­Յա­կոբ ­Ճէ­լա­լեա­նի փո­րագ­րան­կար­նե­րու հա­ւա­քա­ծո­յի ներ­կա­յա­ցում

UNESCOի կող­մէ հռչա­կո­ւած «2018ը. Ա­թէնք՝ գիր­քի մի­ջազ­գա­յին մայ­րա­քա­ղաք» մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու ծի­րէն ներս, ­Յու­նաս­տա­նի «­Հա­մազ­գա­յին» ­Հայ Կրթա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան եւ «­Փուշ­կին» հիմ­նար­կի՝ գիր­քե­րու եւ նկար­նե­րու ե­ռօ­րեայ ցու­ցադ­րու­թիւն մը կազ­մա­կեր­պեց Ուր­բաթ, ­Շա­բաթ եւ ­Կի­րա­կի 14, 15, 16 ­Դեկ­տեմ­բեր 2018ին, Ա­թէն­քի «­Մե­լի­նա ­Մեր­քու­րի» մշա­կու­թա­յին պատ­մա­կան կեդ­րո­նի հան­դի­սաս­րահ­նե­րուն մէջ, ա­ռիթ տա­լով հայ, յոյն եւ օ­տա­րազ­գի ա­րո­ւես­տի ու մշա­կոյ­թի սի­րա­հար­նե­րու, այ­լեւ հա­ղոր­դակ­ցա­կան մի­ջոց­նե­րու՝ այ­ցե­լե­լու եւ գնա­հա­տե­լու ներ­կա­յա­ցո­ւած ցու­ցա­հան­դէ­սի վա­ւե­րա­կան ար­ժէքն ու փաս­տագ­րո­ւած օ­րի­նակ­նե­րու-նմոյշ­նե­րու իւ­րա­յա­տուկ գոր­ծե­րը:
­Ցու­ցադ­րու­թեան ներ­կա­յա­ցո­ւած էր հա­յե­րէն, յու­նա­րէն եւ օ­տա­րա­լե­զու գիր­քե­րու ճոխ հա­ւա­քա­ծոյ, ա­ռի­թը ըն­ծա­յե­լով այ­ցե­լու­նե­րուն ճանչ­նա­լու հայ գիրն ու գրա­կա­նու­թիւ­նը ու ո­գեշն­չո­ւե­լու հայ գի­րի նմոյշ­նե­րու աշ­խար­հէն:
Այ­ցե­լու­թեան ա­ռի­թով, հիւ­րե­րը ջերմ ու եր­կար զրոյց­ներ ու­նե­ցան «­Հա­մազ­գա­յին»ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րուն ու պրն. ­Յա­կոբ ­Ճէ­լա­լեա­նին հետ, ո­րոնք յա­ւե­լեալ ու օգ­տա­կար տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին շա­հագրգռո­ւող մշա­կու­թա­սէր­նե­րուն՝ հա­յոց պատ­մու­թեան, հայ­կա­կան ա­րո­ւես­տի ու մշա­կոյ­թի, Հայ Դա­տի, ­Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կի ու Ար­ցա­խի ժա­մա­նա­կա­կից քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճա­կին շուրջ:
­Ցու­ցադ­րու­թեան ներ­կա­յա­ցո­ւած էին նաեւ յու­նա­հայ մտա­ւո­րա­կան պրն. ­Յա­կոբ ­Ճէ­լա­լեա­նի 60 փո­րագ­րան­կար­նե­րու (կռա­վիւր) հա­ւա­քա­ծո­յէն կտոր­ներ, ընդ­հա­նուր բնա­բան ու­նե­նա­լով «1918 ­Մա­յիս 28. ան­ցա­գիր դէ­պի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն» — «28 Μαϊου 1918. Διαβατήριο για την Δημοκρατία», նո­ւի­րո­ւած՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 100ա­մեա­կին:
­Ներ­կա­յա­ցո­ւած փո­րագ­րան­կար­նե­րը կը բո­վան­դա­կեն 400 տա­րո­ւան պատ­մու­թիւն (16րդ-20րդ ­դար):

***

UNESCOի «­Գիր­քի հա­մաշ­խար­հա­յին մայ­րա­քա­ղաք» մի­ջազ­գա­յին ծրա­գի­րը հիմ­նադ­րո­ւած է 1996ին եւ իւ­րա­քան­չիւր տա­րի տար­բեր քա­ղաք մը կ’ընտ­րո­ւի, որ­պէս գիր­քե­րու եւ ըն­թեր­ցա­նու­թեան խրա­խուս­ման մայ­րա­քա­ղաք:
