Յունուարի այս օրերուն, 138 տարի առաջ, աննախընթաց եռուզեռ կը տիրէր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան նստավայրին մէջ, Պոլիս։ Հայ մարդիկ, խուռներամ բազմութեամբ, հաւաքուած էին պատրիարքարանէն ներս եւ դուրս. Պատրիարքարանին մէջ, հոգեւորական թէ աշխարհական երեւելի հայեր մնայուն ժողովի մէջ էին եւ դիմումներ կ’ընդունէին՝ հայկական գաւառներէն Պոլիս փութացած ազգայիններէ։
Ի՞նչ էր պատահած։
Ճշգրիտ՝ 24 Յունուար 1880ի օրը, ազգանուէր եւ բարեխնամ իր աշխատանքը սկսած էր Պատրիարքութեան նորակազմ «Սովելոց Յանձնաժողով»ը, որ կոչուած էր դառնալու մեր նորագոյն պատմութեան ներազգային ամէնէն ազդեցիկ եւ յաջողակ նախաձեռնութիւններէն մէկը։
«Սովելոց» անունը կը կրէր հայկական նահանգներու աղէտահար ու սովահար մեր ժողովուրդին օգնութեան փութալու նպատակով կազմուած եւ մեր ազգի երեւելի մեծամեծներէն բաղկացած բազմանդամ Յանձնաժողովը։ Աղէտն ու սովը բնութեան չարիքներուն հետ կապ չունէին։ Այլ՝ խօսքը կը վերաբերէր մարդուն կողմէ մարդուն նկատմամբ ցուցաբերուած անողոք վայրագութեան, նոյնինքն անպաշտպան հայ գեղջուկին դէմ գործադրուած թուրքեւքրտական ահաւոր բարբարոսութեան։
Պատահածը հայու դժբախտ պատմութիւնն էր։
1877-78ի Ռուս-Թրքական պատերազմին, հայկական նահանգներու ամբողջ տարածքին, օսմանեան բանակը զօրակոչի ենթարկած էր թուրք եւ քիւրտ աւազակներն ու յանցագործները, որպէսզի անոնց ձեռամբ գաւառներու հայ բնակչութեան կոտորածը, կողոպուտը եւ տեղահանութիւնը իրագործելով՝ կարենայ իբր թէ թումբ կանգնիլ Արեւմտահայաստանի վրայով յաղթական յառաջացող ռուսական զօրքին։
Թէեւ թրքական բանակի հրամանատարութեան հաշիւները սխալ դուրս եկան եւ ռուսական զօրքը, հայազգի իր սպաներով ու հայ կամաւորականներով, յաղթանակ տարաւ ռազմաճակատներուն վրայ, այսուհանդերձ՝ մեծ թուով անպաշտպան հայեր կոտորուեցան, ամբողջ շէներ կողոպտուեցան ու քարուքանդ եղան։
Աւելի՛ն. մահուան վտանգը իր մորթին վրայ զգացած գաւառի հայութիւնը, պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք, ռուսական նահանջող բանակին հետեւելով, տասնեակ հազարներու հասնող բազմութեամբ լքեց պապենական իր հողերը եւ գաղթեց դէպի Երեւանի նահանգը։ Ռուսական զօրքի հրամանատարները, ներառեալ հայազգի զօրավարները, խստագոյն քայլերու դիմեցին, որպէսզի սարսափահար հայ բազմութիւնները մնան իրենց հողերուն վրայ։ Բայց ապարդիւն անցան այդ արգելքները։ Մահը եւ բարբարոսութիւնը տեսած հայ գեղջուկը ամէն գնով ուզեց հեռանալ թուրք եւ քիւրտ հրոսակներու հասողութեան սահմաններէն։
Հայ բազմութիւններու զանգուածային այդ գաղթը ողբերգութեան միայն նախերգանքն էր սակայն։ Երեւանի նահանգի ամբողջ տարածքին ցրուած գաղթականութիւնը անպատսպար մնաց եւ սովի մատնուեցաւ։ Շատ չանցած վճռեց վերադառնալ իր պապենական հողին ու ինչքին՝ թուրքին եւ քիւրտին վտանգը դիմագրաւելու հաստատակամութեամբ։
Ահա՛ ամփոփ պատմութիւնը պատերազմի ու գաղթի այն աղէտին, որուն առաջին հետեւանքը եղան, հայ բազմութիւններու հայրենի տուն դարձէն ետք, համատարած սովն ու թշուառութիւնը։
Հայկական գաւառը նաեւ զանգուածային այդ տեղաշարժերէն անկախ, նոյնինքն պատերազմին հետեւանքով, ծայր աստիճան ողբալի կացութեան մատնուած էր եւ պէտք ունէր բարեխնամ մեծ ձեռքի, որպէսզի կարենար նախ սովի համաճարակին վերջ տալ եւ, ապա, աստիճանաբար վերականգնիլ իր աշխատասիրութեամբ ու չարքաշութեամբ։
Ներսէս Վարժապետեան Պատրիարքի եւ Խրիմեան Հայրիկի օրինակով հոգեւորականներու, ինչպէս նաեւ Ազգի հոգով ապրող ու գործող մեծատուն եւ անձնուէր աշխարհականներու ճիգերով՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը նախաձեռնեց նիւթական եւ քաղաքական մեծազդեցիկ Յանձնաժողովի մը կազմութեան, որուն եւ վստահուեցաւ «Սովելոց» տէր կանգնելու համազգային առաքելութիւնը։
