Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի են­թա­կա­յու­թեան տակ գտնո­ւող գրա­դա­րան­նե­րը հարս­տա­ցած են 16 հա­զար նոր գիր­քե­րով: Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն կը տե­ղե­կաց­նեն, որ գիր­քե­րու հա­ւա­քա­ծո­նե­րը հա­մալ­րո­ւած են հայ դա­սա­կան­նե­րու, ռու­սա­կան եւ ա­րեւմ­տեան Եւ­րո­պա­յի հե­ղի­նակ­նե­րու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ու մաս­նա­գի­տա­կան եւ ման­կա­կան մե­ծա­քա­նակ գրա­կա­նու­թեամբ: Իսկ ե­րաժշ­տա­կան կրթօ­ջախ­նե­րու հա­մար ձեռք բե­րո­ւած է նո­թագ­րո­ւած մաս­նա­գի­տա­կան գրա­կա­նու­թիւն:
«­Մին­չեւ օրս հա­մայն­քա­յին գրա­դա­րան­նե­րը հա­մալ­րուել են 60 հա­զար կտոր գրա­կա­նու­թեամբ: Այս տա­րո­ւայ ծրա­գիրն իր ծա­ւա­լով ան­նա­խա­դէպ է: ­Նա­խա­տե­սել ենք նաեւ գրա­դա­րան­նե­րի թո­ւա­յին տե­սախ­տաս­կա­ւա­ռակ­նե­րի եւ ձայ­նախ­տաս­կա­ւա­ռակ­նե­րի տես­քով հա­մալ­րում, ին­չը կը նպաս­տի թո­ւայ­նաց­ման գոր­ծըն­թա­ցին»,- կը տե­ղե­կաց­նէ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տի տե­ղա­կալ Ա­րամ ­Սու­քիա­սեան: