7 ամիս ատրպէյճանական բանտին մէջ մնացած ռուս պլոկըր Ալեքսանդր Լափշին իր LiveJournalի մէջ կը գրէ, թէ ատրպէյճանցիները, վրդովուած ըլլալով՝ որ Ռուսիա կը պաշտպանէր Լափշինի իրաւունքները անոր բանտարկութեան ժամանակ, իրենց ատրպէյճանալեզու կայքերուն մէջ սկսած են վարկաբեկելու Ռուսիոյ առաջին դէմքերը: Պլոկըրը աւելցուցած է, որ իր ատրպէյճանցի ընկերները նման յօդուածներու յղումներ տրամադրած են իրեն,- կը հաղորդէ «Փանարմինիըն»: Լափշին կ՛աւելցնէ, որ սկիզբը ցեխ կ՛արձակէին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի խօսնակ Մարիա Զախարովային հասցէին, իսկ հիմա հասած են նախարար Սերկէյ Լաւրովին` զայն բառացիօրէն անուանելով «Ռուսիոյ հայ արտաքին գործոց նախարար»: Եւ ատիկա կ՛ընեն միանգամայն պաշտօնական լրատուամիջոցները` Turan Newsը, օրինակ: «Յօդուածին մէջ յատուկ կը շեշտուի Լաւրովի ազգութիւնը` չէ՞ որ Ատրպէյճանի վերաբերմունքը հայերու հանդէպ վաղուց յայտնի է: Այնպիսի տպաւորութիւն կայ, թէ ով որ առնչութիւն ունի հայ ժողովուրդին հետ՝ արդէն իսկ յանցագործ է: Եւ ատիկա տեղական լրատուամիջոցները կը մտցնեն քաղաքացիներու գլուխները` թշնամիի կերպար ստեղծելով: Շատ կը յիշեցնէ Հիթլերի ցեղապաշտական տեսութիւնը՝ հրեաներու եւ սլաւոններու վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ պետութեան բոլոր խնդիրները հրեաներուն վերագրելու մոլուցքը»,- կը գրէ Լափշին:
21րդ դարու ֆաշականութիւն
«Պաքուի լրատուամիջոցները «կը հաշուեն» Ռուսիոյ առաջին դէմքերու հայկական արեան տոկոսը»,- կը յայտարարէ Լափշին