­Հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան ա­մէ­նէն սեւ թո­ւա­կան­նե­րու շար­քին, իր ծանր հե­տե­ւանք­նե­րով եւ դա­ժան դա­սե­րով, ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տեղ կը գրա­ւէ 1920ի ­Սեպ­տեմ­բեր 24ը։
­Ճիշդ 98 տա­րի ա­ռաջ, Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի գլխա­ւոր պար­տեալ­նե­րէն՝ օս­մա­նեան կազ­մա­լոյծ բա­նա­կի նո­րա­յայտ աստ­ղե­րէն ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մա­լի հրա­հան­գով եւ ա­ռանց պա­տե­րազ­մի յայ­տա­րա­րու­թիւն իսկ կա­տա­րե­լու, թրքա­կան զօր­քը ար­շա­ւեց նո­րաս­տեղծ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վրայ։
Բռն­կե­ցաւ պատ­մու­թեան ծա­նօթ ա­ռա­ջին եւ միակ հայ-թրքա­կան միջ-պե­տա­կան պա­տե­րազ­մը, որ եր­կու ա­միս ետք ա­ւար­տե­ցաւ ոչ միայն ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կո­րուս­տով եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան խորհր­դայ­նա­ցու­մով ու գե­րե­վա­րու­մով, այ­լեւ` հայ­կա­կան յա­ւե­լեալ հո­ղե­րու թրքա­կան բռնագ­րա­ւու­մով։
­Չա­րա­բաս­տիկ այդ օ­րէն աս­դին պատ­մա­քա­ղա­քա­կան քննար­կու­մի, բա­նա­վէ­ճի եւ գա­ղա­փա­րա­կան պայ­քա­րի շատ մե­լան հո­սած է 24 ­Սեպ­տեմ­բեր 1920ի թրքա­կան ա­նարգ հա­րո­ւա­ծին ար­ժե­ւոր­ման շուրջ։
Ամ­բողջ 70 տա­րի խորհր­դա­հայ պատ­մագ­րու­թիւ­նը ա­մէն կար­գի խե­ղա­թիւ­րում­նե­րու եւ սուտ ու կեղծ պատ­մա­շի­նա­րա­րու­թեան ձեռ­նար­կեց, որ­պէս­զի թէ՛ պա­տե­րազ­մի բռնկու­մին, թէ՛ ա­նոր հե­տե­ւած հո­ղա­յին կո­րուստ­նե­րուն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը բեռց­նէ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ա­տե­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն՝ յատ­կա­պէ՛ս դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան վրայ։
Կ­րեմ­լի իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու կող­մէ պար­տադ­րան­քով ու հրա­հանգ­նե­րով՝ խորհր­դա­յին շրջա­նի հայ պատ­մա­բան­ներն ու քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րը հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրին, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թեանց հաս­ցէին, ստա­յօդ վե­րագ­րում­ներ ու ան­հիմն մե­ղադ­րանք­ներ, որ­պէս­զի պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը գլխի­վայր շրջե­լու եւ նեն­գա­փո­խե­լու ա­մօ­թա­լի փոր­ձը… հող գտնէ մեր ժո­ղո­վուր­դի մտայ­նու­թեան մէջ։
Ա­յո՛, ա­զատ ու ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ամ­բողջ տաս­նա­մեակ­ներ մե­ղադ­րո­ւե­ցան, որ ի­րենց ան­մի­ջա­կան հա­րե­ւան­նե­րուն` օս­ման­ցի թէ ա­զե­րի թուր­քե­րուն կռնակ դար­ձու­ցին, յատ­կա­պէս հիւ­սի­սէն «ծա­գած» ­Հոկ­տեմ­բե­րեան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան «­Մեծ Ար­շա­լոյս»ին դէմ ե­լան եւ, իբր թէ, ի­րենց զի­նա­կից­ներն ու պաշտ­պան­նե­րը հե­ռա­ւոր Եւ­րո­պա­յի ու Ա­մե­րի­կա­յի մէջ փնտռե­լու պատ­մա­կան «ծան­րա­գոյն յան­ցան­քը» գոր­ծե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դի այս­պէս կո­չո­ւած «ազ­գա­յին շա­հե­րուն» նկատ­մամբ։
