­Դեկ­տեմ­բե­րի այս օ­րե­րուն, 99 տա­րի ա­ռաջ, հիւ­սի­սա­յին կողմն ­Հա­յաս­տա­նի թէժ պա­տե­րազմ բռնկած էր նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Վ­րաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեանց մի­ջեւ։
­Դա­րե­րով կողք-կող­քի ապ­րած եւ դա­ւա­նա­կից զոյգ ժո­ղո­վուրդ­նե­րը յան­կարծ ին­կան ա­րիւ­նա­լի բա­խում­նե­րու մէջ.- Ե­ղա­ծը վրա­ցի­նե­րու կող­մէ հա­յու­թեան պար­տադ­րո­ւած ա­նի­մաստ պա­տե­րազմ մըն էր։ Անդր­կով­կա­սեան բազ­մազ­գեան (հայ­կա­կան, վրա­ցա­կան եւ թա­թա­րա­կան) իշ­խա­նու­թեան՝ ­Թիֆ­լի­սի մէջ կազ­մո­ւած ­Սէյ­մի կա­ռա­վա­րու­թեան լու­ծա­րու­մէն օգ­տո­ւե­լով՝ վրա­ցա­կան կող­մը կ­’ու­զէր իւ­րաց­նել ­Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան «ա­ւար»ը, հա­յու­թեան պատ­կա­նող ու հա­յաբ­նակ տա­րածք­ներ զէն­քի ու­ժով ի­րեն կցե­լու յա­ւակ­նու­թեամբ։
­Նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տանն ու Վ­րաս­տա­նը ա­մէն պատ­ճառ ու­նէին խու­սա­փե­լու 1918ի հայ-վրա­ցա­կան պա­տե­րազ­մէն։ ­Բայց վրա­ցա­կան կող­մը սրած էր իր ա­խոր­ժակ­նե­րը եւ ա­մէն գնով կ­’ու­զէր տի­րա­նալ ոչ միայն հա­յա­պատ­կան ­Ջա­ւախ­քին, այ­լեւ հայ­րե­նի մեր հո­ղի հիւ­սի­սա­յին շրջա­նին՝ ­Լո­ռի-­Փամ­պա­կի ամ­բողջ տա­րած­քին։
28 ­Մա­յի­սին հռչա­կո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը հա­զիւ կրցած էր — եւ այդ ալ մա­սամբ — յաղ­թա­հա­րել ա­նօ­թե­ւան ա­րեւմ­տա­հայ գաղ­թա­կա­նու­թիւ­նը պատս­պա­րե­լու եւ հա­մա­տա­րած սո­վին ու հա­մա­ճա­րակ­նե­րուն դար­ման գտնե­լու ծան­րակշիռ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը։ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը նոր ա­ւար­տած էր, թրքա­կան զօր­քը ­Հոկ­տեմ­բե­րին սկսած էր պար­պել ­Հա­յաս­տա­նի հիւ­սի­սա­յին շրջան­նե­րը, իսկ հա­յոց բա­նա­կի հրա­մա­նա­տար Դ­րօ իր զօր­քը մտցու­ցած էր թուր­քե­րու պար­պած շրջան­նե­րէն ներս։
Այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ հայ ժո­ղո­վուր­դը փաս­տօ­րէն իր կռնա­կէն դա­շու­նա­հա­րո­ւե­ցաւ, երբ Ա. Աշ­խար­հա­մար­տի վեր­ջին փու­լին գեր­մա­նա­ցի­նե­րու կող­քին ­Դաշ­նա­կից­նե­րու դէմ պա­տե­րազ­մի մէջ մտած եւ, իբ­րեւ այդ­պի­սին, ­Հա­յաս­տա­նի հիւ­սի­սա­յին շրջան­նե­րուն մէջ տե­ղա­ւո­րո­ւած վրա­ցա­կան զօր­քը մեր­ժեց իր կար­գին քա­շո­ւիլ։ Ա­ւե­լի՛ն. վրա­ցա­կան զօր­քը բա­ռին բուն ի­մաս­տով գրաւ­ման բա­նա­կի վե­րա­ծո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի հիւ­սի­սը։ ­Պա­տե­րազ­մա­կան ա­ւա­րի պէս վա­րո­ւե­ցաւ ա­րիւ­նա­քամ հայ գեղ­ջու­կի վեր­ջին ու­նե­ցո­ւած­քին ու պա­րէ­նին հետ։
