98 տարի առաջ, Մարտ 15ի այս օրը, արիւնի եւ արհաւիրքի ամբողջ պատմութիւն մը խտացնող ու խորհրդանշող արդար հատուցման ահաբեկչութիւն մը գործուեցաւ Պերլինի մէջ։
15 Մարտ 1921ին, Պերլինի Չարլոթընպըրկ թաղին մէջ, օր-ցերեկով, Սողոմոն Թեհլիրեան անունով 25ամեայ հայ երիտասարդ մը ահաբեկեց Մեհմէթ Թալէաթ փաշան՝ Օսմանեան Կայսրութեան երբեմնի վարչապետը։
Մարտ 15ը հայոց սերունդներու ազգային յիշողութեան մէջ անջնջելիօրէն դրոշմուեցաւ իբրեւ Օրն Արդարահատուցման, Օրը՝ Թալէաթի ահաբեկման։
Յատկապէս Մարտ 15ին, ամէն տարի, մեր սերունդներու շրթներէն, հպարտութեան եւ ոգեւորութեան անսանձ զեղումով, բարձրաձայն կը հնչէ Հայոց Ցեղասպանութեան ծանրագոյն ոճիրին թիւ 1 պատասխանատուին՝ Թալէաթի ահաբեկման նուիրուած ժողովրդային սրտաբուխ «Գինի լից» երգը.
Աշխարհ պատեց հայի ահը,
Գետին ընկաւ թուրքի գահը,
Քեզ պատմեմ Թալէաթին մահը,
Գինի լից, ընկեր ջան, գինի լից,
Խմողաց անոյշ:
Դաշնակցութիւն ժողով արեց,
Շուն Թալէաթին մահ որոշեց,
Թեհլիրեանի բախտը բացուեց,
Գինի լից, ընկեր ջան, գինի լից,
Խմողաց անոյշ:
Թալէաթ փաշան փախաւ Պերլին,
Թեհլիրեանը հասաւ ետին
Զարկաւ ճակտին, փռեց գետին,
Գինի լից, ընկեր ջան, գինի լից,
Խմողաց անոյշ:
Շուն Թալէաթին գցին հորը,
Լուր ղրկեցին պոռնիկ մօրը,
Կեցցէ հայոց կամաւորը,
Գինի լից, ընկեր ջան, գինի լից,
Խմողաց անոյշ:
Յիշատակդ միշտ փառաւոր,
Շիրիմիդ լոյս Քրիստափոր,
Մայիս 28 շնորհաւոր,
Գինի լից, ընկեր ջան, գինի լից,
Խմողաց անոյշ:
Իր ժամանակաշրջանի միջազգային քաղաքականութեան տխրահռչակ դէմքերէն էր Թալէաթ, որ իբրեւ թրքական պետութիւնը կառավարող Իթթիհատական Եռապետութեան գլխաւոր ներկայացուցիչը ոչ միայն Օսմանեան Կայսրութիւնը մխրճած էր անհեռանկար ու կործանարար Աշխարհամարտին մէջ, այլեւ աշխարհասասան պատերազմի թոհուբոհէն «օգտուելով»՝ հրահանգած էր գործադրութիւնը հայ ժողովուրդի բնաջնջման ցեղասպանական ահաւոր ծրագրին։
Ինչպէս Իթթիհատական ղեկավարութեան բոլոր անդամները, նոյնպէս եւ Թալէաթ Պոլիսէն փախուստ տուած էր՝ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին չարաչար պարտութիւն կրած թրքական պետութեան յանցագործութիւններուն համար անձնապէս հաշուետուութեան կանչուելու եւ դատուելու անխուսափելի պարտաւորութենէն ձերբազատուելու համար։
Թալէաթ հաստատուած էր Պերլինի Չարլոթընպըրկ թաղը, ծպտուած էր ու ինքնաթուղթ փոխած, որպէսզի ոչ ոք գտնէ իր թագստոցը եւ կարենայ այդպէ՛ս՝ օրէնքէ եւ արդարադատութենէ խոյս տալով՝ «վայելել» իր յանցագործ կեանքին մեղքի… պտուղները։
Մեծ հաւանականութեամբ Թալէաթ թերեւս կարենար խուսափիլ Դաշնակիցներու եւ մինչեւ իսկ իր իշխանութեան հետեւանքով ծանր կորուստ կրած թուրք պետական պատասխանատուներու հետապնդումներէն կամ «արդարադատութենէն»։ Բայց Թալէաթի ձեռքերուն վրայ մէկուկէս միլիոն անմեղ հայերու ցեղասպանութեան արիւն կար եւ դեռ չէր չորցած բիւրաւոր հայ նահատակներու՝ հայ մայրերու եւ երեխաներու, հայ կոյսերու եւ ալեհերներու արիւնը։
