Նոյեմբեր 16ի օրը, 162 տարիներ առաջ, Հայաստանի հողին վրայ մղուած ռուս-թրքական հերթական պատերազմի ընթացքին, ցարական զօրքը երկրորդ անգամ ըլլալով գրաւեց Կարս պատմակերտ քաղաքը, բայց դարձեալ որոշեց թուրքերուն ձգել հայապատկան հինաւուրց աւանը։
Պատմական այդ փաստին վերյիշումը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի յատկապէս մեր օրերուն, երբ Մերձաւոր Արեւելքի աշխարհաքաղաքական քարտէսը վերաձեւաւորելու մեծապետական մրցապայքարը վերստին այժմէական օրակարգի վրայ բերած է Օսմանեան Կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիոյ Հանրապետութեան պետական սահմաններու ճշդորոշման խնդիրը։
Իսկ Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական վերասահմանագծման օրակարգը այժմէականութիւն ստացած է ոչ միայն նախ Իրաքի եւ ապա Սուրիոյ տագնապներուն զուգահեռ թափ առած Քրտական Հարցի քաղաքական լուծում մը տալու միջազգային առաջնահերթութեան բերումով, այլեւ Անդրկովկասի մէջ մեծապետական նոր հաւասարակշռութիւն մը հունաւորելու անհրաժեշտութեամբ, ինչ որ մեծ դռնէն այժմէական օրակարգի վերածած է Թուրքիա-Հայաստան միջազգային սահմաններու ճշդումը՝ 1921ին հայ ժողովուրդին պարտադրուած Կարսի Դաշնագիրը վերաճանաչման կամ վերահաստատման ենթարկելու ճնշումով։
Ցարական զօրքը պատմութեան մէջ առաջին անգամ Կարս մուտք գործեց 1828ի Յունիս 23ին, երբ ընդհանրապէս Անդրկովկասի եւ յատկապէս Արեւելահայաստանի վրայ պարսկական տիրապետութեան վերջ տալով՝ Ցարական Կայսրութիւնը իրեն կցեց Անդրկովկասի ամբողջ տարածաշրջանը եւ յառաջացաւ բուն Հայաստանի ուղղութեամբ։
Առաջին այդ գրաւումը միայն քանի մը ամիս տեւեց եւ, պատերազմական գործողութեանց աւարտին, ցարական իշխանութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան զիջեցաւ Արեւմտահայաստանի սահմանային ամրոց քաղաքը։ Ռուս կայսերապետութիւնը արհամարհեց երազանքը ցարական արշաւող բանակին կամաւորաւորաբար միացած բազմահազար հայ զօրայիններուն, որոնց համար Կարսի գրաւումը կարեւոր քայլ մը կը հանդիսանար Հայաստանը օսմանեան լուծէն ազատագրելու ճամբուն վրայ։
Այդպէ՛ս, Կարսի ազատագրումին համար հարկ եղաւ սպասել ռուս-թրքական 1877-1878ի պատերազմին, որու ընթացքին ցարական զօրքը՝ հայազգի Յ. Լազարեւի հրամանատարութեամբ, երրորդ անգամ ըլլալով եւ դարձեալ հայ զօրայիններու յառաջապահ մասնակցութեամբ, տիրացաւ Կարսին եւ զայն միացուց Ցարական Կայսրութեան՝ հաստատակամ դէմ կենալով Պերլինի Վեհաժողովին մէջ Սուլթանին եւ անոր համախոհներուն գործադրած Կարսը վերստանալու ճնշումներուն։
Եւ այդպէ՛ս, 1878էն սկսեալ, թրքական լուծէն ազատագրուած կարգավիճակով նոր ժամանակներ մուտք գործեց հայկական հինաւուրց Կարսը, որուն անառիկ բերդին պարիսպներուն վրայ հայոց ձեռքով կառուցուած ըլլալու եւ հայ իշխաններու պատկանելու հայերէն արձանագրութեանց մասին վկայութիւններ ունին ոչ միայն հայ մատենագիրներն ու եւրոպացի ճանապարհորդները, այլեւ նոյնինքն թուրք հեղինակներ՝ ինչպէս, օրինակ, 17րդ դարու թուրք ուղեգրող Էվլիա Չեչերին։
Հայակերտ «Կարուց քաղաք»ի մասին հայկական առաջին յիշատակութեանց կարելի է հանդիպիլ 9րդ դարէն սկսեալ՝ մատենագիրներ Ստեփանոս Տարօնեցիի, Թովմաս Արծրունիի, Արեստակէս Լաստիվերտացիի, Մատթէոս Ուռհայեցիի եւ այլոց գրութեանց մէջ։
«Կարուց բերդ», «Ամրոցն Կարուց» եւ «Ամուրն Կարուց» անուանումներով յիշատակուած Կարսը կը գտնուի Ախուրեան գետի վտակներէն Կարս գետակի աջ ափին։
Հին ժամանակներէն եղած է Մեծ Հայքի Այրարատ նահանգի Վանանդ գաւառի անառիկ ամրոցներէն մէկը, որուն ռազմական եւ տնտեսական կարեւորութիւնը մեծապէս շեշտուած էր 9րդ դարէն սկսեալ՝ Բագրատունեաց հարստութեան ինքնահաստատման ժամանակաշրջանին.
