2017ին արցախեան-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ տիրող իրադրութիւնը պայմանականօրէն կարելի է բաժնել երկու մասի: Անցեալ տարուան առաջին կիսամեակը աչքի ինկած է իր լարուածութեամբ, հակառակորդին կողմէ կիրարկուող զինատեսակներու տրամաչափերու մեծութեամբ եւ հետախուզաթափանցման փորձերու ձեռնարկումով:
2017ի երկրորդ կիսամեակին, բացառութեամբ Յուլիս ամսուան եւ Հոկտեմբեր 23ին ու 24ին, երբ ատրպէյճանական զինուժը հրանօթներով, հրթիռահրետանային կայանքներով, տարբեր տրամաչափի ականանետներով ու նռնականետներով եւ «ՍՊԱՅԿ» տեսակի կառավարուող հակահրասայլային հրթիռներով հարուածած էր հայկական դիրքերը, իրադրութիւնը սահմանագիծին վրայ եղած է յարաբերաբար հանգիստ, իսկ զինադադարը թշնամիին կողմէ խախտուած է հրաձգային զինատեսակներով:
Ընդհանուր առմամբ, ըստ պաշտպանութեան բանակի տուեալներու ամփոփագիրին՝ 2017ին հակառակորդին կողմէ շուրջ 14.000 անգամ զինադադարը խախտուած է, որու ընթացքին հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 180.000 կրակոց:
2017ին թշնամին 14.000 անգամ խախտած է զինադադարը
2017ին թշնամին 14.000 անգամ խախտած է զինադադարը