Հոկտեմբերի այս օրերուն, 43 տարի առաջ, ահաբեկչական իրերայաջորդ զոյգ գործողութիւններ ցնցեցին քաղաքական աշխարհը, ճեղքեցին հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան եւ Հայրենազրկումի մեծագոյն ու ահաւոր ոճիրներուն շուրջ հաստատուած միջազգային լռութեան պատը եւ ազդանշանը տուին Հայ Դատի ուժական պայքարին նորովի շղթայազերծման։
Ճշգրիտ՝ 22 եւ 24 Հոկտեմբեր 1975ին, յաջորդաբար Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի եւ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ, քաղաքական ահաբեկումի ենթարկուեցան զոյգ երկիրներուն մօտ թրքական պետութիւնը ներկայացնող դեսպանները։
22 Հոկտեմբեր 1975ի կէսօրին, երեք զինեալ երիտասարդներ ինքնաձիգ հրազէններով յարձակեցան Վիեննայի թրքական դեսպանատան շէնքին վրայ, սպաննեցին զէնքը քաշած պահակը եւ մտան դեսպան Հիւսէյին Տենիզ Թունէլճիլի գրասենեակը։ Յարձակման մանրամասնութիւնները փոխանցող մերօրեայ թրքական կայքէջներուն համաձայն՝ ահաբեկիչները թուրք դեսպանին հարցուցած են, թէ ի՞նքն է դեսպանը եւ, հաստատական պատասխան ստանալէ ետք, բրիտանական ու իսրայէլեան արտադրութեան իրենց գնդացիրներով կրակած են դեսպանին վրայ։
Թուրք դեսպանը անմիջապէս մահացաւ, իսկ ահաբեկիչները արագօրէն դուրս եկան դեսպանատունէն ու, ինքնաշարժ նստելով, անյայտացան…
Միջազգային զանգուածային լրատուամիջոցները անմիջապէս ողողուեցան իւրօրինակ այդ ահաբեկչութեան մանրամասնութիւնները հրապարակող լրատուութեամբ եւ մեկնաբանութիւններով՝ նաեւ ու յատկապէս գործողութեան պատասխանատուները եւ ահաբեկիչներուն ինքնութիւնը բացայայտելու հետեւողական, բայց ապարդիւն ճիգ թափելով։
Մամլոյ գործակալութեանց հետ հեռաձայնային կապ պահելով՝ անանուն տարբեր խօսնակներ, մինչ այդ հանրային կարծիքին անծանօթ ու ընդյատակեայ մէկէ աւելի կազմակերպութեանց անունով, ստանձնեցին Աւստրիոյ մօտ Թուրքիոյ դեսպանին ահաբեկման պատասխանատուութիւնը։
Քաղաքական աշխարհը դեռ չէր մարսած պատահածը, երբ օր մը ետք՝ 24 Հոկտեմբեր 1975ին, այս անգամ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի բանուկ մէկ փողոցին վրայ, Ֆրանսայի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը՝ Իսմայիլ Էրէզ, պաշտօնական ընդունելութենէ մը իր պետական ինքնաշարժով դեսպանատուն վերադարձի պահուն, յանկարծ ինկաւ անծանօթ զինեալներու լարած ահաբեկչական թակարդին մէջ։ Թէ՛ թուրք դեսպանը եւ թէ իր վարորդը տեղւոյն վրայ սպաննուեցան փամփուշտներու տարափին տակ, իսկ ահաբեկիչները ինչպէս յայտնուած էին, այնպէս ալ կայծակնային արագութեամբ անյայտացան…
Թէեւ երկրորդ այս ահաբեկչութեան պարագային եւս միջազգային լրատուամիջոցները ի վիճակ չեղան ճշգրտելու ահաբեկիչներուն ինքնութիւնը կամ յայտնագործելու անոնց հետքերը, այսուհանդերձ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներ անունով մինչ այդ անյայտ եւ ընդյատակեայ կազմակերպութիւն մը, որուն անունով ստանձնում եղած էր նաեւ առաջին՝ Վիեննայի ահաբեկչութեան առիթով եւս, պաշտօնական եւ ծաւալուն յայտարարութիւն մը հրապարակեցին միջազգային լրատուամիջոցներով եւ ստանձնեցին զոյգ ահաբեկչութեանց պատասխանատուութիւնը։
Ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով հրապարակուած այդ յայտարարութիւնը օրին, հայերէնի թարգմանուած, լոյս ընծայուեցաւ նաեւ սփիւռքահայ մամուլի դաշնակցական թերթերուն կողմէ։
«Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներ» անունը անմիջապէս լայն ու հոգեհարազատ արձագանգ գտաւ 1970ականներու վերջերուն պահանջատէր հայութեան, յատկապէս հայ երիտասարդութեան աշխարհասփիւռ զանգուածներուն մօտ։
Աշխարհով մէկ լոյս տեսած «Մարտիկներ»ու յայտարարութիւնը միջազգային հանրային կարծիքին, ցեղասպան թրքական պետութեան եւ աշխարհի մեծ, միջակ թէ փոքր պետութիւններուն կþազդարարէր՝
«Մենք հայ ժողովուրդի զաւակներն ենք: Կը գործենք յանուն արդարութեան: Թուրքիոյ քաղաքական ներկայացուցիչներուն դէմ ուղղուած մեր քայլը աշխարհի բոլոր մեծ ու փոքր պետություններուն պիտի յիշեցնէ, թէ Հայոց մոռցուած Ցեղասպանութիւնը տակաւին անպատիժ կը մնայ»:
