26 Յունուար թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, Ֆրանսայի «Նոր Սերունդ» միութիւնը կը յիշեցնէ, թէ այդ օրը 60րդ տարելիցն էր Շաւարշ Միսաքեանի, որ 1945ին հիմնեց Հ.Յ.Դ. «Նոր Սերունդ»ը:
Այս առթիւ, Հ.Յ.Դ. «Նոր Սերունդ»ը որոշած է 2017 տարին նուիրել անոր յիշատակին: Նոյն օրն իսկ Նոր-սերնդականները բռնած են Փէր-Լաշէզ գերեզմանատան ճամբան, այցելելու համար Շ. Միսաքեանի շիրիմին եւ ծաղկեպսակներ զետեղելու անոր յիշատակին:
Հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի.-
«Ամբողջ տարուան ընթացքին նախատեսուած են յարգանքի եւ երախտագիտութեան ձեռնարկներ անոր գործին, յանձնառութեան եւ հրատարակութիւններուն նկատմամբ, որոնք մտածողութեան, ազատագրման եւ վերածնունդի ոգի ներշնչած են համայն աշխարհի, բայց մա՛նաւանդ Ֆրանսայի հայ երիտասարդութեան ամբողջ սերունդներու: Գիտաժողովներ, ցուցահանդէսներ, հրատարակութիւններ, թարգմանութիւններ եւ այլ նախաձեռնութիւններ իրարու պիտի յաջորդեն իր յիշատակը մեծարելու համար:
Շաւարշ Միսաքեան ծնած է Օգոստոս 1884ին։ Եղած է լրագրող, գրող եւ քաղաքական գործիչ: Կանուխէն իջած է հրապարակագրական ասպարէզ 1908ին՝ Զապէլ Եսայեանի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Վահրամ Թաթուլի հետ հիմնելով Պոլսոյ «Ազդակ» շաբաթաթերթը. 1911-12ին կը դառնայ Կարինի (Էրզրում) «Յառաջ»ի խմբագրապետը: 1913ին կը վերադառնայ Պոլիս եւ կը ստանձնէ, Ռուբէն Զարդարեանի կողքին, Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ի խմբագրապետի պաշտօնը: Իր հրապարակումները կը սկսին մշտապէս դժգոհութիւն պատճառելու օսմանեան իշխանութիւններուն, եւ այլ մտաւորականներու հետ կը դառնայ իշխանութեանց գլխաւոր թիրախներէն: Հրաշքով կը յաջողի խուսափիլ 1915 Ապրիլ 23-24ի գիշերը՝ հայ մտաւորականներու ձերբակալութեան ալիքէն եւ կը շարունակէ իր թագստոցէն գրութիւններ հրապարակել նոյնիսկ Ցեղասպանութեան առաջին ամիսներուն: Կը յաջողի թաքնուած ապրիլ մինչեւ Մարտ 1916, երբ կը ձերբակալուի, մինչ կը փորձէր Պուլկարիա անցնիլ: Շուտով զայն կը դատապարտեն մահուան. այս պատիժը հետագային կը զեղչուի ցկեանս բանտարկութեան: Մինչեւ Ա. Աշխարհամարտի աւարտը, բանտարկութեան իր պատիժը կրելէ ետք, կը վերագտնէ իր ազատութիւնը:
Անմիջապէս ետք դարձեալ կը շարժէ գրիչը, այս անգամ որպէս խմբագրապետը Հ.Յ.Դ. նոր պաշտօնաթերթ «Ճակատամարտ»ի: Քաղաքական յանձնառութիւն կը ստանձնէ, կը մասնակցի Երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովին:
20ական տարիներուն խոյս կու տայ Թուրքիոյ քեմալական վարչակարգէն եւ կու գայ Փարիզ, ուր 1925ին կը հիմնէ «Յառաջ» թերթը (այսօր՝ «Նոր Յառաջ»), որ երկար տասնամեակներ եղաւ Ֆրանսայի հայերէն միակ օրաթերթը: Կը հանդիսանայ պաշտպանը երիտասարդ հայ որբ գրողներու ամբողջ սերունդի մը, ինչպէս՝ Շահնուր, Շուշանեան, Որբունի եւ ուրիշներ: Նշանաւոր «Շ.» ստորագրութեամբ իր գրութիւնները նաեւ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի մէջ լոյս կը տեսնեն: Դառնալով Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի պատասխանատուներէն մէկը, 1945ին Ֆրանսայի մէջ կը հիմնէ «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական կազմակերպութիւնը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուու AYFի (Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն) նմանութեամբ:
Իր օրինակելիութեամբ, յանձնառութեամբ եւ անձնուրացութեամբ՝ առաջին նոր-սերնդականներուն համար դարձած է տիպար մը:
Միսաքեան մահացած է Փարիզ, 26 Յունուար 1957ին»: