21 ­Փետ­րո­ւա­րին, քա­ղա­քա­կիրթ ողջ մարդ­կու­թեան հետ, հա­յաշ­խար­հը եւս կը նշէ «­Մայ­րե­նի լե­զո­ւի մի­ջազ­գա­յին օր»ը։
21րդ ­դա­րու նո­րա­մու­ծու­թիւն­նե­րէն է մայ­րե­նի լե­զու­նե­րուն յա­տուկ Օր նո­ւի­րե­լու հա­մաշ­խար­հա­յին նա­խան­ձախնդ­րու­թիւ­նը։
21 ­Փետ­րո­ւա­րը իբ­րեւ «­Մայ­րե­նի ­Լե­զո­ւի ­Մի­ջազ­գա­յին Օր» հռչա­կե­լու ո­րո­շու­մը կա­յա­ցուց ԵՈՒՆԵՍՔՕ՝ ­Միա­ցեալ Ազ­գե­րու Կր­թա­կան, ­Գի­տա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը (United Nations Educational, Scientific and Cultural Organization)։
Ո­րո­շու­մը տրո­ւե­ցաւ 2009ի ­Նո­յեմ­բե­րին, ԵՈՒՆԵՍՔՕի Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վի 30րդ ­նիս­տին՝ լե­զու­նե­րու եւ մշա­կոյթ­նե­րու բազ­մա­զա­նու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու եւ զար­գաց­նե­լու գլխա­ւոր ա­ռա­ջադ­րան­քով։
Եւ 21 ­Փետ­րո­ւար 2000էն սկսեալ, ա­մէն տա­րի, ­Փետ­րո­ւար 21ին կը նշուի քա­ղա­քա­կիրթ մարդ­կու­թեան մե­ծա­գոյն հարս­տու­թեան՝ ­Մայ­րե­նիին նո­ւի­րա­կան այս տօ­նը։
­Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ կը նշո­ւի այս Օ­րը եւ ող­ջու­նե­լի ա­ւան­դու­թիւն դար­ձած է, որ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը հան­դի­սա­ւո­րա­պէս ու­ղերձ կը նո­ւի­րէ ­Մայ­րե­նիի ­Մի­ջազ­գա­յին Օ­րո­ւան նշու­մին։
­Մին­չեւ 2000 թո­ւա­կա­նը մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը չու­նէր ­Մայ­րե­նիի Օր, ոչ ալ յա­տուկ շու­քով կը տօ­նէր ­Մայ­րե­նիի Օ­րը։
­Պատ­ճա­ռը աշ­խար­հի տա­րած­քին յա­մե­ցող խտրա­կա­նու­թեանց եւ հա­լա­ծանք­նե­րու հա­կա­քա­ղա­քակր­թա­կան «ժա­ռան­գու­թիւն»ն­ էր, ո­րուն ա­մէ­նէն ա­հա­ւոր դրսե­ւո­րում­նե­րէն էին մայ­րե­նի լե­զու­նե­րու դէմ ցու­ցա­բե­րո­ւած մե­ծա­պե­տա­կան լե­զո­ւամ­տա­ծո­ղու­թեան բնո­րոշ ան­հան­դուր­ժո­ղու­թիւնն ու այ­լա­մեր­ժու­թիւ­նը։
­Փաս­տօ­րէն, քա­ղա­քակր­թու­թեանց պատ­մու­թեան բազ­մազ­գեան բո­լոր մա­տեան­նե­րուն մէջ, հա­զա­րա­ւոր տա­րի­նե­րէ ի վեր, մարդ­կու­թիւ­նը դէմ յան­դի­ման գտնո­ւած է բռնա­կալ ու տի­րա­կալ հզօր ազ­գե­րու մայ­րե­նի լե­զուն — նաեւ այդ ճամ­բով ա­նոնց գե­րիշ­խող մշա­կոյ­թը — փոքր ու տկար ազ­գե­րուն պար­տադ­րե­լու մեղ­սա­գոր­ծու­թեան։
Այն աս­տի­ճան, որ քա­ղա­քակր­թու­թեանց պատ­մու­թեան ճա­կա­տին իբ­րեւ ցե­ղա­պաշ­տու­թեան մուր եւ ա­մօ­թի խա­րան դրոշ­մո­ւած է ան­պաշտ­պան ազ­գե­րու ­Մայ­րե­նին աշ­խար­հի ե­րե­սէն սրբե­լու մե­ծա­գոյն յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը…