Մաղաքիա Եպիսկոպոս Օրմանեան, որ այդ օրերուն Կարնոյ առաջնորդն էր եւ իր կարգին կը մասնակցէր Յանձնաժողովին, «Ազգապատում»ի էջերուն մանրամասն եւ շեշտակի գնահատանքով անդրադարձած է «Սովելոց Յանձնաժողով»ի կատարած նախախնամական մեծ գործին։
Յանձնաժողովին ատենապետները Սերովբէ Կիւլպէնկեանն ու Սահակ Ղազարոսեանն էին։ Ատենադպիրները՝ Պօղոս Շալեան եւ Գաբրիէլ Նորատունկեան։ Աբիկ Ունճեան եւ Գրիգոր Նիկոդիմոսեան խնամակալներն էին։ Գանձապահն էր Աբէլ Կիւլպէնկեան, իսկ հաշուապահը՝ Գառնիկ Յովակիմեան։ Բոլորն ալ պոլսահայ եւ ընդհանրապէս հայ իրականութեան մէջ մեծապէս յարգուած անձնաւորութիւններ էին, որոնք ոչ միայն անձնապէս իրենք մեծագումար նուիրատուութիւններ կատարեցին, այլեւ՝ Պոլսոյ հայ մեծատուններէն նոյնքան շօշափելի գումարներ հաւաքելէ ետք, եւրոպական մեծ ոստաններէն մինչեւ Հնդկաստան ընդարձակեցին նուիրահաւաքի աշխարհագրական քարտէսը։ Արդիւնքը եղաւ աւելի քան 39 հազար օսմանեան հնչուն ոսկիի հանգանակութիւն մը, որ աննախընթաց էր։
«Սովելոց Յանձնաժողով»ին հռչակը չսահմանափակուեցաւ իր իրագործած հանգանակութեան մեծակշիռ գումարով։ Մէկէ աւելի առումներով նախադէպ դարձաւ եւ հետագայի համար օրինակ ծառայեց յանձնաժողովին երկամեայ գործունէութիւնը։
Նախ՝ ծայր աստիճան բծախնդիր գտնուեցաւ իր ստացած դիմումներու քննութեան եւ նպաստի արժանի կարիքաւորները հաստատելու աշխատանքին մէջ։ Մնայուն ժողովի մէջ գտնուեցաւ, որպէսզի խղճի հանգստութեամբ կատարէ նպաստներու բաշխումը։ Այդ պատճառով ալ, Պատրիարքարանէն դուրս բերաւ իր ժողովատեղին։ Անոր խնամակալ անդամներէն Աբիկ Ունճեան Գատըքէոյի մէջ գտնուող իր ընդարձակ տունը երկու տարի տրամադրեց յանձնաժողովին, իբրեւ պաշտօնատուն գործածուելու համար։
Երկրո՛րդ. «Սովելոց Յանձնաժողով»ը չբաւարարուեցաւ աշխարհի չորս ծագերէն իր հաւաքած նուիրատուութիւնները արդարօրէն բաշխելու նախանձախնդրութեամբ։ Նոյնպէս հետամուտ եղաւ եւ գործնապէս օժանդակեց, որպէսզի բաշխուած գումարներով նպաստընկալները կարենան գործ ստեղծել իրենց համար եւ եկամուտի մնայուն աղբիւրի վերածել նպաստը։
Աւելի՛ն. նուիրատուութիւններէն հաւաքուած գումարներուն մէկ մասը յանձնաժողովը ի՛նք ուղղակիօրէն յատկացուց ենթակառոյցներու ստեղծումին, որպէսզի գաւառներու հայութիւնը ընդհանրապէս աշխատանքով ապահովէ։ Այդ իմաստով մեծ իրագործում մը եղաւ, Խրիմեան Հայրիկի ջանքերով, Ս. Վարագայ վանքին մէջ երկրագործական վարժարանի ստեղծումը «Սովելոց Յանձնաժողով»ին կողմէ։
Երրո՛րդ եւ ոչ վերջինը՝ Յանձնաժողովը ուղղակի դիմեց սուլթանի կառավարութեան եւ Եւրոպական վեց տէրութեանց դեսպաններուն, որպէսզի անոնք եւս իրենց մասնակցութիւնը բերեն՝ Յանձնաժողովի մնայուն ներդրումներու ծրագրին յաջողութեան։ Թէ՛ սուլթանը եւ թէ եւրոպացի դեսպանները ընդառաջեցին «Սովելոց Յանձնաժողով»ի դիմումներուն, որովհետեւ ի վերջոյ այդ ներդրումներուն բարիքը պիտի վայելէր հայկական գաւառներու ողջ բնակչութիւնը, անկախ ազգային կամ կրօնական իր պատկանելութենէն։
Այսպիսի՛ տարողունակութեամբ բարեխնամ եւ ազգանուէր առաքելութիւն նուաճեց, 138 տարի առաջ այս օրերուն, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ կեանքի կոչուած «Սովելոց Յանձնաժողով»ը, որ ներշնչման աղբիւր եւ օրինակելի նախաձեռնութիւն կը շարունակէ մնալ մինչեւ մեր օրերը՝ համազգային նշանակութեամբ քայլերու որդեգրման եւ իրականացման առումով։
24 Յունուար 1880
24 Յունուար 1880. «Սովելոց Յանձնաժողով» մը կեանքի կոչուեցաւ՝ յանուն հայկական գաւառներու բարեխնամութեան եւ վերականգնումին Ն.