Ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու նա­խա­րա­րու­թիւ­նը (Ա.Ի.Ն.) կը տե­ղե­կաց­նէ, որ փրկա­րար ծա­ռա­յու­թեան հրշէջ-փրկա­րա­րա­կան մե­քե­նա­նե­րու իր շար­ժա­կազ­մը հա­մալ­րո­ւած է ա­մե­րի­կեան ար­տադ­րու­թեան Pierce մակ­նի­շի եր­կու մե­քե­նա­նե­րով՝ 2 թոն ջրա­տա­րո­ղու­թեամբ, բժշկա­կան եւ հրշէջ-փրկա­րա­րա­կան կազ­մա­ծով, յա­գե­ցած երկ­ճիւղ եւ ե­ռա­ճիւղ փող­րակ­նե­րով:
­Նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը յի­շեց­նէ, որ վեր­ջերս Ա.Ի. նա­խա­րար ­Դա­ւիթ ­Տօ­նո­յեան, Կ­լեն­տէյլ քա­ղա­քի քա­ղա­քա­պետ ­Վար­դան ­Կա­րա­պե­տեա­նի եւ Կ­լեն­տէյ­լի հրշէջ բա­ժան­մուն­քի ղե­կա­վար Կ­րեկ ­Ֆի­շի­նի հետ իր ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, քննար­կած էր Կ­լեն­տէյլ քա­ղա­քին կող­մէ իբ­րեւ նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն ­Հա­յաս­տա­նի Ա.Ի. նա­խա­րա­րու­թեան 2 հրշէջ-փրկա­րա­րա­կան մե­քե­նայ, յա­տուկ հրշէջ-փրկա­րա­րա­կան հա­գուստ­ներ եւ պատ­գա­րակ­ներ յատ­կաց­նե­լու հար­ցը: ­Խոս­տա­ցո­ւած մե­քե­նա­նե­րը եւ գոյ­քը ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 7 ­Նո­յեմ­բե­րին յանձ­նո­ւե­ցան ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու նա­խա­րա­րու­թեան:
«Հ.Հ. Ա.Ի. նա­խա­րա­րու­թիւ­նը եւ Ա.Մ.Ն. ­Կա­լի­ֆոր­նիա նա­հան­գի Գ­լեն­դել քա­ղա­քի մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը նոր մեկ­նարկ է ստա­ցել՝ խո­րաց­նե­լով ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րի կա­ռա­վար­ման տար­բեր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով հա­մա­տեղ ծրագ­րե­րի ի­րա­գոր­ծու­մը»,- գրո­ւած է հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ: