­Յու­նո­ւար 23ի այս օ­րը, հինգ տա­րի ա­ռաջ, յատ­կա­պէս հա­յու­թիւ­նը՝ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն, ամ­բողջ ժա­մեր լա­րո­ւած ու­շադ­րու­թեամբ եւ անձ­կու­թեամբ հե­տե­ւե­ցաւ Ֆ­րան­սա­յի ­Ծե­րա­կոյ­տին ա­ռանձ­նա­յա­տուկ բաց նիս­տին, որ յատ­կա­ցո­ւած էր ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեանց ժխտու­մը քրէա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն եւ օ­րէն­քով պատ­ժե­լի ա­րարք հռչա­կող օ­րի­նա­գի­ծի մը քննարկ­ման ու հաս­տա­տու­մին։
­Շուրջ եօ­թու­կէս ժամ տե­ւած բա­նա­վէ­ճե­րէ ետք, օ­րի­նա­գի­ծի հաս­տատ­ման քո­ւէար­կու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան 213 ծե­րա­կու­տա­կան­ներ, ո­րոնց 127ն ­կողմ, իսկ 86ը դէմ քո­ւէար­կե­ցին օ­րի­նա­գի­ծին՝ վա­ւե­րաց­նե­լով զայն։
Այդ­պէ՛ս, Ֆ­րան­սա­յի ­Ծե­րա­կոյ­տին 23 ­Յու­նո­ւար 2012ի նիս­տը պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն ստա­ցաւ։ Ա­զա­տա­խոհ աշ­խար­հի միջ­նա­բեր­դը հա­մա­րո­ւող Ֆ­րան­սան, աշ­խար­հով մէկ հե­ռասփ­ռո­ւած իր ­Ծե­րա­կոյ­տի նիս­տին, ի լուր մե­րօ­րեայ մարդ­կու­թեան յայ­տա­րա­րեց, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ գոր­ծադ­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան օ­րի­նա­կով բո­լոր ցե­ղաս­պա­նու­թեանց ժխտու­մը, Ֆ­րան­սա­յի պե­տա­կան օ­րէն­քով, քրէա­կան յան­ցանք է ու պա­տի­ժի ար­ժա­նի յան­ցա­գոր­ծու­թիւն։
Օ­րի­նա­գի­ծը ցե­ղաս­պա­նու­թեանց ժխտման հա­մար կը նա­խա­տե­սէր 1 տա­րո­ւան բան­տար­կու­թիւն եւ 45 հա­զար եւ­րո­յի տու­գանք:
Օ­րի­նա­գի­ծին որ­դեգ­րու­մը մեծ յաղ­թա­նակ մը ե­ղաւ ինչ­պէս ար­դա­րու­թեան եւ ի­րա­ւուն­քի հա­մար պայ­քա­րող ֆրան­սա­ցի ա­զա­տա­խոհ­նե­րուն, այն­պէս եւ ­Հայ ­Դա­տի հե­տապնդ­ման լծո­ւած ֆրան­սա­հա­յե­րուն եւ ողջ պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թեան հա­մար։
Ֆ­րան­սա­յի ­Ծե­րա­կոյ­տին պատ­մա­կան այդ նիստն ու ո­րո­շու­մը կը շա­րու­նա­կենք յի­շել եւ յի­շեց­նել՝ հա­կա­ռակ ա­նոր, որ օ­րին Ֆ­րան­սա­յի ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Խոր­հուր­դը, թրքա­կան ճնշում­նե­րու առ­ջեւ տե­ղի տո­ւած իր ան­դամ­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թեան քո­ւէով՝ հա­կա­սահ­մա­նադ­րա­կան նկա­տեց եւ մեր­ժեց վա­ւե­րաց­նել եւ օ­րէն­քի ուժ շնոր­հել ­Ծե­րա­կոյ­տի ո­րո­շու­մին։
­Հա­կա­ռակ այդ ընկր­կու­մին՝ կը յի­շենք եւ կը յի­շեց­նենք 23 ­Յու­նո­ւար 2012ի Ֆ­րան­սա­յի ­Ծե­րա­կոյ­տին քա­ջա­րի քայ­լը, ո­րով­հե­տեւ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Խոր­հուր­դի ար­գե­լակ­ման դէմ յան­դի­ման՝ ձեռն­թափ չե­ղաւ ցե­ղաս­պա­նու­թեանց ժխտու­մը քրէա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն նկա­տե­լու եւ իբ­րեւ այդ­պի­սին պա­տի­ժի են­թար­կե­լու Ֆ­րան­սա­յի պե­տա­կան-օ­րէնսդ­րա­կան նա­խան­ձախնդ­րու­թիւ­նը։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թեան հետ ա­զա­տա­խոհ Ֆ­րան­սան շա­րու­նա­կեց պայ­քա­րը եւ այ­սօր ար­դէն, Ֆ­րան­սա­յի սահ­մա­նադ­րու­թեան հա­մա­պա­տաս­խա­նա­բար, վե­րամ­շա­կո­ւած եւ վա­ւե­րա­ցո­ւած է ցե­ղաս­պա­նու­թեանց ժխտու­մը քրէա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն հռչա­կող եւ պա­տի­ժի են­թար­կող օ­րէն­քը։
