16 ­Յու­լի­սի այս օ­րը, 190 տա­րի ա­ռաջ, ­Փոքր Ա­սիոյ մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով յայտ­նո­ւած ռու­սա­կան զօր­քը իր անդ­րա­նիկ մուտ­քը կա­տա­րեց ­Պա­յա­զէտ։
­Պա­յա­զէտ բեր­դա­քա­ղա­քի ա­ռա­ջին ա­զա­տագր­ման ճշգրիտ օ­րա­թի­ւին շուրջ տա­րա­կար­ծիք են աղ­բիւր­նե­րը։ ­Գաս­պար Ի­փէ­կեա­նի «Օ­րա­ցոյց»ը կը յի­շա­տա­կէ ­Յու­լիս 16ը, իսկ ­Թա­դե­ւոս ­Յա­կո­բեա­նի «­Պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղաք­նե­րը» գոր­ծին հա­մա­ձայն՝ Օ­գոս­տոս 28ին ռու­սա­կան զօր­քը մտած է ­Պա­յա­զէտ։
Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի ուղ­ղու­թեամբ ռուս­նե­րու ա­ռա­ջին յա­ռաջ­խա­ղաց­քի ժա­մա­նակ­ներն էին։ Իսկ ­Պա­յա­զէ­տը, ­Կար­նոյ նա­հան­գին մէջ իր գրա­ւած ռազ­մա­վա­րա­կան կա­րե­ւոր դիր­քով, բա­նա­լի նշա­նա­կու­թիւն ու­նէր դէ­պի ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի խո­րե­րը՝ դէ­պի հա­րաւ, եւ դէ­պի հա­րաւ-ա­րեւ­մուտք՝ դէ­պի ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի տաք ջու­րե­րը տա­րա­ծո­ւե­լու ճամ­բուն վրայ։
­Յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն, ռուս­նե­րու ­Պա­յա­զէտ ա­ռա­ջին մուտ­քը կա­տա­րուե­ցաւ ա­ռանց կռո­ւի։
­Հա­զիւ 1600 զի­նո­ւոր կը հա­շո­ւէր ­Պա­յա­զէ­տի պա­շար­ման ձեռ­նար­կած ռու­սա­կան զօ­րա­բա­ժի­նը, ո­րուն միա­ցած էին 400 հայ կա­մա­ւո­րա­կան­ներ։ ­Բայց ո­րով­հե­տեւ ­Ռու­սաս­տան յաղ­թա­կան կ­’ար­շա­ւէր բո­լոր ճա­կատ­նե­րով՝ ե՛ւ պար­սիկ­նե­րու դէմ — ­Թաւ­րի­զի ու ­Թեհ­րա­նի ուղ­ղու­թեամբ, թէ՛ թուր­քե­րու դէմ — ­Պալ­քա­նեան թե­րակղ­զիի եր­կայն­քին ու Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին, ­Պա­յա­զէ­տի հա­յե­րը դժուա­րու­թիւն չու­նե­ցան բեր­դա­քա­ղա­քի կա­ռա­վա­րի­չին՝ ­Պահ­լուլ փա­շա­յին հա­մո­զե­լու, որ ռուս­նե­րուն դի­մադ­րե­լը ա­պար­դիւն է…
Այդ­պէ՛ս ալ ե­ղաւ։ ­Պա­յա­զէտ անձ­նա­տուր ե­ղաւ եւ ռուս­նե­րը ա­ռանց ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեան տի­րա­ցան միջ-ցա­մա­քա­յին ու­ղի­նե­րու վրայ ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան այն­քա՜ն կա­րե­ւոր դիրք ու­նե­ցող բեր­դա­քա­ղա­քին։
