Կարելի չէ գրութեան մը սեղմ սահմանին մէջ նկարագրել այն բոլոր զգացումները, ապրումներն ու յուզական պահերը, որ հարիւրաւոր հայրենակիցներ ապրեցան Շաբաթ, 8 Նոյեմբեր 2025-ի երեկոյեան, երբ Յունաստանի տարածքին հասակ նետած մօտ 200 պատանիներ եւ երիտասարդներ համատեղ՝ ապրեցուցին հայ պարն ու հայկական աւանդական սովորութիւններու հարստութիւնը, հրամցնելով անզուգական ու իր կարգին բացառիկ համոյթ մը։ Պարային ելոյթը նուիրուած էր «Նայիրի» պարախումբի 30-ամեակին, իսկ առաջին անգամ ըլլալով, բեմին վրայ ներկայացան Աթէնքի մէջ գործող Համազգայինի Նայիրի, Նանոր եւ Մարալօ պարախումբերը, Թեսաղոնիկէի Համազգայինի Մասիս եւ Կիլիկիա պարախումբերը, իսկ հեռաւոր Գոմոթինիէն՝ Հայ մշակութային միութեան Ուրարտու պարախումբը։ Իւրայատուկ համատեղում մըն էր, որուն արդիւնքը եւ ստեղծած խանդավառութիւնը երկար պիտի խօսուին մեր հայրենակիցներու զրոյցներուն ընթացքին։
Թատերասրահը այլեւս փոքր կ՚երեւէր՝ ի տես հանդիսականներու խուռներամ ներկայութեան։ Անոնց մէջ էին գաղութային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, հայրենակիցներ, ծնողներ, երիտասարդներ եւ ամէն տարիքի հայորդիներ, որոնք կանուխէն իրենց տեղերը գրաւեցին ծափահարելու համար մեր տղոց ներկայացումը։ Հոս պէտք է նշել, թէ թիւ մը ծնողներ ու հայրենակիցներ ժամանած էին Թեսաղոնիկէէն ու Գոմոթինիէն, որոնք վայելեցին մեր հայորդիներու պարային կարողութիւնները։ Առաջին կարգին կարելի էր տեսնել Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանը, Հ.Հ. Յունաստանի մէջ դեսպան Տիգրան Մկրտչեանը, հոգեւոր դասը, Ազգային վարչութեան ատենապետ Նազար Աւագեանը, Հ.Յ.Դ Յունաստանի Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեանը, միութիւններու ներկայացուցիչները եւ վարչական անդամները։
Բացման խօսքով հանդէս եկան ընկ. Անասթասիա Գույումճեան եւ ընկ. Անդրանիկ Շահպազեան, որոնք հանգամանօրէն անդրադարձան Նայիրի պարախումբի 30 տարիներու գործունէութեան, որ տուաւ պարողներու անհամար սերունդներ եւ մինչեւ այսօր կը շարունակէ ներշնչել հայ երիտասարդութիւնը ու վառ պահել հայկական մշակութային արժէքները։
Ներկայացումներու մեկնարկին, պաստառին վրայ ցոյց տրուեցաւ Նայիրի պարախումբի երեք տասնամեակներու վրայ երկարող ելոյթներու եւ փորձերու նկարահանումներու փունջ մը, անոր առաջին պարուսոյց Յովհաննէս Խաչիկեանը, պարերու ուսուցումը եւ երիտասադական խանդավառութիւնը։ Ամբողջ տեսանիւթը ոչ միայն յուզումի, այլեւ բերկրանքի շարան մը էր, որ շատերուն ճամբորդեց դէպի անցեալի օրերը, ոմանք վերյիշելով նաեւ իրենց մասնակցութիւնն ու երիտասարդական խանդը։ Երկրորդ մասի սկիզբին, տարբեր տեսանիւթով մը ներկաները իրենց յիշողութեան մէջ թարմացուցին տեսարաններ «Անիծուած նուռ» խորագիրով երկու նախորդ կատարումներէն։
Մէկ առ մէկ, բոլոր պարախումբերը բեմ բարձրացան, ներկայացնելու համար 25 պարերու շարքը եւ հանդիսատեսը պրկուած պահելու ելոյթի ամբողջ տեւողութեան։ Որքա՜ն երանգներ, գոյնզգոյն տարազներ, առնական եւ իգական շարժումներու ալիքներ համակեցին հանդիսատեսներու հոգիները, որոնց ծափահարութիւնները վերջ չունեցան, նոյնիսկ կշռութաւոր ծափերու տարափով՝ իւրաքանչիւր մեղեդիի հնչիւններուն տակ։
Բեմի պաստառին վրայ տարբեր նկարներ, հայրենի տեսարաններ, ազգագրական գանձեր ու պարախումբերու անունները տողանցեցին իւրաքանչիւր պարի կողքին, տալով բազմապիսի այլազանութիւն մը պարերու ըմբոշխման ընթացքին։
Բոլոր պարախումբերը լաւապէս պատրաստուած էին ելոյթի յաջող ներկայացման համար։ Ամիսներու վրայ երկարող փորձերը Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ Գոմոթինիի մէջ նպատակ ունէին ձեռք բերել լաւագոյն արդիւնքը, անմահացնել հայկական ժողովրդային պարը, ցոյց տալ, թէ գաղութի տարբեր համայնքներուն մէջ մշակութային շարժումը կը խօսի հայ երիտասարդութեան սիրտին ու հոգիին։
Կարգապահ եւ լաւ ծրագրուած յայտագիրին մէջէն, բոլոր պարողները ծաւալեցին իրենց տաղանդն ու սէրը հայ պարին հանդէպ։ Մատղաշ տարիքի պարողները ստացան ժողովուրդի ջերմ ընդունելութիւնը, իսկ աւելի չափահաս տարիքներու պատանիներն ու երիտասարդները, ինքնավստահ ու համարձակ շարժուձեւերով, արդարացուցին կատարուած աշխատանքը, հրամցնելով աչքն ու հոգին բաւարարող անզուգական ելոյթ մը։
