Ինչպէս անշուշտ մսեցաւ, օ՜, մսեցաւ ձեր հոգին,
Երբ Մայիսի այդ առտուն, արշալոյսէն դեռ առաջ,
Իրարու քով, իրարու միայն կառչած նայուածքին,
Մահափայտերը տեսաք ձեր դէմ ցցուած իբրեւ խաչ։
Ինչպէ՜ս անշուշտ խորհեցաք, թէ ալ արեւը երբեք
Նոյն օրն ու օր մը նորէն պիտի երբեք չծագի
Ձեզի համար, եւ ինչպէս այդ զգացմամբ սրտաբեկ,
Դուք նայեցաք ճերմկող անհունութեան երկնքի…
Ինչպէ՜ս անցան մի առ մի ձեր աչքերուն առջեւէն
Սիրուած դէմքերը բոլոր հայրենիքին հետ սիրուած,
Եւ հին յուշերը անուշ եւ նոր յոյսերը ամէն…
Բայց եւ ինչպէ՜ս ամէնքդ ալ, վերջին պահուն, ձեր դիմաց,
Երազային, շատ պայծառ ուրիշ արեւ մը տեսաք,
Եւ ճօճեցաք օդին մէջ, զայն խմելէ ետք ցյագ…
Վահան Թէքէեանի «Քսան Հնչակեան Վկաներուն» խորագրեալ քերթուածին քանդակած պատգամատար այս խորհրդածութեամբ կ՚ոգեկոչենք անմեռ յիշատակը Հնչակեան կուսակցութեան ղեկավար գործիչներու մարտիրոսացումը խորհրդանշող Քսան Կախաղաններուն։
Արդարեւ, Մեծ Եղեռնի առաջին իսկ փուլին, թրքական պետութիւնը ցուցադրաբար դաժանագոյն հաշուեյարդարի ենթարկեց հայ յեղափոխականները։
Յունիս 15ի այս օրը, 102 տարի առաջ, Օսմանեան Կայսրութեան մայրաքաղաք Կ. Պոլսոյ գլխաւոր հրապարակներէն «Սուլթան Պայազէտ»ի վրայ, հայ ժողովուրդի յեղափոխական զաւակներէն քսան մարտիրոսներ միաժամանակ կախաղան հանուեցան։
Այդպէ՛ս, կողք-կողքի շարուած 20 կախաղաններու վրայ միաժամանակ նահատակուելով, հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրութեան համար պայքարի դաշտ նետուած Գաղափարի քսան ընկերներ եղբայրացան նաեւ մահուան մէջ։
Քսան հայորդիներն ալ կը պատկանէին Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան։ Հնչակեան ղեկավար գործիչներ Փարամազն ու տոքթ. Պեննէն կը գլխաւորէին Քսան Մարտիրոսներու ցուցակը։ Իսկ դահիճը մէկն ու միակն էր՝ թրքական պետութիւնը, որ Իթթիհատական իր դէմքով վճռած էր ի սպառ բնաջնջել հայ ժողովուրդը։
Քսան հայ յեղափոխականները այդպէ՛ս միաժամանակ կախաղան բարձրացնելու դաժանագոյն քայլին Իթթիհատական իշխանութիւնը դիմեց յատուկ դիտաւորութեամբ։
Շաբաթներ առաջ՝ Ապրիլ 24ին Պոլսոյ մէջ մէկ գիշերուան ընթացքին իր ձեռնարկած հարիւրաւոր հայ մտաւորականներու ձերբակալութենէն եւ աքսորէն ետք, Իթթահատ ուզեց կատարել սեփական ուժի եւ դաժանութեան այսօրինակ կարծր ու վայրագ ցուցադրութիւն մը, որպէսզի մայրաքաղաքէն սկսած եւ կայսրութեան ողջ տարածքին մոլեգնած հայասպանական իր ոճիրին անարգել գործադրութեան դէմ ընդդիմութեան եւ դիմադրութեան ամէն փորձ իր սաղմին մէջ խեղդէր… բարոյալքումի եւ անզօրութեան մատնելու համար հայ ժողովուրդի մարտունակութիւնն ու յեղափոխական ոգին։