Արդարության Մարտիկներու կազմակերպութիւնը իր յայտարարութեամբ կը պահանջէր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը եւ Հայկական Հարցին արդարացի լուծումը: Յայտարարութիւնը դիտել կու տար, թէ Հայ Դատի արդարացի լուծման համար խաղաղ միջոցներով մղուած պայքարը ինքզինք սպառած է եւ թէ, ստեղծուած իրավիճակէն մեկնելով, Լռութեան անարդար Պատը ճեղքելու ճամբուն վրայ, «Մեր արդար դատի հետապնդման միակ միջոցը զինեալ պայքարն է»:
Ահա այսպէ՛ս շղթայազերծուեցաւ Հոկտեմբերի այս օրերուն, 43 տարի առաջ, Հայ Դատի ուժական պայքարին նորօրեայ՝ ահաբեկչական զարթօնքը։
Թէեւ աննախընթաց չէր թրքական պետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն դէմ գործուած ահաբեկչութիւնը, թէեւ 1973ին Գուրգէն Եանիքեան իրագործած էր ահաբեկչական քայլ մը Մ. Նահանգներու մէջ՝ սպաննելով թուրք հիւպատոս մը, նաեւ՝ Լիբանանի մօտ թուրք դիւանագէտ մը անյայտ պայմաններու մէջ ահաբեկուած էր, այսուհանդերձ՝ Վիեննայի եւ Փարիզի ահաբեկումները կանխած քայլերը կա՛մ վրէժխնդրական բնոյթ ունէին, կա՛մ քաղաքական հնչեղութիւն չունէին այնպէս, ինչպէս որ պատահեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներու միջազգային քաղաքականութեան հրապարակ մուտքով։
1975 թուականի Հոկտեմբեր 22ի եւ 24ի Վիեննայի եւ Փարիզի թուրք դեսպաններուն ահաբեկումով թափ առած Հայ Դատի ուժական պայքարին շղթայազերծումը իր անմիջական պտուղները տուաւ Հայկական Հարցը միջազգային քաղաքականութեան հրատապ հարցերու օրակարգին վրայ բերելու ճակատի վրայ։
Մէկ կողմէ՝ Մ.Ա.Կ.ի եւ Եւրոպական Խորհրդարանի գլխաւորութեամբ միջազգային կազմակերպութիւններ ու ատեաններ սկսան ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ քաղաքական լուծում որոնել Հայկական Հարցին։
Իսկ միւս կողմէ՝ նոյնինքն թուրք հասարակութեան մէջ, սկսան աւելի բարձրաձայն հնչելու Հայասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը կատարելու կոչեր։
Հայ Դատի ուժական պայքարին յաղթարշաւը նաեւ ու մանաւա՛նդ ներշնչման աղբիւր դարձաւ հայրենի հայ երիտասարդութեան, յատկապէս Արցախի պահանջատէր հայութեան, որպէսզի ինքնավստահ եւ վճռական՝ իրաւատէ՛ր կանգնինք Արցախի ազատագրման դատին։
1975 թուականի Հոկտեմբեր 22ի եւ 24ի Վիեննայի եւ Փարիզի թուրք դեսպաններու ահաբեկման եւ ընդհանրապէս Հայ Դատի ուժական պայքարին 43ամեակը կը նշենք հիմնովին նոր պայմաններու մէջ։ Հայաստանի վերանկախացումով եւ Արցախի իրողական ազատագրումով՝ Հայ Դատի պայքարը թեւակոխած է նոր փուլ, որ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան ճանաչումի պահանջին կողքին՝ շեշտը դրած է Ամբողջական Հատուցման հրամայականին վրայ։
Միաժամանակ՝ Հայ Դատի ուժական պայքարին ահաբեկչական շղթայազերծման 43ամեակը յատուկ հնչեղութեամբ կþարձագանգէ այսօր, որովհետեւ թրքական պետութեան կողմէ շարունակուող Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումի եւ ժխտումի վարքագիծը՝ վայելելով անուղղակի թէ ուղղակի օրհնութիւնը մեծապետական ուժերու, նորովի յուսահատութեան եւ ծայրայեղ ցասումի կը մղէ արդար իրաւունք պահանջող եւ միջազգային անտարբերութեան բախող մարտունակ հայորդիները։
Ինչպէս Հոկտեմբեր 1975ին, նոյնպէս եւ աւելով մեր օրերուն, երբ թրքական ծաւալապաշտութիւնը վերստին մոլեգնած է ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի տարածքին եւ լծուած է ատրպէյճանական հակահայ մոլուցքը հովանաւորելու համաթրքական ռազմավարութեան՝ հայ քաղաքական միտքը ամէն հիմք ունի ազդարարելու եւ զգաստացման կոչ ուղղելու աշխարհի ճակատագրին հետ ըստ կամս վարուող ուժերուն, թէ ծայրայեղ յուսալքութեան ու անզօրութեան պէտք չէ մղել իրաւազրկեալները՝ արդար դատի տէր ժողովուրդները, մանաւանդ երբ փոքր է անոնց ածուն եւ տկար է իրաւունքն ու արդարութիւնը սուրով խլելու անոնց ուժը։
Որովհետեւ սուրով խլուած իրաւունքը ի վերջոյ միայն արեամբ կրնայ սրբագրուիլ…
Յանուն՝ նոյնինքն համերաշխ, խաղաղասէր եւ արդար իրաւունքի վրայ խարսխուած նոր աշխարհակարգի մը կերտումին։
22 եւ 24 Հոկտեմբեր 1975
22 եւ 24 Հոկտեմբեր 1975. Հայ Դատի ուժական պայքարին ահաբեկչական շղթայազերծումը Ն.