10 վայր­կեա­նէն ա­մէն ինչ ի­մա­նա­լու
հա­մար ան­գի­տա­ցո­ւող պե­տու­թեան մը մա­սին

«Նոր Յառաջ»

­Փետ­րո­ւար 22ին Ֆ­րան­սա­յի խորհր­դա­րա­նի Ֆ­րան­սա-Ար­ցախ բա­րե­կա­մու­թեան շրջա­նա­կի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած է Ար­ցա­խի նո­ւի­րո­ւած «15 հար­ցում-15 պա­տաս­խան՝ 10 վայր­կեա­նէն ա­մէն ինչ ի­մա­նա­լու հա­մար ան­գի­տա­ցուող պե­տու­թեան մը մա­սին» ֆրան­սե­րէն գրքոյ­կի շնոր­հա­հան­դէ­սը։ Ս­տո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք գրքոյ­կին բո­վան­դա­կու­թիւ­նը, թարգ­մա­նա­բար.-

1.- Ի՞նչ է Ար­ցա­խը։

Ար­ցախ, նա­խա­պէս՝ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բաղ, ինք­նո­րո­շո­ւած հան­րա­պե­տու­թիւն մըն է ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սի մէջ, Ատր­պէյ­ճա­նի, ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ի­րա­նի մի­ջեւ: Երկ­րին մա­կե­րե­սը կը կազ­մէ շուրջ 11.500 քառ.քմ., իսկ բնակ­չու­թիւ­նը՝ 151.000 հո­գի: ­Մայ­րա­քա­ղաքն է Ս­տե­փա­նա­կերտ:
Եր­կի­րը իր ան­կա­խու­թիւ­նը հռչա­կած է 1991 ­Սեպ­տեմ­բեր 2ին՝ դառ­նա­լով նախ­կին ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն: Այդ օ­րե­րէն ի վեր, ան կը պա­հան­ջէ իր ճա­նա­չու­մը մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կող­մէ, ո­րուն բա­ցար­ձա­կա­պէս կ­՚ընդ­դի­մա­նայ Ատր­պէյ­ճան:
­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը կ­՚ե­րաշ­խա­ւո­րէ իշ­խա­նու­թեանց ան­ջա­տու­մը: Ու­նի Ազ­գա­յին ­Ժո­ղով՝ միակ պա­լա­տով, խորհր­դա­րա­նա­կան դրու­թիւն՝ մէկ պա­լա­տով: ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եր­րորդ նա­խա­գահն է, որ 2007ին ընտ­րո­ւած է ընտ­րա­կան ուղ­ղա­կի դրու­թեամբ, ա­պա՝ վե­րընտ­րո­ւած է 2012ին: 2017 ­Փետ­րո­ւա­րին հան­րա­քո­ւէով մը եր­կի­րը վե­րա­նո­ւա­նո­ւե­ցաւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն, վե­րագտ­նե­լով իր բո՛ւն ա­նու­նը:

2.- Ին­չո՞ւ Ատր­պէյ­ճան կ­՚ընդ­դի­մա­նայ Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան ճա­նաչ­ման եւ հա­կա­մար­տու­թեան մէջ կը գտնո­ւի վեր­ջի­նիս հետ։

