Սեպտեմբեր 21ին, աւելի քան քառորդ դարէ ի վեր ահա՛, մեր ժողովուրդը աշխարհի ողջ տարածքին միասնականօրէն ոտքի կը կանգնի եւ համազգային խանդավառութեամբ կը տօնէ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման պատմակերտ Օրը։
Սեպտեմբեր 21ի տօնը կը խորհրդանշէ ժողովրդավարական նուիրագործումը Հայաստանի անկախութեան անփոխարինելի արժէքին՝ համայն հայութեան մէջ վերաթարմացնելով յիշողութիւնը 27 տարի առաջ ազգովի՛ն նուաճուած համաժողովրդական հանրաքուէի անմոռանալի պահերուն։ Օրհնաբեր այն Հանրաքուէն, որ մերօրեայ քաղաքակիրթ մարդկութեան առջեւ հանդիսադրեց հայ ժողովուրդին միահամուռ մեծ ԱՅՈ՜ պատասխանը՝ հայրենի ազատութիւնն ու անկախութիւնը վերականգնելու մեծ Ուխտը վերանորոգելով։
Ահա թէ ի՜նչ առումներով Սեպտեմբեր 21ի պատմակերտ ու դարակազմիկ այդ քայլը՝ Ազատ ու Անկախ Հայաստանի վերականգնման գաղափարական Ոխտին տօնը, աշխարհի ողջ տարածքին, ազգային հպարտութեան անխառն ապրումներով կը համակէ հայ մարդոց միտքն ու հոգին։
Քաղաքամայր Երեւանէն ու հայրենի ոստաններէն մինչեւ սփիւռքի մերձաւոր թէ հեռաւոր հայօճախները, հայ մարդը այսօր կը տօնէ ու կը վերյիշէ 1991 թուի Սեպտեմբեր 21ի հանրաքուէն։ Այդ ատեն պաշտօնապէս Սովետական Հայաստանի Սոցիալիստական Հանրապետութիւն կոչուող մեր երկրին մէջ, քուէարկելու իրաւունք ունեցող իր քաղաքացիներուն 99 տոկոսի միահամուռ ձայնով՝ մեր ժողովուրդը «Այո՛» պատասխանեց Հայաստանը Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս բերելու եւ վերստին անկախ հանրապետութիւն հռչակելու Հանրաքուէի միակ հարցումին։
21 Սեպտեմբերի հանրաքուէով՝ ի փառս Հայաստանի ու Հայութեան, հայրենի մեր ժողովուրդը իր 99 տոկոսով՝ ամբողջական միաձայնութեամբ ժողովրդավարականօրէն ընտրեց Հայաստան Աշխարհի ու հայոց ազգային պետականութեան վերանկախացման ուղին։
Այո՛, Սեպտեմբեր 21ի Մեծ Քայլով՝ Հայաստանն ու հայութիւնը նուաճեցին Իրաւական եւ Ժողովրդավարական կայացման ու ինքնահաստատման ուղին՝ յանուն Հայաստանի ազատ ու անկախ Հանրապետութեան վերականգնումին։
Միացեալ Հայաստանի կերտման անաւարտ ուղին դեռ մեր առջեւն է՝ երկար ու անհարթ ճամբու մը բոլոր դժուարութիւններով։ Հետագայ մեր ուղին խոչընդոտող դժուարութեանց յաղթահարումը կախեալ է մեր հաւաքական կամքէն եւ միասնական ուժէն, որպէսզի նախապատրաստենք եւ պատրաստ գտնուինք քաղաքական այն նպաստաւոր պահուն, երբ ազգովին պիտի յաջողինք իր տրամաբանական աւարտին հասցնել 23 Օգոստոս 1990ին հռչակուած եւ 21 Սեպտեմբեր 1991ին ամրագրուած Հայաստանի անկախութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդներու վերականգնման պայքարը։
Յատկապէս 21 Սեպտեմբեր 1991ի տարեդարձին օրը չենք կրնար մտահան ընել մեր երկրին ու ժողովուրդին վրայ յամեցող արտաքին ճնշումները՝ հայոց պետականութեան ազատութենէն ու անկախութենէն այս կամ այն չափի զիջումներ կատարելու, այս կամ այն Արձանագրութեանց եւ Պայմանագիրներու յաւելեալ տուրք վճարելու… միջազգային «պարտաւորութեանց» ճամբով։
Այդ դիտանկիւնէն Հայաստանի Անկախութեան Հանրաքուէին տարեդարձը նաեւ ահազանգ կը հնչեցնէ, որպէսզի ազգովին արթուն հսկենք եւ յաղթահարենք Հայոց Պետական Տան ղեկը ստանձնած իշխանաւոր ուժերու դեդեւումները՝ հաւասարապէս ներքին թէ արտաքին քաղաքականութեան բոլոր ճակատներուն վրայ։ Յատկապէս Նոր Հայաստանի վերակերտման թաւշեայ յեղափոխութեան յաղթանակէն ասդին՝ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման տօնը համապատասխան արժեւորումներու լուսարձակին տակ կը բերէ վերջին քառորդ դարու հաւաքական մեր երթը։