­Մինչ ռուս­նե­րը ի­րենց կայ­սե­րա­պե­տա­կան ծա­ւա­լու­մին եւ տաք ջու­րե­րու տի­րաց­ման հա­շիւ­նե­րով կ­’ա­ռաջ­նոր­դո­ւէին, ա­նոնց կող­քին պա­տե­րազ­մի դաշտ նե­տո­ւած հայ կա­մա­ւո­րա­կան­նե­րը կե­նաց-մա­հու հարց կը լու­ծէին… Ո­րով­հե­տեւ պար­սից խա­նե­րու եւ թուրք-քիւրտ փա­շա­նե­րու ու պէ­յե­րու դա­ժան տի­րա­պե­տու­թեան տակ, ինչ­պէս եւ ա­նոնց մի­ջեւ ան­վերջ շա­րու­նա­կո­ւող ներ­քին պա­տե­րազմ­նե­րու հե­տե­ւան­քով՝ ոչ միայն ա­ւե­րո­ւած էր բուն ­Հա­յաս­տա­նը, այ­լեւ պար­բե­րա­կան կո­տո­րած­նե­րու թէ ճա­րա­հատ ար­տա­գաղ­թի պայ­ման­նե­րուն մէջ ստոյգ կոր­ծա­նու­մը կը սպառ­նար հայ ժո­ղո­վուր­դին։
Իսկ ­Պա­յա­զէ­տը միայն իր նոր ա­նո­ւա­նու­մով… թրքա­կան էր։ ­Նոյ­նինքն պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի միջ­նա­բերդ­նե­րէն ­Դա­րոյնք գա­ւառն էր, որ Ար­շա­կու­նի­նե­րու օ­րով ար­քա­յա­նիստ բեր­դա­քա­ղաք ալ ե­ղած էր, ուր ա­պաս­տա­նե­ցաւ ­Պապ թա­գա­ւոր։ ­Հայ­կա­կան ա­նա­ռիկ ամ­րո­ցի ամ­բողջ պատ­մու­թիւն մը կա­պո­ւած է ­Դա­րոյն­քի ա­նու­նին, որ պարս­կա­կան թէ ա­րա­բա­կան, մոն­կո­լեան թէ սել­ճու­քեան բո­լոր աս­պա­տա­կող­նե­րուն աչ­քի փու­շը ե­ղած է։
­Դա­րոյնք ե­ղաւ նաեւ ­Բագ­րա­տու­նի­նե­րու եւ Արծ­րու­նի­նե­րու նստա­վայ­րը, մին­չեւ որ օս­ման­ցի թուր­քե­րը 14րդ ­դա­րուն գրա­ւե­ցին բեր­դա­քա­ղա­քը եւ ի­րենց ­Պա­յա­զիտ Ա. սուլ­թա­նին ա­նու­նով… թրքա­ցու­ցին ­Դա­րոյն­քը։
Այ­դօ­րի­նակ ա­նո­ւա­նա­փոխ­ման են­թար­կո­ւե­լով ու տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ պար­սիկ­նե­րու եւ օս­ման­ցի­նե­րու մի­ջեւ կռո­ւախն­ձոր մնա­լով հան­դերձ՝ ­Պա­յա­զէտ գե­րա­զան­ցա­պէս հա­յաբ­նակ քա­ղաք ու ամ­րոց մնաց։ 1555 թո­ւին, պար­սիկ­նե­րու եւ օս­ման­ցի­նե­րու մի­ջեւ կնքո­ւած հաշ­տու­թեան դաշ­նագ­րով մը, ­Պա­յա­զէտ վերջ­նա­կա­նա­պէս տրո­ւե­ցաւ թուր­քե­րուն, ո­րոնք բեր­դա­քա­ղա­քին կա­ռա­վա­րու­մը յանձ­նե­ցին շրջա­կայ­քը բնա­կող Ս­լի­վան­լի քրտա­կան ցե­ղին։ ­Նոյն այդ ցե­ղը կի­սան­կախ դրու­թեամբ կա­ռա­վա­րեց ­Պա­յա­զէ­տը մին­չեւ 19րդ ­դա­րու վեր­ջե­րը։
Այ­սու­հան­դերձ՝ ինչ­պէս որ կը վկա­յեն Ա­ռա­քել ­Դավ­րի­ժե­ցի եւ ­Սե­րով­բէ ­Կար­նե­ցի հայ պատ­միչ­նե­րը, հա­յե­րը կառ­չած մնա­ցին ի­րենց բեր­դա­քա­ղա­քին եւ 1828ին, ռուս-թրքա­կան պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ, ­Պա­յա­զէ­տը ու­նէր 1735 տուն հայ եւ 310 տուն մահ­մե­տա­կան բնակ­չու­թիւն։
­Պատ­մա­կան այս տո­ւեալ­նե­րուն յի­շե­ցու­մը կա­րե­ւոր է՝ իր ամ­բող­ջա­կան խո­րա­պատ­կե­րով դի­տե­լու եւ ար­ժե­ւո­րե­լու հա­մար ռու­սա­կան զօր­քի ­Պա­յա­զէտ ա­ռա­ջին մուտ­քը։
Ինչ­պէս ամ­բողջ Ա­րե­ւե­լեան ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին, նոյն­պէս եւ Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի մէջ հայ ժո­ղո­վուր­դը այ­լեւս չէր կրնար հա­մա­կեր­պիլ իր սե­փա­կան հո­ղին վրայ իբ­րեւ երկ­րորդ կամ նոյ­նիսկ իբ­րեւ եր­րորդ կար­գի քա­ղա­քա­ցի ապ­րե­լու դա­ժան գե­րու­թեան։ Ա­րեւ­մուտքն ու Եւ­րո­պան շա­տոնց՝ դա­րեր­ շա­րու­նակ կռնակ դար­ձու­ցած էին ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի հի­նա­ւուրց ի­րենց դաշ­նա­կի­ցին։ ­Յոյ­սի նոր աղ­բիւր դար­ձած էր ­Ռու­սաս­տա­նը եւ ա­նոր զօր­քին Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տան էջ­քը, յատ­կա­պէս ­Պա­յա­զէտ մուտ­քը յու­սա­լի հե­ռան­կար կը պար­զէր ­Հա­յաս­տա­նի ու հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տագ­րու­թեան առ­ջեւ։
­Բայց նոյ­նինքն պատ­մու­թիւ­նը վկայ, որ ոչ միայն 1828ին, այ­լեւ 1855ի, 1878ի եւ 1914ի ­Թուր­քե­ռու­սա­կան պա­տե­րազմ­նե­րու ըն­թաց­քին, թէեւ ռու­սա­կան զօր­քը միշտ գրա­ւեց ­Պա­յա­զէ­տը՝ միշտ ալ հայ կա­մա­ւո­րա­կան­նե­րու աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թեամբ, այ­սու­հան­դերձ՝ չորս ան­գա­մուն ալ ­Ռու­սաս­տան քա­լեց ու գնաց իր հա­շիւ­նե­րով եւ ու­ղիով՝ միայն «շրթուն­քի տուրք» վճա­րե­լով հայ­կա­կան յոյ­սե­րուն եւ սպա­սում­նե­րուն…
16 ­Յու­լիս 1828ին ա­ռանց կռո­ւի ­Պա­յա­զէտ մտած ռու­սա­կան զօր­քը շուրջ տա­րի մը իր իշ­խա­նու­թեան տակ պա­հեց բեր­դա­քա­ղա­քը։ ­Թուր­քերն ու քիւր­տե­րը, բնա­կա­նա­բար, եր­բեք չհաշ­տո­ւե­ցան ռու­սա­կան լու­ծի տակ ապ­րե­լու, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ ե­րէ­կի ստրուկ հա­յե­րուն հետ ի­րա­ւա­հա­ւա­սար կե­նակ­ցե­լու գա­ղա­փա­րին հետ։ Թր­քա­կան զօր­քե­րը շա­րու­նակ փոր­ձե­ցին վերս­տին գրա­ւել հայ­կա­կան տա­րածք­նե­րը։ Այդ փոր­ձե­րուն վեր­ջի­նը պա­տա­հե­ցաւ 9 ­Յու­նիս 1829ին, երբ ­Կա­րի­նի շուրջ մղո­ւող թուր­քեւ­ռու­սա­կան բուռն կռիւ­նե­րու ա­ռի­թէն օգ­տո­ւե­լով, ­Վա­նի փա­շան 15 հա­զար զի­նո­ւոր­նե­րով ու քիւրտ հրո­սակ­նե­րով պա­շա­րեց ­Պա­յա­զէ­տը։ ­Բեր­դա­քա­ղա­քի 1500 ռուս զի­նո­ւոր­ներն ու ա­ւե­լի քան հա­զար հայ կա­մա­ւոր­նե­րը հե­րո­սա­կան դի­մադ­րու­թիւն ցոյց տո­ւին եւ կրցան յետ մղել յար­ձա­կու­մը։ ­Բեր­դա­քա­ղա­քի այդ հե­րո­սա­կան պաշտ­պա­նու­թեան մէջ ի­րենց քա­ջա­գոր­ծու­թեամբ հռչա­կո­ւե­ցան Մկր­տիչ եւ ­Բար­սեղ Արծ­րու­նի­նե­րը։