Վ­րա­ցի զի­նո­ւոր­նե­րու ան­տա­նե­լի դար­ձած այդ սան­ձար­ձա­կու­թիւն­նե­րը կար­ծէք ան­բա­ւա­րար էին… Ա­նոնց վրայ գու­մա­րո­ւե­լու ե­կան — ­Ջա­ւախ­քէն մին­չեւ ­Լո­ռի — վրա­ցա­կան զօր­քին ձեռ­նար­կած, ռազ­մա­կան գրոհ­նե­րու եւ բիրտ հա­լա­ծան­քի մի­ջո­ցաւ, ­Հա­յաս­տա­նի հիւ­սի­սը հա­յա­թափ­ման են­թար­կե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։
Այդ­պէ՛ս սկսաւ խմո­րո­ւիլ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան նո­րա­գոյն շրջա­նի փշոտ հար­ցե­րէն մէ­կը՝ ­Հայ-Վ­րա­ցա­կան Կն­ճի­ռը, որ ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նի փլուզ­ման հետ քո­ղա­զեր­ծո­ւե­ցաւ՝ հրձի­գու­թեան իր բնոյ­թով, նախ նոյ­նինքն ­Թիֆ­լի­սի մէջ հայ­կա­կան տի­րա­կան ներ­կա­յու­թեան դէմ վրա­ցա­կան դժգո­հու­թեանց ու հա­կադ­րու­թեանց բոր­բո­քու­մով, ա­պա՝ ­Ջա­ւախ­քը Վ­րաս­տա­նի նո­րահռ­չակ ­Հան­րա­պե­տու­թեան են­թար­կե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հրահ­րու­մով եւ, վեր­ջա­պէս, իբ­րեւ յար­ձա­կո­ղա­կան մար­տա­վա­րու­թիւն, ­Լո­ռին եւս Վ­րաս­տա­նին կցե­լու բա­ցա­յայտ կա­մա­կո­րու­թեամբ։
­Փետ­րո­ւար 1917ի հա­մա­ռու­սա­կան յե­ղա­փո­խու­թե­նէն ետք կազ­մո­ւած ու Անդր­կով­կա­սի ե­րեք ազ­գու­թիւն­նե­րը հա­մախմ­բող ­Սէյ­մի կա­ռա­վա­րու­թեան օ­րե­րէն իսկ, վրա­ցիք ձեռ­նա­մուխ ե­ղան ազ­գայ­նա­մոլ եւ այ­լա­մերժ այդ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան կի­րար­կու­մին։ ­Գեր­մա­նա­կան զօր­քին հետ վրա­ցի­նե­րու զի­նակ­ցու­թիւ­նը ճիշդ այդ նպա­տա­կին կը հե­տամտէր։ Եւ երբ փուլ ե­կաւ ­Սէյ­մը ու ­Մա­յի­սին հռչա­կո­ւե­ցան ­Հա­յաս­տա­նի, Վ­րաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րը, մա­նա­ւանդ նա­խա­տե­սե­լով Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի մօ­տա­լուտ ա­ւար­տը, վրա­ցիք ո­րո­շե­ցին ա­րա­գաց­նել ­Ջա­ւախքն ու ­Լո­ռին բռնակ­ցե­լու ի­րենց քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ի­րա­գոր­ծու­մը։
Վ­րա­ցա­կան կող­մի հա­շո­ւարկ­նե­րուն մէջ կա­րե­ւոր տեղ ու­նէր այդ օ­րե­րու ­Հա­յաս­տա­նի ան­ձուկ վի­ճա­կէն ա­ռա­ւե­լա­գոյն չա­փով օգ­տո­ւե­լու պա­տե­հա­պաշ­տու­թիւ­նը՝ մեկ­նե­լով այն գնա­հա­տու­մէն, թէ հայ­կա­կան բա­նա­կը տկար էր եւ ի վի­ճա­կի չէր սան­ձե­լու վրա­ցա­կան զօր­քի ոտնձ­գու­թիւն­նե­րը։
Աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րու եւ վրա­ցա­կան հա­շո­ւարկ­նե­րու այս խո­րա­պատ­կե­րին վրայ կը տե­ղա­ւո­րո­ւի ­Դեկ­տեմ­բեր 1918ի ­Հայ-Վ­րա­ցա­կան ­Պա­տե­րազ­մին բռնկու­մը։
