25 ­Յու­նո­ւա­րի այս օ­րը, 1921 թո­ւին, նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ­Բա­նա­կին գլխա­ւոր սպա­յա­կազ­մը՝ 1200 հայ սպա­ներ, ­Սար­դա­րա­պա­տի հե­րոս սպա­րա­պետ զօր. ­Թով­մաս ­Նա­զար­բէ­կեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, հե­տիոտն եւ ձիւն ձմրան՝ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու կող­մէ աք­սո­րո­ւե­ցաւ ­Ռու­սաս­տան:
­Հա­յոց պատ­մու­թեան սեւ, դառն ու տխուր է­ջե­րէն է 25 ­Յու­նո­ւար 1921ին հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու գոր­ծած քա­ղա­քա­կան ո­ճի­րը, որ իբ­րեւ ա­մօ­թի խա­րան դրոշ­մո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան ճակ­տին՝ մղձա­ւան­ջի պա­հեր ա­ռա­ջա­ց­նե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի ե­կող ու անց­նող սե­րունդ­նե­րուն ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ։
Ե­րե­ւա­կա­յե­ցէք եօ­թը դա­րե­րու գե­րու­թե­նէն ետք իր ան­կա­խու­թիւ­նը նո­ւա­ճած հայ ժո­ղո­վուր­դը։ ­Պատ­կե­րա­ցու­ցէք նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը՝ ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան իր կռո­ւան­նե­րը հիմ­նադ­րե­լու սխրան­քով եւ «ան­ձեւ քաոս»էն, սու­գի ու սո­վի, ա­րեան ու մա­քա­ռու­մի օր­հա­սա­կան պայ­ման­նե­րէն ­Րաֆ­ֆի­նե­րու եւ ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժան­նե­րու կան­խա­տե­սած «խեն­թի ե­րազ»ն­ ու «վար­դա­հե­ղեղ ար­շա­լոյս­ներ»ը ի­րա­գոր­ծե­լու եր­կուն­քով։ Ա­պա՝ մտա­բե­րե­ցէք, զու­գա­հե­ռա­բար, Օս­մա­նեան եւ ­Ցա­րա­կան կայս­րու­թեանց փլա­տակ­նե­րուն վրայ ա­հագ­նա­ցող մո­լե­ռան­դու­թեան եւ այ­լա­մեր­ժու­թեան նո­րա­նուն խոր­շակ­նե­րը՝ պոլ­շե­ւի­կեան եւ քե­մա­լա­կան կա­տա­ղու­թեան բոր­բո­քում­նե­րը…
Այդ պա­րա­գա­յին, հա­յոց պատ­մու­թեան 1920-1921 թո­ւա­կան­նե­րու ազ­գա­յին-պե­տա­կան եւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան վե­րի­վայ­րում­նե­րու այդ պաս­տա­ռին վրայ, ի՞նչ գնա­հա­տա­կան կրնաք տալ նո­րաս­տեղծ ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Բա­նա­կի սպա­յա­կան անձ­նա­կազ­մին՝ սպա­րա­պետ զօ­րա­վար ­Թով­մաս ­Նա­զար­բէ­կեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ 1200 հայ բարձ­րաս­տի­ճան սպա­նե­րու զի­նա­թա­փու­մին, ձեր­բա­կա­լու­մին եւ հե­տիոտն աք­սո­րին դէ­պի ­Ռու­սաս­տա­նի խո­րե­րը։
«­Հա­յու ճակ­տին ա­մօ­թի խա­րան»էն տար­բեր ի՞նչ գնա­հատական կա­րե­լի է տալ նման քայ­լի։
