Laptop on a wooden table

­­Հա­մա­ցան­ցա­յին որ­սոր­դու­թիւն­ներ

Աղ­քա­տու­թեան գնա­հա­տան­քը…

ՄԻՆՍԱՐ

­­Հա­մա­ցան­ցին մէջ մեր կար­դա­ցած ու­րիշ պատ­մու­թիւն­նե­րուն նման, թե­րեւս այս մէկն ալ շին­ծու է… սա­կայն հա­ւա­տա­ցէք, որ իր ղրկած պատ­գամ­նե­րը, ծայր աս­տի­ճան դաս­տիա­րա­կիչ են…
­­Հա­րուստ հայր մը, զա­ւա­կին հետ միա­սին, ճամ­բոր­դե­ցին դէ­պի ի­րենց ա­ռանձ­նա­տան մօ­տե­րը գտնո­ւող փոք­րիկ գիւղ մը, որ­պէս­զի հայ­րը ա­ռիթ ու­նե­նայ տղուն ցոյց տա­լու, թէ ինչ­պէս կ’ապ­րին աղ­քատ գիւ­ղա­ցի­նե­րը…
­­Գիւղ հա­սան եւ լման օ­րը ան­ցու­ցին, ըն­չա­զուրկ ըն­տա­նի­քի մը ա­գա­րա­կա­տու­նին մէջ…
Օ­րո­ւան վեր­ջա­ւո­րու­թեան, նստան ի­րենց ինք­նա­շար­ժը եւ բռնե­ցին վե­րա­դար­ձի ճամ­բան…
Ճամբորդութեան կի­սուն, հայ­րը հար­ցուց զա­ւա­կին…
— ­­Տե­սա՞ր տղաս, թէ որ­քա՜ն աղ­քատ են այս մար­դի­կը… ու­րեմն ը­սէ նա­յիմ… ի՞նչ նշա­նա­կա­լից դաս մը սոր­վե­ցար դուն այ­սօր…
­­Զա­ւա­կը՝ նախ իր մեծ-մեծ աչ­քե­րով հօ­րը նա­յե­ցաւ ու ա­պա ը­սաւ…
— ­­Հայ­րիկ, մենք մէկ հատ շուն ու­նինք, ի­րենք չորս հատ… մենք մէկ հատ լո­ղա­ւա­զան ու­նինք, ի­րենք եր­կու գե­տակ… մենք գի­շեր­նե­րը տես­նե­լու հա­մար կան­թեղ ու­նինք, ի­րենք աստ­ղե­րուն եւ ­­Լու­սի­նին լոյ­սը… մենք մեր կե­րած ճա­շը ծա­խու կ­’առ­նենք, ի­րենք կը մշա­կեն… մենք մեր տու­նը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար կղպանք­ներ ու հսկայ ցան­կա­պա­տեր ու­նինք, ի­րենք ի­րենց տու­նե­րուն դու­ռե­րը բաց կը ձգեն… մենք զուար­ճա­նա­լու հա­մար հե­ռա­տե­սի­լէն եր­գիչ­ներ, պա­րող­ներ եւ ժա­պա­ւէն­ներ կը դի­տենք, ի­րենք ա­մէն օր կը խօ­սակ­ցին ի­րենց բա­րե­կամ­նե­րուն հետ… ո­­՜ո՜հ, շնոր­հա­կալ եմ հայ­րիկ, որ ին­ծի ցոյց տո­ւիր, թէ մենք որ­քա՜ն աղ­քատ ենք… ես մին­չեւ այ­սօր չէի հասկ­ցած…

* * *

­­Սի­րե­լի­ներս, մե­զի հարս­տաց­նո­ղը դրա­մը չէ…
Այլ՝ ճշմա­րիտ սէ­րը…
­­Հա­ւա­տա­րիմ ու ան­կեղծ բա­րե­կա­մու­թիւ­նը…
Ա­մէ­նօ­րեայ պարզ ու սո­վո­րա­կան հա­ճոյք­նե­րը…
­­Հա­ճոյք­ներ՝ ո­րոնց առ­ջե­ւէն կ’անց­նինք…
­­Շատ ան­գամ ա­ռանց գնա­հա­տե­լու…

minsar55@gmail.com