­Յատ­կա­պէս տաս­նին­նե­րորդ եւ քսա­նե­րորդ դա­րե­րու ամ­բողջ եր­կայն­քին, գա­ղու­թա­տի­րու­թեան եւ կայ­սե­րա­պաշ­տու­թեան կա­պանք­նե­րէն ա­զա­տագ­րո­ւե­լու քա­ղա­քակր­թա­կան դժո­ւա­րին պայ­քա­րին հետ, մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը բաղ­կաց­նող մի­ջակ ու փոքր ազ­գերն ու ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը օր­հա­սա­կան կռիւ մղե­ցին ի խնդիր ի­րենց մայ­րե­նի լե­զո­ւին պաշտ­պա­նու­թեան՝ ­Մայ­րե­նիի ան­հետ կո­րուս­տի վտան­գին դէմ մա­քա­ռե­լով ի­րենց բո­լոր ու­ժե­րով։
Ա­հա այդ պայ­քա­րին ար­գա­սի­քը ե­ղաւ «­Մայ­րե­նի ­Լե­զո­ւի ­Մի­ջազ­գա­յին Օր»ո­ւան աշ­խար­հով մէկ հռչա­կու­մը, այ­լեւ՝ ­Մայ­րե­նիի ­Տօ­նին նո­ւի­րա­գոր­ծու­մը։
Ո­րո­շա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար տա­րո­ւան տօ­նա­կան օ­րե­րուն ա­մէ­նէն նո­ւի­րա­կա­նը կը հան­դի­սա­նայ ­Մայ­րե­նիին Օ­րը։
Եւ ոչ միայն Ս­փիւռ­քի տա­րած­քին, ուր ա­մէն վայր­կեան զգա­լի են եւ տագ­նա­պեց­նող՝ ­Մայ­րե­նիի նա­հանջն ու տե­ղա­տո­ւու­թիւ­նը, ո­րոնց յաղ­թա­հար­ման զօ­րա­շար­ժի կոչ է, ըստ ա­մե­նայ­նի, 2019ն ­Հայ ­Մա­մու­լի ­Տա­րի հռչա­կե­լու Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի ո­րո­շու­մը։ Ի վեր­ջոյ հա­յե­րէն ըն­թեր­ցա­նու­թեամբ է, որ մեր ­Մայ­րե­նին ա­ւիշ կը հասց­նէ հա­յոց սե­րունդ­նե­րու ինք­նա­ճա­նաչ­ման ու ինք­նազ­րահ­ման՝ ոչ միայն օ­տար ա­փե­րու վրայ մո­լեգ­նած օ­տա­րաց­ման, ձուլ­ման եւ ինք­նալ­քու­թեան փո­թո­րիկ­նե­րուն, այ­լեւ նոյ­նինքն հայ­րե­նի հո­ղի վրայ հա­յե­ցիու­թիւ­նը ցե­ցի պէս կրծող այ­լա­սեր­ման վա­րակ­նե­րուն դէմ։
Ա­յո՛, նաեւ հայ­րե­նի հո­ղի վրայ հա­յու­թիւ­նը կը դի­մագ­րա­ւէ ­Մայ­րե­նիի պաշտ­պա­նու­թեան մեծ խնդի­րը, ո­րով­հե­տեւ խորհր­դա­յին կար­գե­րու տակ ոչ-պե­տա­կան լե­զու հռչա­կո­ւե­լու վտան­գին դէմ մղո­ւած տաս­նա­մեակ­նե­րու պայ­քա­րէն ետք, ­Մայ­րե­նիի պահ­պա­նումն ու լիար­ժէք զար­գա­ցու­մը վեր­ջին քսա­նա­մեա­կին կը դի­մագ­րա­ւեն ծան­րակ­շիռ գրո­հը հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման հար­թիչ գլա­նին։
