1923 թուականի Յուլիս 24ը կը խորհրդանշէ սեւ էջերէն մէկը Հայ Դատի պատմութեան։
Յուլիս 24ի այս օրը, 94 տարի առաջ, Զուիցերիոյ Լօզան քաղաքին մէջ ստորագրուեցաւ հաշտութեան դաշնագիր մը Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ։
Իբրեւ այդպիսին՝ իբրեւ թուրքեւյունական խաղաղութեան դաշնագիր, առաջին ակնարկով Հայաստանի, հայ ժողովուրդի եւ Հայ Դատի հետ ուղղակի աղերս պէտք չէր ունենար, չէր կրնար ունենալ Լօզանի Դաշնագիրը։
Բայց որովհետեւ Լօզանի դաշնագիրը եկաւ մոռացութեան մատնելու, աւելի ճիշդ՝ միջազգային դիւանագիտութեան իրաւական պարտամուրհակներու փոշեծածկ դարակը նետելու 10 Օգոստոս 1920ին կնքուած Սեւրի Դաշնագիրը, հայ քաղաքական միտքը ահա ինը տասնամեակներէ ի վեր Լօզանի Դաշնագիրը կը նկատէ եւ կը դատապարտէ իբրեւ մեծապետական ամօթալի ուրացման եւ աններելի լռութեան տխրահռչակ փաստաթուղթ մը։
Փաստ է, որ Լօզանի Դաշնագիրը իրաւաբանական դիտանկիւնէ միայն մասնակի ջնջումի եւ փոխարինման ենթարկեց Սեւրի Դաշնագիրը, այդ ալ որոշապէս արեւելեան Թրակիոյ ու յոյնեւթրքական միջ¬պետական սահմանագծումներու վերաբերեալ նոր տրամադրութիւններ հաստատագրելով։
Այսուհանդերձ՝ որովհետեւ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ սահմանագծումին վերաբերեալ Սեւրի դաշնագրին ամրագրած Ուիլսընեան իրաւարարութեան վրայէն «լուռ» անցաւ Լօզանի դաշնագիրը, ո՛չ անոր ջնջումը եւ ոչ ալ վերահաստատումը կատարեց, հայ ժողովուրդի հաշւոյն յաղթական Դաշնակիցներու կողմէ «մեծ ուրացում»ի իրաւական քայլը հանդիսացաւ 24 Յուլիս 1923ին ստորագրուած միջազգային այդ փաստաթուղթը։
Պատմական ծանրագոյն պայմաններու մէջ տեղի ունեցաւ Լօզանի հաշտութեան խորհրդաժողովը։ Օսմանեան Կայսրութեան անդամահատումը կատարած Սեւրի Դաշնագրի ստորագրութենէն ետք, Մուսթաֆա Քեմալի թուրք ազգայնամոլական շարժումը բուռն կռիւներ մղեց փլուզուած կայսրութեան թէ՛ արեւմուտքին եւ թէ արեւելքին…
Լենինի Ռուսաստանին հետ մեղսակցաբար՝ Քեմալ «յաջողեցաւ» կործանել Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Ֆրանսացիներու հետ գաղտնի գործարքով, Քեմալ «կրցաւ» հայութենէ վերջնականապէս պարպել եւ իր տիրապետութեան ենթարկել առաւելաբար հայերով, յոյներով, արաբներով եւ ասորիներով բնակուած Կիլիկիան։ Քեմալական այդ «նուաճումներուն պսակումը» եղաւ Հոկտեմբեր 1922ի Զմիւռնիայի Աղէտը՝ հարիւր-հազարաւոր յոյն եւ հայ գաղթականներու իրենց հայրենի բնօրրանէն արտաքսումով…
Յաղթական Քեմալի պարտադրած դաշնագիրը հանդիսացաւ Լօզանի մէջ ստորագրուած փաստաթուղթը։ Լօզանի հաշտութեան խորհրդաժողովը պաշտօնապէս բացուեցաւ 20 Նոյեմբեր 1922ին եւ աւելի քան ութ ամիսներ տեւած դժուար բանակցութիւններէ ետք՝ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Մ. Նահանգներու միջնորդութեամբ ու հովանաւորութեամբ, ի վերջոյ ստորագրուեցաւ 24 Յուլիս 1923ին։
Բանակցութեանց մասնակցող թրքական կողմը կը գլխաւորէր Իսմէթ Ինէօնիւ. յունական կողմի ներկայացուցիչն էր Էլեֆթերի Վենիզելոս. անգլիական պատուիրակութեան նախագահն էր լորտ Քըրզըն. իսկ ամերիկեան միջնորդութեան ղեկավարն էր ծովակալ Պրիսթոլ։ Դաշնագիրը ստորագրեցին, վերոյիշեալ 4ի կողքին, Ֆրանսա, Իտալիա, Ռումանիա, Եուկոսլաւիա եւ Ճափոն։
Թէեւ Հայ Ազգային Պատուիրակութիւնը, Պօղոս Նուպարի գլխաւորութեամբ եւ Աւետիս Ահարոնեանի ղեկավարած Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան աջակցութեամբ, դիւանագիտական բուռն աշխատանք ծաւալեց, որպէսզի հայեւթուրք հարցի վերաբերեալ Սեւրի Դաշնագրին տրամադրութիւնները վերահաստատուին, բայց թրքական կտրուկ մերժումին բախելով՝ դաշնակից մեծ տէրութիւնները շրջանցեցին հայկական այդ պահանջը եւ բաւարարուեցան Լօզանի դաշնագրին մէջ մտցնելով 16րդ յօդուած մը, ուր Թուրքիա կը հրաժարի իր բոլոր իրաւունքներէն եւ իրաւատիրութենէն բոլոր այն տարածքներուն վերաբերեալ, որոնք մաս չեն կազմեր Լօզանի դաշնագիրի քննարկման: Յօդուածը յստակօրէն կ՚ամրագրէ, նաեւ, թէ՝ «Ներկայ յօդուածին տրամադրութիւնները չեն կանխեր դրացիական յարաբերութիւններէ բխող որեւէ յատուկ կարգաւորումներ, որոնք կատարուած են կամ կրնան կատարուիլ Թուրքիոյ եւ որեւէ հարեւան երկիր(ներու) միջեւ»:
Բացայայտ է, որ Դաշնակիցները ուրացան իրենց խոստումներն ու յանձն առած պարտաւորութիւնները Հայկական Հարցի արդար լուծման նկատմամբ։ Բայց պատմական ճշմարտութեան սիրոյն պէտք է ընդգծել, որ անոնք նաեւ ընդդիմացան Հայաստանի եւ հայութեան առնչուող Սեւրի Դաշնագրին յօդուածներն ու տրամադրութիւնները ջնջելու եւ զանոնք նոր՝ թրքանպաստ յօդուածներով փոխարինելու թրքական կողմի պնդումներուն։
Պատահական չէր, հետեւաբար, որ հայեւթուրք յարաբերութեանց «կարգաւորման» համար քանի մը տարիներ առաջ ստորագրուած Փրոթոքոլի՝ Արձանագրութեանց առիթով, թրքական դիւանագիտութիւնը տենդագին աշխատանք թափեց Լօզանի դաշնագրին տալու իր նախասիրած մեկնաբանութիւնը եւ պնդելու, որ ժամանակն է վերանայելու Սեւրի Դաշնագրով նախատեսուած ու Մ. Նահանգներու նախագահ Ուիլսընի իրաւարարութեամբ ճշդուած սահմանները…
Բոլորէս առաջ թրքական պետութիւնը ինք շատ լաւ կը գիտակցի, որ նոյնիսկ Լօզանի ուրացումով փաստօրէն չփոխարինուեցաւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ Ուիլսընեան սահմանագծումի միջազգային փաստաթուղթը, որ ի սպաս հայ ժողովուրդի ազգային պահանջատիրութեան՝ հողային իրաւական պարտամուրհակի իր արժէքն ու այժմէականութիւնը կը շարունակէ պահպանել…
Կը մնայ, որ մեր ժողովուրդը ի՛նք վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները մղէ՝ ամրօրէն կառչած մնալու Լօզանի ամօթալի Դաշնագիրէն անդին անցնելու եւ Սեւրի պարտամուրհակը վերարժեւորելու ազգային-պահանջատիրական ռազմավարութեան։ Իրաւատէր ու պահանջատէր կանգնելու՝ Սեւրի Դաշնագրով միջազգային ճանաչումի արժանացած Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ արդար սահմանագծումին։
Լօզանի Դաշնագիրը նաեւ այլապէս, Թուրքիոյ Հանրապետութեան վրայ իր պարտք դրած ազգային փոքրամասնութեանց իրաւունքները յարգելու յօդուածներով, այժմէական կարեւոր նշանակութիւն ունի։
Ինչպէս քիւրտերու, յոյներու եւ ասորիներու կամ ալաուի արաբներու, նոյնպէս եւ հայերու ազգային, կրօնական, մշակութային ու կրթական իրաւունքները Թուրքիոյ մէջ ամրագրող Միջազգային Իրաւունքի պարտամուրհակ է նաեւ Լօզանի Դաշնագիրը։ Մանաւանդ որ Լօզանէն ետք ալ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը շարունակեց ազգային փոքրամասնութեանց դէմ թրքացման իր քաղաքականութիւնը, շարունակ ոտնակոխեց նոյնինքն Լօզանի Դաշնագրով վճռուած ազգային-փոքրամասնական իրաւունքները։
Եւ աւելի քան արդարացի էր երջանկայիշատակ Թուրքիոյ հայոց պատրիարք Շնորհք Արք. Գալուստեան, որ 20րդ դարու վերջին քառորդին հետեւողականօրէն պահանջատէր ներկայացաւ թրքական իշխանութիւններուն՝ Լօզանի Դաշնագրին հիման վրայ հայոց կրթական հաստատութիւնները, ազգապատկան կալուածները եւ կրօնական-մշակութային կոթողները հալածանքի եւ աւերումի դէմ պաշտպանելու մնայուն օրակարգով։
Լօզանի Դաշնագրին ստորագրութեան 94րդ տարելիցն է այսօր։
Յուշարար օրն է հայոց Ազգային Պահանջատիրութեան վերանորոգումին՝ նախ Հայ Դատին շուրջ քառուած ամօթալի ուրացման Լռութեան Պատը քանդելու, ապա եւ զօրակցելու Թուրքիոյ տարածքին ապրող հայ ժողովուրդին ազգային իրաւունքներուն, «քողարկուած հայեր» ըլլան անոնք թէ ազգային իրենց պատկանելութիւնը աշխարհին բաց ճակատով ներկայացնող Թուրքիոյ քաղաքացիներ։
24 Յուլիս 1923. Լօզանի Դաշնագիր
24 Յուլիս 1923. Լօզանի Դաշնագիրին ամօթալի ուրացումն ու աններելի լռութիւնը... Ն.