Այս ծի­րէն ներս, 2012ին ­Հա­յաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղաք Ե­րե­ւա­նը ընտ­րո­ւած էր իբ­րեւ հա­մաշ­խար­հա­յին գիր­քի ցու­ցա­հան­դէ­սի վայր, ինչ որ ա­ռիթ տո­ւած էր բազ­մա­թիւ ու բազ­մաբ­նոյթ տար­բեր ե­լոյթ­նե­րու, Ե­րե­ւա­նը հան­դի­սա­նա­լով իբ­րեւ քա­ղա­քակր­թա­կան ու մշա­կու­թա­յին մայ­րա­քա­ղա­քի օր­րան:
­Մի­ջո­ցառ­ման նա­խա­գա­հեց «­Հա­մազ­գա­յին»ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ան­դամ ընկ. ­Յու­լիա­նա ­Մա­նու­կեան, որ իր բաց­ման խօս­քին մէջ ամ­փոփ պատ­մա­կան մը կա­տա­րե­լով «­Հա­մազ­գա­յին»ի ու իր բազ­մա­շերտ գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ, խօ­սե­ցաւ սոյն ձեռ­նար­կին ա­ռի­թով Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան, «­Փուշ­կին» հիմ­նար­կի հետ՝ սոյն ե­լոյ­թի ի­րա­գործ­ման հա­մար կա­յա­ցած կազ­մա­կեր­պա­կան ­գոր­ծակ­ցու­թեան, նմա­նա­տե­սակ՝ գիր­քի, նկա­րի, փո­րագ­րան­կար­նե­րու ցու­ցադ­րու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին, ինչ որ լա­ւա­գոյն ա­ռիթ­ներ կը հան­դի­սա­նան՝ պա­րի, եր­գի, նո­ւա­գի, թատ­րո­նի զու­գա­հեռ հայ մշա­կոյ­թի եւ մեր ազ­գա­յին անգ­նա­հա­տե­լի ար­ժէք­նե­րու ներ­կա­յաց­ման, ա­ռիթ տա­լով հայ եւ օ­տար ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ծա­նօ­թաց­ման ու ճա­նաչ­ման կա­րե­լիու­թեան:
­Յա­ջոր­դա­բար, օ­րո­ւան ծրա­գի­րը գոր­ծադ­րու­թեան դնե­լով՝ ընկ. ­Մա­նու­կեան ա­ռա­ջին ա­ռի­թով հրա­ւի­րեց ընկ. ­Մա­րի ­Մի­քա­յէ­լեա­նը իր խօս­քը ար­տա­սա­նե­լու:

Ընկ. ­Մա­րի ­Մի­քա­յէ­լեա­նի խօս­քի ներ­կա­յա­ցու­մը

Ըն­կե­րու­հին հաս­տա­տեց, որ Ս­փիւռ­քը պա­հող ու պահ­պա­նող եր­կու հիմ­նա­կան կա­ռու­ցա­յին բե­ւեռ­նե­րը կը կազ­մեն մշա­կոյթն ու լե­զուն, ո­րուն վրայ կա­րե­լի է ար­ժե­ւո­րել Ս­փիւռ­քի գո­յու­թեան պահ­պա­նումն ու յա­րա­տե­ւու­մը: Ազ­գե­րու գո­յա­տեւ­ման հիմ­նա­կան ազ­դակ­նե­րէն կը հան­դի­սա­նան գի­րը-գիր­քը-գրա­կա­նու­թիւ­նը, ո­րոնք կեն­դա­նիօ­րէն կը հան­դի­սադ­րեն մեր կեան­քը, բար­քերն ու ժո­ղովր­դա­յին ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը:
