Սեպտեմբեր 2ին հայ ժողովուրդը նշեց 28րդ տարեդարձը մերօրեայ ժամանակաշրջանի իր դարակազմիկ նուաճումներէն ամէնէն հպարտառիթին՝ ազատ, անկախ ու դեռ միացման սպասող Արցախի Հանրապետութեան հռչակումին։
2 Սեպտեմբեր 1991ին, 28 տարի առաջ, այդ ժամանակ տակաւին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ եւ Շահումեանի Շրջան անունով ծանօթ՝ հայոց հինաւուրց Արցախ Աշխարհի ժողովրդական պատգամաւորները, ատենի օրէնսդիր իշխանութեան Մարզային եւ Շրջանային Խորհուրդներու միացեալ նիստ մը գումարելով, հռչակեցին Արցախի Անկախութիւնն ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հիմնադրումը։
Հայոց նորագոյն պատմութեան թաւալգլոր անկումներու անիւը շրջուեցաւ Արցախի հայութեան յանդուգն այդ քայլով, որ վերջ տուաւ Արցախի տասնամեակներու գերեվարման եւ սրբագրեց Ստալինի բռնակալ ձեռքով ու «օրհնութեամբ», 1921-1923 թուականներուն, հայ ժողովուրդին դէմ գործուած աղաղակող անարդարութիւնը։
Ծայր աստիճան դժուար պայմաններու մէջ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակումը եւ ծանրագոյն հարուածներու դիմակալման գնով մեր ժողովուրդը, Արցախի մէջ ու ամբողջ Հայաստանի տարածքին, կրցաւ իրագործել ատրպէյճանեան լուծէն ազատագրուելու իր որոշումը` ապրելու եւ բարգաւաճելու ընդունակ անկախ պետականութիւն մը կեանքի կոչելով։
Աշխարհաքաղաքական ծայր աստիճան պայթուցիկ վերիվայրումներ կանխեցին 2 Սեպտեմբեր 1991ի Արցախի անկախութեան հռչակումը։ Թէեւ Խորհրդային Միութիւնը տակաւին գոյութիւն ունէր, բայց 19 Օգոստոս 1991ին տեղի ունեցած էր Եանայեւի գլխաւորած պետական յեղաշրջման փորձը` Կորպաչեւեան իշխանութեան դէմ։ Մահամերձ Խորհրդային Կոմկուսի վերջին գալարումը եղաւ Եանայեւեան խմբակին իրագործած պետական բռնաշրջումի այդ փորձը, որուն նպատակն էր ձախողութեան մատնել 22 Օգոստոս 1991ին նախատեսուած Միութենական Նոր Պայմանագրի ստորագրութիւնը Խորհրդային Միութեան մականին տակ առնուած ժողովուրդներուն եւ պետութեանց միջեւ։
Եանայեւեան պետական բռնաշրջումը սանձուեցաւ ու ձախողութեան դատապարտուեցաւ` Ելցինի ղեկավարութեան տակ համախմբուած ռուս ազատական հոսանքի հակահարուածին հետեւանքով։ Թէեւ այդ պայմաններուն մէջ ջնջուեցաւ 22 Օգոստոս 1922ին նախատեսուած Միութենական Նոր Պայմանագրի ստորագրութիւնը։ Այսուհանդերձ` ազատականներու յաղթանակով ձեռնարկուեցաւ նոր պայմանագրի մը պատրաստութեան, որ քանի մը ամիս ետք` Դեկտեմբեր 1991ին հիմք պիտի ծառայէր Խորհրդային Միութեան պաշտօնական ու վերջնական լուծարումին։
Համախորհրդային զարգացումներու այս շրջագիծին մէջ Արցախի Հարցը թեւակոխեց նոր փուլ։ 30 Օգոստոս 1991ին Խորհրդային Ատրպէյճանի Գերագոյն Խորհուրդը միակողմանիօրէն որդեգրեց «Խորհրդային Ատրպէյճանի ազգային անկախութեան վերականգնումի Հռչակագիր»ը, որ Պաքուի իշխանութեանց աչքին «օրինական ճամբան» պիտի բանար Արցախի հայութեան հետ իր ձեռնարկած ռազմական «հաշուեյարդար»ի վերջին արարին` Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի բռնագրաւումին եւ ատրպէյճանական լուծի ամբողջական պարտադրումին առջեւ, ի հարկին արցախահայութեան ֆիզիքական բնաջնջումով կամ տեղահանութեամբ։