Այդ առումով ալ, թէեւ աշխարհ մոռացութեան մատնեց հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութիւնը, բայց հայ ժողովուրդը յանձին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դատ ու դատաստան իրագործեց եւ վճռեց մահապատիժով արդարութիւնը գործադրել Հայոց Ցեղասպանութեան պետական պատասխանատուներուն նկատմամբ։
Եւ յանուն հայ ժողովուրդին ու մէկուկէս միլիոն մեր նահատակներուն՝ Դաշնակցութիւնը գտաւ Թալէաթին եւ Սողոմոն Թեհլիրեան 1921ին հասաւ Պերլին ու հրէշի բնակարանին առջեւ գետին փռեց հայ ժողովուրդի թիւ 1 ցեղասպանին։
Թալէաթի «երգը շատոնց երգուած էր»… 1919ի աշնան արդէն, Երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովին, տրուած էր որոշումը ցեղասպանութեան պատասխանատուներու մահապատիժին։ Արմէն Գարոյի եւ Շահան Նաթալիի գլխաւորութեամբ կազմուած էր յատուկ Մարմին՝ ծրագրելու, կազմակերպելու եւ գործադրելու համար Դաշնակցութեան որոշումը։ Այդպէ՛ս կեանք առաւ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուները ահաբեկելու «Նեմեսիս» (յունական դիցաբանութեան Վրէժի չաստուածին անուան հետեւողութեամբ) գործողութիւնը։
Եւ ճակատագրի դասաւորումով մինչ այդ աշխարհին ու ազգային ընդգրկումով հայ ժողովուրդին անծանօթ դաշնակցականի մը՝ Սողոմոն Թեհլիրեանի վստահուեցաւ իրագործումը Հայկական Արդարագոյն Հատուցման։
Եւ հայ ժողովուրդի արդարադատ՝ վրիժառու բազուկը խորհրդանշող անունը դարձաւ ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԵՀԼԻՐԵԱՆ։
Եւ թրքական պետութեան գործադրած Հայոց Ցեղասպանութեան թիւ 1 պատասխանատուն (ինչպէս որ Նաթալի կը կոչէր զայն)՝ եղեռնագործ Թալէաթը կրեց իր պատիժը։
Ազգային Հերոսի դափնեպսակին արժանաւորապէս տիրացած դաշնակցական ահաբեկիչը ծնած էր 2 Ապրիլ 1896ին, Արեւմտեան Հայաստանի Դարանաղեաց (Կամախ) գաւառի Վարի Բագառիճ գիւղը, Երզնկայի մերձակայքը։ Թրքական իշխանութեանց կողմէ երկրէն աքսորուած եւ Սերպիա հաստատուած Խաչատուր Թեհլիրեանը տարիներով պանդխտութեամբ հոգաց ապրուստը Երզնկա մնացած իր կնոջ եւ հինգ զաւակներուն, որոնց կրտսերն էր Սողոմոն։ Ան իր ուսումը ստացաւ Երզնկայի նախ Բողոքականաց, ապա՝ Եզնիկեան վարժարաններուն մէջ, իսկ 1912ին աւարտեց տեղւոյն Կեդրոնական վարժարանը, ուր իր առաջին ծանօթութիւնը ունեցաւ դաշնակցական գործիչներու հետ եւ փարեցաւ Դաշնակցութեան։
1913ին Սողոմոն եւս մեկնեցաւ Սերպիա՝ հօր ու անոր միացած ընտանիքին մօտ, որպէսզի տարի մը ետք անցնէր Գերմանիա՝ բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար։ Բայց 1914ին պայթած Առաջին Աշխարհամարտը լրիւ փոխեց նաեւ 18ամեայ Սողոմոնի կեանքի ուղին։
