Մարտ 17ի օրը իր անմոռանալի տեղը գրաւած է մեր ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ՝ տեսիլք յայտնագործող եւ իմաստաւորող անմահ խորհուրդով մը, խորհրդանշելով հայ ազգային-ազատագրական շարժման գաղափարական սրբացումի եւ յեղափոխական պայծառակերպումի թուական մը։
Մարտ 17ի օրը կը խորհրդանշէ Քրիստափորեան անսակարկ Ուխտը՝ սեփական անձին օրինակով ամբողջ սերունդներ յարատեւ կռուի առաջնորդելու, անյաջողութեանց մատնուելու ժամանակ անգամ պայքարի ոգին վառ պահելու եւ, աներեր այդ հաւատքով, Հայաստանի ու հայութեան ամբողջական ազատագրումի դարաւոր տեսլականը անպայման յաղթանակով պսակելու հայու վճռականութեան։
Վիտոշի անկորնչելի Խորհուրդին եւ Քրիստափորի նահատակութեան լուսապսակ Աւանդին խորհրդանիշ թուականն է Մարտի 17ն։
112 տարի առաջ, 17 Մարտ 1905ին, Պուլկարիոյ Վիտոշ լերան լանջին, «Մեծ Մարդասպանին»՝ Սուլթան Համիտի ահաբեկման համար պատրաստուած ռումբի հերթական փորձարկումի պահուն, ողբերգական դիպուածով ռումբի ապաժամ պայթումի զոհ գնաց Հայկական Յեղափոխութեան անզուգական ղեկավարը՝ Քրիստափոր Միքայէլեան, իր կողքին ու ճակատագրակից ունենալով զինակիցը՝ Վռամշապուհ Քենտիրեանը։
1904ին գումարուած Հ.Յ.Դ. 3րդ Ընդհանուր Ժողովին որոշուած էր Սուլթան Ապտիւլ Համիտի ահաբեկումը։ Հ.Յ.Դ. հիմնադիր երրորդութեան երիցագոյնը եւ իրաւամբ Դաշնակցութեան Կամքին մարմնաւորումը հռչակուած Քրիստափոր ի՛նք եղած էր դրօշակիրը «Կարմիր Սուլթան»ը մահուամբ պատժելու յանդուգն որոշումին։ Աւելի քան բնական էր, հետեւաբար, որ Քրիստափոր անձամբ ստանձնէր որոշումին գործադրութեան ամբողջական պատասխանատուութիւնը…
Այդպէ՛ս Քրիստափոր ստանձնե՛ց պատասխանատուութիւնը Համիտն ահաբեկելու դաշնակցական որոշումին գործադրութեան։
Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան երիցագոյնը, գերագոյն պարտքի զգացումով, ձեռնամուխ եղաւ մեծ բռնակալի ահաբեկման գործողութեան ծրագրումին եւ գործադրութեան։
Եւ յեղափոխութեան առաջնորդի պատասխանատուութեան մղումով՝ Քրիստափոր անձա՛մբ ղեկավարեց ահաբեկչական գործողութեան բոլոր փուլերուն մանրամասն ծրագրումն ու նախապատրաստութիւնը։
Եւ այդ ճամբուն վրայ Քրիստափորի բաժին ինկաւ ճակատագրի դառն խաղը՝ ռումբի փորձարկման արկածի հետեւանքով նահատակութեան ողբերգութիւնը…
112 տարի անցած է Վիտոշի ողբերգութենէն ասդին, բայց որքան ժամանակը թաւալի եւ որքան խորանան Վիտոշի Խորհուրդը վերծանելու փորձերը, այնքա՛ն կը խտանայ եւ այժմէական իր թելադրականութիւնը կը շեշտէ Քրիստափորի արեամբ սրբագրուած Հայկական Յեղափոխութեան գաղափարական Կտակը եւ գերագոյն զոհաբերութեան միշտ պատրաստ գտնուելու դաշնակցական աւանդը։
Վիտոշի Խորհուրդը հայոց սերունդներու ուղին լուսաւորող Աւանդ է։
Առաջին հերթին արդի ժամանակներու Հայ Մարդուն կը ներշնչէ անհուն ինքնավստահութիւն ու հպարտութիւն, որովհետեւ հայ ազատագրական շարժման մեծ առաջնորդը իր կեանքի գնով մարմնաւորեց կենդանի օրինակը յեղափոխական յանդգնութեան ու անձնազոհութեան։
Ոչ միայն խօսքով, այլեւ գործով Քրիստափոր վարակիչ դարձուց Աւանդը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան պայքարին անսակարկ անձնուիրութեան։
Վիտոշի Խորհուրդը նաեւ կը յուշէ հայոց սերունդներուն, որ Քրիստափորի գերագոյն զոհաբերութեան օրինակով՝ երբ կայ մարտունակութիւնը եւ երբ ամրապինդ է անհաւասար ուժերով անգամ կռուի դաշտ նետուելու կամքը, յեղափոխականը ի վիճակի է իր զէնքերը հնարելու եւ սանձելու ամէնէն անխոցելի կարծուած բռնակալներն իսկ։
Իբրեւ այդպիսին՝ Վիտոշ լերան լանջին իր ողբերգական վախճանով, Քրիստափոր հայոց հետագայ սերունդները հեռու պահեց տարբեր ժամանակներու հայկական պահպանողականութեան, անձնապաշտութեան եւ ստրկական համակերպութեան բոլոր դեդեւումներէն եւ սայթաքումի փորձութիւններէն։
Իր գերագոյն զոհաբերութեամբ պատգամեց՝
