Շաբաթ՝ 11 Նոյեմբերին, վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գրասենեակին մէջ, տեղի ունեցած է 2018ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք 3 մեծ իրադարձութիւններուն` Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան Հերոսամարտներու 100ամեակի եւ Երեւանի հիմնադրման 2800ամեակի նախապատրաստական աշխատանքներու վերաբերեալ խորհրդակցութիւն:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան զեկուցում ներկայացուցած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17րդ վեհաժողովի նախապատրաստման եւ կազմակերպման վերաբերեալ: Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան ներկայացուցած է մայրաքաղաքի հիմնադրման 2800ամեակի շրջագիծին մէջ նախատեսուող ձեռնարկները եւ նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքը: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Վահէ Ստեփանեանն ալ, իր կարգին, զեկուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան Հերոսամարտներու 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին: Քննարկուած են տարբեր կազմակերպչական հարցեր եւ առաջարկներ:
Վարչապետը, ընդգծելով 2018ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք այս երեք մեծ իրադարձութիւններուն կարեւորութիւնը, շեշտած է, որ անոնք պէտք է կազմակերպուին բարձր մակարդակով եւ պատշաճօրէն: Անդրադառնալով Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովին` վարչապետ Կարէն Կարապետեան յանձնարարած է շահագրգիռ նախարարութիւններուն ըլլալ աշխոյժ եւ պատասխանատու՝ ընդհանուր կազմակերպչական աշխատանքներով: «Իւրաքանչիւրը իր գործով պէտք է ներգրաւուած ըլլայ կազմակերպչական բոլոր հոլովոյթներուն մէջ, եւ համապատասխան աշխատանքային խումբերը պէտք է կանոնաւոր, առարկայական եւ համակարգուած աշխատին այդ ուղղութեամբ»,- նշած է կառավարութեան ղեկավարը: Վարչապետը յանձնարարած է մէկ շաբթուան ընթացքին ամփոփել 3 իրադարձութիւններուն վերաբերեալ առաջարկները, յստակացնել նախատեսուող աշխատանքները եւ ներկայացնել յստակ ծրագիրներ:
2018ի՝ 3 մեծ իրադարձութիւնները
«Պէտք է ամփոփել 2018ի 3 մեծ իրադարձութիւններուն առնչուող առաջարկները»