Ան խօ­սե­ցաւ գի­րե­րու գիւ­տի, հա­յոց Ոս­կե­դա­րու (5րդ ­դար) եւ ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի կող­մէ հա­յոց այ­բու­բե­նի ստեղծ­ման, ինչ որ ա­նա­ռար­կե­լիօ­րէն հի­մը դրաւ ու նպաս­տեց հա­յե­րէն խօ­սե­լու, հա­յե­րէն գրե­լու եւ ար­տա­յայ­տո­ւե­լու գրա­կան կա­րե­լիու­թեան, նոր էջ մը բա­նա­լով հայ կեան­քին, հայ լե­զո­ւամ­տա­ծո­ղու­թեան ու զար­գաց­ման, հա­յուն նոր նկա­րա­գիր ու ազ­գա­յին բնո­րո­շում դրոշ­մե­լով իր ա­պա­գայ կա­ռու­ցա­յին հե­ռան­կար­նե­րուն, պատ­մագ­րու­թեան, որ շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ ­Մով­սէս ­Խո­րե­նա­ցիով եւ այլ գրիչ­նե­րով, ո­րոնք լե­զո­ւա­կան նոր հնար­քով զար­գա­ցու­ցին հա­յու մտա­հո­գե­ւոր քա­ղա­քակրթա­կան մա­կար­դակ­ներն ու հայ­րե­նա­կան ժա­ռան­գու­թիւնն ու հրա­տա­րակ­չա­կան զար­գա­ցումն ու բար­գա­ւա­ճու­մը: Վ­կա­յա­կո­չեց ­Սա­սուն­ցի ­Դա­ւի­թը որ­պէս ժո­ղովր­դա­յին բա­նա­հիւ­սու­թեան նմոյշ, աս­տո­ւա­ծա­բան Գ­րի­գոր ­Մա­գիստ­րո­սը, Գ­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցին, ­Ներ­սէս Շ­նոր­հա­լին, Մ­խի­թար ­Գօ­շը, Գ­րի­գոր ­Տա­թե­ւա­ցին, Մ­խի­թար ­Սե­բաս­տա­ցին եւ Մ­խի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան ներդ­րու­մը հայ գրա­կա­նու­թեան, տպագ­րու­թեան մէջ, Ղե­ւոնդ Ա­լի­շա­նը, պատ­մա­գէտ ­Մի­քա­յէլ ­Չամ­չեա­նը եւ ու­րիշ­ներ:
19րդ ­դար անց­նե­լով կա­րե­ւո­րու­թեամբ ընդգ­ծեց գրա­կան նա­խա­զար­թօն­քի ու զար­թօն­քի վա­ւե­րա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ա­նուն­նե­րը, ինչ­պէս ­Խա­չա­տուր Ա­բո­վեա­նը, ­Ռաֆ­ֆին իր հայ­րե­նա­սի­րա­կան հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րով ու հա­սաւ մին­չեւ Ա­րեւմ­տա­հայ, Ա­րե­ւե­լա­հայ ու խորհր­դա­հայ գրող­նե­րու, ո­րոնք ծաղ­կե­ցու­ցին մեր լե­զո­ւագ­րա­կան ան­դաս­տա­նը բազ­մաշ­նորհ գրա­կան գո­հար­նե­րով, ո­րոնք կը ցո­լաց­նէին մեր ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան-հո­գե­ւոր եւ հա­սա­րա­կա-ըն­կե­րա­յին ա­ռօ­րեան ու կեան­քը, ի­րենց հա­յադ­րոշմ ի­րար յա­ջոր­դող իւ­րա­յա­տուկ հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րով:
Ընկ. ­Մի­քա­յէ­լեա­նը ներ­կա­յա­ցուց նաեւ յոյն թէ յու­նա­հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու ու գրող­նե­րու գոր­ծե­րը, որ կեն­դա­նի ցու­ցա­նիշ կը կազ­մեն եր­կու եղ­բայ­րա­կից ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ա­մուր ու սի­րա­լիր կա­պե­րուն պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին, հի­մը դնե­լով «յու­նա­սէր­նե­րու դպրո­ցի» մը, ո­րու հե­տե­ւան­քով ալ զարկ տրո­ւե­ցաւ ու հի­մը դրո­ւե­ցաւ թարգ­ման­չա­կան հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու, սկսե­լով ­Տիգ­րան ­Մե­ծի ար­քու­նի­քի (Ք. ա. 70 թո­ւա­կան­նե­րուն) ժա­մա­նակ­նե­րէն, վկա­յա­կո­չե­լով յու­նա­սէր գրող­նե­րու ա­նուն­ներ, ո­րոնք ­Բիւ­զան­դիո­նի անկ­ման ա­ռի­թով ող­բեր­գա­սա­ցու­թիւն­ներ գրի ա­ռին, իսկ ա­ւե­լի վերջ ալ ե­րի­տա­սարդ մտա­ւո­րա­կան ­Տիգ­րան Եր­կաթ Ա­թէն­քի մէջ իր յու­նա­սի­րա­կան ե­լոյթ­նե­րով գրա­ւեց յոյն մտա­ւո­րա­կան շրջա­նակ­նե­րու ու­շադ­րու­թիւնն ու հա­մակ­րան­քը: Ա­պա ­Վազ­գէն Ե­սա­յեա­նը, որ յոյն բա­նաս­տեղծ ­Քու­լիս Ա­լե­փի­սին հետ հրա­տա­րա­կե­ցին «Ար­մե­նի­քի ­Մու­սա»ն՝ ամ­րապն­դե­լով յոյն-հայ գրա­սի­րա­կան ազ­գակ­ցու­թիւնն ու սեր­տա­ցու­մը:
Իր խօս­քը ա­ւար­տե­լով, եզ­րա­փա­կեց ը­սե­լով, թէ բա­նաս­տեղծն ու գրո­ղը իր ժո­ղո­վուր­դի հա­րա­զատ սրտի վա­ւե­րա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչն է, քա­նի գրո­ղը իր ձե­ռագ­րին դի­մաց ան­կեղծ, իւ­րա­յա­տուկ ու ա­ռանձ­նա­կի փաս­տագ­րողն է իր ազ­գի ու Աս­տու­ծոյ առ­ջեւ իբ­րեւ առ­կայ ու գո­յա­տե­ւող ներ­կա­յա­ցու­ցիչ մը:
Ընկ. ­Մա­րի ­Մի­քա­յէ­լեա­նի խօս­քը, իր սքան­չե­լի յու­նա­րէ­նով ար­ժա­նա­ցաւ բո­լոր ներ­կա­նե­րու գնա­հա­տան­քին:

Պրն. ­Յա­կոբ ­Ճէ­լա­լեա­նի խօս­քը

Օ­րո­ւան նա­խա­գա­հու­հին ա­պա հրա­ւի­րեց ­«Հա­մազ­գա­յի­ն»ի սոյն ցու­ցա­հան­դէ­սի ի­րագ ործ­ման ու ո­րա­կա­ւոր­ման նպա­տա­կով 50 փո­րագ­րան­կար­ներ, ման­րան­կա­րիչ ­Թո­րոս ­Ռոս­լի­նի ձե­ռագ­րի օ­րի­նակ մը (1380), 19րդ ­դա­րու «­Մայր ­Հա­յաս­տան» ա­սեղ­նա­գործ կտաւ մը, վի­շա­պա­գորգ մը, ե­ւայլն տրա­մադ­րող յու­նա­հայ մտա­ւո­րա­կան պրն. ­Յա­կոբ ­Ճէ­լա­լեա­նը իր սրտի խօս­քը ը­սե­լու:
Պրն. ­Ճէ­լա­լեան իր խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան այս ծրա­գի­րը ի­րա­գոր­ծե­լու, մա­նա­ւանդ ­Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին ­Հան­րա­պե­տու­թեան 100ա­մեա­կին պատ­մա­կան ա­ռի­թով:
Իր խօս­քին մէջ պրն. ­Ճէ­լա­լեա­նը դի­տել տո­ւաւ, թէ՝ ներ­կա­յա­ցո­ւող 50 փո­րագ­րան­կար­նե­րը (կռա­վիւր) շա­րու­նա­կու­թիւնն են եւ մա­սամբ ամ­բող­ջա­ցու­մը 130 այլ փո­րագ­րան­կար­նե­րուն, ո­րոնք նո­ւի­րո­ւե­ցան ­Սար­տա­րա­պա­տի Ազ­գագ­րա­կան թան­գա­րա­նին 2006 թո­ւա­կա­նին: ­Բո­լորն ալ, ի­րենց ընդ­հա­նու­րին մէջ գոր­ծերն են օ­տար վար­պետ­նե­րու եւ կը ներ­կա­յաց­նեն ­Հա­յաս­տա­նը եւ հայ­կա­կան կեան­քը իր բո­լոր տե­սան­կիւն­նե­րէն դի­տո­ւած: ­Փաս­տօ­րէն, ա­նոնք կը բո­վան­դա­կեն պատ­կեր­ներ, տա­րազ­ներ, տե­ղա­նուն­ներ, տե­ղա­վայ­րեր քա­ղա­քա­կան ու կրօ­նա­կան կեան­քէ ու ան­ցու­դար­ձե­րէ, ինչ­պէս նաեւ քար­տէս­ներ:
