1-4 ­Դեկ­տեմ­բե­րին, ­Քա­լա­մա­թա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղով՝ նիւթ ու­նե­նա­լով «­Մեծ ա­ղէ­տի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը եւ հա­մա­գո­յակ­ցու­թեան ա­ւար­տը. վտա­րում­ներ, տե­ղա­հա­նում­ներ եւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­ներ՝ 1912-1924»։
­Գի­տա­ժո­ղո­վը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր ­Յու­նաս­տա­նի կրթա­կան ու կրօ­նից նա­խա­րա­րու­թեան եւ ­Քա­լա­մա­թա­յի մետ­րո­պո­լի­տին կող­մէ, գոր­ծակ­ցու­թեամբ ­Գա­լի­ֆոր­նիոյ UCLA հա­մալ­սա­րա­նի «The Promise» հայ­կա­կան հե­տա­զօ­տա­կան կա­ճա­ռին եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ա­րիս­տո­տե­լեան հա­մալ­սա­րա­նի ­Պոն­տա­կան ուս­մանց բա­ժան­մուն­քին։
­Գի­տա­ժո­ղո­վին հրա­ւի­րո­ւած էին եւ ի­րենց զե­կու­ցում­նե­րով հան­դէս ե­կան մեծ թի­ւով հայ, յոյն, թուրք եւ այլ օ­տար հա­մա­լա­սա­րա­նա­կան դա­սա­խօս­ներ ու քա­ղա­քա­կան գի­տու­թեանց մաս­նա­գէտ­ներ, ո­րոնց կար­գին էին Ար­մէն ­Մար­սու­պեան, ­Նա­զան ­Մագ­սու­տեան, ­Մա­նուկ Ա­ւե­տի­քեան, Էր­վէ ­Ժոր­ժե­լէն, ­Թա­նէր Աք­չամ, ­Սա­յիթ ­Չե­թի­նօղ­լու եւ ­Մէ­րիհ Է­րօլ։
­Չորս օ­րո­ւան մէջ կա­յա­ցած գի­տա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին 34 գիտ­նա­կան­ներ հան­դէս ե­կան զե­կոյց­նե­րով եւ լու­սար­ձա­կի տակ ա­ռին Ա­րե­ւե­լեան ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­ներն ու թրքա­կան բար­բա­րո­սու­թիւն­նե­րը, ­Պալ­քա­նեան եւ Ա. հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազմ­նե­րու ու Զ­միւռ­նիոյ ա­ղէ­տի հե­տե­ւանք­նե­րը։ ­Ժո­ղո­վին հրա­ւի­րո­ւած էին եւ ներ­կայ ե­ղան ­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, Գոքինիոյ եւ Ֆիքսի հոգեւոր հովիւներ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան եւ  Նարեկ քհնյ. Շահինեան, ինչ­պէս նաեւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան եւ ան­դամ ­Նա­զար Ա­ւա­գեան։
­Գի­տա­ժո­ղո­վի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան բեմ հրա­ւի­րուե­ցաւ եւ ող­ջոյ­նի խօսք ար­տա­սա­նեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը, որ նախ շնոր­հա­ւո­րեց կազ­մա­կեր­պիչ կա­ռոյց­նե­րը, ա­պա շեշ­տը դրաւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու ճա­նաչ­ման ու կանխար­գիլ­ման կա­րե­ւո­րու­թեան վրայ։ Ան նաեւ կա­րե­ւո­րեց նման գի­տա­ժո­ղո­վի մը կազ­մա­կեր­պու­մը, ո­րու ըն­թաց­քին գի­տա­կան մօ­տե­ցու­մով կը քննո­ւի մարդ­կու­թեան հա­մար կա­րե­ւոր ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւած մը, ուր տե­ղի ու­նե­ցան աշ­խա­հա­քա­ղա­քա­կան մեծ ե­ղե­լու­թիւն­ներ եւ յան­գե­ցան քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բնաջնջ­ման ու տե­հա­հան­ման ի­րենց օր­րան­նե­րէն։
­Գի­տա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին, յու­նա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ա­ռի­թը ու­նե­ցան ծա­նօ­թա­նա­լու հայ ա­կա­դե­մա­կան մաս­նա­կից­նե­րուն եւ զրու­ցե­լու ա­նոնց գի­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն ու հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րուն մա­սին։