Հա­յա­գի­տա­կան ուս­մանց եւ ու­սում­նա­սի­րու­թեանց ազ­գա­յին միու­թիւ­նը (NAASR) ­Մա­յիս 18ին 225.000 տո­լա­րի նո­ւէր ստա­ցած է ­Մե­սե­չու­սեց նա­հան­գի մշա­կու­թա­յին խոր­հուր­դի մշա­կու­թա­յին կա­լո­ւած­նե­րու հիմ­նադ­րա­մէն։ Գու­մա­րը պի­տի տրա­մադ­րո­ւի ­Մե­սե­չու­սե­ցի ­Պել­մոնթ քա­ղա­քը գտնո­ւող ­Հա­յա­գի­տա­կան ­Միու­թեան կեդ­րո­նի նո­րո­գու­թեան՝ 4,5 մի­լիոն տո­լար ար­ժող ծրա­գի­րին մէկ մա­սը ի­րա­կա­նաց­նե­լու նպա­տա­կին։
Այս գու­մա­րին յա­ւե­լու­մով, ար­դէն իսկ կա­րե­լի ե­ղած է ծրա­գի­րի ընդ­հա­նուր գու­մա­րին մօ­տա­ւո­րա­պէս 70 տո­կո­սը ա­պա­հո­վել։
­Միու­թիւ­նը շէն­քը գնած էր 1989ին, իսկ այս ծրա­գի­րին ի­րա­կա­նա­ցու­մով՝ կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ շէն­քը մատ­չե­լի դարձ­նել հան­րու­թեան, շնոր­հիւ իր նոր գրա­տան, սրճա­րա­նին, խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րու սրա­հին, ու­սում­նա­սի­րա­կան վայ­րե­րուն եւ այլ հա­ւա­քա­վայր­նե­րուն։