«Ար­ցա­խեան հա­կա­մար­տու­թիւն» կը կո­չենք մէկ կող­մէ Ատր­պէյ­ճա­նի պե­տու­թեան եւ, միւս կող­մէ, Ար­ցա­խի գրե­թէ ամ­բող­ջու­թեամբ հայ բնակ­չու­թեան մի­ջեւ նախ քա­ղա­քա­կան, ա­պա նաեւ ռազ­մա­կան առ­ճա­կա­տու­մը: Այս հա­կա­մար­տու­թեան ար­մատ­նե­րը կը գտնո­ւին տա­րա­ծաշր­ջա­նի ար­դի պատ­մու­թեան մէջ: 1920ին Անդր­կով­կա­սի խորհր­դայ­նաց­ման օ­րե­րուն՝ պար­տադ­րա­բար եւ հա­կա­ռակ իր բնակ­չու­թեան կամ­քին՝ Ար­ցախ նե­րա­ռո­ւե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի սահ­ման­նե­րուն մէջ՝ խորհր­դա­յին կեդ­րո­նա­կան իշ­խա­նու­թեան կող­մէ: Ատր­պէյ­ճա­նի կցու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք, Ար­ցա­խի բնակ­չու­թիւ­նը դար­ձաւ զո­հը ցե­ղա­յին խտրա­կա­նու­թեան, նոյ­նիսկ իր աս­տի­ճա­նա­կան բնաջնջ­ման մի­տող մնա­յուն քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մը, ճիշդ այն­պէս՝ ինչ­պէս դրա­ցի հայ­կա­կան միւս գա­ւա­ռը՝ ­Նա­խի­ջե­ւա­նը, որ նոյն ի­րա­վի­ճա­կին մատ­նո­ւած էր եւ ո­րու մե­ծա­մաս­նու­թեամբ հայ բնակ­չու­թեան տո­կո­սը 40 տա­րո­ւան մէջ ի­ջաւ 0%ի:
­Խորհր­դա­յին ամ­բողջ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին (1920-1991), Ար­ցա­խի հայ բնակ­չու­թիւ­նը չէ դադ­րած պա­հան­ջե­լէ իր կցու­մը ­Հա­յաս­տա­նին: ­Խորհր­դա­յին զար­հու­րե­լիօ­րէն հար­կադ­րիչ վար­չա­ձե­ւին կող­մէ ամ­բողջ 70 տա­րի­ներ ճնշո­ւած ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ինք­նա­վար մար­զի (Լ.Ղ.Ի.Մ.) իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ­Խորհ. ­Միու­թեան ա­ւար­տին մօտ՝ 1989էն սկսեալ ձեռ­նար­կե­ցին Ատր­պէյ­ճա­նէն ան­ջա­տուե­լու գոր­ծըն­թա­ցի մը: ­Ներ­քին եւ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի յա­րիր այս գոր­ծըն­թա­ցին Ատր­պէյ­ճան հա­կա­դար­ձեց հա­յոց ջար­դե­րով, ա­պա նաեւ՝ ­Ղա­րա­բա­ղի դէմ բա­ցա­յայտ պա­տե­րազ­մով:
Այդ պա­հէն սկսեալ, Ար­ցա­խի բնակ­չու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պեց իր ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւ­նը եւ վերջ­նա­պէս ան­ջա­տո­ւե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նէն՝ 1991 ­Սեպ­տեմ­բե­րին հռչա­կե­լով իր ան­կա­խու­թիւ­նը:
­Հա­կա­մար­տու­թեան զի­նեալ փու­լը տե­ղի ու­նե­ցաւ 1991էն 1994: Դ­րա­ցի ­Հա­յաս­տա­նը, որ ան­կա­խա­ցած էր 1991ին, յանձ­նա­ռու ե­ղաւ Ար­ցա­խի ան­կա­խաց­ման պա­հան­ջի ա­ջակ­ցու­թեան, ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու հա­մար ա­նոր բնակ­չու­թեան ա­պա­հո­վու­թիւ­նը: ­Ռու­սաս­տա­նի միջ­նոր­դու­թեամբ 1994 ­Մա­յի­սին ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ զի­նա­դա­դա­րի հա­մա­ձայ­նա­գիր մը ­Հա­յաս­տա­նի,Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Ար­ցա­խի մի­ջեւ: ­Պա­տե­րազ­մը ա­ւար­տե­ցաւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ռազ­մա­կան յաղ­թա­նա­կով, սա­կայն ա­նոր քա­ղա­քա­կան կար­գա­վի­ճա­կի հար­ցը ցայ­սօր կը մնայ ան­լոյծ:

3.- ­Հա­յաս­տան որ­քա­նո՞վ ընդգր­կո­ւած է այս հա­կա­մար­տու­թեան մէջ։

Օ­րի­նա­կան գետ­նի վրայ, ­Հա­յաս­տան չէ ընդգրկո­ւած՝ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը ի­րա­րու հա­կադ­րած ըլ­լա­լով Ատր­պէյ­ճա­նի պե­տու­թիւ­նը եւ ա­նոր ինք­նա­վար մար­զե­րէն մէ­կուն՝ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի բնակ­չու­թիւ­նը: Այ­սու­հան­դերձ, ­Հա­յաս­տան չի կրնար ան­տար­բեր մնալ այդ բնակ­չու­թեան ճա­կա­տագ­րին, նախ պատ­մա­կան, ա­պա նաեւ բա­րո­յա­կան պատ­ճառ­նե­րով: Ար­դա­րեւ, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը հայ­կա­կան հին գա­ւառ մըն է: Ա­նոր բնա­կիչ­նե­րը հա­յա­խօս են եւ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի տէր. յա­ւե­լեալ՝ Ար­ցախ յա­ճախ փա­փա­քած է իր կցու­մը ­Հա­յաս­տա­նին:
­Բայց ­Հա­յաս­տա­նի կող­մէ այս հա­կա­մար­տու­թեան ըն­ծա­յո­ւած կա­րե­ւո­րու­թեան գլխա­ւոր պատ­ճա­ռը ատր­պէյ­ճա­նա­կան մնա­յուն սպառ­նա­լիք­ներն են՝ ուղ­ղո­ւած տա­րա­ծաշր­ջա­նի կա­յու­նու­թեան եւ ա­պա­հո­վու­թեան: Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հա­յոց ա­ռա­ջին ջար­դե­րէն ետք 1988ին, եւ ի տես խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն որ­դեգ­րած կրա­ւո­րա­կան կե­ցո­ւած­քին ու Ար­ցա­խի բնակ­չու­թեան ա­պա­հո­վու­թիւ­նը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու ան­կա­րո­ղու­թեան՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը յանձ­նա­ռու ե­ղած է այդ բնակ­չու­թեան ա­պա­հո­վու­թեան ե­րաշ­խա­ւոր­ման:

4.- Ին­չո՞ւ Ար­ցախ այ­լեւս չի պա­հան­ջեր իր կցու­մը ­Հա­յաս­տա­նին։

Ար­ցա­խի ինք­նա­վար մար­զը ­Խորհ. ­Միու­թե­նէն ան­ջատ­ման գոր­ծըն­թա­ցը սկսած է ­Հա­յաս­տա­նէն եւ Ատր­պէյ­ճա­նէն քիչ ա­ռաջ: Այն ա­տեն ի զօ­րու խորհր­դա­յին օ­րէնսդ­րու­թեան հա­մա­ձայն՝ Ար­ցա­խի խորհր­դա­րա­նը քո­ւէար­կեց ­Հա­յաս­տա­նի իր կցման ի նպաստ, սա­կայն այդ նա­խընտ­րու­թիւ­նը մեր­ժո­ւե­ցաւ ­Խորհ. ­Միու­թեան ­Գե­րա­գոյն ­Խոր­հուր­դին կող­մէ: Օ­րի­նա­կան հիմ­քե­րով քա­լե­լու նա­խան­ձախն­դիր՝ Ար­ցախ այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ հռչա­կեց իր ան­կա­խու­թիւ­նը՝ ­Խորհ. ­Միու­թեան 1990 Ապ­րիլ 3 թո­ւա­կիր «­Խորհ. ­Միու­թե­նէն հան­րա­պե­տու­թեան մը ան­ջա­տու­մով ծա­գած հար­ցե­րու լուծ­ման գոր­ծըն­թա­ցի մա­սին» օ­րէն­քի հի­ման վրայ:
­Սա­կայն, ­Խորհ. ­Միու­թեան ան­հե­տա­ցու­մէն ետք, մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կող­մէ միայն ­Հա­յաս­տան եւ Ատր­պէյ­ճան ճանչ­ցո­ւե­ցան որ­պէս ան­կախ պե­տու­թիւն­ներ: Ար­ցա­խի ան­կա­խաց­ման գոր­ծըն­թա­ցը դեռ չէ հա­սած ա­ւար­տին, քա­նի որ եր­կի­րը դեռ չի վա­յե­լեր մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ճա­նա­չու­մը: Այդ պատ­ճա­ռով ալ Ար­ցախ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն կը նկա­տէ իր ճա­նաչ­ման ի­րա­ւուն­քի, քան՝ գե­րիշ­խան պե­տու­թեան կար­գա­վի­ճա­կի նուա­ճու­մը, միշտ նպա­տակ ու­նե­նա­լով պաշտ­պա­նել իր բնակ­չու­թիւ­նը, ա­պա­ւի­նե­լով Մ.Ա.Կ.ի Ուխ­տա­գի­րին:

5.- Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը յա­րի՞ր է մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­բա­նու­թեան։

­Պա­տաս­խանն է՝ ա­յո՛: ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի բնակ­չու­թիւ­նը իր շրջա­նի ան­կա­խաց­ման մէջ միա­ժա­մա­նակ կը տես­նէ ֆի­զի­քա­կան ա­պա­հո­վու­թեան միակ ե­րաշ­խի­քը, ինչ­պէս նաեւ ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դի մը ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քին ի­րա­գոր­ծու­մը, որ Մ.Ա.Կ.ի հիմ­նա­կան սկզբունքն է:
Ատր­պէյ­ճան այս ի­րա­ւուն­քին կը հա­կադ­րէ հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան սկզբուն­քը, զոր կը գե­րա­դա­սէ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քէն, եւ այդ պատ­ճա­ռով ալ ինք­զինք ի­րա­ւա­սու կը գնա­հա­տէ ո­րե­ւէ պա­հու բիրտ ու­ժի դի­մե­լու Ար­ցա­խի բնակ­չու­թեան դէմ, վե­րա­հաս­տա­տե­լու հա­մար իր հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը՝ խորհր­դա­յին շրջա­նի սահ­ման­նե­րու հի­ման վրայ:
­Մինչ­դեռ, հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան սկզբուն­քով հե­տապն­դո­ւած բուն նպա­տակն է նա­խա­պէս ինք­նո­րո­շո­ւած պե­տու­թեան մը շրջա­նա­կին մէջ կազ­մո­ւած ազ­գի մը ար­տա­քին յար­ձա­կում­նե­րէ պաշտ­պա­նու­թիւ­նը:
­Սա­կայն, երբ պե­տու­թիւն մը կը սկսի կա­մա­յա­կա­նօ­րէն սպառ­նալ իր ու­րոյն քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն մէկ զան­գո­ւա­ծին — օ­րի­նակ՝ ցե­ղա­յին կամ կրօ­նա­կան, եւ որ ա­նոնք հա­մախմ­բո­ւած են նշեալ պե­տու­թեան կող­մէ պա­հան­ջո­ւող հո­ղե­րուն մէկ մա­սին վրայ, այդ պա­րա­գա­յին՝ սպառ­նա­լի­քի են­թա­կայ այդ զան­գո­ւա­ծին ի­րա­ւունքն է ան­ջա­տո­ւիլ, ա­պա­հո­վե­լու հա­մար իր ֆի­զի­քա­կան անվ­տան­գու­թիւ­նը եւ յա­րա­տե­ւու­մը:

6. Ի՞նչ դիր­քո­րո­շում ու­նի Մ.Ա.Կ. այս հա­կա­մար­տու­թեան նկատ­մամբ։

Մ.Ա.Կ. զօ­րա­վիգ է Ե.Ա.Հ.Կ.ի (Եւ­րո­պա­յի Ա­պա­հո­վու­թեան եւ ­Հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ­Կազ­մա­կեր­պու­թիւն), որ ­Ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան մէջ կը վա­րէ մի­ջազ­գա­յին միջ­նոր­դի դեր: ­Միա­ժա­մա­նակ, 1993ին ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու սաստ­կա­ցու­մով մտա­հոգ՝ Մ.Ա.Կ.ի Ա­պա­հո­վու­թեան ­Խոր­հուր­դը ըն­դու­նած է 4 ո­րո­շում՝ ա­ռաջքն առ­նե­լու հա­մար կա­ցու­թեան վատ­թա­րաց­ման:
Այս չորս ո­րո­շում­նե­րը (թիւ 822 — 1993 Ապ­րիլ 30, թիւ 853 — 1993 ­Յու­լիս 29, թիւ 874 — 1993 ­Հոկ­տեմ­բեր 14 եւ թիւ 884 — 1993 ­Նո­յեմ­բեր 12) յղո­ւած են Ատր­պէյ­ճա­նին, բայց նաեւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան. կոչ կ­՚ը­նէ նաեւ «­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան՝ ի գործ դնե­լու իր ազ­դե­ցու­թիւ­նը Ար­ցա­խի հա­յոց վրայ, որ­պէս­զի դադ­րեց­նեն կռիւ­ներն ու թշնա­մա­կան ա­մէն ա­րարք եւ կա­րե­լի ըլ­լայ հաս­տա­տել մնա­յուն զի­նա­դա­դար մը»:
Այս ո­րո­շում­նե­րը լա­ւա­գոյնս կ­՚ա­պա­ցու­ցեն, որ Մ.Ա.Կ.ի կող­մէ հա­շո­ւի առ­նո­ւած է նա­՛եւ Ար­ցա­խը՝ նոյ­նիսկ ա­ռանց ճանչ­ցո­ւած ըլ­լա­լու, միան­գա­մայն հաս­տա­տե­լով, որ քա­ղա­քա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կա­րե­լի չէ սկսիլ ա­ռանց վերջ տա­լու կռիւ­նե­րուն: Այ­սօր, նշեալ ո­րո­շում­նե­րը չեն յար­գո­ւիր Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ, որ կը մեր­ժէ վերջ տալ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դէմ ուղ­ղո­ւած թշնա­մու­թիւն­նե­րուն, ա­նոր պար­տադ­րե­լով տնտե­սա­կան շրջա­փա­կում եւ բնակ­չու­թեան դէմ ալ մղե­լով հետզ­հե­տէ սաստ­կա­ցող պա­տե­րազմ: Ս­պառ­նա­լի­քի այս մնա­յուն ի­րա­վի­ճա­կը ան­կա­րե­լի կը դարձնէ ար­ցա­խեան բա­նա­կին կող­մէ առ­նո­ւած ա­պա­հո­վա­կան մի­ջոց­նե­րէ հրա­ժա­րու­մը, ինչ որ կը քննա­դա­տո­ւի Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ:

7.- Ի՞նչ է Եւ­րո­պա­յի Ա­պա­հո­վու­թեան եւ ­Հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան (Ե.Ա.Հ.Կ.) դե­րը։