1914ի աշնան, ծնողքէն գաղտնի, ան անցաւ Սոֆիա (Պուլկարիա), ուր կը հաւաքագրուէին Կովկաս կամաւոր երթալու պատրաստ Պալքանեան թերակղզիի պանդուխտ թէ ուսանող հայ երիտասարդները։ Սկիզբը ընթացք չտրուեցաւ Սողոմոնի կամաւոր արձանագրուելու դիմումին, բայց ան յաջողեցաւ, հօրը քանի մը նամակներ ղրկելէ ետք, ստանալու ծնողին գրաւոր թոյլտուութիւնը իր կամաւոր արձանագրուելուն։
Այդպէ՛ս, Հոկտեմբեր 1914ին, Սողոմոն հասաւ Թիֆլիս եւ միացաւ Սեպուհի վաշտին, որ մաս կը կազմէր Անդրանիկի հրամանատարութեան տակ գործող Կամաւորական Առաջին Գունդին։ Երեք տարուան կամաւորական ծառայութիւնը ամբողջապէս թրծեց Սողոմոն Թեհլիրեան դաշնակցական մարտիկի կերպարը։ Արեւմտահայաստանի ժամանակաւոր ազատագրութեան հետ, Սողոմոն հնարաւորութիւնը՛ունեցաւ այցելելու նաեւ Երզնկա, որուն քարուքանդ վիճակն ու ամայութիւնը խորապէս ցնցեցին զինք այնքան ծանրօրէն, որ իր կենսագիրներէն Կարօ Գէորգեանի վկայութեամբ՝ «ուշաթափ կ’իյնայ գետին։ Արդարեւ, Երզնկայի եւ շրջակայքի ամբողջ հայութեան հետ, նաեւ իր գերդաստանին 85 անդամները — մայրը, երկու եղբայրներուն կիներն ու զաւակները եւ մօտիկ ազգականները — սպաննուած էին 1915ին։ Իսկ իրենց տունը դարձած էր թրքական հանրակացարան»։
Սեփական ընտանիքին, հարազատներուն եւ ամբողջ հայութեան սպանդն ու հայրենի օճախին եւ Արեւմտահայաստանի աւերումը անհուն ցասումով ու վրէժխնդրութեամբ համակեցին Սողոմոն Թեհլիրեանի ողջ էութիւնը։ Խորապէս ցնցիչ այդ փորձառութիւնը հետագային հիմք ծառայեց, Թալէաթի ահաբեկումէն ետք, Թեհլիրեանի դատավարութեան ընթացքին դատապաշտան Քըրթ Նայմէյըրի (Քոլոնեը համալսարանի իրաւագիտութեան դասախօս) կառուցած պաշտպանողականին։
1917ին, Կովկասեան ճակատի փլուզումէն եւ ռուսական զօրքերու նահանջէն ետք, Թեհլիրեան անցաւ Կովկաս։ Շրջեցաւ հիւսիսային Կովկասի եւ Խրիմի քաղաքներուն մէջ՝ նուիրուելով արեւմտահայ գաղթականութեան հետ այդ ափերը ինկած որբերու հաւաքման ու պատսպարման աշխատանքին։ Այդ պայմաններուն մէջ, ժամանակին թաւալումին հետ փոխանակ սպիանալու, Թեհլիրեանի սիրտն ու հոգին խոցած վէրքերը աւելիով բորբոքեցան։ Թեհլիրեան ուղարկուեցաւ Պոլիս, ուր Հ.Յ.Դ. Կ. Կոմիտէի որոշումով 1920ի Ապրիլին կատարեց ահաբեկչական իր առաջին գործողութիւնը՝ մահապատիժի ենթարկելով Պէշիկթաշի տխրահռչակ թաղապետ Յարութիւն Մկրտիչեանը, որ գլխաւոր մեղսակիցը եղած էր 24 Ապրիլ 1915ի հայ մտաւորականութեան ձերբակալութեան։
Ահաբեկումէն ետք ան պարտաւորուեցաւ անցնելու Փարիզ, ուր ապրուստի ապահովման համար կօշկակարութիւն սորվեցաւ։ Բայց քանի մը ամիս ետք կանչուեցաւ Ուաշինկթըն, Մ.Նահանգներ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Գարոյի կողմէ, որ կը ղեկավարէր «Նեմեսիս»ի գործադրութիւնը։
Ուշագրաւ մանրամասնութիւն է եւ «Նեմեսիս»ի արխիւին հրապարակումէն ետք ծանօթ փաստ է, որ իթթիհատական պարագլուխներու ահաբեկիչներուն ճշդումը կատարուած է վիճակաձգութեամբ եւ այդպէս է, որ Սողոմոն Թեհլիրեանին վիճակուեցաւ Թալէաթի ահաբեկումին գործադրութիւնը։