Ու­րիշ ի՞նչ գնա­հա­տա­կան կրնան ստա­նալ ­Լե­նին-­Քե­մալ մեղ­սակ­ցու­թեամբ եւ սո­ւին­նե­րու ու­ժով ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պար­տադ­րո­ւած խորհր­դայ­նա­ցու­մին, Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի անձ­նա­տո­ւա­կան դաշ­նագ­րին, ­Հան­րա­պե­տու­թեան ղե­կա­վար գոր­ծիչ­նե­րու չե­կա­յա­կան բան­տար­կու­մին եւ «մաք­րա­գոր­ծու­մին» ու, իբ­րեւ փշէ դափ­նեպ­սա­կը այդ ա­մէ­նուն, ­Հա­յոց ­Բա­նա­կի սպա­յա­կազ­մի այ­դօ­րի­նակ աք­սո­րին։
Ա­յո՛, միայն «ա­մօ­թի խա­րան» կա­րե­լի է ա­նո­ւա­նել 96 տա­րի ա­ռաջ, ­Յու­նո­ւար 25ի օ­րը կա­տա­րո­ւած այ­դօ­րի­նակ յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը։
­Գի­տու­թեամբ թէ ան­գի­տու­թեամբ, կա­մայ թէ ա­կա­մայ, Ք­րեմ­լէն թէ Ան­գա­րա­յէն կամ հա­ւա­սա­րա­պէս եր­կու կող­մե­րէն ե­կած հրա­հանգ­ներ գոր­ծադ­րե­լով, նաեւ՝ քա­ղա­քա­կան կամ գա­ղա­փա­րա­կան ի՜նչ-ի՜նչ բար­դոյթ­նե­րու բա­ւա­րա­րու­թիւն տա­լու հի­ւան­դա­գին մտայ­նու­թեամբ, թուրք ու թա­թար պոլ­շե­ւիկ­նե­րու հետ եղ­բայ­րա­ցած հա­յա­նուն «յե­ղա­փո­խա­կան»նե­րը, այդ­պէ՛ս, դի­մե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դը գլխա­տե­լու ի­րենց ա­հա­ւոր քայ­լին, ո­րուն բարձ­րա­կէ­տը հան­դի­սա­ցաւ, հե­տա­գա­յին՝ 15 տա­րի ետք, հայ մտքի ու տա­ղան­դի՝ հայ մտա­ւո­րա­կան սե­րուց­քի ուղ­ղա­կի ֆի­զի­քա­կան մաք­րա­գոր­ծու­մը 1936ա­կան­նե­րուն…
­Պատ­մու­թեան ա­նի­ւը շրջո­ւած է այ­սօր եւ վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ­Բա­նա­կը իր հա­յեաց­քը ուղ­ղած է հա­յոց պատ­մու­թեան մօ­տա­ւոր թէ հե­ռա­ւոր ան­ցեա­լի հե­րո­սա­կան է­ջե­րուն՝ գե­րա­գոյն անձ­նո­ւի­րու­թեամբ ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան յաղ­թա­կան ու­ղին նո­ւա­ճած ա­րի այ­րե­րուն։
Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տով վե­րա­նո­րո­գո­ւած հա­յոց քա­ջա­րի զի­նո­ւոր­նե­րուն կը սե­ւե­ռինք ազ­գո­վին, որ­պէս­զի հայ­րե­նի­քի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պաշտ­պա­նու­թեան իր սրբազ­նա­գոյն ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ, մե­րօ­րեայ հայ զի­նո­ւո­րը պա­տանդ չմնայ հա­յու ճակ­տին խա­րա­նո­ւած ա­մօ­թի մղձա­ւան­ջին։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ որ­պէս­զի մեր պատ­մու­թեան տխուր օ­րե­րէն մէ­կը պոլ­շե­ւիկ­նե­րու կող­մէ ա­նարգ աք­սո­րի դա­տա­պար­տո­ւած ԴՐՕ­նե­րու եւ ­Նա­զար­բէ­կեան­նե­րու ռազ­մա­հայ­րե­նա­սի­րա­կան սխրանք­նե­րը ներշնչ­ման, գօ­տեպնդ­ման ու հպար­տու­թեան ան­խառն աղ­բիւր դառ­նան մեր նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։