­Գե­ղա­գի­տա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ի­րենց ար­ժէ­քէն ան­դին, ա­նոնք ու­նին պատ­մա­կան-վա­ւե­րագ­րա­կան ար­ժէք ու նշա­նա­կու­թիւն:
Այս­պէս, ­Վան, ­Մուշ, ­Կարս, Էրզ­րում, քա­ղաք­նե­րը նշո­ւած են որ­պէս հայ­կա­կան: ­Նոյն­պէս, կան քար­տէս­ներ, ո­րոնք կը ցու­ցադ­րեն պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի 300.000 ք. քլմ. չորս բա­ժան­մունք­նե­րու տա­րա­ծու­թեամբ: ­Կան եւս քար­տէս­ներ ուր նշո­ւած է լա­տի­նա­տառ ­Հա­յաս­տան (Hayasdan) ա­նու­նը:
­Բա­ցի ջար­դե­րէն, տար­բեր ազ­գու­թիւն­նե­րու կող­մէ եւ բա­ցի հա­յու ա­ռօ­րեա­յէն-եր­բեմն խեղճ, եր­բեմն ռա­միկ- պատ­կե­րո­ւած են մե­ծա­նուն ճար­տա­րա­պետ­ներ, ո­րա­կա­ւոր մե­ծա­հա­րուստ վա­ճա­ռա­կան­ներ, ազ­նո­ւա­կան ան­ձեր, ինչ­պէս նաեւ օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ, սուլ­թա­նէն վերջ թիւ 2 անձ­նա­ւո­րու­թիւն՝ ­Տիւ­զեան ա­մի­րան, որ կը վա­րէր կայս­րու­թեան գան­ձա­պե­տի պաշ­տօ­նը, ինչ­պէս նաեւ պա­լա­տի ոս­կեր­չա­պե­տը:
­Ցու­ցադ­րո­ւող փո­րագ­րան­կար­նե­րու շար­քի գոր­ծեր հետզ­հե­տէ հա­զո­ւա­գիւտ կը դառ­նան եւ ա­նոնց գլխա­ւոր պատ­ճա­ռը այն է, թէ մեր թշնա­մի­նե­րը կը ջա­նան ան­հե­տաց­նել ա­նոնց հետ­քե­րը, ինչ­պէս օ­րի­նա­կի հա­մար ­Նա­խի­ջե­ւա­նի ­Ջու­ղա­յի գե­րեզ­մա­նա­տան խաչ­քա­րե­րը: ­Հի­ւան­դա­գին նոյն մտադ­րու­թեամբ ­Մայր ­Հա­յաս­տա­նի ա­սեղ­նա­գոր­ծո­ւած 7 մայ­րա­քա­ղաք­նե­րու ա­նուն­նե­րը զեղ­չուած են: Այս կը յի­շեց­նէ բիւ­զան­դա­կան սրբան­կար­նե­րէն աչ­քեր փո­րե­լու փաս­տը թա­լի­պա­նա­կան բար­բա­րոս մի­տու­մով:
Այս փո­րագ­րա­կան­կար­նե­րը ցոյց կու­տան նաեւ՝ թէ որ­քան նոյ­նա­ցած են մշա­կոյթ եւ հայ­կա­կա­նու­թիւն ի­մաստ­նե­րը:
Պրն. ­Ճէ­լա­լեան իր խօս­քը ա­ւար­տեց յի­շեց­նե­լով, թէ վեր­ջերս UNESCOն ­չորս հայ­կա­կան ա­նո­ւա­նում­ներ վե­րագ­րեց առն­չո­ւած մեր ազ­գի պատ­կա­նե­լիու­թեան՝ ա) խաչ­քա­րը, բ) ­Սաս­նայ Ծ­ռեր պատ­մա­վէ­պը, գ) ծի­րա­նա­փո­ղը (տիւ­տիւկ), դ) քո­չա­րի խմբա­պա­րը:
Պրն. ­Ճէ­լա­լեա­նի հան­դի­սադ­րած պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ու զե­կու­ցա­կան բնոյ­թի տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը մեծ գո­հու­նա­կու­թիւն պատ­ճա­ռե­ցին հայ եւ յոյն ներ­կա­նե­րուն:
­Վարձ­քը կա­տար այս նպա­տա­կին հա­մար բո­լոր աշ­խա­տող­նե­րուն, որ ա­ռիթ տո­ւին այս­պի­սի գե­ղե­ցիկ ու օգ­տա­կար ձեռ­նարկ մը ի­րա­գոր­ծե­լու:

­«Հա­մազ­գա­յի­ն»ի թղթա­կից