Երկուշաբթի՝ 11 Սեպտեմբեր 2017ին առաջին զանգը հնչեց Ֆիքսի «Ազնիւ եւ Ժիրայր Ճէնազեան» միջնակարգի, «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» եւ Գոքինիոյ «Զաւարեան» վարժարաններէն ներս՝ աշակերտութիւնը համախմբելով իրենց ծնողներու, ուսուցիչներու եւ ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներու ներկայութեան։
Վարժարաններու բացման արարողութեանց ներկայ գտնուեցան Յունահայոց Ազգային Վարչութեան անդամներ, Հ. Կ. Խաչի Շրջանային եւ տեղական Վարչութեանց ներկայացուցիչներ, Ծնողական Միութիւններու եւ գաղութին մէջ գործող բոլոր միութիւններու վարչութեանց եւ թաղականութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ։
Ֆիքսի մէջ, առաւօտեան ժամը 9ին, ջրօրհնէքի արարողութիւնը կատարեց Յունահայոց Թեմի Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Նարեկ Քհնյ. Շահինեան։ Առաջնորդը իր օրհնութիւնը եւ բարեմաղթանքները փոխանցեց աշակերտներուն, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն՝ կրթական տարեշրջանի վերամուտին առիթով։
Յունահայոց Ազգային Վարչութեան կողմէ՝ Ֆիքսի մէջ իր խօսքը ուղղեց ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան, բարի յաջողութիւն մաղթելով բոլորին եւ անդրադառնալով վարժարանի շէնքային վերանորոգումներուն, որոնք կատարուեցան ամբողջ ամրան ընթացքին։ Իրենց խօսքը եւ թելադրանքները փոխանցեցին միջնակարգի եւ նախակրթարանի տնօրէնները։
Ֆիքսի շրջանի վարժարաններու ջրօրհնէքէն ետք, յաջորդեց Գոքինիոյ «Զաւարեան» վարժարանի ջրօրհնէքը։ Առաւօտեան ժամը 10ին, ջրօրհնէքը կատարեց Յունահայոց Թեմի Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան։ Առաջնորդը իր օրհնութիւնը եւ բարեմաղթանքները փոխանցեց աշակերտներուն, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն՝ կրթական տարեշրջանին վերամուտին առիթով։
Յունահայոց Ազգային Վարչութեան կողմէ Գոքինիոյ մէջ խօսք ուղղեց ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան, որ բարի վերամուտ եւ բարի յաջողութիւն յայտնեց բոլորին՝ մաղթելով, որ 2017-2018 կրթական տարեշրջանը արդիւնաբեր ուսումնական տարի մը ըլլայ։
Աւարտին, վարժարանի տնօրէնուհին իր խօսքը եւ թելադրանքները փոխանցեց աշակերտներուն։
Նշենք, որ բոլոր խօսողները հայերէն եւ յունարէն լեզուով իրենց խօսքը ուղղեցին ներկաներուն։
2017-2018 կրթական տարեշրջան
2017-2018 կրթական տարեշրջանը սկիզբ առաւ ազգային վարժարաններէն ներս