Մայիս 17ի այս օրը, 166 տարի առաջ, Կ. Պոլսոյ հայահոծ Սկիւտար թաղամասին մէջ, արժանաւոր հայ երիտասարդ մը հիմնեց «Բաժանորդական Ընկերութիւն» անունով բարեսիրական միութիւն մը։
Գրիգոր Օտեանն էր այդ երիտասարդը եւ, ինչպէս որ կը վկայէ Գասպար Իփէկեան 1952ին իր հրատարակած Համազգայինի «Օրացոյց-Տարեգիրք»ին մէջ, «Բաժանորդական Ընկերութեան» նպատակն էր «կեանքի կոչել հասարակական շարժում մը, որ ազգի լուսաւոր յառաջդիմութեան սրբազան գործը յառաջ պիտի մղէր»։
Գրիգոր Օտեանի անձն ու գործը հանրածանօթ եւ ազգային մեծարանքի արժանի են։ Զարթօնքի Սերունդին գլխաւոր ռահվիրաներէն է Գ. Օտեան, նաեւ՝ հօրեղբայրը հայ մեծատաղանդ երգիծաբան Երուանդ Օտեանի, որ իր հօրեղբօր մէջ գտաւ ոչ միայն ներշնչման օրինակելի աղբիւր մը, այլեւ բառին առաջնորդող հեղինակութեան իմաստով հոգեմտաւոր հայր մը։
«Մարդս որ աշխարհիս մէջ կը թաւալի ու կեանքի պատերազմը կը մղէ, պիտի տեսնէ պայծառ ու զուարթ օրեր, այլեւ շատ անգամ՝ անձրեւոտ օրեր. հողմ ու փոթորիկ պիտի փչեն ու կայծակ պիտի գոռայ, ու սլաքներ ու ռումբեր պիտի գոռան չորս կողմը, եւ երբեմն ալ պիտի հարուածեն զինքը։
«Ա՛յս է բաժինը ամէն մարդու որ կ’ապրի։ Կեանքը պատերազմ մըն է թէ՛ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս։ Այն մարդը որ միշտ լսած է իր ներսիդին Աստուծոյ ձայնը՝ եւ այն ձայնին միշտ հնազանդած, ան կը վայելէ ներքին երանութիւն մը, որուն չեն հասնիր ու չեն ազդեր փոթորիքներն ու սլաքները. ան կը վայելէ խղճմտանքի զուարթութիւնը զոր ոչ ոք կրնայ կապտել իրմէ։
«Մարդս այնքա՜ն վտանգներով շրջապատուած է, այնքա՜ն թշնամիներ ունի եւ իր ամէնէն մեծ թշնամին ի՛նք է, իր տկարութիւնները՝ իր մոլութիւններն են։ Իյնալէն ետք նորէն ո՞վ պիտի կանգնէ զինքը, եթէ ոչ աղօթքը»…
Այսպիսի՛ խոհականութեամբ, իմաստութեամբ եւ հաւատքով իր կեանքը արժեւորեց հայ ժողովուրդի Ազգային Զարթօնքի Սերունդի ամէնէն հեղինակաւոր այս դէմքը, որ 5 Օգոստոս 1887ին, Փարիզի մէջ վտարանդի կեանքի դատապարտուած, 53 տարեկանին առյաւէտ հեռացաւ մեր աշխարհէն։
Օտեաններու հռչակաւոր տոհմէն սերած էր Գ. Օտեան. ծնած էր Պոլիս, 1834ին. զաւակն էր Պօղոս Օտեանի, որուն հիմնած դպրոցին մէջ ալ ստացաւ իր նախնական կրթութիւնը։
Բարձրագոյն ուսումը ստացաւ Փարիզ, որ 1840ականներու վերջերուն դարձեալ կ’ապրէր յեղափոխական բուռն վերիվայրումներու մէջ։ Ազատական եւ ընկերվարական հոսանքներու մակընթացութեան ժամանակներն էին՝ Մարքսը կը հրապարակէր իր «Կոմունիստական Մանիֆեստ»ը, իսկ Ֆրանսայի մէջ ազատականները կը հասնէին իշխանութեան՝ ժողովրդավարական բարեկարգումները իրենց գաղափարական հունով յառաջ մղելու համար։
Գրիգոր Օտեանի քաղաքական եւ գաղափարական կազմաւորումը արմատաւորուեցաւ 1848ին Եւրոպան ցնցած ժողովրդավարական բարեկարգութեանց ու ազատական մտածողութեան հունով։ Գրողի, հասարակական գործիչի եւ քաղաքական մարդու հարուստ պաշարով զինուած՝ ան վերադարձաւ Պոլիս եւ անմիջապէս նետուեցաւ արեւմտահայոց ազգային զարթօնքի բուռն շարժումին մէջ։
Գ. Օտեանի կողմէ «Բաժանորդական Ընկերութեան» հիմնումին վերաբերեալ իր հակիրճ վկայութեան մէջ՝ Գ. Իփէկեան կ’ընդգծէ, որ «Գ. Օտեան «Արշալոյս Արարատեան» ամսաթերթի յաւելուածին մէջ կոչ մը կ՛ընէ ժողովուրդին, «որուն փոքրիկ լուման հանք մըն է անսպառ», հիմնելու համար գիշերօթիկ վարժարան մը, որ աղքատիկ 25 մանչ եւ 25 աղջիկ երեխաներ ձրիապէս դաստիարակէ»։
1851ին Գրիգոր Օտեան նոր վերադարձած էր Փարիզէն, ուր իրաւաբանական ուսումը աւարտած էր եւ իր փրոֆեսորներուն կողմէ մեծապէս գնահատուած էր՝ իբրեւ խոհուն ճարտասան ու արդարամիտ դատապաշտպան։ Փարիզէն Սկիւտար վերադարձած՝ ան ամբողջապէս նուիրուեցաւ ազգային ու պետական բուռն գործունէութեան։ Հայերէնի կողքին կատարելապէս կը տիրապետէր օսմանեան թրքերէնին, ֆրանսերէնին եւ անգլերէնին։
Իր ազատախոհ արեւելումին ներշնչումով էր, որ Գրիգոր Օտեան առաջնահերթաբար ձեռնարկեց «Բաժանորդական Ընկերութեան» հիմնումին։ Հասարակական այդ շարժումը նախատիպը եղաւ հետագայ տասնամեակներուն պոլսահայ եւ ընդհանրապէս հայ իրականութեան մէջ սունկի պէս բուսած բարեսիրական միութեանց, որոնք ժողովրդային նուիրատուութեանց խթանումով՝ դպրոցաշինութեան գործը վերածեցին ազգային զարթօնքի տարերքը ապրող հայ ժողովուրդին յառաջատար ուժին։
Ուշագրաւ է, նաեւ, որ Գրիգոր Օտեան իր նախաձեռնութիւնը հունաւորեց՝ ազգային-կրթական լուսաւորութեան գործին առջեւ բանալով երեք հիմնական ուղղութիւններ.