­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը բնա­կա­նա­բար անն­կատ ձգած չէր վրա­ցա­կան շար­ժում­նե­րը եւ հա­կա­հայ նկրտում­նե­րը։ ­Միա­ժա­մա­նակ, սա­կայն, մին­չեւ թրքա­կան սպառ­նա­լի­քին ամ­բող­ջա­կան վնա­սա­զեր­ծու­մը եւ Ար­ցա­խի ու ­Զան­գե­զու­րի ուղ­ղու­թեամբ թա­թա­րա­կան նկրտում­նե­րուն սան­ձու­մը, ­Հա­յաս­տան ա­մէն ճիգ թա­փեց, որ­պէս­զի կա­րե­նայ խու­սա­փիլ վրա­ցա­կան կող­մին հետ ընդ­հա­րում­նե­րէ եւ ա­նի­մաստ պա­տե­րազ­մէ։ Ի վեր­ջոյ թուրք եւ թա­թար թշնա­մի­նե­րով շրջա­պա­տո­ւած՝ հայ ժո­ղո­վուր­դը բնա­կա­նա­բար պի­տի չու­զէր ճա­կատ բա­նալ նաեւ Վ­րաս­տա­նի դէմ։ ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հե­տե­ւո­ղա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րեց ­Թիֆ­լի­սի հետ, որ­պէս­զի հայ-վրա­ցա­կան դա­րա­ւոր բա­րե­կա­մու­թեան խնա­յո­ւի ան­հե­թեթ թշնա­մա­ցու­մը…
­Բայց վրա­ցա­կան կող­մը ոչ միայն չըն­դա­ռա­ջեց ­Հա­յաս­տա­նի բա­րեա­ցա­կա­մու­թեան քայ­լե­րուն, այ­լեւ՝ ­Հա­յաս­տա­նի ան­ձուկ վի­ճա­կէն «խրա­խու­սուած», հա­րո­ւած մըն ալ իր կող­մէ փոր­ձեց հասց­նել մեր պե­տու­թեան ու ժո­ղո­վուր­դին։
Բ­նա­կա­նա­բար յոր­դե­ցաւ հայ­կա­կան կող­մին համ­բե­րա­տա­րու­թեան բա­ժա­կը եւ ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ճա­րա­հատ վճռեց, ա­րագ ու հա­տու հա­կա­հա­րո­ւա­ծով, վերջ տալ վրա­ցա­կան ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն։
­Դեկ­տեմ­բեր 16ին հայ­կա­կան նո­րաս­տեղծ բա­նա­կի սպա­րա­պետ զօ­րա­վար Դ­րօ հրա­հանգ ստա­ցաւ կա­ռա­վա­րու­թե­նէն՝ իր զօր­քը մտցնե­լու վրա­ցա­կան բա­նա­կի գրաւ­ման տակ ին­կած ­Փամ­պա­կի եւ ­Լո­ռո­ւայ շրջան­նե­րէն ներս։ Ան­մի­ջա­կան ա­ջա­կից ու­նե­նա­լով զօր. ­Կու­ռօ ­Թար­խա­նեա­նը՝ Դ­րօ ան­ցաւ յար­ձա­կո­ղա­կա­նի եւ շաբ­թո­ւան մը վրայ եր­կա­րած ա­մէ­նօ­րեայ գրոհ­նե­րով ու ռազ­մա­կան ճա­կա­տում­նե­րով, կրցաւ յետ մղել վրա­ցա­կան զօր­քը, որ բո­լոր գրաւ­ման բա­նակ­նե­րու պէս սիրտ չու­նե­ցաւ իր ա­րիւ­նը թա­փե­լու «օ­տա­րի հո­ղին հա­մար»…
Վճ­ռո­րոշ ե­ղաւ յատ­կա­պէս ­Դեկ­տեմ­բեր 23ի օ­րը, երբ Դ­րօ յաղ­թա­կան իր գրո­հը ամ­բող­ջա­կան յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կեց եւ ստի­պեց վրա­ցա­կան կող­մին, որ բա­նակ­ցու­թեանց սե­ղան նստի ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հետ։
Իսկ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ճա­կա­տի վրայ, ­Դաշ­նա­կից­նե­րու մի­ջամ­տու­թեամբ, ա­մէն ճիգ թա­փո­ւե­ցաւ, որ­պէս­զի խա­ղաղ բա­նակ­ցու­թեանց ճամ­բով վերջ դրո­ւի պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ քա­ղա­քա­կան լու­ծում մը գտնո­ւի ­Հայ-Վ­րա­ցա­կան Կն­ճի­ռին՝ դա­րա­ւոր բա­րե­կամ ու հա­րե­ւան զոյգ ազ­գու­թեանց մի­ջեւ պե­տա­կան սահ­ման­նե­րու հա­մա­խո­հա­բար յստա­կա­ցու­մով։
