122 տարի առաջ, Ապրիլ 19ին, Օսմանեան Կայսրութեան մօտ Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Ցարական Ռուսաստանի դեսպանները ի մի եկան Պոլսոյ մէջ, միասնաբար մշակելու համար հայկական վեց նահանգներու բարենորոգումներու ծրագիր մը։
Եւրոպական դիւանագիտութեան այդ նախաձեռնութիւնը Հայկական Հարցի պատմութեան մէջ հռչակուեցաւ «Մայիսեան Բարենորոգումներու Ծրագիր» անունով, որովհետեւ փաստաթուղթին մշակումը աւարտեցաւ եւ սուլթան Ապտիւլ Համիտին ներկայացուեցաւ 1895ի Մայիս 11ին։
Օսմանեան տիրապետութեան տակ ինկած Արեւմտահայաստանի տարածքին, եւրոպական մեծ տէրութեանց դիւանագիտական բառամթերքով այսպէս կոչուած «Հայկական Նահանգներուն» մէջ, բարեկարգումներու պահանջը պաշտօնապէս նուիրագործուած էր դեռ 1878ին իսկ՝ Պերլինի Դաշնագրին 61րդ յօդուածով։
1877-1878ի ռուս-թրքական պատերազմի աւարտին, յաղթական Ռուսաստանի հետ Թուրքիոյ ստորագրած Սան Սթեֆանոյի պարտութեան դաշնագրէն քանի մը ամիս ետք, բրիտանական ճնշումներուն տակ տեղի տալով՝ Կայսերական Գերմանիան նախաձեռնած էր Պերլինի խաղաղութեան վեհաժողովին։ Ժողովի աւարտին, Ռուսաստանին որոշակի զիջումներ պարտադրելով, Հայկական Հարցին վերաբերեալ ռուսական հսկողութեամբ բարենորոգումներ պարտադրող Սան Սթեֆանոյի դաշնագրին 16րդ յօդուածը փոխարինուած էր ընդհանուր եւ տարտամ բարենորոգումներ խոստացող Պերլինի դաշնագրին 61րդ յօդուածով։
Այդ ժամանակ Օսմանեան Կայսրութեան գահին նոր տիրացած Ապտիւլ Համիտ այդքանն իսկ շատ եւ անընդունելի գտաւ։ Ոչ միայն չգործադրեց Պերլինի դաշնագրին 61րդ յօդուածով նախատեսուած տարտամ բարենորոգումները, այլեւ՝ նորովի թափով փարեցաւ հայաջնջման ճամբով Հայկական Հարցը արմատականօրէն լուծելու եւ եւրոպական միջամտութիւններէն մէկանգամընդմիշտ ձերբազատուելու սուլթանական ծրագրին գործադրութեան։
Իսկ եւրոպական մեծ տէրութիւնները անմիջապէս մոռցան Պերլինի դաշնագրով իրենց ստանձնած Հայկական Նահանգներու բարենորոգումներու հետապնդման եւ հսկողութեան պարտաւորութիւնը։
Հետեւանքը եղաւ հակահայ բռնութեանց, կեղեքումներու եւ անիրաւութեանց սաստկացումը Արեւմտահայաստանէն մինչեւ Կիլիկիա։ Բնականաբար հայ ժողովուրդը ըմբոստացաւ, բայց Համիտեան ծրագիրը ճիշդ այդ հակազդեցութեան հետամուտ էր, որպէսզի սաղմնային այդ ըմբոստացումները իբրեւ պատրուակ գործածէ՝ հայութեան դէմ զանգուածային կոտորածներ հրահանգելու համար։
Այդօրինակ զարգացումները յանգեցան 1894ի Սասնոյ առաջին մեծ ապստամբութեան եւ անոր պատասխանելու պատրուակով Օսմանեան Կայսրութեան ողջ տարածքին մոլեգնած Համիտեան կոտորածներուն, որոնք շուրջ երեք հարիւր հազար անմեղ հայերու արիւն հեղեցին։ Արձագանգը շատ ուժեղ եղաւ Եւրոպայի տարածքին, ցնցեց հանրային կարծիքն ու ազատախոհ շրջանակները եւ 1895ի Յունուարին, Պոլսոյ մօտ ներկայացուած Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի դեսպանները յանկարծ ստիպուեցան յիշելու, որ պէտք էր եւրոպական դիւանագիտութեան փոշեծածկ դարաններէն դուրս բերել… 1878ի Պերլինի դաշնագիրը։
Եւրոպական մեծ տէրութեանց եւ սուլթան Համիտի ներկայացուցիչներով կազմուեցաւ Քննիչ խառն յանձնաժողով մը, որ յատկապէս Սասնոյ եւ ընդհանրապէս հայկական նահանգներու մէջ իր կատարած ստուգումներու աւարտին եկաւ հաստատելու, որ կատարուածը եղեռնագործութիւն էր եւ թէ անհրաժեշտ է անյապաղ բարենորոգումներու ձեռնարկել։
Քննիչ յանձնաժողովի եռամսեայ ստուգումներէն հանուած այդ եզրակացութեանց լոյսին տակ, Ապրիլ 19ին, անգլիացի, ֆրանսացի եւ ռուս դեսպանները ի մի եկան Պոլսոյ մէջ եւ շուրջ ամիս մը տեւած խորհրդակցութիւններէ եւ թէ՛ իրենց միջեւ, թէ՛ Համիտի հետ բանակցութիւններէ ետք, 11 Մայիս 1895ին հրապարակեցին Բարենորոգումներու Ծրագիրը։
Մայիսեան Ծրագիրը կը նախատեսէր Արեւմտահայաստանի վեց նահանգներուն՝ Կարին (Էրզրում), Սեբաստիա, Պիթլիս, Վան, խարբերդ եւ Տիգրանակերտ (Տիարպեքիր) գաւառներուն մէջ իրագործել վարչական, քաղաքական եւ իրաւական ընդհանուր բարենորոգումներ։ Կեդրոնական իշխանութիւնը պէտք է զօրացուէր եւ գործէր եւրոպական տէրութեանց հիւպատոսներուն հսկողութեան տակ, որպէսզի կանխուէին անիշխանական եւ ամբոխային բնոյթի գրգռութիւններն ու խժդժութիւնները հայ բնակչութեան դէմ։ Նահանգապետներու նշանակումը եւս պէտք է կատարուէր խորհրդակցաբար, որպէսզի բարեյոյս պաշտօնատարներ նշանակուէին՝ առանց կրօնական կամ ազգային պատկանելութեանց մէջ խտրութիւն դնելու։ Ընդհանուր կուսակալ մը պէտք է նշանակուէր եւ կեդրոն ունենար Կարինը՝ մօտէն հետեւելու համար քաղաքացիական եւ իրաւական հաւասարութիւններ առաջադրող Բարենորոգումներու խղճամիտ գործադրութեան։
Թուղթի վրայ այս բոլորը յուսադրիչ խոստումներ էին, անշո՛ւշտ, բայց ո՛չ Կարմիր Սուլթանը տրամադիր էր ընթացք տալու անոնց գործադրութեան, ո՛չ ալ եւրոպական մեծ տէրութիւնները պատրաստ էին սուլթանի հետ իրենց այլեւայլ սակարկութիւնները վտանգելու՝ ի խնդիր հայկական բարենորոգումներու իրենց խոստացած Մայիսեան Ծրագրի իրագործումին։
Այդպէս ալ, դեռ մելանը չէր չորցած, երբ Մայիսեան Բարենորոգումներու Ծրագիրը մեռեալ թուղթ դարձաւ։
Ոչ միայն չգործադրուեցաւ, այլեւ ընդհակառակն՝ յաւելեալ պատրուակ ծառայեց Համիտին, որպէսզի յանուն կեդրոնական իշխանութեան ամրապնդումին, եւրոպացի հիւպատոսներու իսկ հաւանութեամբ, խստացնէ հալածանքը իբր թէ հայ ֆետայիներու դէմ, բայց խորքին մէջ ըմբոստացման տարիքի եւ տարերքի մէջ գտնուող հայ երիտասարդութեան դէմ։
Բայց անպէտք եւ պատմութեան խորերը նետուած թուղթ մը չեղաւ 19 Ապրիլ 1895ին դիւանագիտական մշակման դրուած Բարենորոգումներու Ծրագիրը։ Անիկա հիմք ծառայեց տասնեւութ տարի ետք Հայկական Նահանգներու ինքնավարութեան եւրոպական ծրագրին, որ Առաջին Աշխարհամարտի նախօրեակին մշակուեցաւ եւ ի գործ դրուեցաւ, երբ Հայկական Նահանգներու կառավարիչ նշանակուեցան Հոֆ եւ Վեստենենկ, ճամբայ ալ ելան դէպի իրենց պաշտօնատեղիները, բայց անոնք երբեք հնարաւորութիւնը չունեցան գործելու իբրեւ կառավարիչ, որովհետեւ Համիտի իթթիհատական ժառանգորդները գործադրութեան յանձնեցին Հայասպանութեան թուրք պետական ծրագիրը։
19 Ապրիլ 1895
19 Ապրիլ 1895. Եւրոպական դիւանագիտութիւնը ձեռնարկեց հայկական նահանգներու բարենորոգումներու Մայիսեան Ծրագրի մշակումին Ն.