­Նո­րօ­րեայ այդ ճնշումն ու վտան­գը դի­մագ­րա­ւե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ է, որ ի ­Հա­յաս­տան թէ սփիւռս աշ­խար­հի, «­Մայ­րե­նի ­Լե­զո­ւի ­Մի­ջազ­գա­յին Օր»ո­ւան ա­ռի­թով կը հնչեն բարձ­րա­ձայն կո­չեր, որ­պէս­զի վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան տօ­նա­ցոյ­ցին մէջ իր ինք­նու­րոյն եւ ար­ժա­նի տե­ղը գրա­ւէ ­Հա­յոց ­Մայ­րե­նիին Օ­րը։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ինք­նա­պահ­պան­ման ու հա­յօ­րէն զար­գաց­ման Օ­րա­կար­գին ա­ռաջ­նա­հերթ խնդի­րը դար­ձած են ­Հայ ­Լե­զո­ւի ա­նա­ղարտ պահ­պա­նումն ու ժա­մա­նա­կի ո­գիով վե­րա­թար­մա­ցու­մը։ ­Հայ­րե­նա­կան եւ սփիւռ­քեան միաս­նա­կան զօ­րա­շար­ժով եւ պե­տա­կան թէ հա­սա­րա­կա­կան բո­լոր ու­ժե­րու լա­րու­մով՝ ­Հա­յոց ­Մայ­րե­նիին պարտք ենք ըն­ծա­յե­լու իր ու­րոյն տօ­նը, որ­պէս­զի այդ օր հա­յաշ­խար­հով մէկ հնչէ մե­ծա­գոյն ի­մաս­տու­թիւ­նը հա­յոց՝ մես­րո­պեան տա­ռե­րով բա­նա­ձե­ւո­ւած «­Ճա­նա­չել զի­մաս­տու­թիւն եւ զխրատ, ի­մա­նալ զբանս հան­ճա­րոյ» պատ­գա­մով։
Ի վեր­ջոյ ունկն­դիր պէտք է մնալ հա­յոց մե­ծե­րուն ան­փո­խա­րի­նե­լի այն ի­մաս­տու­թեան, որ երբ հայ­րե­նին՝ հո՛­ղը կ­’ե­րե­րայ հայ ազ­գի ոտ­քին տակ, մայ­րե­նի՛ն է միակ ու կե­նա­րար ա­պաս­տա­նը հա­յուն։
Ա­կան­ջի օղ պէտք է դարձ­նել Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս փրոֆ. Ա. ­Մա­կա­րեա­նի ա­հա­զան­գը՝
— «­Խօսքն այ­սօր մայ­րե­նիի ա­նա­ղար­տու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու մա­սին է: Չժխ­տե­լով փո­խա­ռու­թիւն­նե­րի` մի լե­զո­ւից միւ­սին անց­նող բա­ռե­րի ու քե­րա­կա­նա­կան ի­րո­ղու­թիւն­նե­րի կամ բա­ռա­պատ­ճէ­նում­նե­րի բնա­կան փաս­տը, ինչ­պես նաեւ օ­տար կամ հայ­րե­նի հե­ղի­նակ­նե­րի կող­մից հրամ­ցո­ւող նո­րա­բա­նու­թիւն­նե­րի բա­րե­րար ազ­դե­ցու­թիւ­նը, ին­չու չէ նաեւ բար­բառ­նե­րի, ան­գամ ժար­գոն­նե­րի (ռամ­կա­բա­նու­թիւն­նե­րու — Ն.) անհ­րա­ժեշտ առ­կա­յու­թիւ­նը՝ այ­սօր ա­կա­նա­տեսն ենք մի ցա­ւա­լի ի­րո­ղու­թեան. ժա­մա­նա­կա­կից հա­յոց լե­զո­ւի ար­տա­սո­վոր հա­րուստ՝ շուրջ 250.000 բառ պա­րու­նա­կող բա­ռա­պա­շա­րի առ­կա­յու­թեան պայ­ման­նե­րում, ­Հա­յաս­տա­նում մար­դիկ սկսել են խօ­սել տգեղ, սոսկ մի քա­նի տաս­նեա­կի հաս­նող բա­ռե­րի չա­փա­զանց աղ­քա­տիկ բա­ռա­պա­շա­րով, խեղ­ճուկ­րակ հա­յե­րէ­նով, ան­գամ բա­ռի­մաս­տա­յին խայ­տա­ռակ ա­ղա­ւա­ղում­նե­րով (այ­սօր շա­տերն են միամ­տա­բար կար­ծում, թէ ան­պա­ճոյճն՝ ան­պայ­մանն է, մե­ղան­չե­լը` զղջա­լը…): Իսկ ո ՞վ է մե­ղա­ւո­րը: ­Մե­ղա­ւոր ենք բո­լորս: Այս­տեղ ա­կա­մայ յի­շե­ցի հա­յոց եր­ջան­կա­յի­շա­տակ ­Գա­րե­գին Ա. ­Հայ­րա­պե­տի մի ու­շագ­րաւ միտ­քը՝ ա­սո­ւած տե­սա­նե­լի ու ան­տես թշնա­մի­նե­րի մա­սին.- «Ի՞նչ է ա­նե­րե­ւոյթ թշնա­մին: Այն թշնա­մին, որ մէ­ջէն կը գոր­ծէ… այդ թշնա­մին է, որ ա­մէ­նէն վտան­գա­ւորն է, ո­րով­հե­տեւ այդ թշնա­մին կը նմա­նի ծա­ռի մէ­ջէն գոր­ծող որ­դին, որ կ­’ու­տէ ա­ւի­շը, կը չորց­նէ ծա­ռը»։
