներ Խանը, Կրետացին եւ Սաղաթէլ խան Զօհրապեանը, ինչպէս նաեւ տասնապետներ Շաւարշն ու Խաչիկը։
Այսօր 120 տարի անցած է Խանասորի Արշաւանքի պատմական այդ օրէն, բայց կարծէք նաեւ այսօրուան մեր սերունդներուն ուղղուած պատգամ էր արշաւախումբի հրամանատարին՝ Վարդանի կոչը Խանասոր արշաւողներուն.–
«Ցոյց տանք մեր հասարակութեան թերահաւատ մասին, որ ընդունակ ենք յեղափոխական — թէեւ անհաւասար — կռիւը յաջողութեամբ առաջ տանելու. ցոյց տանք ամբողջ աշխարհին, որ հայն էլ գիտէ կռուել ազատութեան համար»։ Իրապէս ալ, նաեւ մեր ժողովուրդի շարքերուն մէջ, Խանասորի յանդուգն Արշաւանքը կամքեր կռանեց եւ ինքնավստահութիւն ջրդեղեց։
Հայրենի հողին, սեփական ինչքին ու պատուին տէր ու տիրական կանգնելու յանդգնութեամբ լեցուց նորահաս սերունդներու սիրտն ու միտքը։
Զգաստացուց քիւրտն ու թուրքը։
Իր պատասխանատուութեանց տէր կանգնելու պարտաւորութեան առջեւ դրաւ ազատախոհ Եւրոպան։
Եւ յատկապէս հայ ազգային–ազատագրական շարժման առջեւ բացաւ կռիւը նորովի թափով շարունակելու եւ ծաւալելու լայն հորիզոններ՝ անխուսափելի անկումներու եւ հերոսական յաղթանակներու արնաներկ ճամբով վերականգնելով Հայրենատէր Հայուն ազգային՝ ռազմաքաղաքակա՛ն ինքնավստահութիւնը։