— 888 թուականին, Վանանդի Սահակ Մլեհ իշխանը ապստամբեցաւ Բագրատունեաց Աշոտ Առաջին թագաւորին դէմ, որ սակայն կրցաւ ճզմել ապստամբութիւնը եւ արքունական կալուածի վերածեց ամբողջ Վանանդը՝ իր ամրոց Կարսով։
— 929 թուին, Աշոտ Երկրորդ Բագրատունին արքայանիստ կեդրոնի վերածեց Կարսը՝ ամրացնելով անոր միջնաբերդը, կառուցելով Ս. Առաքելոց եկեղեցին եւ շէնացնելով քաղաքը։
— 961ին Աշոտ Գ. Ողորմած Բագրատունի թագաւորը արքունի կեդրոնը Կարսէն փոխադրեց Անի, բայց երկու տարի ետք անոր եղբայրը՝ հայոց սպարապետ Մուշեղ Բագրատունի իշխանը ամրացաւ Կարսի մէջ եւ առանձին թագաւորութիւն հռչակեց։
Այդպէ՛ս, Մուշեղ Բագրատունիի եւ անոր որդի՝ Աբասի օրով, 11րդ դարուն, Կարսի թագաւորութիւնը մեծապէս հզօրացաւ եւ տնտեսապէս ծաղկում ապրեցաւ եւ, իբրեւ այդպիսին, իր վրայ կեդրոնացուց ախորժակները արեւելքէն ներխուժող Սելճուք արշաւողներուն՝ յաջորդաբար Տուղրիլ բէկի եւ Ալփ-Արսլանի։
1054 թուին Կարսի Գագիկ Արծրունի թագաւորը կրցաւ դիմադրել եւ ետ մղել Տուղրիլին, իսկ Ալփ-Ասլանի հետ խաղաղութեան դաշինք կնքել 1064ին։
Բայց արեւելքէն եկող նորանոր արշաւախումբերուն դիմադրելու իր ուժը հետզհետէ կորսնցնելով՝ Գագիկ Արծրունի ամբողջ Վանանդն ու Կարսը յանձնեց Բիւզանդիոնի Կոնստանդին Ղուկաս կայսեր՝ փոխարէնը ստանալով Կապադովկիան, ուր հաստատեց իր թագաւորութիւնը։
Իսկ 1071ին, Մանազկերտի պատերազմին, երբ բիւզանդական զօրքերը ջախջախիչ պարտութիւն կրեցին, Վանանդն ու Կարսը ինկան սելճուքեան տիրապետութեան տակ, մինչեւ որ 1206ին, Զաքարեան եղբայրներու հրամանատարութեան տակ հայ եւ վրացական զօրքերը սելճուքներէն ազատագրեցին ամբողջ շրջանը եւ միացուցին Զաքարեաններու թագաւորութեան։ Միայն երեսուն տարի Զաքարեանները կրցան պահել Կարսը, որ 1236ին ինկաւ մոնկոլական տիրապետութեան տակ։
Բայց 1284 թուականին Սադուն Արծրունին կրցաւ դուրս մղել մոնկոլները եւ իր իշխանութեան ենթարկել Կարսը, որ հայկական հարստութիւն մնաց այնուհետեւ մինչեւ 1394, երբ մոնկոլ-թաթար արշաւախումբով Լենկ Թիմուր ներխուժեց, գրաւեց եւ հիմնայատակ կործանեց Կարսը։
Այնուհետեւ հայկական Կարսը ինկաւ մոնկոլ, թաթար եւ օսմանցի թուրք ասպատակողներու իրերայաջորդ տիրապետութեանց տակ, վերանուանուեցաւ թրքերէն Ղարս եւ դարեր շարունակ, մինչեւ 19րդ դարու սկիզբները, կռուախնձոր դարձաւ օսմանցի բէկերու եւ պարսիկ խաներու միջեւ։
Պատմական զարգացումներու այս պաստառին վրայ, թուրքեւպարսկական իրերայաջորդ տիրապետութեանց դէմ գերազանցապէս հայաբնակ Կարսի ժողովուրդին պարբերական ըմբոստացումներու լոյսին տակ, առանձնայատուկ իր կարեւորութիւնը կը ստանայ 16 Նոյեմբեր 1855ին ռուսական զօրքին երկրորդ անգամ Կարս մուտքը։
