Մարտ 2ին, 18 տարի առաջ, ցնծութեան մէջ էր հայ ժողովուրդը աշխարհի չորս ծագերուն։
Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհանուր Ժողովը պաշտօնապէս հաստատեց վերանկախացեալ Հայաստանի անդամակցութիւնը Մ.Ա.Կ.ի միջազգային մեծ ընտանիքին։
Ամբողջ սերունդներու երազը իրականութիւն դարձաւ 1992ի այս օրը, երբ հայոց ազգային, անկախ եւ ժողովրդավար պետականութեան խորհրդանիշ Եռագոյնը սկսաւ ծածանիլ անկախ ազգերու պետական դրօշներու շարքին՝ Մ.Ա.Կ.ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիի ճակատին։
Դիւրին չեղաւ իրականացումը համազգային մեր մեծ երազին։ Դարաւոր գերութիւնը յաղթահարելու եւ ազգովին ու պետականօրէն վերականգնելու արիւնալի մաքառումներու գնով՝ 28 Մայիս 1918ին հայ ժողովուրդը նուաճեց իր հայրենիքին անկախութիւնը, հիմնեց Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ անոր Եռագոյն դրօշով ընդունուեցաւ ժամանակի անկախ ազգերու պետութեանց ընտանիքէն՝ Ազգերու Լիկայէն ներս։
Նոր ժամանակներ ու դարաշրջան այդպէ՛ս՝ ազատ ու անկախ պետականութեամբ հայ ժողովուրդին մուտքը, սակայն, երկար կեանք չունեցաւ հակառակ անոր, որ թրքական պետութեան գործադրած 1915ի ցեղասպանական ոճիրին հերոսաբար թումբ կանգնելու եւ յարութիւն առնելու գնով նուաճեցինք մեր անկախութիւնը։
Մերօրեայ քաղաքական աշխարհի յետ-Առաջին Աշխարհամարտեան սկզբնական ձեւաւորման բարդ ու դաժան ժամանակներ էին եւ Ազգերու Լիկայի անդամ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, մեծ պետութեանց անտարբեր հայեացքին տակ եւ նոյնիսկ որոշներու պարագային ալ մեղսակցութեամբ, 1920-21 թուականներուն յօշոտուեցաւ Լենինեան Ռուսաստանի եւ Քեմալական Թուրքիոյ բրտագոյն «զինակցութեան» կողմէ։
Այնուհետեւ ամբողջ եօթը տասնամեակ հայ ժողովուրդը մղեց ազգային-պետական ինքնապահպանման ու վերականգնման անխոնջ եւ նոյնքան հերոսական պայքար։
Սփիւռքի տարածքին, Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ՝ վերապրող հայութիւնը մղեց տասնամեակներու վրայ երկարած իր վէրքերու սպիացման եւ հաւաքական գոյատեւման հերոսական պայքարը, որուն յաղթարշաւին արգասիքը եղաւ Հայ Դատի համահայկական պահանջատիրութեան անսանձելի շղթայազերծումը։
Իսկ հայրենի ոստաններուն մէջ, 1936-37 տարիներու ստալինեան մշակութասպանութենէն վերապրելու եւ Երկրորդ Աշխարհամարտի այսպէս կոչուած «Հայրենական Մեծ Պատերազմ»ի արիւնաքամ հարուածէն վերականգնելու գնով՝ մեր ժողովուրդը անձնատուր չեղաւ խորհրդային ամբողջատիրութեան լուծին։ Ոչ միայն տքնեցաւ եւ բարելաւեց իր կեանքի պայմանները, այլեւ իր մտքին ու սրտին մէջ անմար պահեց ազգային իր պետականութեան անկախութիւնը վերականգնելու գաղափարական հուրը։ Եւ երբ խորհրդային մեծ բանտին փլուզման եւ կործանման առաջին ճարճատումները զգալի դարձան, իրերայաջորդ սերունդներու անքակտելի միասնականութեամբ առաջին պողթկացողը եղաւ հայրենի հայութիւնը՝ Արցախի միացման պայքարը շղթայազերծելով եւ, այդ ճամբով, Հայաստանի անկախութիւնը վերականգնելու ուղին հարթելով։