Բայց 1988ի փետրուարեան իր զարթօնքէն սկսեալ Արցախի հայութիւնը, իր կողքին եւ թիկունքին ունենալով ամբողջ հայ ժողովուրդը, ի Հայաստան թէ ի սփիւռս աշխարհի, ամէն կարգի հարուածի դէմ կուրծք ցցելով, յանուն ազգային ազատագրութեան իր զաւակներու քրտինքէն ու արիւնէն ահաւոր գին վճարելով, այլեւս այրած էր ետդարձի բոլոր կամուրջները.-
Միակ ընտրանքը Ազատութիւն կամ Մահ` Հայրենիք կամ Մահ դրօշով անվեհեր կռուի ուղին էր։
Եւ Խորհրդային Ատրպէյճանի 30 Օգոստոս 1991ի «անկախութեան վերականգնման հռչակագրին», աւելի ճիշդ` Արցախի հայութիւնը վերջնական հաշուեյարդարի ենթարկելու յայտարարութեան, հայկակա՛ն պատասխանը եղաւ արմատական ու վերջնական։ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի ժողովրդային պատգամաւորներու Մարզային Խորհուրդը, Շահումեանի շրջանի ժողովրդային պատգամաւորներու Շրջանային Խորհուրդին հետ համատեղ նիստ գումարելով, 2 Սեպտեմբեր 1991ին հռչակեց Արցախի անկախութիւնը եւ իրաւական հիմը դրաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան։
Ոչ միայն պատմական պահուն համապատասխանող յանդուգն քայլ էր, այլեւ ազգային-պետական ու քաղաքական-հասարակական բոլոր առումներով շրջահայեաց կողմնորոշում մը եղաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակումը։
Եւ ամէն բանէ վեր իրաւական սրբագրումը կատարեց Ստալինի գործած պատմական անարդարութեան, որուն մեղքի պտուղն էր 7 Յուլիս 1923ին հռչակուած Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը, որ նուէր տրուեցաւ Ատրպէյճանին։
Օրին դժուար էր հաւատալ, որ Շուշիի բարձունքներուն ամրակայուած ատրպէյճանական զօրքի հրետանիի հարուածներուն եւ արձակազէններու կրակոցին տակ, հազիւ ինքնապաշտպանութեան դիրքերու վրայ գտնուող եւ, աւելի՛ն, անհաւասար ուժերով ազատութեան համար մարտնչող Արցախի հայութիւնը ի վիճակի պիտի ըլլար, իրողապէս եւ ըստ ամենայնի, կենսագործելու իր անկախութիւնը ատրպէյճանական լուծէն՝ ի հեճուկս ժամանակի եւ պայմաններու աննպաստ դասաւորումին, կազմաւորելով նոր ժամանակներու պահանջներուն համահունչ եւ ապրելո՛ւ ընդունակ իր պետականութիւնը։
Բայց նախ Արցախի, ապա՝ մայր Հայաստանի եւ, ի վերջոյ, աշխարհասփիւռ ողջ հայ ժողովուրդի վճռականութեան, մարտունակութեան եւ միասնական պայքարին շնորհիւ իրականութիւն դարձաւ մերօրեայ հայութեան ազգային անկախ պետականութեան երկրորդ կռուանը։
Այսօր, երբ 26 տարիներու հեռաւորութենէն յետադարձ ակնարկ մը կը նետենք եւ ընդհանուր հաշուեկշռի կ’արժանացնենք Արցախի հայութեան հետ մեր ժողովուրդին կտրած ուղին, արդարօրէն հպարտութիւնը կը համակէ մեր միտքն ու սիրտը՝ ի տես գերագոյն զոհաբերութեան գնով ձեռք բերուած նուաճումներուն։
Եւ առաջին հերթին կը խոնարհինք անմեռ յիշատակին առջեւ առիւծասիրտ այն ազատամարտիկներուն, որոնք հերոսական իրենց պայքարով եւ իմացեալ մահուամբ անմահանալու ազգային մեր աւանդը վերանորոգող իրենց մարտիրոսացումով՝ հայկական տարածք ազատագրելու եւ ամրօրէն պաշտպանելու նորօրեայ դիւցազնապատումը պարգեւեցին Հայաստանին եւ հայութեան։ Ծանրակշիռ որոշում էր 2 Սեպտեմբեր 1991ի Արցախի Անկախութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակումը։ Խորհրդային բանակի համազգեստով գործող իշխանաւոր «օրինական» ուժ էր ատրպէյճանական զօրքը, որ այնուամենայնիւ ձեռնարկած էր Արցախի հայութիւնը բնաջնջելու նորօրեայ ցեղասպանութեան՝ ամէնէն հակաժողովրդավարական եւ անիրաւ բռնատիրութեան մը մահացու գործիքը դառնալով։