Ա­յո՛, նաեւ ներ­քին այդ ցե­ցե­րուն դէմ պայ­քա­րը խորհր­դան­շող օր է ­Փետ­րո­ւար 21ը՝ սպա­սե­լով հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան կող­մէ հա­յոց ­Մայ­րե­նիին նո­ւի­րո­ւած պաշ­տօ­նա­կան Օ­րո­ւան հռչա­կու­մին։
­Հա­յոց ­Մայ­րե­նիին նո­ւի­րո­ւած պե­տա­կան Օր հաս­տա­տե­լով՝ նաեւ նո­րո­վի ա­ւիշ ու ե­ռանդ պի­տի ա­պա­հո­վենք մե­ռեալ լե­զո­ւի դա­ժան ճա­կա­տա­գի­րը դի­մագ­րա­ւող Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի վե­պա­կանգն­ման ու զար­գաց­ման պայ­քա­րին։
­Ժա­մա­նակն է ար­դէն, ե­թէ ու­շա­ցած ալ չենք, որ­պէս­զի հա­յոց պե­տա­կա­նու­թիւ­նը ամ­բող­ջաց­նէ ամ­րա­կուռ շղթան ­Հայ ­Լե­զո­ւի պահ­պան­ման եւ ան­կաշ­կանդ զար­գաց­ման ան­փո­խա­րի­նե­լի կռո­ւան­նե­րուն.- ­Հա­յա­խօս ըն­տա­նիք, հա­յա­շունչ ազ­գա­յին վար­ժա­րան, հա­յա­խոր­հուրդ ե­կե­ղե­ցի եւ հա­յաթ­ռիչ քա­ղա­քա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան կա­ռոյց­ներ, միու­թիւն­ներ։
­Հայ լե­զուն մեր աչ­քի լոյ­սին պէս գուր­գու­րա­լու հրա­ւէր է, վեր­ջա­պէս, հա­յոց ­Մայ­րե­նիին պե­տա­կան Օր յատ­կաց­նե­լու այս կո­չը։
Ազ­գի եւ ­Հայ­րե­նի­քի հո­գեմ­տա­ւոր ­Տու­նը ա­նե­րեր պա­հե­լու կոչ է, միա­ժա­մա­նակ, ­Մայ­րե­նիի պե­տա­կան պաշտ­պա­նու­թեան պա­հան­ջը, ո­րով­հե­տեւ ինչ­պէս բա­նաս­տեղծ ­Մու­շեղ Իշ­խան կը պատ­գա­մէ՝

­Հայ լե­զուն տունն է հա­յուն աշ­խար­հիս չորս ծա­գե­րուն,
Ուր կը մտնէ ա­մէն հայ իբ­րեւ տան­տէր հա­րա­զատ,
­Կը ստա­նայ սէր ու սնունդ, սրտի հպարտ ցնծու­թիւն
Եւ բո­րեա­նէն ու բու­քէն հոն կը մնայ միշտ ա­զատ։

­Քա­նի՜ դա­րեր եւ քա­նի՜ ճար­տա­րա­պետ հան­ճար­ներ
Աշ­խա­տե­ցան ա­նոր տալ վե­հու­թիւն, գեղ ու պեր­ճանք,
­Քա­նի՜ գեղ­ջուկ բա­նո­ւոր­ներ տքնե­ցան տիւ եւ գի­շեր,
Ո­րոնք թա­ղո­ւած են հի­մա մո­ռա­ցու­թեան մու­թին տակ։

Մշ­տա­նո­րոգ ու միշտ հին՝ ան կը տե­ւէ դա­րէ դար,
Իր ճրագ­նե­րը՝ միշտ լոյս, իր օ­ճա­խին հու­րը՝ վա՛ռ,
­Բա­րիք­նե­րով անս­պառ լե­ցուն ամ­բարն ու մա­ռան։

­Հո՛ն է միայն, որ կրնայ գտնել ա­մէն հայ կրկին
­Խա­ժա­մու­ժին մէջ օ­տար կորսն­ցու­ցած իր հո­գին,
Ան­ցեալն ան­հուն եւ ներ­կան, նոյն իսկ մթի՜ն ա­պա­գան…