Շատ սիրելի ազգայիններ,
2018ի սեմին կու գամ այս տողերով ձեզ ողջունելու եւ շնորհաւորելու Սուրբ Ծնունդն ու Նոր Տարին։
Մենք ուխտած ենք հաւատարիմ մնալ մեր նախնիներու հաւատքին, այլեւ՝ մեր պատմութեան, մեր լեզուին, մեր մշակոյթին, մեր ծէսին, մեր երաժշտութեան հանդէպ։
Ո՛վ մարդ, դուն որ կ՛աշխատիս ամէն օր, ծանրաբեռնուած՝ զանազան դժուարութեանց պատճառաւ եւ հոգերով… Դուն՝ որ անձանձրոյթ կը նուիրուիս ամուսինիդ, կնոջդ, զաւակներուդ, կը հսկես անդադար…
Եթէ հաւատքի գաղափարականը չունենաս քու առջեւդ՝ ողորմելի ես։
Եթէ կատարած պարտականութիւններուդ մէջ գաղափարական մը չունենաս քու առջեւդ՝ տաժանալի կ՛ըլլայ քու կեանքդ։
Եթէ չունիս վեհ գաղափարական մը՝ ողորմելի ես։
Ի՞նչ կ’արժէ՝ եթէ շահինք ամբողջ աշխարհը եւ կորսնցնենք մեր հաւատքը, մեր հոգին։
Ապրեցէ՛ք Աստուծոյ շնորհին մէջ, սրբութեամբ, արդարութեամբ։
Եղէ՛ք խաղաղարարներ՝ ձեր ընտանիքին մէջ, ձեր ազգին մէջ, մարդկութեան մէջ։
«Փառք ի բարձունս Աստուծոյ», որուն ի փառս կը շինուին եկեղեցիներ, կը կատարուին բարի գործեր… «Եւ յերկիր խաղաղութիւն», այն խաղաղութիւնը՝ որ այնքան վտանգուած է այս օրերուս, եւ որուն համար պէտք է անդադար բարձրացնենք մեր ջերմ աղօթքները մսուրին առջեւ։
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ
Ձեզի մեզի մեծ աւետիս
Հայր Յովսէփ Փ. Ծ. Վ. Պէզազեան
Առաջնորդ Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի
Աթէնք, 2017