180 հա­զար տա­րի­ներ ա­ռաջ ար­դէն ­Նէան­տեր­թա­լի
մար­դը հե­տա­խու­զած է երկ­րին խո­րե­րը…

ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ-ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ — ԱԶԴԱԿ

Ֆ­րան­սա­յի հա­րաւ-ա­րեւ­մուտ­քը գտնո­ւող Պ­րու­նի­քե­լի քա­րայ­րին մէջ կա­տա­րո­ւած ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը կը փաս­տէ, թէ 180 հա­զար տա­րի ա­ռաջ ար­դէն մարդ ա­րա­րա­ծը հե­տա­խու­զած էր ստո­րերկ­րեայ քա­րայր­նե­րը: Ա­սի­կա տար­բեր լոյ­սի մը տակ կը դնէ ­Նէան­տեր­թա­լի ­Մար­դը, այս «նախ­նա­կան» մար­դը, որ այդ­քան ալ հե­ռու չէ իր ­Հո­մօ-­Սա­փիէն զար­մի­կէն:

Նա­խա­պատ­մա­կան գծագ­րու­թիւն­նե­րով ծած­կո­ւած ­Շո­վէի (Ֆ­րան­սա) քա­րայ­րը մե­զի ծա­նօթ ա­մէ­նէն հին ստո­րերկ­րեայ քա­րայր­ներն է, ուր կա­րե­լի է գտնել մար­դուն հետ­քը:
36 հա­զար տա­րի­ներ ա­ռաջ կա­տա­րո­ւած պա­տե­րուն վրա­յի այս գծագ­րու­թիւն­նե­րը փաստն են մեր հե­ռա­ւոր նա­խա­հօր` ­Հո­մօ-­Սա­փիէ­նի մեծ տա­ղան­դին: Ա­նոնք ապ­րած են բարձ­րա­գոյն ­Փա­լէո­լի­թի­քի շրջա­նին, այ­սինքն` 45-10 հա­զար տա­րի­ներ ա­ռաջ:

Սա­կայն այս նա­խա­պատ­մա­կան շրջա­նը շատ նոր կը թո­ւի, երբ մենք զայն կը բաղ­դա­տենք վեր­ջերս գտնո­ւած Պ­րու­նի­քե­լի քա­րայ­րին հետ: ­Քա­րայ­րի մուտ­քէն 336 մեթր խոր գտնո­ւած են 176.500 տա­րո­ւան քա­րայ­րին սուր քա­րե­րով շի­նո­ւած կա­ռոյց մը: Ա­սի­կա կը փաս­տէ, որ ­Շո­վէի քա­րայ­րի ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րէն 140 հա­զար տա­րի­ներ ա­ռաջ մարդ ա­րա­րած­ներ ար­դէն կը շրջէին ստո­րերկ­րեայ վայ­րե­րուն մէջ եւ ա­նոր մէջ փո­փո­խու­թիւն­ներ կը մտցնէին մե­զի ան­ծա­նօթ պատ­ճառ­նե­րով` մշա­կու­թա­յին, կրօ­նա­կան…

Ա­սոր կող­քին պէտք է նշել նաեւ, որ ար­դի մար­դը` ­Հո­մօ-­Սա­փիէ­նը Եւ­րո­պա ժա­մա­նած է 40 հա­զար տա­րի­ներ ա­ռաջ: ­Հե­տե­ւա­բար, ան Պ­րու­նի­քե­լի քա­րայ­րին «կա­հա­ւո­րու­մը» կա­տա­րած չէ… այլ` ա­նոր զար­մի­կը, ­Հո­մօ-­Նէան­տեր­թա­լի­սը` ­Նէան­տեր­թա­լի ­Մար­դը:

Շի­նա­րար եւ հե­տա­խոյզ «նախ­նա­կան» մարդ մը

Նէան­տեր­թա­լի ­Մար­դը եր­կար ա­տեն «նախ­նա­կան» հա­մա­րո­ւած է բաղ­դատ­մամբ մեր տե­սա­կին` ­Հո­մօ-­Սա­փիէ­նին, ո­րով­հե­տեւ ան ան­հե­տա­ցած է 28 հա­զար տա­րի­ներ ա­ռաջ, մինչ մենք տա­կա­ւին հոս ենք: ­Սա­կայն քա­նի մը տաս­նա­մեա­կէ ի վեր ա­նոր նկատ­մամբ մեր տե­սա­կէ­տը սկսած է փո­խո­ւիլ: ­Գի­տու­թիւ­նը կա­մաց-կա­մաց նոր տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը հայ­թայ­թէ մե­զի ա­նոր մա­սին: ­Մենք ար­դէն գի­տէինք, թէ ան իր մե­ռեալ­նե­րը կը թա­ղէր եւ կրնար քա­րայր­նե­րու պա­տե­րուն վրայ փո­րագ­րել: Այ­սու­հե­տեւ Պ­րու­նի­քե­լի մէջ գտնուած կա­ռոյց­նե­րուն շնոր­հիւ ան կ­՛ար­ժա­նա­նայ «մարդ­կու­թեան ա­ռա­ջին շի­նա­րար» տիտ­ղո­սին:

Քա­րայ­րին մէջ գտնո­ւած կա­ռոյ­ցը կազ­մո­ւած է քա­րայ­րին մէ­ջը գտնո­ւող եւ գետ­նէն բարձ­րա­ցող սուր ժայ­ռե­րէ: Ա­նոնց­մէ կոտր­տո­ւած 400 կտոր­ներ զե­տե­ղո­ւած են յա­տուկ ձե­ւով մը:
Ա­նոնց բո­լո­րին եր­կայն­քը միւ­սին կը հաս­նի 112 մեթ­րի, իսկ ծան­րու­թիւ­նը` մօ­տա­ւո­րա­պէս 2,2 թո­նի: Այս քա­րե­րը շա­րո­ւած են քով-քո­վի եւ վրայ-վրա­յի դրո­ւած` քա­նի մը շար­քե­րով: 1995 թո­ւա­կա­նին, քա­րայ­րը գտնո­ւե­լէն հինգ տա­րի ետք, խումբ մը գիտ­նա­կան­ներ կրցած են ո­րո­շել հոն գտնո­ւած այ­րած ոս­կո­րի կտո­րի մը տա­րի­քը քար­պոն 14ի մի­ջո­ցով. «Առ­նո­ւազն 47.600 տա­րի­ներ»: Այս թեք­նի­քը կա­րե­լիու­թիւ­նը չէր տար ա­ւե­լի հին ա­ռար­կա­նե­րու տա­րի­քը ո­րո­շել:

2013 թո­ւա­կա­նին է, որ գիտ­նա­կան­նե­րու ու­րիշ խումբ մը կրցած է ու­րիշ թեք­նիք մը գոր­ծա­ծե­լով ճշդել կա­ռոյ­ցին քա­րե­րուն ճիշդ տա­րի­քը: Ա­սոր կող­քին, այս ու­սում­նա­սի­րու­թեան շնոր­հիւ, կա­րե­լի ե­ղած է կազ­մել քա­րայ­րին մէջ գտնո­ւած կրա­կի հետ­քե­րու քար­տէս մը. ա­նոնք լու­սա­ւո­րու­մի կէ­տեր ե­ղած են: Այս ե­ղե­լու­թիւ­նը կը փաս­տէ, որ ­Նէան­տեր­թա­լի մար­դի­կը կրա­կը կը գոր­ծա­ծէին հե­տա­խու­զե­լու հա­մար ստո­րերկ­րեայ աշ­խար­հը հո­մօ-սա­փիէն­նե­րէն շատ ա­ռաջ:

Դժ­բախ­տա­բար ներ­կա­յիս մենք ոչ մէկ ձեւ ու­նինք բա­ցատ­րե­լու հա­մար, որ ին­չի՞ կը ծա­ռա­յէին Պ­րու­նի­քէ­լի մէջ գտնո­ւած այս իւ­րա­յա­տուկ կա­ռոյց­նե­րը. պաշ­տա­մուն­քի վա՞յր, ջու­րի պա­հես­տի յա­տուկ շրջա՞ն… ­Միակ հաս­տա­տու­մը, որ կրնանք ը­նել, այն է, թէ մեր տե­սա­կին չպատ­կա­նող մարդ ա­րա­րած­ներ զա­նոնք կազ­մած են կրա­կի լոյ­սին տակ, հե­ռա­ւոր ան­ցեա­լին: ­Բո­լոր այս տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը կ­՛ա­պա­ցու­ցեն ըն­կե­րա­յին կազ­մա­կեր­պո­ւա­ծու­թեան բարձր աս­տի­ճան մը, որ մենք չէինք սպա­սեր ­Նէան­տեր­թա­լի ­Մար­դէն, ոչ ալ` այդ­քան հե­ռու ան­ցեա­լին…