­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի կրթա­կան եւ դաս­տիա­րակ­չա­կան նպա­տակ­նե­րուն հա­մա­ձայն՝ Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը, այս տա­րի եւս, «­Թա­գու­հի ­Փա­շա­յեան» մրցա­նա­կը տրա­մադ­րեց ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի վար­ժա­րան­նե­րը ա­ւար­տած հայ ու­սա­նո­ղի մը, ա­նոր հա­մալ­սա­րան մուտ­քի յա­ջո­ղու­թեան առ ի գնա­հա­տանք։
Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ա­մէն տա­րի «­Թա­գու­հի ­Փա­շա­յեան» մրցա­նա­կին մա­սին մամ­լոյ յայ­տա­րա­րու­թեամբ կը տե­ղե­կա­ցո­ւի հա­սա­րա­կու­թեան , որ­պէս­զի հե­տաքրք­րո­ւող­նե­րը փո­խան­ցեն ­Յու­նաս­տա­նի հա­մալ­սա­րան­նե­րու ի­րենց մուտ­քի քննու­թեանց նի­շե­րը Հ. Կ. ­Խա­չի գրա­սե­նեակ: Ա­պա՝ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը, քննե­լէ ետք ստա­ցո­ւած դի­մում­նե­րը, կը հաս­տա­տէ հա­մալ­սա­րան մուտ­քի բարձ­րա­գոյն նի­շը ա­պա­հո­ված ու­սա­նո­ղը:
Այս տա­րեշր­ջա­նին հա­մար, Հ. Կ. ­Խա­չի «­Փա­շա­յեան» մրցա­նա­կին հա­մար դի­մող­նե­րէն բարձ­րա­գոյն նի­շը ա­պա­հո­վեց Ե­րո­ւանդ ­Մա­նու­կեան, որ յա­ջո­ղե­ցաւ 17.116 նի­շով մուտք գոր­ծել ­Փի­րէա­յի հա­մալ­սա­րա­նի Ψηφιακά Συστήματα ճիւ­ղը։
Այս­պէս՝ 2016-2017 տա­րեշր­ջա­նին, «­Թա­գու­հի ­Փա­շա­յեան» մրցա­նա­կը հան­դի­սա­ւո­րա­պէս յանձ­նո­ւե­ցաւ Ե­րո­ւանդ ­Մա­նու­կեա­նին ­Չո­րեք­շաբ­թի օր՝ 25 ­Հոկ­տեմ­բեր 2017ին, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» ­Կեդ­րո­նի «­Զա­քա­րեան¬­Սա­րա­ճեան» զոյգ սրահ­նե­րէն ներս, Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան հրա­ւի­րած միջ-վար­չա­կան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին։
­Ժո­ղո­վին ներ­կայ էին Հ.Օ.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Լի­զա Ա­ւա­գեան, Հ. Կ. ­Խա­չի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան եւ հինգ մաս­նա­ճիւղ­նե­րու վար­չու­թեանց ըն­կե­րու­հի­նե­րը, Հ. Կ. ­Խա­չի ­Յանձ­նա­խումբ­նե­րու ան­դամ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ պար­գե­ւատ­րո­ւող ե­րի­տա­սար­դը եւ ա­նոր ծնող­քը:
­Յու­նաս­տա­նի Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Լի­զէթ ­Գի­րա­զեան նշեց, թէ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չը հա­ւա­տար­մու­թեամբ կը հե­տապն­դէ կրթա­կան եւ դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրա­գիր­նե­րու յա­ջո­ղու­թիւ­նը՝ գի­տակ­ցե­լով, թէ մեր հայ ու­սա­նող­նե­րը փայ­լուն ա­պա­գայ մը կ­þու­նե­նան՝ հպար­տու­թիւն պատ­ճա­ռե­լով մեր բո­լո­րին:
Այս ծի­րէն ներս, Հ. Կ. ­Խա­չը կը քա­ջա­լե­րէ ի­րենց ուս­ման մէջ փայ­լուն ար­դիւնք­ներ ար­ձա­նագ­րող ու­սա­նող­նե­րը։
Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հին ու ժո­ղո­վա­կան­նե­րը շնոր­հա­ւո­րե­ցին մրցա­նա­կա­կիր ե­րի­տա­սար­դը եւ ա­նոր ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րը, նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ մաղ­թե­լով ա­նոր։

ՀԱՅ ԿԱՊՈՅՏ ԽԱՉԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