Ի խնդիր Այսօրուան եւ Վաղուան մարտահրաւէրները արժանաւորապէս դիմագրաւելու մեր ուժականութեան ու պայքարունակութեան ամրապնդման՝ համապատասխան լուսարձակի տակ պէտք է առնուին եւ շեշտուին Սեպտեմբեր 21ի Հանրաքուէին քաղաքական նշանակութիւնն ու գաղափարական թելադրականութիւնը։
Հայաստանի Անկախութեան վերականգնման աւելի քան քառորդ դարու երթը շատ դժուար եղաւ։ Խորհրդային փլուզուող կայսրութենէն մեր ժողովուրդը ժառանգեց անդամալոյծ եւ սնանկացած տնտեսութիւն մը, որ հասարակափոխութեան դաժան պայմաններուն մէջ ուղղակի անտիրութեան, ծայրայեղ չքաւորութեան եւ ապագայի անորոշութեան մատնեց հայրենի հայութիւնը։
Առարկայական այդ դժուարութեանց վրայ գումարուելու եկան նորանկախ մեր պետականութեան կառավարման ղեկը ստանձնած քաղաքական ուժերուն գործած քաղաքական եւ ընկերատնտեսական ծանր սխալները, որոնց հետեւանքով անարդարութիւնը համատարած բնոյթ ստացաւ մեր կեանքին մէջ՝ աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայերու արտագաղթին յաւելեալ թափ տալով, ինչ որ կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը։
Այդ բոլորով հանդերձ՝ մանուկ մեր անկախութիւնը արդէն քսանեօթը տարեկան կը դառնայ այսօր։ Ազգի եւ Հայրենիքի Պետական Տունը արդէն տոկացած է ժամանակի քննութեան, հիմնական նուաճումներ արձանագրած է եւ իր տեղը գրաւած է ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու քաղաքացիական կենսունակութեամբ լծուած է անցեալի ընկրկումները յաղթահարելու եւ վաղուան պայծառ գալիքը նուաճելու զօրաշարժին։
Աւելի՛ն. նոր ժամանակներու մէջ առաջին անգամ ըլլալով, հայ ժողովուրդը իր երկու՝ հայրենական ու սփիւռքեան թեւերով միասնաբար կը դիմագրաւէ անփոխարինելի մեր անկախութեան ամրապնդման եւ հայոց պետականութեան հզօրացման մարտահրաւէրները։
Ինչպէս ըսուեցաւ, Միացեալ Հայաստանի տեսլականով մղուող պայքարը դեռ մեր առջեւն է եւ այնքան ալ հարթ չէ Ազատ ու Անկախ, մանաւանդ նաեւ Միացեա՛լ Հայաստանի կերտման ուղին։
Իսկ վաղուան մեր երթին յաղթական ընթացքը ապահովելու համար, կենսական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ կտրուած ուղիին ճիշդ գնահատումը, անցեալի դասերէն օգտուելու՝ սխալները չկրկնելու եւ յաջողութիւնները ամրապնդելու իմաստութիւնը։
Իմաստութիւն՝ որ առաջին հերթին բաց ճակատով հաշուի պիտի նստի սեփական անցեալին հետ. ո՛չ մոռացումի մատնէ իրողութիւնները, ոչ ալ յատկապէս խեղաթիւրէ զանոնք՝ այս կամ այն քաղաքական ուժին ի նպաստ ծառայութիւն մատուցանելու նեղ ու անհեռանկար հաշիւներով։
Յիշենք ու չմոռնանք, որ 23 Օգոստոս 1990ին հաստատուած Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագրով, մեր ժողովուրդը որոշած էր քալել 28 Մայիս 1918ին նուաճուած Հայաստանի անկախութիւնը եւ անոր ծնունդ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ու ժողովրդավարական աւանդոյթը վերականգնելու ռազմավարութեան հունով։
Այդ առումով ալ՝ Հայաստանի Անկախութեան վերականգնման օրն է Սեպտեմբեր 21ը, որովհետեւ 28 Մայիս 1918ին հայ ժողովուրդը թանկագին արեան գնով նուաճած էր արդէն իր անկախութիւնը։