­Բա­նակ­ցու­թեանց փու­լը եր­կար տե­ւեց եւ շատ դժո­ւար ըն­թա­ցաւ։ Ար­շակ ­Ջա­մա­լեա­նի գլխա­ւո­րած հայ­կա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը շա­րու­նակ դէմ յան­դի­ման կանգ­նե­ցաւ ոչ այն­քան վրա­ցա­կան ան­զի­ջո­ղու­թեան, որ­քան ­Դաշ­նա­կից­նե­րու կող­մէ ի գործ դրո­ւած բուռն ճնշում­նե­րու։ ­Յատ­կա­պէս հա­յա­պատ­կան Ա­խալ­քա­լա­կը ­Հա­յաս­տա­նի վե­րա­դարձ­նե­լու հար­ցով՝ ­Դաշ­նա­կից­նե­րու լիա­զօր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը բուռն ընդ­դի­մու­թիւն ցու­ցա­բե­րեց։ ­Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը քաշք­շո­ւե­ցան մին­չեւ ­Դեկ­տեմ­բե­րի 31ը, երբ վերջ­նա­կան զի­նա­դա­դա­րի հա­մա­ձայ­նա­գի­րը կնքո­ւե­ցաւ։
­Բայց հիմ­նա­կան ու վերջ­նա­կան լու­ծում չտրո­ւե­ցաւ ­Ջա­ւախ­քի պատ­կա­նե­լու­թեան հար­ցին։
­Թէեւ ­Լո­ռո­ւայ Աշ­խար­հէն հե­ռա­ցո­ւե­ցան վրա­ցա­կան զօր­քե­րը, բայց ­Հայ-Վ­րա­ցա­կան սահ­մա­նագծման կնճի­ռը չստա­ցաւ իր ամ­բող­ջա­կան հան­գու­ցա­լու­ծու­մը։
Այդ ա­ռու­մով ալ, ­Հայ-Վ­րա­ցա­կան Կնճ­ռի մե­րօ­րեայ բոր­բո­քում­նե­րուն ար­մատ­նե­րը քննե­լու եւ յստա­կաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ հիմ­նա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ ­Դեկ­տեմ­բեր 1918ի ­Հայ-Վրա­ցա­կան պա­տե­րազ­մի թղթած­րա­րին ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը՝ այ­սօ­րո­ւան հա­մար ա­նոր պա­րու­նա­կած կեն­սա­կան դա­սե­րուն լու­սա­բա­նու­մով։
­Նաեւ մեր օ­րե­րուն իր թե­լադ­րա­կա­նու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ պահ­պա­նել 1918ի ­Դեկ­տեմ­բե­րին վրա­ցա­կան բա­նա­կի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան ուղ­ղո­ւած հա­յոց սպա­րա­պետ Դ­րո­յի հե­տե­ւեալ զգաս­տաց­ման կո­չը՝
«­Ձեր և ­ձեր ղե­կա­վա­րած զի­նո­ւոր­նե­րի կող­մից հայ­կա­կան բնակ­չու­թեան նկատ­մամբ գոր­ծադ­րած ճնշում­ներն անց­նում են բո­լոր սահ­ման­նե­րը: Ուշ­քի ե­կէ՛ք, յի­շե­ցէ՛ք, որ դուք զօր­քերն էք դե­մոկ­րա­տա­կան հան­րա­պե­տու­թեան, ո­րը գլխա­ւո­րում են ժո­ղովրդ­նե­րի ինք­նո­րոշ­ման գա­ղա­փա­րի ջա­տա­գով­նե­րը: Ե­թէ դուք չէք ցան­կա­նում հե­տա­գայ ա­րիւ­նա­հե­ղու­թիւն, ա­պա ան­մի­ջա­պէս պէտք է մաք­րէ՛ք մեր տա­րածք­նե­րը»:
Ինչ­պէս ­Զան­գե­զու­րը՝ Նժ­դե­հի, նոյն­պէս եւ ­Լո­ռին՝ Դ­րո­յի ղե­կա­վա­րած հե­րո­սա­կան մա­քա­ռում­նե­րով ան­բա­ժան մա­սը դար­ձան ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան։