Ընթացիկ տարուայ ամէնէն յատկանշական յոբելենական թուականը հանդիսացաւ Փոքր Ասիոյ աղէտի 100-ամեակի նշումը Յունաստանի տարածքին։ Տարբեր տեսակի ու բազմամակարդակ ելոյթներով, հրատարակութիւններով, ձեռնարկներով նշուեցաւ պատմական այս թուականը։ Նոյն ծիրէն ներս վերջերս լոյս տեսաւ «Գրիչով եւ սուրով՝ 1922-ի Փոքր Ասիոյ ռազմաճակատին վրայ» խորագրով եզակի հրատարակութիւն մը, Յունաստանի Լրագրողներու մշակութային միութեան կողմէ։
Հանրութեան ներկայացուած այս հրատարակութեան մէջ կարելի է գտնել 1922-ին Փոքր Ասիոյ մէջ հրատարակուող թերթերու վաւերական օրինակներ, որոնց խմբագիրները Զմիւռնիոյ մէջ յունական բանակին ծառայող լրագրող-զինուորներն էին։ Իւրայատուկ այս հրատարակութեան մէջ լոյս կը տեսնեն տարբեր գրութիւններ, մեծ մասով նկարագրականներ՝ յատկապէս յունական բանակի Աֆիոն Քարահիսար-Էսքի Շեհիր եւ Քիւթահիոյ մէջ պատերազմներէն, մինչեւ Սակարիօ գետի ճակատամարտի պարտութենէն ետք։
Յունաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ տիկին Մարիա Անտոնիատուի առաջարկով եւ Մշակութային միութեան աշխատակիցներու պրպտումներով ու հետազօտութիւններով ամբողջացած այս հրատարակութիւնը, լոյս տեսած է Ատիկէի մարզպետութեան հովանաւորութեամբ։ Իւրայատուկ է, որովհետեւ ականատեսներու վկայութիւններու հաւաքածոյ մըն է, ուր համախմբուած են Փոքր Ասիոյ ճակատամարտին մասնակցած յոյն լրագրողներու գրութիւնները, երբ անոնք թէ՛ որպէս լրագրող, թէ՛ որպէս զինուորականներ, իրենց գրիչով կամ ոսպնեակով՝ փաստացի վաւերագիրները դարձան, յաղթանակի ակնկալութեամբ սկսած, բայց աղէտով վերջացած այդ տագնապալի օրերուն։ Մարտադաշտերուն վրայ պատերազմող երիտասարդ զինուորներու աջակցութեամբ, անոնք նոյնիսկ տեղական լրագիրներ հրատարակեցին, ուր ամէն մէկ զինուոր թերթին աշխատակիցը կը դառնար, զաւեշտական արտասանութիւններով եւ գրութիւններով՝ մահուան սարսափէն խուսափելու գերմարդկային ճիգին մասնակցելով։
Լրագիրները ձեռագիր էին եւ ձեռքէ ձեռք կը տարածուէին, մէկ կողմէն լուրերու ծաղկաքաղ մը հրամցնելով ընթերցողին, բայց մանաւանդ զուարճութեան եւ մոռացութեան պահեր ստեղծելով իրենց համար։ Զաւեշտախառն պատմութիւններու եւ գծագրութիւններու գլխաւոր դերակատարը Քեմալն էր եւ թուրք զինուորականները, ինչպէս նաեւ մնայուն թեմա էր զինուորներու աղքատիկ ճաշացուցակը, որ միշտ չէր, որ բոլորին կը կշտացնէր։
1919-1922 ժամանակաշրջանին ընթացքին 21 լրագիրներ հրատարակուեցան, շուրջ 60 թիւ։ Յունական բանակի պաշտօնական թերթը «Օ Սինատելֆոս» թերթն էր, որու խմբագիրը Իլիաս Վութիէրիտիս Յունաստանի Լրագրողներու միութեան նախկին նախագահն էր (1874-1941)։
Բոլոր այս թերթերու մեծ մասը պահպանուած ու հասած է մինչեւ մեր օրերը, հոգատարութեամբ պահպանուելով Յունաստանի Լրագրողներու միութեան արխիւներուն մէջ։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԼՈՒՐԵՐ Յունաստան 1922ի Փոքր Ասիոյ ճակատին վրայ ծառայող՝ յոյն լրագրող-զինուորներու թերթերու հաւաքածոյ մը