Յիշենք ու չմոռնանք, նաեւ, որ Սեպտեմբեր 21ի Անկախութեան Հանրաքուէն փաստօրէն հակազդեցութիւն-պատասխան էր Մարտ 1991ի Խորհրդային համամիութենական հանրաքուէին։ Կորպաչովի ղեկավարած խորհրդային կեդրոնական իշխանութիւնները որոշած էին համամիութենական հանրաքուէ մը կազմակերպել, որպէսզի Խ. Միութիւնը բաղկացնող հանրապետութեանց քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներու ձայնով ու ընտրանքով պահպանեն բազմազգ Խորհրդային Միութիւնը՝ իբր թէ բարեփոխուած տեսքով։ Իսկ Հայաստանի այդ օրուան իշխանութիւնները եկան շրջելու համամիութենական այդ հանրաքուէին առանցքային հարցադրումը՝ Խորհրդային Միութենէն անջատաբար Հայաստանի Անկախութեան ընտրանքի հարցը ներկայացնելով հայրենի հայութեան Հանրաքուէի հաւանութեան։
Յիշենք ու չմոռնանք, նոյնպէ՛ս, որ Հայաստանի վերանկախացման համար մղուող պայքարը, այդ օրերուն, փաստօրէն յառաջ կը մղուէր իրարու ներհակ ռազմավարութիւններով՝ «անկախական» եւ «անջատողական» ուղղութիւններով։
Մինչ հայ քաղաքական մտքի աւանդական ուժերը կը շեշտէին Արցախի ազգային-ազատագրումը հակախորհրդային անջատողական շարժումին չստորադասելու հրամայականը, անդին՝ նորայայտ գործիչներ պարզած էին ամէն գնով խորհրդային կործանուող «գնացք»էն դուրս «թռչելու» դրօշը…
Անջատողական միեւնոյն այդ ռազմավարութեան ներշնչումով էր, որ օրուան Հ.Հ.Շ.ական գործիչները մերժելով մերժեցին Անկախութեան իրաւական հիմքը ստեղծող Հայաստանի Սահմանադրութեան որդեգրումը։ Ընդհակառակն՝ Սահմանադրութեան փոխարէն յատուկ օրէնք ընդունեցին Հայաստանի նախագահի պաշտօնի ստեղծման մասին, որուն համար ընտրութեանց թուական ճշդուեցաւ 1991ի Հոկտեմբերը։
Սեպտեմբեր 21ի Հանրաքուէին 27ամեակին առիթով կ’արժէ վերյիշել մեր կտրած ուղիին այդ փշոտ անցքերը, որպէսզի Հայաստանի վերանկախացման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերականգնման Մեծ Քայլի իր իմաստով, արժէքով եւ փառքով տօնենք մեր ժողովուրդին 99 տոկոսի միահամուռ «Այո՛»ն՝ ի սպաս հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան երթին։
Կþարժէ այդ ամէնը վերյիշել, որպէսզի մեր այսօրուան քայլերուն եւ վաղուան ընտրանքներուն մօտենանք հայ ժողովուրդի կենսափորձին եւ սորված դասերուն ամբողջական գիտակցութեամբ։
Որպէսզի բնաւ մտահան չընենք, որ՝
— Մեր ժողովուրդը, յանուն Հայաստանի անկախութեան, պատրաստ է ամէն զոհաբերութեան, անգամ գերագոյնին։ Նոյնիսկ երբ անկախութեան առաջին օրերը ծանր զրկանքի եւ ծայրայեղ աղքատացման մատնեցին մեր ժողովուրդին, «խորհրդային ժամանակներու կարօտախտ» դրսեւորելով հանդերձ՝ դարձեալ ազգովին մենք կառչած մնացինք անկախութեան երթը ամէն գնով յառաջ մղելու հաւաքական ուխտին ու յանձնառութեան։ Եւ եթէ միլիոնով հայերու արտագաղթ տեղի ունեցաւ եւ զգալապէս դատարկուեցաւ Հայաստանը, պատճառը սոսկ կամ այնքան սովն ու անապահովութիւնը չէին, որքան համաժողովրդային ընդվզումն էր արագօրէն եւ վայրագօրէն յղփացող իշխանաւոր վերնախաւի մը կազմաւորման եւ բռնիշխանական կառավարման համակարգի անարդարութեան դէմ։
Սեպտեմբեր 21ի Անկախութեան Հանրաքուէն, ազգային-քաղաքական եւ ընկերատնտեսական իր ռազմավարական դասերով, Հայաստանի ու հայութեան ամբողջական ազատագրութեան եւ պատմական Մեծագոյն Վերականգնումին՝ Միացեալ Հայաստանի ու Միացեալ Հայութեան դժուարին ուղին լուսաւորող Աւանդ եւ Ուղեցոյց է։
Մայիս 2018ի թաւշեայ յեղափոխութեան թափ տուած ինքնամաքրումի շռնդալից թռիչքը եւ համաժողովրդական շարժումին հպարտառիթ սանձազերծումը անուրանալի վկայութիւնն են լուսաւոր այդ ուղիով հաւաքական մեր երթը շարունակելու պատմական անհրաժեշտութեան։
21 Սեպտեմբեր 1991
21 Սեպտեմբեր 1991. Հայաստանի Անկախութեան վերականգնման տօնին մե՜ծ դասերը Ն.