Յուլիս 24ի այս օրը կը լրանայ 95ամեակը Լօզանի Դաշնագրին ստորագրութեան. ամօթալի դաշնագիր մը՝ որ իր սեւ էջը բացաւ Հայկական Հարցի պահանջատիրութեան եւ Հայ Դատի պայքարին պատմութեան մէջ։
24 Յուլիս 1923ին, Զուիցերիոյ Լօզան քաղաքին մէջ, ստորագրուեցաւ հաշտութեան դաշնագիր մը Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ։
Իբրեւ այդպիսին՝ իբրեւ թուրքեւյունական խաղաղութեան դաշնագիր, առաջին տպաւորութեամբ Լօզանի Դաշնագիրը ուղղակի աղերս չունէր, պէտք չէ ունենար։
Բայց որովհետեւ Լօզանի դաշնագիրը եկաւ, Առաջին Աշխարհամարտի աւարտէն 5 տարի ետք, քաղաքական նորաստեղծ պայմաններու՝ որոշապէս թրքանպաստ զարգացումներու լոյսին տակ փոխարինելու 10 Օգոստոս 1920ին կնքուած Սեւրի դաշնագիրը, հայ քաղաքական միտքը ահա աւելի քան ինը տասնամեակներէ ի վեր զայն կը նկատէ եւ կը դատապարտէ իբրեւ մեծապետական ամօթալի Լռութեան ու խայտառակ Ուրացման միջազգային, իրաւակա՛ն փաստաթուղթ մը։
Միւս կողմէ նաեւ փաստ է, սակայն, որ Լօզանի Դաշնագիրը իրաւական դիտանկիւնէ միայն մասնակիօրէն փոխարինման ենթարկեց Սեւրի Դաշնագիրը։ Յատկապէս արեւելեան Թրակիոյ ու յոյնեւթրքական միջ-պետական սահմանագծումներու վերաբերեալ նոր տրամադրութիւններ հաստատագրեց։ Այլապէս, քաղաքականօրէն փորձեց, բայց իրաւականօրէն չկրցաւ վերանայման ու փոփոխութեան ենթարկել Սեւրի Դաշնագրով Օսմանեան Կայսրութեան կատարած հողային-քաղաքական զիջումներն ու ստանձնած պարտաւորութիւնները թրքական պետութեան ոչ-թուրք քաղաքացիներուն մարդկային, ազգային ու կրօնական իրաւունքները յարգելու բնագաւառէն ներս։
Աւելի՛ն. Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջ-պետական սահմանագծումին վերաբերեալ Սեւրի դաշնագրին ամրագրած Ուիլսընեան իրաւարարութեան վրայէն պարզապէս «լուռ» անցաւ Լօզանի դաշնագիրը։
Ո՛չ Սեւրի Դաշնագրին իրաւական ջնջումը կատարուեցաւ Լօզանի Դաշնագրով, ոչ ալ հայկական իրաւունքները մասամբ նուիրագործող Սեւրի տրամադրութեանց վերահաստատումը կատարուեցաւ Լօզանով։
Այդ առումով է, որ հայ ժողովուրդը իրաւացիօրէն Դաշնակիցներու «մեծ Ուրացում»ը տեսաւ 24 Յուլիս 1923ին Լօզանի մէջ ստորագրուած միջազգային այդ փաստաթուղթին մէջ։
Պատմական ծանրագոյն պայմաններու մէջ տեղի ունեցաւ Լօզանի հաշտութեան խորհրդաժողովը։ Օսմանեան Կայսրութեան անդամահատումը կատարած Սեւրի Դաշնագրի ստորագրութենէն ետք, Մուսթաֆա Քեմալի թուրք ազգայնամոլական շարժումը բուռն կռիւներ մղեց ի խնդիր փլուզուած կայսրութեան վերականգնումին՝ թէ՛ արեւմուտքէն եւ թէ արեւելքէն…
— Լենինի Ռուսաստանին հետ մեղսակցաբար՝ Քեմալ «յաջողեցաւ» կործանել Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ ճամբան բաց ձգելու համար համաթրքական մեծ ցնորքի իրականացման խաղադաշտին համար…։