­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սի պե­տու­թիւն­նե­րու 1992ին Ե.Ա.Հ.Կ.ին ան­դա­մակ­ցու­թե­նէն ի վեր, վեր­ջինս կը հան­դի­սա­նայ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու մի­ջազ­գա­յին մար­մի­նը, ­Մինս­քի Խմ­բա­կի ձե­ւով, որ կը բաղ­կա­նայ 11 պե­տու­թիւն­նե­րէ, նե­րա­ռեալ ­Հա­յաս­տա­նը եւ Ատր­պէյ­ճա­նը, յա­ւե­լեալ՝ «­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ընտ­րեալ կամ այլ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ»: Ն­շեալ խում­բը հան­դի­պում­ներ կը կազ­մա­կեր­պէ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րու եւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու մա­կար­դա­կով, ինչ­պէս նաեւ՝ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն­ներ Ե­րե­ւան, ­Պա­քու եւ Ս­տե­փա­նա­կերտ:
1997ին, բա­նակ­ցու­թեանց ըն­թա­ցա­կար­գը ա­ւե­լի աշ­խու­ժաց­նե­լու նպա­տա­կով՝ լայ­նա­ծիր այս խում­բը լիա­զօ­րեց մշտա­կան ե­րեք պե­տու­թիւն, ի­մա՝ Ֆ­րան­սան, ­Ռու­սաս­տա­նը եւ Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րը, ա­պա­հո­վե­լու ա­նոր հա­մա­նա­խա­գա­հու­թիւ­նը եւ վա­րե­լու հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը: ­Մինս­քի Խմ­բա­կը միակ մար­մինն է, զոր լիա­զօ­րած են բո­լոր կող­մե­րը:

8.- Ին­չո՞ւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան հան­դի­պում­նե­րը կ­՚ընդգրկեն ­Հա­յաս­տա­նը եւ Ատր­պէյ­ճա­նը եւ կը բա­ցա­ռեն Ար­ցա­խը։

­Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ծի­րին մէջ, Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հետ ուղ­ղա­կի երկ­խօ­սու­թիւն հաս­տա­տե­լու Ատր­պէյ­ճա­նի մեր­ժու­մէն ետք, 1998ին ­Հա­յաս­տան դար­ձաւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան շա­հե­րը ներ­կա­յաց­նող միակ կողմ: Որ­պէս բա­րի կամ­քի դրսե­ւո­րում, Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը յօ­ժա­րե­ցաւ այս առ­ժա­մեայ լու­ծու­մին, սա­կայն միշտ պա­հան­ջե­լով, որ Ատր­պէյ­ճան ուղ­ղա­կի երկ­խօ­սու­թիւն հաս­տա­տէ իր հետ:

9.- Գլ­խա­ւո­րա­բար ինչ­պի­սի՞ սկզբունք­նե­րու կը յե­նին դի­ւա­նա­գի­տա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։

­Մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի հիմ­նա­կան ե­րեք սկզբուն­քի: Ա­ռա­ջի­նը, որ վե­րա­հաս­տա­տո­ւած է 1994ին եւ 1995ին, բիրտ ու­ժի եւ սպառ­նա­լի­քի բա­ցառ­ման յանձ­նա­ռու­թիւնն է: ­Միւս եր­կու սկզբունք­նե­րը, ո­րոնք հա­մար­ժէք են, կը վե­րա­բե­րին ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քին եւ պե­տու­թիւն­նե­րու հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան:
­Բա­ցի գլխա­ւոր այս ե­րեք սկզբունք­նե­րէն, միջ­նորդ­նե­րը ա­ռա­ջար­կած են շարք մը կա­րե­ւոր կէ­տեր: Ա­նոնք յատ­կա­պէս կը վե­րա­բե­րին Ար­ցա­խի ա­պա­գայ կար­գա­վի­ճա­կին, ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մի­ջեւ ցա­մա­քա­յին անց­քին, ներ­քին գաղ­թա­կան­նե­րու եւ տե­ղա­հա­նո­ւած­նե­րու վե­րա­դար­ձի ի­րա­ւուն­քին, Ար­ցա­խի յա­րա­կից տա­րածք­նե­րու ճա­կա­տագ­րին, խա­ղա­ղա­պահ ու­ժե­րու հաս­տատ­ման եւ այլն:
2009ին, Ֆ­րան­սա­յի, Ա.Մ.Ն.ի եւ ­Ռու­սաս­տա­նի նա­խա­գահ­նե­րը միաս­նա­բար յայ­տա­րա­րե­ցին, որ այս ա­նան­ջա­տե­լի սկզբունք­նե­րու — ո­րոնք կո­չո­ւած են ­Մատ­րի­տեան սկզբունք­ներ — հի­ման վրայ մշա­կո­ւած ընդ­հա­նուր հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը կրնայ ծա­ռա­յել որ­պէս հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հիմ­նա­քար:

10.- ­­Դի­ւա­նա­գի­տա­կան բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին մէջ ի՞նչ յա­ռաջ­խա­ղացք ար­ձա­նագ­րո­ւած է։

Այս ա­ռու­մով ա­մէ­նէն շօ­շա­փե­լի յա­ռաջ­խա­ղաց­քը կը մնայ դի­ւա­նա­գի­տա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու պահ­պա­նու­մը։ ­­Բայց եւ այն­պէս այս յա­ռաջ­խա­ղաց­քը կրնայ շատ ա­ւե­լի էա­կան դառ­նալ՝ հե­տե­ւեալ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով.
— Ա­պա­հո­վել Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան մաս­նակ­ցու­թիւ­նը հա­կա­մար­տու­թեան լուծ­ման բո­լոր հանգ­րուան­նե­րուն։ Այ­սօր բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սե­ղա­նին հիմ­նա­կան կող­մե­րէն մէ­կուն բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը Ատր­պէյ­ճա­նի կե­ցո­ւած­քին պատ­ճա­ռով է, որ կ­­՚ըն­դու­նի միայն ­­Հա­յաս­տա­նի հետ բա­նակ­ցիլ, ինչ որ կը դժո­ւա­րաց­նէ հար­ցին լու­ծում մը գտնե­լու ի­րա­կան յա­ռա­ջըն­թա­ցը։
— Հ­րա­ժա­րիլ իբ­րեւ ճնշման մի­ջոց բռնու­թեան եւ զի­նեալ գրգռու­թիւն­նե­րէն, այ­սինքն՝ ա­պա­հո­վել խա­ղա­ղու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին անշր­ջան­ցե­լիու­թիւ­նը եւ բա­ցա­ռել պա­տե­րազ­մի վերսկ­սու­մը։
— Դ­րա­կան ըն­թացք տալ կող­մե­րուն մի­ջեւ վստա­հու­թեան ամ­րապնդ­ման բո­լոր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րուն։
Այս ա­ռու­մով՝ 2016 Ապ­րի­լին տե­ղի ու­նե­ցած Ատր­պէյ­ճա­նի մե­ծա­ծա­ւալ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն պատ­ճա­ռաւ, եր­կու տաս­նա­մեակ յե­տա­դի­մեց բա­նակ­ցու­թեանց գոր­ծըն­թա­ցը։

11.- Ար­ցա­խեան հա­կա­մար­տու­թեան հար­ցին մէջ ար­դեօք նե­րա­ռո­ւա՞ծ է հո­ղա­յին ազ­դա­կը։

Ար­ցա­խի պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով տա­րած­քա­յին փո­փո­խու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան։ Ատր­պէյ­ճա­նի ու­ժե­րը գրա­ւած են ­­Շա­հու­մեա­նը, ինչ­պէս նաեւ՝ ­­Մար­տու­նիի եւ ­­Մար­տա­կեր­տի շրջան­նե­րէն բա­ժին մը։ ­­Քել­բա­ջա­րը, ­­Լա­չի­նը, ­­Ջեբ­րա­յի­լը, ­­Ղու­բաթ­լուն, ­­Զան­գե­լա­նը, ինչ­պէս նաեւ Աղ­դա­մի եւ ­­Ֆի­զու­լիի շրջան­նե­րու ո­րոշ տա­րա­ծու­թիւն­ներ ան­ցած են Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան հա­կակշ­ռին տակ, ինչ որ Ատր­պէյ­ճա­նը կը զրկէ քա­ղա­քա­ցիա­կան բնակ­չու­թիւ­նը ռմբա­կո­ծե­լու կա­րե­լիու­թե­նէն։

12.- Ի՞նչ ե­ղաւ ճա­կա­տա­գի­րը քա­ղա­քա­ցիա­կան այն բնակ­չու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք պա­տե­րազ­մէն ա­ռաջ կ­՚ապ­րէին խնդրոյ ա­ռար­կայ շրջան­նե­րուն մէջ։