Այ­սօր ար­դէն յե­տա­դարձ հա­յեաց­քով կրնանք հաս­տա­տել, որ փաս­տօ­րէն ­Ծե­րա­կոյ­տին կող­մէ 23 ­Յու­նո­ւար 2012ին ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեանց ժխտու­մը քրէա­կա­նաց­նող օ­րի­նա­գի­ծին վա­ւե­րա­ցու­մը ձեռք բե­րո­ւե­ցաւ լուրջ դժո­ւա­րու­թիւն­ներ յաղ­թա­հա­րե­լու գնով։
­Ծե­րա­կոյ­տի պատ­մա­կան այդ նիս­տէն ա­միս­ներ ա­ռաջ, 2011ի ­Մա­յի­սին, նմա­նօ­րի­նակ օ­րի­նա­գիծ մը դրո­ւած էր ­Ծե­րա­կոյ­տի օ­րա­կար­գին վրայ առ ի վա­ւե­րա­ցում, բայց յետ մղո­ւած էր, ո­րով­հե­տեւ կը վե­րա­բե­րէր միայն ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը քրէա­կան ու օ­րէն­քով պատ­ժե­լի յան­ցա­գոր­ծո­թիւն հռչա­կե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քին։ Այ­նու­հե­տեւ, օ­րի­նա­գի­ծը վե­րամ­շա­կու­մի են­թար­կո­ւե­ցաւ, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ Հ­րէա­կան Ող­ջա­կիզ­ման օ­րի­նա­կով բո­լոր ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան ժխտու­մը քրէա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն հռչա­կեց եւ, ի­րա­ւա­կան ա՛յդ տա­րա­զու­մով, վերս­տին բե­րո­ւե­ցաւ Ֆ­րան­սա­յի Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գին վրայ։
Այ­սօր ար­դէն բա­ցա­յայ­տո­ւած է, որ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը ­Մա­յիս 2011ին ա­մէն կար­գի ճնշում բա­նե­ցուց Ֆ­րան­սա­յի պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րուն վրայ, որ­պէս­զի վի­ժեց­նէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տին ժխտու­մը քրէա­կան ու պատ­ժե­լի յան­ցա­գոր­ծու­թիւն հռչա­կող նման օ­րի­նա­գի­ծի մը որ­դեգ­րու­մը։ Թր­քա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը դի­մեց ոչ միայն Ֆ­րան­սա­յի հետ ­Թուր­քիոյ ու­նե­ցած ա­ռեւտ­րա­կան ու զի­նա­կան գոր­ծառ­նու­թիւն­նե­րը դադ­րեց­նե­լու սպառ­նա­լի­քին, այ­լեւ՝ օգ­տա­գոր­ծեց հան­րա­յին կար­ծի­քի մո­լո­րեց­ման այն մօ­տե­ցու­մը, ըստ ո­րուն՝ նմա­նօ­րի­նակ օ­րի­նա­գիծ մը իբր թէ կը կապ­տէ ե­ղեր կար­ծի­քի ա­զա­տու­թեան մարդ­կա­յին հիմ­նա­կան ի­րա­ւուն­քը…
Ճն­շու­մի իր այդ երկ­րորդ խա­ղա­թուղ­թի պա­րա­գա­յին, թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը փաս­տօ­րէն կ­þօգ­տա­գոր­ծէր քսա­նա­մեակ մը ա­ռաջ Ֆ­րան­սա­յի ­Ծե­րա­կոյ­տին կող­մէ Հ­րէա­կան Ող­ջա­կիզ­ման ժխտու­մը քրէա­կա­նա­ցու­ցած օ­րի­նա­գի­ծին դէմ ա­տե­նին ծա­ւա­լած դժգո­հու­թիւն­նե­րը մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց պաշտ­պան շրջա­նակ­նե­րուն կող­մէ։ Այս վեր­ջին­նե­րը, մա­նա­ւանդ Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու տա­րած­քին գոր­ծող ի­րենց ղե­կա­վար մար­մին­նե­րուն կող­մէ, հար­ցա­կա­նի տակ ա­ռած էին ի­րա­ւա­կա­նու­թիւ­նը նման օ­րի­նա­գի­ծի մը՝ ա­ռար­կե­լով, որ այդ­պի­սով կը հա­լա­ծո­ւին մտա­ծու­մի ա­զա­տու­թեան եւ կար­ծի­քի ան­կաշ­կանդ ար­տա­յայ­տու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րը…