Խաղաղ հաւաքներով եւ օրէնսդրական ու սահմանադրական իրաւունքներու վրայ խարսխուած դիմումներով արդարութիւն ու Հայաստանի հետ միացում պահանջող Արցախի հայութիւնը, ատրպէյճանական եւ խորհրդային հարուածներուն տակ աստիճանաբար կռանելով իր ազգային-քաղաքական կամքն ու հաւաքական ուժը, քայլ առ քայլ ընդարձակեց ազգային-ազատագրական իր պայքարը, ունեցաւ ծանրագոյն կորուստներ՝ բայց չընկրկեցաւ, մինչեւ որ ներկայացաւ քաղաքական յարմար պահը, որպէսզի հռչակէր Արցախի անկախութիւնը։
Ատրպէյճան որոշեց դուրս գալ Խորհրդային Միութենէն եւ վերականգնել 1918ին մուսաւաթական թաթարներու յօրինած Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը՝ իբրեւ անկախ պետութիւն։
Ատրպէյճանական այդ քայլը, իրաւականօրէն եւ քաղաքականօրէն, լրիւ ազատ արձակեց ձեռքերը Արցախի հայութեան, որպէսզի ձեռնարկէր ատրպէյճանական բռնակալ լուծէն ամբողջական ազատագրումի իր յաղթարշաւին։
Փաստօրէն Արցախը բնաւ մաս չէր կազմած թրքական սուիններով 1918ին ստեղծուած Ատրպէյճանի Հանրապետութեան։ Միայն խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, 1923ին, Ստալինեան մութ գործարքով նուէր տրուած էր ազերիներուն… եւ 1991ին արդէն ժամանակն էր, եթէ ուշ չէր, որպէսզի անարդարութիւնը վերջնականապէս սրբագրուէր եւ, նոյնինքն խորհրդային օրէնքներով ու սահմանադրութեամբ առաջնորդուելով, բայց նաեւ ու մանաւա՛նդ միջազգային օրէնքի հիմնարար Ուխտագիրներուն վրայ հիմնուելով, Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզն ու Շահումեանի Շրջանը միաւորուէին անկախ պետութիւն հռչակուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ։
Այսօր 28ամեայ լիարժէք պետութիւն է Լեռնային Ղարաբաղի՝ Արցախի՛ Հանրապետութիւնը, որ ոչ միայն իր պաշտպանական բանակով կրցաւ ազերի բռնատիրութենէն ազատագրել հայապատկան Արցախի տարածքները, այլեւ՝ իրաւական ու ժողովրդավարական հիմունքով պետականութեան իր շէնքը քար առ քար բարձրացնել եւ նոյնինքն Ատրպէյճանի Հանրապետութեան աւատապետական իշխանութեան տակ քաշքշուող ազերի հասարակութեան բարի նախանձը գրգռել։
Ճիշդ է, Արցախի իրողապէս նուաճուած անկախութիւնը մինչեւ այսօր դեռ չէ արժանացած միջազգային ընտանիքի լիարժէք ճանաչումին եւ իրաւական նուիրագործումին։
Բայց երբ արեան գնով նուաճուած անկախութիւնը ի վիճակի ես պահելու, պետականօրէն արմատաւորելու եւ քաղաքականօրէն ամրապնդելու, անպայման վստահ կրնաս ըլլալ, որ ի վերջոյ կը հասնի նաեւ իրաւական ճանաչումի ժամը։ Այդ ինքնավստահութեամբ է, որ Արցախէն ու հայրենի մեր ոստաններէն մինչեւ աշխարհի հեռաւոր ափերը սփռուած իրաւատէր հայութիւնը, այսօր, միասնական միեւնոյն հաստատակամութեամբ կը տօնէ Արցախի անկախութեան հռչակման տարեդարձը։ Եւ կը վերանորոգէ ազգային իր սրբազան ուխտը՝ Արցախի Հանրապետութեան կենսունակութեան կռուանները ուժեղացնելո՛ւ, բոլոր ուժերով շարունակելո՛ւ արդէն քաղաքական-դիւանագիտական հուն մտած պայքարը՝ յանուն Արցախի իրողական անկախութեան միջազգային իրաւական ճանաչումին, ի խնդիր մայր հայրենիքի հետ վերջնական միաւորումին։
Նիւթը քաղուած է «Ազատ Օր»ի՝ 2 Սեպտեմբեր 2017ի թիւէն