Փաստօրէն ռուսական կայսրութեան համար միայն ռազմավարական արժէք ունէր Կարսը՝ իբրեւ այլուր եւ յատկապէս Պալքաններու մէջ ցարական ազդեցութիւնը ընդլայնելու նպատակով գործածուող կարեւոր յաղթաթուղթ մը եւ ճնշամիջոց։
Նոյնիսկ 1878էն ետք, երբ ռուսական զօրքը երրորդ անգամ գրաւեց Կարսը եւ Ցարական Կայսրութեան սահմանային մարզի վերածեց զայն, ռուս պետական միտքը բնաւ չունեցաւ Կարսի հայ բնակչութեան արդար իրաւունքներուն զօրավիգ կանգնելու եւ անոր հայապատկան հանգամանքը վերականգնելու քաղաքականութիւն։ Ընդհակառակն՝ առաջնորդուեցաւ «Հայաստան առանց հայու» գաղթարարական տրամաբանութեամբ եւ երբ 1917ին, պոլշեւիկեան յեղաշրջման հետեւանքով, Արեւմուտքին կողմէ Ռուսաստանի վրայ բանեցուող ճնշումները դիմագրաւելու հարկը զգաց, անվարան թրքական տիրապետութեան լքեց Կարսը՝ ամբողջ Արեւմտահայաստանով հանդերձ։
Ռուս կայսերապետական մտածողութեան շեշտակի դրոշմը կայ, փաստօրէ՛ն, Հոկտեմբեր 1921ին կնքուած Կարսի դաշնագրին վրայ, որ նախապէս՝ Մարտ 1921ին կնքուած Մոսկուայի դաշնագրին վերահաստատումն էր, արդէն խորհրդային մականին տակ վերջնականապէս գերեվարեալ Հայաստանի ստորագրութեամբ ու վաւերացումով, 1923ին։
Հայկական Հարցին նկատմամբ մեծապետական աշխարհին ցուցաբերած արհամարհական վարքագիծը ախտորոշելու առումով, հետեւաբար, պատմական դաժան ու դառն դասերու շարքին իր յատուկ տեղը ունի 16 Նոյեմբեր 1855ին Կարսի գրաւումը ռուսական զօրքին կողմէ ու, քանի մը ամիս ետք, հայկական հինաւուրց ամրոցին յանձնումը թուրքերուն…
Այնքան ատեն որ հայութիւնը, իր սեփական ուժերով, ի վիճակի չէ եղած ազատագրելու կամ պահպանելու հայրենի հողը, ոչ մէկ օտար ուժ, իր փոխարէնը, Հայաստանի ապահովութեան երաշխիք հանդիսացած է։
Միաժամանակ ընդգծելի է, որ եթէ վերանկախացեալ Հայաստանն ու հայութիւնը այսօր չունին հնարաւորութիւնը սեփական ուժերով վերատիրանալու հայապատկան Կարսին եւ ամբողջ արեւմտահայաստանին՝ ատիկա չի նշանակեր, որ Թուրքիոյ պարտադրած շրջափակումին վերջ տալու համար զիջումներ պէտք է կատարել ազգային մեր անբռնաբարելի իրաւունքներէն՝ վերահաստատելով Կարսի դաշնագրի օրինակով ինչ որ Հայեւթրքական Արձանագրութիւններ, որոնք վերջին հաշուով կը ծառայեն հայ ժողովուրդին պարտադրուած անարդարութիւնները «օրինականացնելու» մեծապետական շիլ հաշիւներուն։
16 Նոյեմբեր 1855
16 Նոյեմբեր 1855. Ռուսական զօրքը, հայ զօրայիններու օգնութեամբ, տիրացաւ Կարսին, բայց ետ յանձնեց... թուրքերուն Ն.