­Բայց ընդ­հան­րա­պէս ռուս-թրքա­կան պա­տե­րազ­մը եր­կար տե­ւեց եւ պատ­մու­թեան ան­ցաւ իբ­րեւ 1828-1829ի եր­կա­մեայ պա­տե­րազմ։ ­Ռազ­մա­կա­նօ­րէն պա­տե­րազ­մը ըն­թա­ցաւ ի նպաստ ­Ռու­սաս­տա­նի դիր­քե­րու ամ­րապն­դու­մին, յատ­կա­պէս ­Պալ­քան­նե­րու մէջ եւ ­Պարս­կաս­տա­նի ճա­կա­տին վրայ։
Այ­սու­հան­դերձ՝ երբ եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թեանց մի­ջեւ մրցա­պայ­քա­րը ու­ժե­ղա­ցաւ եւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ա­ւա­րէն ա­մէն ոք ու­զեց ա­ռիւ­ծի բա­ժի­նը ի՛նք խլել, պար­տեալ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան եւ յաղ­թա­կան ­Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ կնքո­ւած Ադ­րիա­նու­պոլ­սոյ դաշ­նագ­րով ­Ռու­սաս­տան թուր­քե­րուն զի­ջե­ցաւ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րեալ հո­ղե­րը։
Ա­ւե­լի՛ն. պա­տե­րազ­մի դաշ­տին վրայ պար­տո­ւած թուր­քե­րու եւ քիւր­տե­րու դա­ժան հա­կազ­դե­ցու­թեան ու կա­տա­ղու­թեան դէմ ա­ռան­ձին լքո­ւած հա­յու­թեան «օգ­նե­լու մե­ծա­հո­գու­թեամբ», Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նէն նա­հան­ջող ռու­սա­կան բա­նա­կը ի­րեն հետ հա­զա­րա­ւոր պա­յա­զէտ­ցի­ներ գաղ­թա­կան տա­րաւ դէ­պի ­Սե­ւա­նի ա­ւա­զան, ուր ա­րեւմ­տա­հայ այդ գաղ­թա­կան­նե­րը ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին կա­ռու­ցե­ցին ­Նոր ­Պա­յա­զէտ ա­ւա­նը, որ խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րուն ա­նո­ւա­նա­կո­չո­ւե­ցաւ ­Կա­մօ։
Ա­հա՛ հա­կիրճ, այ­լեւ դառ­նա­համ եւ խո­րա­պէս ու­սա­նե­լի պատ­մու­թիւ­նը ռուս­նե­րու ­Պա­յա­զէտ ա­ռա­ջին մուտ­քին՝ իր արթն­ցու­ցած յոյ­սե­րով եւ իր ե­տին ձգած ծանր կո­րուստ­նե­րով։
­Պատ­մու­թիւն, որ կրկնո­ւե­ցաւ ոչ միայն 1854-55ի ­Ռուս-թրքա­կան պա­տե­րազ­մին ժա­մա­նակ, այ­լեւ այ­նու­հե­տեւ կրկին ու կրկին ան­գամ՝ 1878ին եւ 1914-18ին, միշտ ալ ռու­սա­կան յա­ռաջ­խա­ղաց­քին հետ արթնց­նե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տագ­րու­թեան յոյ­սե­րը, նաեւ՝ հա­կա­ռա­կը, հա­մազ­գա­յին մեր ե­րազ­նե­րուն խոր­տա­կու­մը կա­պե­լով ռու­սա­կան զօր­քե­րու ա­նար­դա­րա­նա­լի նա­հան­ջին հետ։
Այդ ա­ռու­մով ալ, հայ­րե­նի հո­ղը եր­բեք չլքե­լու հա­մազ­գա­յին մեր ուխ­տը վե­րա­նո­րո­գե­լու վճռա­կա­նու­թեամբ, այ­սօր կը հա­կինք ­Պա­յա­զէ­տի ա­ռա­ջին ա­զա­տագ­րու­մը յու­շող 16 ­Յու­լիս 1828ի պատ­մա­կան թո­ւա­կա­նի 190ամեայ դասերու վրայ։