«Մենք կարող ենք, ի հարկէ, նոյն մեր անձնապաշտ արեան հետեւելով, անիծել երկրագնդիս բոլոր քաղաքակիրթ ազգերին էլ, որ այն ժամանակ, երբ մենք անասնական թէ սրիկայական, վաշխառուական թէ ստրկական ժպիտներով վերաբերուեցինք դէպի օրաւուր մեր առաջը գտնուող խնդիրները, նրանք — այդ ժողովուրդները — գլխապատառ – ոտի տակ չտուին իրենց բոլոր շահերը եւ հայկական կռուի դաշտը չգրաւեցին… Այո՛, կարող ենք այդ էլ անել, ուրիշ շատ բաներ էլ անել, բայց ե՞րբ պիտի քաղաքացիական համարձակութիւն ունենանք մի փոքր էլ մեր վրայ անդրադառնալու եւ մեր բարոյական պակասութիւններին, մեր վատառողջ բնազդներին, մեր ազգային ախտերին՝ «պատմական այդ չարիքին» եւս՝ որոշ տեղ տալու մեր կրած տառապանքների ու մեր ներկայ ծանր կացութեան մէջ…»։
Վերջապէս, հայ ժողովուրդին դէմ սուլթանական բռնութեանց եւ ոստիկանական արիւնահեղումի թուրք պետական անպատիժ յանցագործութեան դէմ՝ Վիտոշի Խորհուրդով Քրիստափոր եկաւ ուսուցանելու հայ քաղաքական մտքին, թէ՝ արդարներուն վերջին զէնքն ու ինքնապաշտպանութեան սրբազան իրաւունքն է ահաբեկչութիւնը։
Թուրք քաղաքական միտքը ռազմավարական ուղիի վերածած էր պետական ահաբեկչութիւնը եւ անձնատուր եղած էր — հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման ամէնէն խաղաղ ելոյթներն անգամ — հարիւր-հազարաւոր անմեղներու արեան մէջ խեղդելու… «ցեղասպանական» վարքագծին։
Քրիստափոր իր արեան նուիրաբերումով եկաւ ուսուցանելու, որ թրքական պետութեան հայաջնջումի ահաբեկչութեան արժանի պատասխանն էր Համիտի ահաբեկումը, իբրեւ հոգեփոխիչ օրինակը տկարներու արդարադատ ահաբեկչութեամբ պետական «ահաբեկչութիւն»ը սանձելու յանդգնութեան… ոգեղէն ուժին։
Առանց Վիտոշի Խորհուրդին՝ դժուար է ամբողջական բացատրութիւնը գտնել այն գաղտնիքին, թէ ահաբեկչութիւնն ու ահաբեկիչը ինչո՛ւ սրբութեան իմաստ եւ արժէք ստացած են հայ ժողովուրդի իրերայաջորդ սերունդներուն համար։ Հայ ժողովուրդին պարտադրուած տկարի եւ զոհի դաժան ու անարդար ճակատագրին դէմ գերագոյն ծառացումով՝ քրիստափորեան յանդգնութեամբ իր լրիւ բացատրութիւնը կը գտնէ Հայ Ահաբեկիչին նկատմամբ Սիամանթոներով հիւսուած արդի հայուն խորագոյն պաշտամունքը։
Եւ հայոց սերունդները Վիտոշի Խորհուրդէն վերցուցին Հայկական Ազատամարտի մեծ առաջնորդին անաւարտ գործը շարունակելու յանձնառութիւնը՝ այդ ճամբուն վրայ գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու վարակիչ օրինակը։
Մարտի 17ն է դարձեալ եւ հարիւր ու տասներկու տարի անցած է 1905ի այն չարաբախտ օրէն ասդին, երբ Վիտոշի լանջին ինկան Քրիստափոր ու Վռամշապուհ՝ յեղափոխական յանդգնութեան եւ անձնազոհութեան իրենց վարակիչ օրինակով ջրդեղելով Հայ Դատի ուժական պայքարի ուղին։
Երբ մեծերն ու զօրեղները բիրտ ուժով եւ պետական ահաբեկչութեամբ կը շարունակեն տկարներուն արդար պահանջները խեղդելու իրենց վաքագիծը,
Երբ հայ ժողովուրդի պատմական պատուհասը՝ թրքական ցեղասպան պետութիւնը կը շարունակէ, պետական ահաբեկչութեան նորանոր հնարքներով, հայ ժողովուրդին արդար պահանջատիրութիւնը խեղդելու իր դաւերը,
Հայոց սերունդները անվարան իրենց հայեացքը կ’ուղղեն դէպի Վիտոշի Խորհուրդը։
Դէպի Հայկական Ազատամարտի յեղափոխական սուրբ միւռոնին իր արիւնը միախառնած Քրիստափորի անմահ պատգամը.-
«Յարատեւ կռիւ – յաճախ եւ երկար ժամանակ, գուցէ անյաջող՝ չնայած երբեմն նոյնիսկ իր լայն ծաւալին — ահա թէ ո՛ւր է մեր փրկութեան բանալին։ Պահպանե՛նք, շարունակենք կռիւը, որպէսզի լայնանայ, ընդարձակուի եւ ընդարձակուելով՝ յարատեւի — ահա՛ դէպի մեր նպատակը տանող միակ ճանապարհը։ Չշեղուե՛նք այդ ճանապարհից, որ պատճառների եւ հետեւանքների կապակցութեամբ, ունի պատմութեան մէջ հաստատուած օրէնքի ոյժ. չշեղուե՛նք այդ միակ ճանապարհից, որ սփռուած է յուսատու ապագայի գրաւիչ ծաղիկներով»։
17 Մարտ 1905
17 Մարտ 1905. Քրիստափոր եւ գերագոյն զոհաբերութեան դաշնակցական աւանդը Ն.