­Հա­կա­ռակ թրքա­կան այդ ճնշում­նե­րուն, սա­կայն, 22 ­Դեկ­տեմ­բեր 2011ին Ֆ­րան­սա­յի Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վին ստո­րին պա­լա­տը վա­ւե­րա­ցուց վե­րամ­շա­կո­ւած տար­բե­րա­կը ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեանց ժխտու­մը քրէա­կա­նաց­նող օ­րի­նա­գի­ծին։ Օ­րի­նա­գի­ծը յղո­ւե­ցաւ ­Ծե­րա­կոյ­տին, ո­րուն Ի­րա­ւա­կան ­Հար­ցե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վը ին­կաւ թրքա­կան ճնշում­նե­րու տակ եւ, տե­ղի տա­լով, փու­թաց ­Ծե­րա­կոյ­տին ա­ռա­ջարկ ներ­կա­յաց­նե­լու, որ չըն­դու­նի ի­րա­ւա­կան ա­ռու­մով վի­ճե­լի նման օ­րի­նա­գիծ մը։
­Բայց ­Ծե­րա­կոյ­տը մեր­ժեց հե­տե­ւիլ իր յանձ­նա­ժո­ղո­վի ա­ռա­ջար­կին եւ ո­րո­շեց 23 ­Յու­նո­ւար 2012ի իր նիս­տը յատ­կաց­նել օ­րի­նա­գի­ծի քննարկ­ման ու հաս­տա­տու­մին։
Այդ­պէ՛ս վա­ւե­րա­ցո­ւե­ցաւ օ­րի­նա­գի­ծը, որ իբ­րեւ օ­րէնք ու­ժի մէջ դրո­ւե­լու հա­մար այ­լեւս պէտք ու­նէր սոսկ Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գա­հին ստո­րագ­րու­թեան։
Բ­նա­կա­նա­բար շատ բուռն ե­ղաւ թրքա­կան հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը, մա­նա­ւանդ որ թրքա­կան տե­սա­կէ­տը պաշտ­պա­նող ծե­րա­կու­տա­կան­նե­րը, 23 ­Յու­նո­ւար 2012ի պատ­մա­կան նիս­տին, ջախ­ջա­խիչ պար­տու­թիւն կրե­ցին օ­րի­նա­գի­ծը պաշտ­պա­նող եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ գոր­ծադ­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը, դա­տա­պար­տու­մը եւ ար­դար հա­տու­ցու­մը պա­հան­ջող ծե­րա­կու­տա­կան­նե­րու գրո­հին տակ։
­Բայց օ­րո­ւան գոր­ծող Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գահ ­Սար­քու­զի ա­րագ չշար­ժե­ցաւ եւ ան­մի­ջա­պէս չստո­րագ­րեց ­Ծե­րա­կոյ­տին հաս­տա­տած օ­րի­նա­գի­ծը։ ­Հե­տե­ւան­քը ե­ղաւ այն, որ թրքա­կան շա­հե­րուն ծա­ռա­յող ծե­րա­կու­տա­կան­նե­րը օ­րի­նա­գի­ծին ի­րա­ւա­կա­նու­թիւ­նը վի­ճար­կե­ցին Ֆ­րան­սա­յի ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Խոր­հուր­դին մօտ։ Թր­քա­կան կող­մը այս ան­գամ «ար­դիւ­նա­ւէտ» աշ­խա­տանք տա­րաւ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն մօտ, ո­րոնք թրքա­կան խայ­ծե­րը կուլ տա­լով՝ օ­րի­նա­գի­ծը հա­կա­սահ­մա­նադ­րա­կան հռչա­կե­ցին…
­Ծա­նօթ է, որ նա­խորդ նա­խա­գահ ­Սար­քու­զի քա­նի մը ա­միս ետք կորսն­ցուց Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեանց վերս­տին երկ­րի ղե­կին ընտ­րո­ւե­լու իր հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը։
Իսկ նո­րըն­տիր նա­խա­գահ ­Հո­լանտ խոս­տա­ցաւ շա­րու­նա­կել ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեանց ժխտու­մը քրէա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն հռչա­կե­լու եւ օ­րէն­քով պատ­ժե­լու իր նա­խոր­դին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, որ փաս­տօ­րէն դրո­ւե­ցաւ ըն­թաց­քի մէջ, յան­գե­ցաւ օ­րի­նա­գի­ծի նոր տար­բե­րա­կի մը մշա­կու­մին եւ հուսկ, ան­ցեալ տա­րի, որ­դեգ­րու­մին։
­Փաս­տօ­րէն 23 ­Յու­նո­ւար 2012ին Ֆ­րան­սա ամ­րագ­րեց քա­ղա­քա­կան իր վճռա­կա­նու­թիւ­նը՝ օ­րէն­քով պատ­ժե­լու ո­րե­ւէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը։
Որ­պէս­զի մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց եւ մտա­ծու­մի ա­զա­տու­թեան պատ­րո­ւակ­նե­րով՝ ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճի­րի ո­րե­ւէ ժխտում ան­պա­տիժ չանց­նի եւ, մա­նա­ւա՛նդ, ո­րե­ւէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն… չար­դա­րա­ցո­ւի։