­Նոյ­նիսկ ե­ղաւ ժա­մա­նակ ու գտնո­ւե­ցան հայ հե­ղի­նակ­ներ, ո­րոնք թու­թա­կի պէս ձայ­նակ­ցե­ցան քե­մա­լա­կան քա­րոզ­չու­թեան եւ վան­կար­կե­ցին, թէ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան բա­նա­կը ի՛նք նա­խա­յար­ձակ ե­ղաւ եւ թուրք ազ­գայ­նա­կան շար­ժու­մին կռնա­կէն հա­րո­ւած հաս­ցուց ճիշդ այն մի­ջո­ցին, երբ քե­մա­լա­կան բա­նա­կը ա­րեւ­մուտ­քէն` ­Վե­նի­զե­լո­սի ­Յու­նաս­տա­նին «նա­խա­յար­ձա­կու­մը» դի­մագ­րա­ւե­լու դժո­ւա­րու­թեան մէջ էր… Իսկ 10 Օ­գոս­տոս 1920ին ­Սեւ­րի ­Դաշ­նագ­րին ստո­րագ­րու­թեամբ, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը իբր թէ ուղ­ղա­կի հա­կադ­րո­ւե­ցաւ Ա­րե­ւել­քը փրկե­լու ե­լած ­Լե­նին-­Քե­մալ զի­նակ­ցու­թեան` «հին­գե­րորդ շա­րա­սիւ­նը» դառ­նա­լով ­Թուր­քիան ու ամ­բողջ ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քը… «յօ­շո­տող» Եւ­րո­պա­յին։
­Պատ­մու­թիւ­նը իր վերջ­նա­կան խօս­քը ը­սած է, ան­շուշտ, սուտ ու կեղծ պատ­մա­շի­նա­րա­րու­թեան այդ ան­հե­թեթ վե­րագ­րում­նե­րուն ու մե­ղադ­րանք­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ։ Օ­րին Վ­րա­ցեան­նե­րու սե­րուն­դը հիմ­նա­ւոր պա­տաս­խա­նը տո­ւաւ այ­դօ­րի­նակ յե­րիւ­րանք­նե­րուն եւ ժա­մա­նա­կը ե­կաւ, ուղ­ղա­կի պե­տա­կան ար­խիւ­նե­րու փաս­տարկ­նե­րով, ճշմար­տու­թեան սիւ­նին գա­մե­լու բո­լոր նեն­գա­փո­խում­նե­րը։
Այ­սօր պարզ ու փաս­տա­ցի ճշմար­տու­թիւն է, որ 30 Ապ­րիլ 1920ին, Ատր­պէյ­ճա­նի խորհր­դայ­նա­ցու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք, վճռո­ւած էին ար­դէն ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան խոր­տա­կումն ու ­Հան­րա­պե­տու­թեան խորհր­դայ­նա­ցու­մը։ ­Հիւ­սի­սէն, ա­րե­ւել­քէն եւ հա­րա­ւէն` ա­զե­րի, հայ եւ վրա­ցի պոլ­շե­ւիկ­նե­րով հա­մալ­րո­ւած ­Կար­միր ­Բա­նա­կով, խորհր­դա­յին ներ­խուժ­ման ու գրաւ­ման օ­ղա­կը քայլ առ քայլ սկսաւ սեղ­մո­ւե­լու ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վզին շուրջ։ Իսկ Էն­վեր ու ­Ճե­մալ փա­շա­նե­րով սկսած ու ­Քեա­զիմ ­Քա­րա­պե­քի­րով ու ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մա­լով, տա­կա­ւին ­Յու­լիս ամ­սուն, վերջ­նա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեան յան­գած պոլ­շե­ւի­կեան եւ թուրք-ազ­գայ­նա­կան գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը պար­զա­պէս «յար­մար» պա­հուն կը սպա­սէր, որ­պէս­զի նաեւ ու մա­նա­ւա՛նդ ա­րեւ­մուտ­քէն մա­հա­ցու հա­րո­ւա­ծը հասց­նէր ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան։