Թէեւ հիմնովին տարբեր պայմաններու տակ մղուեցաւ, բայց ազգային նշանակութեամբ համահունչ ուղիով ընթացաւ արտերկրի հայօճախներու մղած պայքարը՝ հայրենամերձ թէ հեռաւոր սփիւռքի ափերուն վրայ։ Նորահաս սերունդներու օտարացման եւ ազգային կորստեան վտանգին դէմ բոլորանուէր իր պայքարին մէջ, հայապահպանման դրօշը պարզած տարագիր հայը աչքի լոյսի պէս գուրգուրաց վերապրող իր հայրենիքին ապահովութեան եւ հայոց պետականութենէն ժառանգ մնացած Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տեսլականին ու խորհրդանիշներուն, յատկապէս Եռագոյնին վրայ։ Աշխարհի չորս ծագերուն Եռագոյնի ծածանումը տեսնելու իսկական երազ մը ներքնապէս միացուց տարագիր հայութեան սերունդները եւ, աւելի՛ն, Հայ Դատի ուժական պայքարի նորագոյն զարթօնքի սանձակոտոր թռիչքին մղիչ ուժը դարձաւ։
Ահա այսպիսի՛ դժուարին՝ 70ամեայ մաքառումներու յաղթական պսակումը եղաւ 2 Մարտ 1992ին Հայոց Եռագոյնին ծածանումը Մ.Ա.Կ.ի ճակատին։ Թէեւ մեր ժողովուրդը տակաւին 23 Օգոստոս 1990ին, Անկախութեան Հռչակագրով, յայտարարած էր իր վճռակամութիւնը՝ 28 Մայիս 1918ին հիմնուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը ազգային-գաղափարական իր աւանդներով ու խորհրդանիշներով վերականգնելու մասին, այդուհանդերձ՝ Խորհրդային Միութեան պաշտօնական լուծարումէն ետք միայն միջազգային ընտանիքը Մ.Ա.Կ.ի մայր դուռը բացաւ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան առջեւ։
Հայաստանի Մ.Ա.Կ. մուտքին առաջին քայլը նետուեցաւ 23 Յունուար 1992ին, երբ Մ.Ա.Կ.ի Ապահովութեան Խորհուրդը որոշեց Մ.Ա.Կ.ի Նոր Անդամներու Ընդունման Յանձնաժողովին յղել Հ.Հ. կառավարութեան Մ.Ա.Կ.ի անդամակցութեան պաշտօնական դիմումը՝ առ ի քննարկում եւ զեկուցում։ Իսկ 29 Յունուար 1992ին, իր 3041րդ նիստին, ստանալէ եւ քննելէ ետք յիշեալ Յանձնաժողովին դրական զեկոյցը, Մ.Ա.Կ.ի Ապահովութեան Խորհուրդը որդեգրեց թիւ 735 (1992) որոշումի բանաձեւ մը, որ Մ.Ա.Կ.ի Ընդհանուր Ժողովին կը յանձնարարէր հաստատել Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութիւնը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան։
Առ այդ, 2 Մարտ 1992ի իր 82րդ լիագումար նիստին, A/RES/46/227 անուն որոշումով մը, Մ.Ա.Կ.ի Ընդհանուր Ժողովը պաշտօնապէս ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութիւնը։
Եւ իրականացաւ երազը Հայաստանի ու հայութեան անկախութեան ճանապարհին զոհուած մեր բիւրաւոր նահատակներուն։
Եւ իր թափը վերանորոգեց նահատակ մեր ցեղին յարութեան երթը՝ դէպի յառա՛ջ, դէպի իրականացո՛ւմը ամբողջական Հայաստանի եւ ամբողջական հայութեան պանծալի տեսլականին։
2 Մարտ 1992
2 Մարտ 1992. Մ.Ա.Կ.ի Ընդհանուր Ժողովը հաստատեց Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութիւնը անկախ պետութեանց միջազգային ընտանիքին Ն.