— Ֆրանսացիներու հետ գաղտնի գործարքով՝ Քեմալ «կրցաւ» հայութենէ վերջնականապէս պարպել եւ իր տիրապետութեան ենթարկել առաւելաբար հայերով, յոյներով, արաբներով ու ասորիներով բնակուած Կիլիկիան։
— Քեմալական այդ «նուաճումներուն պսակումը» եղաւ Հոկտեմբեր 1922ի Զմիւռնիայի Աղէտը՝ հարիւր-հազարաւոր յոյն եւ հայ գաղթականներու կոտորածով եւ իրենց հայրենի բնօրրանէն արտաքսումով…
Յաղթական Քեմալի պարտադրած դաշնագիրը հանդիսացաւ Լօզանի մէջ ստորագրուած փաստաթուղթը, որ եթէ պաշտօնապէս չփոխարինեց Սեւրի Դաշնագրին հայանպաստ յօդուածները, քաղաքականօրէն սակայն մեծապետական «Լռութեան պատ» մը հիւսեց հայ ժողովուրդի արդար դատին շուրջ։
Լօզանի հաշտութեան խորհրդաժողովը պաշտօնապէս բացուեցաւ 20 Նոյեմբեր 1922ին եւ աւելի քան ութ ամիսներ տեւած դժուար բանակցութիւններէ ետք՝ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Մ. Նահանգներու միջնորդութեամբ ու հովանաւորութեամբ, ի վերջոյ ստորագրուեցաւ 24 Յուլիս 1923ին։
Բանակցութեանց մասնակցող թրքական կողմը կը գլխաւորէր Իսմէթ Ինէօնիւ. յունական կողմի ներկայացուցիչն էր Էլեֆթերի Վենիզելոս. անգլիական պատուիրակութեան նախագահն էր լորտ Քըրզըն. իսկ ամերիկեան միջնորդութեան ղեկավարն էր ծովակալ Պրիսթոլ։ Դաշնագիրը ստորագրեցին, վերոյիշեալ 4ի կողքին, Ֆրանսա, Իտալիա, Ռումանիա, Եուկոսլաւիա եւ Ճափոն։
Թէեւ Հայ Ազգային Պատուիրակութիւնը, Պօղոս Նուպարի գլխաւորութեամբ եւ Աւետիս Ահարոնեանի ղեկավարած Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան աջակցութեամբ, դիւանագիտական բուռն աշխատանք ծաւալեց, որպէսզի հայեւթուրք հարցի վերաբերեալ Սեւրի Դաշնագրին տրամադրութիւնները վերահաստատուին, բայց թրքական կտրուկ մերժումին բախելով՝ դաշնակից մեծ տէրութիւնները շրջանցեցին հայկական այդ պահանջը եւ բաւարարուեցան Լօզանի դաշնագրին մէջ մտցնելով 16րդ յօդուած մը, ուր Թուրքիա կը հրաժարի իր բոլոր իրաւունքներէն եւ իրաւատիրութենէն բոլոր այն տարածքներուն վերաբերեալ, որոնք մաս չեն կազմեր Լօզանի դաշնագիրի քննարկման: Յօդուածը յստակօրէն կ՚ամրագրէ, նաեւ, թէ՝ «Ներկայ յօդուածին տրամադրութիւնները չեն կանխեր դրացիական յարաբերութիւններէ բխող որեւէ յատուկ կարգաւորումներ, որոնք կատարուած են կամ կրնան կատարուիլ Թուրքիոյ եւ որեւէ հարեւան երկիր(ներու) միջեւ»:
Բացայայտ է, որ Դաշնակիցները ուրացան իրենց խոստումներն ու յանձն առած պարտաւորութիւնները Հայ Դատի արդարացի լուծման նկատմամբ։ Բայց նաեւ ընդդիմացան Հայաստանի եւ հայութեան առնչուող Սեւրի Դաշնագրին յօդուածներն ու տրամադրութիւնները ջնջելու եւ նոր՝ թրքանպաստ յօդուածներով փոխարինելու թրքական կողմի պնդումները։
