Փոքր Ասիոյ աղէտի 100-ամեակի ելոյթներու ծիրէն ներս, «Արմենիքա» պարբերաթերթը, գործակցութեամբ Նիքէա-Ռէնտի քաղաքապետութեան, կը կազմակերպէ պատմական լուսանկարներու բացառիկ ցուցահանդէս մը, որ արդէն ընթացքի մէջ է Նիքէայի քաղաքապետական «Տինոս Քացաֆանաս» պատկերասրահէն ներս։
Ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 14 Սեպտեմբերին, ներկայութեամբ հայ եւ յոյն պաշտօնական հիւրերու եւ մեծ թիւով բազմութեան։
Ներկայ եղան Թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Ս. Էջմիածնի միաբան Խորէն վրդ. Առաքելեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի գերապայծառ Յովսէփ թ.ծ.վ. Պէզազեան, Հայ աւետարանական համայնքի հովիւ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ քհնյ Խաչերեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան, Հ.Հ. դեսպանութեան կողմէ Բաւել Պճիկեան, միութիւններու անդամներ եւ հայ մամուլի ներկայացուցիչներ։ Իր ներկայութեամբ ելոյթը պատուեց Նիքէայի քաղաքապետ Եորղոս Իոաքիմիտիս, ներկայ եղան նաեւ քաղաքի հասարակական եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Բացումը կատարեց ցուցասրահի պատասխանատու Մարիա Փուլու, որ ընդգծեց ցուցադրուած պատկերներու պատմական արժէքը։
Նիքէա-Ռէնտիի քաղաքապետը իր ողջոյնի խօսքին մէջ նշեց, թէ ներկայ եւ նախորդ ցուցահանդէսով, որ նուիրուած էր Նիքէայի հին հայ պատկերահաններուն, ամբողջութեամբ յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Գոքինիոյ շրջանի հայկական տարրին։
«Արմենիքա» պարբերաթերթի անունով խօսք ուղղեց Յակոբ Խանիկեան, որ զուգահեռ քաշեց Հայոց ցեղասպանութեան եւ Փոքր Ասիոյ աղէտին միջեւ։ Ան նաեւ անդրադարձ կատարեց պարբերաթերթի արխիւային հարստութեան թուայնացման աշխատանքին։
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին հանրածանօթ երաժիշտ ու յօրինող Միհրան Չալըքեան, ինչպէս նաեւ ծանօթ ու սիրուած տուտուկահար Վահան Գալստեան եւ յոյն երաժիշտներ Քոսթաս Սփիլիոփուլոս, Խրիսթոս Պինիարիս եւ Մարիա Ռումանի ներկայացուցին փունջ մը հայկական եւ յունական աւանդական երգեր ու մեղեդիներ։
Ցուցադրուած նկարները ժամանագրական կարգով ցոյց կու տան Զմիւռնիոյ աղէտի յատկանշական պատկերներ, ապա՝ հայ գաղթականութեան ապաստանը Յունաստանի զանազան քաղաքներու մէջ։ Հոն մանրամասնօրէն կ՚երեւին առաջին ջանքերը՝ կազմելու կրթական օճախներ, վրաններու եւ թիթեղաշէն առաստաղներու տակ առօրեայ դժուար կեանքը, հիւանդներու խնամատարական աշխատանքները, նոր կազմուող համայնքային կառոյցները ու անոնց գործունէութիւնը, մամուլը ու անոր դերակատարները, եկեղեցական կեանքն ու իր պապենական հողերէն արմատախիլ եղած ժողովուրդի մը վերապրումի գոյապայքարը։
Յուզիչ ցուցահանդէսը այցելուներուն առջեւ կը բանայ աշխարհ մը ու պատմական ճակատագրական այն տարիները, որոնք յունահայ գաղութի պատմութեան ամէնէն յատկանշական պահերը կը նկարագրեն։ Իսկապէս հարուստ արխիւ մըն է, որ ի մի բերուած է եւ կը պահպանուի շնորհիւ «Արմենիքա» պարբերաթերթի արխիւային գործունէութեան։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 20 Նոյեմբեր 2022, իւրաքանչիւր Երեքշաբթի, Չորեքշաբթի, Ուրբաթ եւ Կիրակի օրերը, առաւօտեան եւ երեկոյեան ժամերուն։
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