Արմէն Գարոյի յանձնարարականով՝ Թեհլիրեան 1920ի Դեկտեմբերին ուղեւորուեցաւ Ժընեւ, ուրկէ անցաւ Պերլին (Գերմանիա), ի գործ դնելու համար Թալէաթի ահաբեկման ծրագիրը։
Ջարդարար պարագլուխը Ալի Սալէհ Պէյ անցագրով ու ծպտուած կ’ապրէր Պերլինի Հայտէնպէրկ փողոցի վրայ։
Թեհլիրեան, իբրեւ ուսանող, սենեակ մը վարձեց Թալէաթի տան ճիշդ դիմացը, ուրկէ տեւական հսկողութեան տակ առաւ ցեղասպան ճիւաղին շարժումներն ու կենցաղը՝ իրենց յետին մանրամասնութեամբ։ Եւ 15 Մարտ 1921ի առաւօտեան ժամը 10ին, երբ Թալէաթ իր բնակարանէն դուրս գալով կը յառաջանար մայթէն, Թեհլիրեան հանդիպակաց մայթէն փողոցը կտրեց, դէմ առ դէմ գալու համար մօտեցաւ ջարդարարին եւ ատրճանակի մէկ գնդակով գետին փռեց զայն։ Անցորդները յարձակեցան Թեհլիրեանի վրայ, խոշտանգեցին զայն՝ առանց գիտնալու, թէ ինչո՛ւ օր-ցերեկով բարեհամբոյր տեսքով այդ երիտասարդը ահաբեկած եւ անշունչ գետին փռած էր անծանօթ անցորդը…
Շահան Նաթալի կը վկայէ, որ Սողոմոն Թեհլիրեանին ինք յանձնարարած էր ահաբեկումէն ետք փախուստ չտալ եւ յանձնուիլ գերմանական իշխանութեանց, որպէսզի արար-աշխարհի առջեւ Թալէաթ դատուէր եւ իր հետ դատավարութեան ենթարկէր Թուրքիոյ գործած ցեղասպանական ահաւոր ոճիրը։
Թեհլիրեան ձերբակալուեցաւ եւ աղմկալից դատավարութեան արժանացաւ։ Գերմանական դատարանը հաստատեց, որ ահաբեկումի ենթարկուած «զոհը»՝ Թալէաթ իսկութեան մէջ զոհ չէր, այլ՝ դահիճ էր ու, աւելի՛ն, դահճապետ էր, որուն ուսերուն կը ծանրանար ամբողջ ժողովուրդ մը ցեղասպանութեան ենթարկած ըլլալու պետական յանցագործութեան ծանրագոյն պատասխանատուութիւնը։
Փաստօրէն Սողոմոն Թեհլիրեան կրկնակիօրէն պատմութիւն խտացնող խորհրդանիշ դարձաւ 15 Մարտ 1921ի իր Հարուածով եւ Ցեղասպան Թուրքը խորհրդանշող Թալէաթի ահաբեկումով։ Նախ մարմնաւորեց հայոց Արդար Դատաստանը գործադրող բազուկը։ Ապա՝ խորհրդանշեց միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ գործադրած Ցեղասպանութեան։
Արդէն հանրայատ իրողութիւն է եւ հանրագիտական ճշմարտութիւն, որ նոյնինքն Ցեղասպանութիւն բառը իր ժամանակակից իմաստով գործածութեան յանձնած Ռաֆայէլ Լեմքին ներշնչուեցաւ որոշապէս Թեհլիրեանի դատավարութենէն եւ հիմնուեցաւ այն մեծ հարցադրումին վրայ, թէ ինչո՞ւ մէկ մարդու ահաբեկման համար կը դատուէր Թեհլիրեան անունով հայ երիտասարդը, մինչ անդին դատ ու դատաստանի չէր ենթարկուած մէկուկէս միլիոն անմեղ հայերու ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատու Թալէաթներու պետական իշխանութիւնը…
Մարտ 15ը այս առումով կրկնակի՛ յիշատակութեան արժանի էջ է հայոց Յուշատետրին մէջ։
Նաեւ՝ Հայկական Պահանջատիրութիւնը մինչեւ արդար դատաստան յառաջ մղելու պայքարի ուխտին վերանորոգման Օրն է, մինչեւ որ խոնարհի հայասպան թուրք պետութիւնը եւ հայ ժողովուրդը ամբողջապէս վերատիրանայ իր ոտնակոխուած իրաւունքներուն։