Պատահական չէր, հետեւաբար, որ հայեւթուրք յարաբերութեանց «կարգաւորման» համար 2009ին ստորագրուած տխրահռչակ Փրոթոքոլին առիթով, թրքական դիւանագիտութիւնը տենդագին աշխատանք թափեց Լօզանի դաշնագրին տալու իր նախասիրած մեկնաբանութիւնը եւ պնդելու, որ ժամանակն է վերանայելու Սեւրի Դաշնագրով նախատեսուած ու Մ. Նահանգներու նախագահ Ուիլսընի իրաւարարութեամբ ճշդուած սահմանները…
Բոլորէն առաջ թրքական պետութիւնը ինք շատ լաւ կը գիտակցի, որ նոյնիսկ Լօզանի ուրացումով փաստօրէն չփոխարինուեցաւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ Ուիլսընեան սահմանագծումի միջազգային փաստաթուղթը, որ իրաւական իր այժմէականութիւնը կը շարունակէ պահպանել…
Կը մնայ, որ մեր ժողովուրդը ի՛նք, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն գլխաւորութեամբ, ամրօրէն կառչած մնայ Լօզանի ամօթալի Դաշնագրէն անդին անցնելու ազգային ռազմավարութեան։ Պարզ ու կտրուկ՝ իրաւատէ՛ր ու պահանջատէ՛ր կանգնի Սեւրի Դաշնագրով միջազգային ճանաչումի արժանացած Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ արդար սահմանագծումին։ Լօզանի Դաշնագիրը նաեւ այլապէս, Թուրքիոյ Հանրապետութեան վրայ իր պարտք դրած ազգային փոքրամասնութեանց իրաւունքները յարգելու յօդուածներով, այժմէական կարեւոր նշանակութիւն ունի։
Ինչպէս յոյներու եւ քիւրտերու, նոյնպէս եւ հայերու ազգային, կրօնական, մշակութային ու կրթական իրաւունքները Թուրքիոյ մէջ ամրագրող Միջազգային Իրաւունքի պարտամուրհակ է նաեւ Լօզանի Դաշնագիրը։ Մանաւանդ որ Լօզանէն ետք ալ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը շարունակեց ազգային փոքրամասնութեանց դէմ թրքացման իր քաղաքականութիւնը, շարունակ ոտնակոխեց նոյնինքն Լօզանի Դաշնագրով վճռուած ազգային-փոքրամասնական իրաւունքները։ Եւ աւելի քան բնական էր, որ 20րդ դարու երկրորդ կիսուն Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Շնորհք Արք. Գալուստեան հետեւողականօրէն պահանջատէր ներկայացաւ թրքական իշխանութիւններուն՝ Լօզանի Դաշնագրին հիման վրայ հայոց կրթական հաստատութիւնները, ազգապատկան կալուածները եւ կրօնական-մշակութային կոթողները հալածանքի եւ աւերումի դէմ պաշտպանելու մնայուն օրակարգով։
Լօզանի Դաշնագրին ստորագրութեան 95րդ տարելիցն է այսօր։ Օրն է նաեւ Հայկական Պահանջատիրութեան վերանորոգումին՝ նախ Հայ Դատի ամօթալի Ուրացման Լռութեան պատը քանդելու, ապա եւ զօրակցելու Թուրքիոյ տարածքին ապրող հայ ժողովուրդին ազգային իրաւունքներուն, «քողարկուած հայեր» ըլլան անոնք թէ ազգային իրենց պատկանելութիւնը աշխարհին բաց ճակատով ներկայացնող Թուրքիոյ քաղաքացիներ։
24 Յուլիս 1923. Լօզանի Դաշնագիրը
24 Յուլիս 1923. Լօզանի Դաշնագրին ամօթալի Լռութեան եւ խայտառակ Ուրացման 95ամեակը Ն.