Տպաւորիչ եղաւ նաեւ վերջաբանը, ուր պարի եղանակներու հնչիւնին տակ, 200 պարողները տեղ գրաւեցին բեմին վրայ, ստեղծելով տպաւորիչ տեսարան մը։ Անոնց առջեւ կանգնած էին Համազգայինի Նայիրի, Նանոր եւ Մարալօ պարախումբերու ղեկավար ընկ. Էտկար Էկեան, Թեսաղոնիկէի Համազգայինի Մասիս եւ Կիլիկիա խումբերու պարուսոյցներ Ռաֆայէլ Վարդազարեան եւ Արմենուհի Մելքումեան, ինչպէս նաեւ Գոմոթինիի Ուրարտու պարախումբի ուսուցող Ռուզաննա Զօհրապեան։ Տեղի ունեցաւ յուշատախտակներու եւ ծաղկեփունջերու փոխանակում, մինչ ներկաներու ծափողջոյնները եւ բացագանչութիւնները ջերմացուցին սրահի մթնոլորտը։
Երեկոյի յուզական ջերմութինը զգալի էր նոյնիսկ աւարտին, երբ ծնողներն ու հայրենակիցները մնացին սրահին մէջ եւ, միախառնուելով պարախումբերու անդամներուն հետ, շնորհաւորական խօսքերով զարդարեցին պարուսոյցներն ու պարողները։
Գնահատանքի ջերմ խօսք՝ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, որ ելոյթի յղացումէն մինչեւ անոր իրագործումը ջանք չխնայեց, որպէսզի մշակութային բացառիկ ձեռքբերում մը եւս արձանագրուի միութեան երկարամեայ պատմութեան մէջ։ Վարձքը կատար բոլորին։
Երիտասարդական ճաշկերոյթ՝ երգով ու պարով
Կիրակի, 9 Նոյեմբերի երեկոյեան, բոլոր պարողները, պարուսոյցները եւ վարչական անդամները անմոռանալի պահեր վայելեցին «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս, միասնաբար զուարճանալով հայկական երգի ու պարի մթնոլորտին մէջ։ Երկու հարիւր պատանիներ եւ երիտասարդներ համախմբուելով հայկական օճախին մէջ, վերանորոգեցին իրենց հաւատքը հայ մշակոյթին հանդէպ։ Այս անգամ, ելոյթի մը սահմաններէն անդին անցնելով, ընկերային կապերն ու սիրալիր բարեկամութիւնները իրենց տիրական տեղը գտան սեղաններուն շուրջ, ստեղծելով այնպիսի հայաբոյր մթնոլորտ մը, որ վայել է երիտասարդութեան։ Պարերը իրար յաջորդելով, ոտքի հանեցին պատանին ու երիտասարդը, հայրենասիրական երգերու մեղեդիներով անոնք զգացին ու ապրեցան պահեր, որոնց ծարաւը կը զգան մեր գաղութի տարբեր շրջաններուն մէջ ապրող հայ նոր սերունդները։
Ցնծութեան պահերուն, մէջտեղ հասաւ Նայիրի պարախումբի 30-ամեակին առիթով պատրաստուած կարկանդակը. միասնաբար՝ վարչականներ եւ պարողներ մաղթեցին նորանոր յաջողութիւններ եւ վերանորոգեցին իրենց խոստումը՝ դարձեալ միասին մէկտեղուելու, միասին պարելու ու տոգորուելու։ Անմոռանալի գիշեր մըն էր, որուն արձագանգը երկար պիտի ջերմացնէ բոլոր մասնակիցներու սիրտերը։
Պարախումբերու ելոյթը Հայոց
ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ
Համազգայինի կազմակերպած համոյթի ծիրէն ներս, Կիրակի, 9 Նոյեմբերի առաւօտուն, Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ Գոմոթինիի պարախումբերը մէկտեղուեցան Նէա Զմիռնիի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ։ Համախմբման նպատակն էր կատարել մասնայատուկ նկարահանում մը, որ պիտի ցուցադրուի Հայաստանի մէջ 2026-ի Ապրիլին, Պարերու միջազգային օրուան առիթով։ Ծրագիրի համադրումը յանձն առած է Հայաստանի «Բարեկամութիւն» պարային պետական համոյթը, որ դիմած է աշխարհասփիւռ հայկական պարախումբերու, կատարելու համար նկարահանումներ յատկանշական վայրերու առջեւ։ Յունաստանի պարագային, Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողը, անոր կողքին գտնուող Էսթիայի դասական ճարտարապետական շէնքը, ինչպէս նաեւ Աքրոփոլիսի խորապատկերը, տեղ պիտի գտնեն տեսանիւթին մէջ։
Նախապէս, բոլոր պարողները յարգանքի տուրք խոնարհեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ապա Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կողմէ հակիրճ բացատրութիւններ տրուեցան յուշարձանի կանգնումին եւ խորհրդանիշերուն մասին։ Յաջորդաբար, Էսթիայի տարածքին վրայ, բոլոր պարողները միացան եւ նկարահանեցին շարք մը պարեր։ Յատկանշական էր հայրենակիցներու ու մանաւանդ յոյն անցորդներու ներկայութիւնը, որոնք խանդավառութեամբ եւ գնահատանքի արտայայտութիւններով քաջալերեցին պարախումբերու ներկայացումը։