— Առաջին՝ հայ դպրոցը ձերբազատել կղերի դաստիարակչական մենաշնորհէն եւ տէր-թոդիկեան փակ մթնոլորտէն։
— Երկրորդ՝ երկսեռ ուսուցումը մատչելի դարձնել հայոց նորահաս սերունդին։
— Երրորդ՝ յատուկ հոգածութեան արժանացնել Հայաստանի ներքին գաւառներու հայ մանուկները, անոնց առջեւ բանալով եւրոպական մակարդակով ուսման հորիզոնները։
Վաղ երիտասարդութեան նախաձեռնած իր այդ գործը Գրիգոր Օտեան դարձուց իր կեանքին գաղափարական զսպանակը։ Աշխոյժ աշխատակցութիւն բերաւ իր ժամանակի ազատախոհ մամուլին՝ լուսաւոր իր գաղափարները լայն հանրութեան հասցնելու նպատակով։ Նախակարապետ մը եղաւ թէ՛ աշխարհաբարի զարգացման շարժումին, թէ՛ հայ կեանքը յեղաշրջելու կոչուած Ազգային Սահմանադրութեան մշակումին։ Նաեւ՝ նոր հորիզոններու բացաւ բարեսիրական գործը հասարակական կուռ կազմակերպութեամբ յառաջ մղելու շարժումին առջեւ, երբ Ազգային Զարթօնքի Սերունդի իր համախոհներուն հետ 1860ին հիմը դրաւ «Բարեգործական Ընկերութեան», որ արձագանգ գտաւ նաեւ արեւելահայութեան մէջ։
Գրիգոր Օտեան ազգային-հասարակական լուսաւորութեան իր առաքելութիւնը բարձրակէտի հասցուց 1870ականներուն, երբ ամբողջ Օսմանեան Կայսրութեան տարողութեամբ արքունի վստահութիւնը վայելեց եւ գլխաւոր մշակողը եղաւ Օսմանեան ազատական Սահմանադրութեան, որ սակայն հազիւ կեանքի կոչուած՝ արգիլուեցաւ Ապտիւլ Համիտ Բ.ի սուլթանական գահին տիրանալով։
Գրիգոր Օտեանի ներդրումը յատկապէս անզուգական եղաւ հայկական նահանգներու ինքնավարութեան պահանջի իրաւաբանական եւ քաղաքական հիմնաւորման ու միջազգային ատեաններու մօտ արծարծման մէջ։
«Բաժանորդական Ընկերութեան» հիմնադրութեան 166ամեակին նուիրուած յուշատետրի այս ամփոփ ակնարկը կ’արժէ պսակել ազգային ու հանրային գործիչի առաքելութեան եւ օրինակելի տիպարին մասին Գ. Օտեանի բանաձեւած հետեւեալ պատգամով.-
Գ. Օտեանի համոզումով՝ ազգային գործիչը իրաւունք չունի ներկայի անյաջողություններէն յուսահատելու, որովհետեւ յաղթանակները հեշտութեամբ չեն նուաճուիր։ Ինչպէս որ ինք կը գրէ՝ «Օ՜հ, եթէ մարդս ներկային մէջ միայն ընկղմած ըլլար, եթէ անհուն ապագային հաւատը չունենար իր ներսէն, եթէ վերջապէս սահմանաւոր եւ ժամանակաւոր ըլլային մարդուս ակնկալութիւնները, ինչո՞ւ առաքինի մարդը այս աստիճան նահատակութեան յանձնատուր ըլլար, մինչեւ զոհ ընելու չափ իր անձը հայրենեաց սիրոյն ու ազգին ապագային համար, զոր եւ ոչ իսկ աչքովը տեսնելու եւ մխիթարուելու յոյսն ունի։ …Հայրենիք մը որ կայ, հայրենիք մը որ իր փառքին մէջ կը փայլի, սիրելը դիւրին է, բայց առաւել սիրով պէտք է սիրել հայրենիքը, երբ անիկա ինկած է, անփառունակ»։
Իր կեանքով ու գործով՝ Գրիգոր Օտեան տուաւ Ազգին եւ Հայրենիքին անմնացորդ նուիրուելու նախանձելի օրինակը։
17 Մայիս 1851.
17 Մայիս 1851. Գրիգոր Օտեան հիմնեց «Բաժանորդական Ընկերութիւն»ը. «Ժողովուրդի փոքրիկ լուման հանք մըն է անսպառ» Ն.