Հինգշաբթի՝ 16 Նոյեմբեր 2017ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 99րդ տարեդարձին օրը, տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ միութեան 100ամեակի կեդրոնական մարմինին խառն նիստը, որ ամիսներու քննարկումներէ ետք՝ վերջնականացուց 2018 տարուան ընթացքին նախատեսուած յոբելինական կեդրոնական ձեռնարկներուն շարքը։
Նիստի ընթացքին որոշուեցաւ, որ 19-29 Յուլիս 2018 երկարող օրերը հռչակուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի շաբաթ եւ այս առիթով Հայաստանի մէջ իրագործուին հետեւեալ ձեռնարկները.- Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11րդ ընդհանուր բանակումի բացման հանդիսաւոր տողանցք Երեւանի մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիր երրորդութեան բարձրաքանդակներու զետեղում Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Երեւանի կեդրոնի մուտքին, նահատակ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու յարգանքի տուրք Եռաբլուրի մէջ եւ մահացած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու հոգեհանգստեան պաշտօն, Վահան Չերազի արձանի կառուցում եւ զետեղում Գիւմրիի մէջ, պաշտօնական հանդիսութիւն Օփերայի սրահին մէջ, ցուցահանդէս-գիտաժողով, 100ամեակի նամականիշներու շնորհանդէս եւ 100ամեակի ճաշկերոյթ-պարահանդէս։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ միութեան 100ամեակի կեդրոնական մարմինի խառն նիստը քննեց նաեւ այս առիթով յառաջացուած հինգ յանձնախումբերուն (քարոզչական, տնտեսական, ընկերային, գիտաժողովի, գործադիր) աշխատանքի ընդհանուր ուղղութիւնները եւ համապատասխան թելադրանքներ կատարեց յանձնախումբերու մօտ իր ներկայացուցիչներուն, որպէսզի 100ամեակի տարուան առաջին օրէն անոնք աշխատանքի լծուին յոբելինական տարին համահայկական շուքով եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական տարողութեամբ նշելու համար։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