«­Յար­մար պահ»ը ներ­կա­յա­ցաւ 1920ի ­Սեպ­տեմ­բեր 23ին, երբ պոլ­շե­ւի­կեան կող­մը ­Քե­մա­լին խոս­տա­ցած ռազ­մամ­թերքն ու դրա­մա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը գործ­նա­պէս հաս­ցուց։ ­Լե­նին բան մըն ալ ա­ւե­լի ը­րաւ, երբ հայ-թրքա­կան պա­տե­րազ­մի դժո­ւա­րին պա­հուն բա­ցաւ նաեւ հայ-վրա­ցա­կան պա­տե­րազ­մի ճա­կա­տը` վրա­ցա­կան փոք­րա­թիւ, բայց լաւ զի­նո­ւած զօր­քը մտցնե­լով ­Հա­յաս­տան։
Մ­նա­ցեա­լը պար­զա­պէս 24 ­Սեպ­տեմ­բե­րի ներ­խուժ­ման սեւ է­ջին ող­բեր­գա­կան գոյ­նե­րը խտաց­նող պար­տու­թիւն­նե­րու եւ ընկր­կում­նե­րու շա­րան մըն է, որ յան­գե­ցաւ 1920ի ­Դեկ­տեմ­բեր 2ին վար­չա­պետ ­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի եւ ռազ­մա­կան նա­խա­րար ԴՐՕի կող­մէ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թիւ­նը խորհրդա­յին­նե­րուն զի­ջե­լուն եւ ­Դեկ­տեմ­բեր 3ին Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի անձ­նա­տո­ւա­կան դաշ­նագ­րի ստո­րագ­րու­թեան` Ալ. ­Խա­տի­սեա­նի պա­տո­ւի­րա­կու­թեան կող­մէ։
­Հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան այդ սեւ թո­ւա­կան­նե­րուն եւ ա­նոնց առն­չո­ւող դա­սե­րուն ան­պայ­ման կ­’ար­ժէ ա­ռանձ­նա­բար անդ­րա­դառ­նալ։ ­Հո՛ս, յու­շա­տետ­րի 24 ­Սեպ­տեմ­բե­րի է­ջով, ուղ­ղա­կի տե՛ղն է անդ­րա­դառ­նա­լու թրքա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան բնո­րոշ այն հիմ­նա­կան` վար­քագ­ծա­յին ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք պատ­մու­թեան դա­ժան դա­սե­րուն մաս կը կազ­մեն ար­դէն, բայց ո­րոնք դեռ չեն իւ­րա­ցո­ւած անհ­րա­ժեշտ խո­րու­թեամբ` հայ ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր հա­տո­ւած­նե­րուն, այդ շար­քին՝ վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ իշ­խող պե­տա­կան մտա­ծո­ղու­թեան բո­լոր յա­ռա­ջա­պահ­նե­րուն կող­մէ։
Թր­քա­կան պե­տու­թեան հա­մար, Օս­մա­նեան-­Սուլ­թա­նա­կան կո­չո­ւի ա­նի­կա թէ ­Քե­մա­լա­կան-­Հան­րա­պե­տա­կան, հիմ­նա­կան եւ ռազ­մա­վա­րա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցէն ձեր­բա­զա­տու­մը, ի հար­կին ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեամբ հայ ժո­ղո­վուր­դը ֆի­զի­քա­պէս կոր­ծա­նե­լու, ­Հա­յաս­տա­նը հա­յա­թափ ը­նե­լու եւ հայ­կա­կան հո­ղեր յափշ­տա­կե­լու ճամ­բով։
­Սուլ­թան ­Հա­միտ կո­չո­ւին թէ ­Թա­լէաթ փա­շա, ­Քե­մալ Ա­թա­թիւրք ա­նուա­նո­ւին թէ սկիզ­բը ա­րեւմ­տա­կա­նա­ցած մահ­մե­տա­կա­նի պատ­մու­ճան հա­գած, ա­պա ՏԱՀԵ­Շա­կան հո­վե­րով սուլ­թա­նա­կան իր փա­ռա­մո­լու­թիւ­նը սան­ձա­զեր­ծած Էր­տօ­ղան ըլ­լայ ա­նոնց ա­նու­նը` թրքա­կան պե­տու­թեան վա­րիչ­նե­րը ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին յա­րա­բե­րա­բար միեւ­նոյն քա­ղա­քա­կա­նու­թեան կը ծա­ռա­յեն եւ տար­բեր վար­քա­գիծ չեն կրնար ու­նե­նալ։
­Թուր­քիոյ ան­ցեա­լի թէ ներ­կա­յի բո­լոր վա­րիչ­ներն ալ կ’ա­ռաջ­նոր­դո­ւին ­Հայ ­Դա­տը թա­ղե­լու միակ մտա­սե­ւե­ռու­մով՝ պար­զա­պէս կի­րար­կե­լով մի­ջազ­գա­յին պայ­ման­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան շար­ժե­լու եւ գոր­ծե­լու պա­տե­հա­պաշտ պատ­շա­ճե­ցում­ներ։