­­Հա­կա­մար­տու­թեան հե­տե­ւան­քով մէկ մի­լիո­նէ ա­ւե­լի տե­ղա­հա­նո­ւած­ներ կան, ո­րոնց­մէ 650 հա­զա­րը ա­զե­րի­ներ են եւ 400 հա­զա­րը՝ հա­յեր։ Այս տա­րա­գիր­նե­րը տար­բեր կա­ցու­թիւն­նե­րու մէջ կը գտնո­ւին։
­­Ներ­կա­յիս ա­մէ­նէն ա­նա­պա­հով խա­ւը Ար­ցախ ա­պաս­տա­նած եւ հոն բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած ժո­ղո­վուրդն է։ Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով, որ Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­ցո­ւած չէ, այդ տա­րա­գիր­նե­րը զրկո­ւած են մի­ջազ­գա­յին օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րէ եւ կը գո­յա­տե­ւեն՝ յե­նե­լով միա՛յն Ար­ցա­խի սահ­մա­նա­փակ մի­ջոց­նե­րուն վրայ։
­­Պէտք է բա­րե­լա­ւել ար­ցախ­ցի գաղ­թա­կան­նե­րու կեն­ցա­ղը եւ հա­տու­ցել ա­նոնց կրած վնաս­նե­րը՝ մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թեան եւ վստա­հու­թեան ա­պա­հով­ման ճամ­բով։
Ինչ կը վե­րա­բե­րի ­­Հա­յաս­տա­նէն եւ Ար­ցա­խէն ա­զե­րի գաղ­թա­կան­նե­րուն, 2008ին՝ այ­սինքն պա­տե­րազ­մէն 15 տա­րի ետք Ատր­պէյ­ճան պաշ­տօ­նա­պէս փա­կած է ա­նոնց վեր­ջին ճամ­բա­րը։

13.- Ո՞ւր հա­սած է Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կա­նու­թեան կա­ռուց­ման գոր­ծը։

Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ու­նի պե­տու­թեան մը բո­լոր ի­րա­ւա­կան ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը, բայց ան քա­ղա­քա­կա­նա­պէս կը տու­ժէ՝ մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման բա­ցա­կա­յու­թեան պատ­ճա­ռով։ Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը եր­կիր մըն է, ո­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ընտ­րո­ւած են հա­մա­պար­փակ ընտ­րու­թեամբ եւ 2016 ­­Յու­նո­ւա­րի տո­ւեալ­նե­րով տեղ­ւոյն մնա­յուն բնակ­չու­թեան թի­ւը 151 հա­զար կը հա­շո­ւէր։ ­­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը 2016ի հան­րա­քո­ւէով որ­դեգ­րած է նոր ­­Սահ­մա­նադ­րու­թիւն մը՝ գոր­ծա­դիր, օ­րէնս­դիր եւ դա­տա­կան ան­կախ մար­մին­նե­րով, իսկ բա­նա­կը կ­­՚ե­րաշ­խա­ւո­րէ երկ­րին եւ բնակ­չու­թեան ա­պա­հո­վու­թիւ­նը։ Ան ու­նի նաեւ իր պե­տա­կան խորհր­դա­նի­շնե­րը՝ դրօ­շա­կը, զի­նան­շա­նը եւ փա­ռեր­գը։
­­Միւս կող­մէ, Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը յար­գե­լով ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան սկզբունք­ներն ու ար­ժէք­նե­րը՝ 1991ի ան­կա­խու­թեան հռչա­կու­մէն ի վեր պար­բե­րա­բար կազ­մա­կեր­պած է ընտ­րու­թիւն­ներ. այս­պէս՝ նա­խա­գա­հա­կան հինգ եւ նոյն­քան ալ խորհր­դա­րա­նա­կան ու շրջա­նա­յին հա­մա­պար­փակ ուղ­ղա­կի ընտ­րու­թիւն­ներ (suffrage universel direct)՝ ա­զատ եւ մրցակ­ցա­յին պայ­ման­նե­րու մէջ։ Այ­սօր, Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­կան դրու­թեան մաս կը կազ­մեն ընտ­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը հսկո­ւած է մի­ջազ­գա­յին ա­ռա­քե­լա­կան դէ­տե­րու կող­մէ։ Այս վեր­ջին­նե­րը ի­րենց հրա­պա­րա­կած պար­բե­րա­կան զե­կոյց­նե­րով բարձր գնա­հա­տած են ընտ­րու­թիւն­նե­րու ա­զատ եւ ժո­ղովրդա­վա­րա­կան բնոյ­թը։
­­Միա­ժա­մա­նակ՝ աս­տի­ճա­նա­բար կը բա­րե­լա­ւո­ւի Ար­ցա­խի տնտե­սա­կան կա­ցու­թիւ­նը։ ­­Հա­մա­խառն ներ­քին ար­դիւն­քը՝ Հ.Ն.Ա.ն (PIB) 1996ի 30 մի­լիոն եւ­րո­յէն 2015ին բարձ­րա­ցած է 419 մի­լիոն եւ­րո­յի։ 2005էն 2016 մի­ջին հա­շո­ւով տա­րե­կան 10 առ հա­րիւր աճ ար­ձա­նագ­րած է։
­­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն կ­­՚ըն­ծա­յէ իր գիւ­ղատն­տե­սու­թեան, հան­քե­րու (ոս­կի, պղինձ, ար­ճի­ճա­քար [մո­լիպ­տէն], ա­ծուխ) շա­հա­գործ­ման, վե­րա­նո­րո­գո­ւող ու­ժա­նիւ­թի զար­գաց­ման, մշա­կու­թա­յին զբօ­սաշր­ջու­թեան եւ բնա­պա­հա­կան մար­զե­րուն։ Ի մէջ այ­լոց, Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ու­նի ջրա­յին զգա­լի պա­շար­ներ, ո­րոնք կա­րե­ւոր նե­րուժ են ա­նա­պա­տաց­ման սպառ­նա­լի­քի տակ գտնո­ւող շրջա­նի մը հա­մար։ ­­Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը քա­ջա­լե­րէ տնտե­սա­կան անձ­նա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը՝ դիւ­րաց­նե­լով փոքր վար­կեր տրա­մադ­րե­լու գոր­ծըն­թա­ցը։

14.- Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ինչ­պէ՞ս կը հաս­տա­տէ ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ։ Ո­րո՞նք են իր ձեռք­բե­րում­նե­րը ար­տա­քին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան բնա­գա­ւա­ռին մէջ։

Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ար­դէն ութ եր­կիր­նե­րու՝ ­­Հա­յաս­տա­նի, ­­Ռու­սաս­տա­նի, Ֆ­րան­սա­յի, ­­Գեր­մա­նիոյ, ­­Լի­բա­նա­նի, ­­Գա­նա­տա­յի, ­­Միա­ցեալ ­­Նա­հանգ­նե­րու եւ Աւստ­րա­լիոյ մէջ ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն ու­նի։ ­­Հան­րա­պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն­նե­րը կ­­՚աշ­խա­տին վե­րոն­շեալ եր­կիր­նե­րու քա­ղա­քա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն հետ։ ­­Լիթ­վա­նիոյ խորհր­դա­րա­նը ստեղ­ծած է Ար­ցա­խի հետ միջ-խորհր­դա­րա­նա­կան բա­րե­կա­մա­կան խումբ մը, իսկ ֆրան­սա­ցի ընտ­րեալ­նե­րը՝ բա­րե­կա­մու­թեան շրջա­նակ մը։ 2014ին Եւ­րո­պա­կան ­­Խորհր­դա­րա­նի ան­դամ­նե­րով ալ կազ­մո­ւած է բա­րե­կա­մու­թեան ան­պաշ­տօն խումբ մը։ Եւ, վեր­ջա­պէս, ­­Միա­ցեալ ­­Նա­հանգ­նե­րու դաշ­նակ­ցա­յին բազ­մա­թիւ նա­հան­գա­պե­տու­թիւն­ներ (­­Քա­լի­ֆոր­նիա, ­­Լո­ւի­զիա­նա, ­­Ռոտ Այ­լանտ, ­­Մա­սա­չու­սէց, ­­Մէն, ­­Ճոր­ճիա եւ ­­Հաո­ւա­յի), ինչ­պէս նաեւ՝ Աւստ­րա­լիոյ տար­բեր նա­հանգ­ներ քո­ւէար­կած են ի նպաստ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ան­կա­խու­թեան եւ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քին։
Ս­պա­սե­լով մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան ճա­նաչ­ման, Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը մեծ ակն­կա­լիք­ներ ու­նի վե­րոն­շեալ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րէն, ո­րոնք եր­բեմն կը յան­գին ա­պա­կեդ­րո­նա­ցո­ւած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան։

15.- Ի՞նչ ար­դիւնք կրնայ ու­նե­նալ Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան ճա­նա­չու­մը։

Ար­ցա­խի մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը ե­րեք ար­դիւնք կ­­՚ու­նե­նայ.
Ա.- ­­Թոյլ կու տայ սկսե­լու խա­ղա­ղու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ա­ռողջ հի­մե­րու վրայ՝ յստա­կաց­նե­լով կա­րե­լի լու­ծում­նե­րը.
Բ.- ­­Կը հար­կադ­րէ ­­Պա­քո­ւի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կար­գե­րով՝ բա­ցա­ռե­լով ա­զե­րի ժո­ղո­վուր­դին վրայ Ար­ցա­խը իբ­րեւ ճնշման մի­ջոց գոր­ծա­ծե­լու քայ­լե­րը։
Գ.- ­­Հա­րա­ւա­յին ­­Կով­կա­սի մէջ խա­ղա­ղու­թիւն հաս­տա­տե­լու ա­ռիթ կը ստեղ­ծէ՝ կրկին ա­նոր շնոր­հե­լով տնտե­սա­կան եւ մշա­կու­թա­յին խաչ­մե­րու­կի դե­րը Եւ­րո­պա­յի, ­­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի եւ ռու­սա­կան աշ­խար­հի մի­ջեւ։