Որ­պէս­զի մէ­կան­գա­մընդ­միշտ փա­կո­ւի սե­փա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին ու ա­նոր սե­րուց­քին դէմ հա­լա­ծանք ծա­ւա­լե­լու եւ ազ­գա­յին հե­րոս­ներ գլխա­տե­լու ա­մօ­թա­լի է­ջը։
Ի­րա­ւամբ ազ­գա­յին հե­րոս էր զօ­րա­վար ­Թով­մաս ­Նա­զար­բէ­կեան՝ բա­ռին ա­մէ­նէն պարզ ու դա­սա­կան նշա­նա­կու­թեամբ, այ­լեւ խո­րի­մաստ ու հպար­տու­թիւն ներշն­չող հնչե­ղու­թեամբ։
4 Օ­գոս­տոս 1855ին ­Թիֆ­լիս ծնած՝ հա­րուստ ըն­տա­նի­քի զա­ւակ այս հա­յոր­դին ընդ­հան­րա­պէս ռու­սա­կան շրջա­նա­կի մէջ կազ­մա­ւո­րո­ւած էր, զի­նո­ւո­րա­կա­նի իր կրթու­թեամբ ցա­րա­կան բա­նա­կի ծնունդ էր եւ ռազ­մա­կան իր քա­ջա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն կրա­կի մկրտու­թիւ­նը ստա­ցած էր 1877-1878ի ռուս-թրքա­կան պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին։
­Բայց յատ­կա­պէս 1904ի ռուս-ճա­փո­նա­կան պա­տե­րազ­մին գնդա­պե­տի աս­տի­ճա­նով իր մաս­նակ­ցու­թեամբ է, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­ժա­նա­ւոր զա­ւակ այս զի­նո­ւո­րա­կա­նին հե­րո­սա­կան սխրանք­նե­րը մեծ հռչակ ա­պա­հո­վե­ցին ա­նոր։ Ա­ւե­լի՛ն. ար­ժա­նա­ցու­ցին ­Ցա­րա­կան բա­նա­կի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան ոս­կեայ սու­րի պար­գե­ւին։
1903-1905 թո­ւա­կան­նե­րը նաեւ ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նի հա­կա­հայ ոտնձ­գու­թիւն­նե­րու ժա­մա­նա­կաշր­ջան էր։ ­Հայ ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու բռնագ­րաւ­ման փոր­ձով իր բարձ­րա­կէ­տին հա­սած «­Հա­յաս­տան ա­ռանց հա­յու» ­Ցա­րիզ­մի ծա­ւա­լած հա­լա­ծան­քը իր հա­կա­հայ դրսե­ւո­րու­մը ու­նե­ցաւ նաեւ բա­նա­կէն ներս, երբ հայ ծա­գու­մով բարձ­րաս­տի­ճան զի­նո­ւո­րա­կան­նե­րը հե­ռու պա­հո­ւե­ցան զօ­րա­բա­ժին­նե­րու հրա­մա­նա­տա­րու­թեան ի­րենց նո­ւա­ճած պաշ­տօն­նե­րէն։
­Նոյ­նը պա­տա­հե­ցաւ նաեւ զօր. ­Նա­զար­բէ­կեա­նի պա­րա­գա­յին, որ ան­վա­րան ներ­կա­յա­ցաւ իր գե­րա­դա­սին եւ ներ­կա­յա­ցուց ­Ցա­րա­կան բա­նա­կէն իր հրա­ժա­րա­կա­նը՝ խրոխ­տու­թեամբ յայ­տա­րա­րե­լով, թէ ոչ միայն հայ­կա­կան ծա­գում ու­նի, այ­լեւ հա՛յ է ու հպարտ է իր հա­յու­թեա՛մբ։
Ամ­բողջ տա­սը տա­րի ռու­սա­կան բա­նա­կէն հե­ռու մնա­լէ ետք, 1914ին, Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի բռնկու­մին հետ, ­Ցա­րա­կան բա­նա­կի վե­րին հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը վերս­տին ծա­ռա­յու­թեան կան­չեց զօր. ­Նա­զար­բէ­կեա­նին՝ ա­նոր վստա­հե­լով Բ. ­Կով­կա­սեան Հ­րա­ցա­նա­ձիգ ­Զօ­րա­բաժ­նի հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը։ ­Վերսկ­սաւ հա­յոց զօ­րա­վա­րին հե­րո­սա­կան քա­ջա­գոր­ծու­թեանց շար­քը. յատ­կա­պէս պատ­մա­կան Ա­ւա­րա­րայ­րի դաշ­տէն ոչ-շատ հե­ռու ­Տիլ­մա­նի ճա­կա­տա­մար­տին էր, որ զօր. ­Նա­զար­բէ­կեան, իր կող­քին ու­նե­նա­լով ­Կա­մա­ւո­րա­կան Ա­ռա­ջին ­Գուն­դի հրա­մա­նա­տար հե­րոս Անդ­րա­նի­կը, ջախ­ջա­խիչ պար­տու­թեան մատ­նեց հա­րա­ւէն՝ պարս­կա­կան սահ­մա­նէն ­Հա­յաս­տա­նի ուղ­ղու­թեամբ ար­շա­ւող ­Խա­լիլ ­Փա­շա­յի զօր­քը։ ­Զօր. ­Նա­զար­բէ­կեան յաղ­թա­կան մուտք գոր­ծեց ­Պիթ­լիս, ա­պա՝ ար­շա­ւեց ­Վա­նի ուղ­ղու­թեամբ եւ ա­զա­տագ­րեց ­Վաս­պու­րա­կա­նի հա­յու­թիւ­նը։
1917ի ­Հոկ­տեմ­բե­րին տե­ղի ու­նե­ցած պոլ­շե­ւի­կեան յե­ղաշր­ջու­մէն ետք, երբ ­Լե­նի­նի «տուն դարձ»ի հրա­հան­գին ըն­դա­ռա­ջող ռուս զի­նո­ւոր­նե­րու դա­սալ­քու­թեամբ քայ­քա­յո­ւե­ցաւ ­Ցա­րա­կան բա­նա­կը, ­Թիֆ­լիս հաս­տա­տո­ւած ­Հայ Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դը ­Հայ­կա­կան ­Կոր­պու­սի ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տար կար­գեց զօ­րա­վար ­Նա­զար­բէ­կեա­նին, որ իր այդ հան­գա­ման­քով պատ­մակ­շիռ իր ներ­դրու­մը ու­նե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը կեր­տած ­Սար­դա­րա­պա­տի, ­Բաշ Ա­պա­րա­նի եւ ­Ղա­րա­քի­լի­սէի հե­րո­սա­կան ճա­կա­տա­մարտ­նե­րու ղե­կա­վար­ման մէջ՝ այդ հի­ման վրայ ար­ժա­նա­նա­լով նո­րաս­տեղծ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ­Բա­նա­կի Ս­պա­րա­պե­տի բարձ­րա­գոյն պաշ­տօ­նին։
Ա­հա այս­պի­սի՛ տա­րո­ղու­թեամբ Ազ­գա­յին ­Հե­րո­սի մը եւ ա­նոր ղե­կա­վա­րած հա­յոց ազ­գա­յին բա­նա­կի ողջ սպա­յա­կազ­մին դէմ էր ուղ­ղո­ւած պոլ­շե­ւիկ­նե­րու ա­նարգ քայ­լը՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի հպար­տու­թիւ­նը կազ­մող հե­րոս­նե­րը դէ­պի ­Ռու­սաս­տա­նի խո­րե­րը աք­սո­րե­լով…
­Քայլ՝ ո­րուն գլխա­ւոր նպա­տակն էր կոտ­րել դի­մադ­րա­կան կո­րովն ու մար­տա­կան պաշտ­պա­նու­նա­կու­թիւ­նը Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի տես­լա­կա­նին քա­ջա­րի պա­հա­պան հա­յոց հե­րո­սա­կան բա­նա­կին։
­Թէեւ եօ­թա­նա­սուն եր­կար տա­րի­ներ հայ ժո­ղո­վուր­դը ծան­րա­գոյն գին վճա­րեց իր պե­տա­կան ող­նա­շա­րը հա­րո­ւա­ծած այդ ա­նարգ քայ­լին, բայց ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մը եւ ­Հա­յոց ­Բա­նա­կի մե­րօ­րեայ մար­տու­նակ վե­րա­կանգ­նու­մը վկայ, որ ի վեր­ջոյ յաղ­թա­նա­կը կը պատ­կա­նի ի­րաւուն­քին եւ ար­դա­րու­թեան, այ­լեւ՝ հե­րոս­նե­րու ան­պար­տե­լիու­թեան ո­գեշն­չող Ա­ւան­դին։

ԲԱԺՆԵԼ
Նախորդ յօդուածըՏրամա 1933
Յաջորդ յօդուածըԳավալա 1938