­Հե­տե­ւա­բար, ո՛չ 1915ով սկսաւ, ոչ ալ իթ­թի­հա­տա­կան­նե­րու ան­փա­ռու­նակ պար­տու­թեամբ վերջ գտաւ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը ի հար­կին հա­յու­թեան բնաջն­ջու­մով օ­րա­կար­գէ դուրս մղե­լու Թր­քա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ ինչ­պէս որ 1920ա­կան­նե­րուն ­Քե­մալ նոյն­քան յան­ցա­գործ շա­րու­նա­կո­ղը ե­ղաւ թրքա­կան այդ պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, այն­պէս ալ Էր­տօ­ղան կամ վա­ղո­ւան ոե­ւէ թուրք ղե­կա­վար պար­զա­պէս պա­հու մի­ջազ­գա­յին պայ­ման­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խա­նող քայ­լեր պի­տի առ­նէ, բայց խոր­քով նոյն հա­յա­կոր­ծան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան շա­րու­նա­կո­ղը պի­տի մնայ։
­Հա­յաս­տա­նը շրջա­փա­կե­լու եւ, ա­պա, շրջա­փակ­ման վերջ տա­լու հա­մար ­Հա­յաս­տա­նին հիմ­նա­կան զի­ջում­ներ պար­տադ­րե­լու Ան­գա­րա­յի այ­սօ­րո­ւան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը տար­բեր ներշնչ­ման աղ­բիւր չու­նի, տար­բեր նպա­տա­կի չի ծա­ռա­յեր։
Ա­ւե­լի՛ն. այ­սօ­րո­ւան ­Թուր­քիան պէտք ու­նի Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան եւ յատ­կա­պէս Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րուն «բա­րի վա­րուց» վկա­յագ­րին՝ մի­ջին Ա­րե­ւե­քի մէջ ծա­ւա­լա­պաշ­տա­կան իր ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար։ ­Հե­տե­ւա­բար, ­Հա­յաս­տա­նի դէմ իր հաս­տա­տած շրջա­փա­կու­մը, հա­կա­ռակ մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քով իսկ դա­տա­պար­տե­լի ըլ­լա­լուն, ­Թուր­քիա կը փոր­ձէ եւ կը յա­ջո­ղի ծա­ռա­յեց­նել իբր թէ «հաշ­տա­րար» ու «բա­րի-դրա­ցիա­կան բա­րեա­ցա­կա­մու­թիւն» դրսե­ւո­րող երկ­րի իր վար­կա­նի­շին բարձ­րաց­ման, ո­րով­հե­տեւ օ­րին ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ի­րենց անձ­նա­տո­ւու­թեամբ այդ ա­ռի­թը ափ­սէի վրայ նո­ւէ­րի պէս հրամ­ցու­ցին Ան­գա­րա­յին։
Եւ ինչ­պէս որ 98 տա­րի ա­ռաջ, 24 ­Սեպ­տեմ­բեր 1920ին, ա­ռանց պա­տե­րազմ իսկ յայ­տա­րա­րե­լու, ­Թուր­քիա «յար­մար» պա­հուն ներ­խու­ժեց ­Հա­յաս­տան, պար­զա­պէս ­Խորհր­դա­յին ­Ռու­սաս­տա­նի հետ ո­րո­շա­կի կա­մուրջ մը միաս­նա­բար կտրե­լու հա­շո­ւար­կով, նոյն­պէս եւ այ­սօր ­Թուր­քիա կրնայ ձեռ­նար­կել ­Հա­յաս­տա­նի դէմ ո­րե­ւէ սադ­րան­քի կամ հա­րո­ւա­ծի, ե­թէ… մի­ջազ­գա­յին իր պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն­նե­րը ան­տե­սե­լու կամ շրջան­ցե­լու «յար­մար պահ»ը ե­կած հա­մա­րէ…
Թր­քա­կան պե­տու­թե­նէն ա­մէն կար­գի՝ ա­նարգ թէ վայ­րագ հա­րո­ւած­նե­րու եւ հա­յաս­պա­նա­կան սադ­րան­քի պատ­րաստ գտնո­ւե­լու ի­մաս­տու­թիւ­նը կը յու­շէ 24 ­Սեպ­տեմ­բեր 1920ի սեւ ու դառն, այ­լեւ ող­բեր­գա­կա­նօ­րէն դա­ժան թրքա­կան ներ­խուժ­ման 98րդ ­տա­րե­լի­ցը։