Այլապէս կարելի չէ բացատրել, թէ ինչո՞ւ մօտաւորապէս տարի մը առաջ՝ 16 Յուլիս 1914ին իր ձերբակալած Հնչակեան 120 գործիչներուն համար Իթթիհատ յանկարծ որոշեց, Մայիս 1915ին, արագօրէն դատ ու դատաստան տեսնել, Մայիս 27ին մահապատիժի դատավճիռ կայացնել Քսանին նկատմամբ եւ Յունիս 2/15ին, կեդրոնական ու միեւնոյն հրապարակին վրայ, կողք-կողքի կախաղան բարձրացնել զանոնք՝ հազարաւոր «հանդիսատեսներու» առջեւ։
Հնչակեան կուսակցութեան 120 գործիչներ միաժամանա՛կ ձերբակալուած էին 1914ի Յուլիս 16ին, երբ Քէօստէնճէի (Կոստանցա, Ռումանիա) մէջ կայացած Հնչակեան կուսակցութեան 7րդ Ընդհանուր Համագումարէն անոնք կը վերադառնային Պոլիս եւ, Պոլսոյ վրայով, իրենց շրջանները։ Իթթիհատական իշխանութիւնը գտած էր ժողովին մասնակիցներէն մատնիչ-գործակալ մը՝ Արշաւիր Սահակեան անունով, որ ծանօթ էր իբրեւ Արթուր Եսայեան եւ ժողովին կը մասնակցէր իբրեւ կուսակցութեան Եգիպտոսի կազմակերպութիւնը ներկայացնող պատուիրակ։ Ինչպէս որ «Երկիր Մետիա»յի «Այս Օրը» հաղորդաշարին հեղինակը՝ Վարդան Օհանեան Քսանի յիշատակին փաստագրած է՝ հայանուն մատնիչը իր «կուսակիցների ցուցակներն ու ժողովի որոշումները թուրք հիւպատոսի միջոցով փոխանցել է Պոլսի ոստիկանապետին։
Չբաւարարուելով ստոր արարքով՝ մատնիչը նաեւ դատավարութեան ժամանակ է վկայութիւններ տուել, մեղադրել կուսակիցներին անջատական գաղափարներ կրելու, երկիրը (Օսմանեան Կայսրութիւնը) մասնատելու միտուած ձեռնարկների մէջ եւայլն։ Մեղքերից հիմնականը համարւում էր Երիտթուրք կուսակցութեան պարագլուխների՝ Թալէաթի, Էնվերի, Ճեմալի ահաբեկումը կազմակերպելը»։
Մեր օրերուն համացանցի վրայ զետեղուած Հնչակեան կուսակցութեան պաշտօնական կայքէջը, Քսան Մարտիրոսներուն նուիրուած պատմական ակնարկով մը, իր կարգին կը հաստատէ, որ կուսակցութիւնը իր Կոստանցայի համագումարին կայացուցած էր Իթթիհատի հակահայ քաղաքականութեան դէմ զինեալ դիմադրութեան եւ ընդյատակեայ գործունէութեան անցնելու որոշումներ, որոնց շարքին՝ Ատանայի ջարդին մէջ իրենց ունեցած պատասխանատուութեան համար Իթթիհատի պարագլուխներուն ահաբեկումը։
Բայց սեփական շարքերէն եկող վատագոյն մատնութիւնը փաստօրէն կանխատեսելի դարձուց Հնչակեան ղեկավարութեան քայլերը։ Ժողովէն վերադարձող գործիչները Պոլսոյ մէջ դէմ յանդիման եկան յոռեգոյն… անակնկալին եւ խմբովին ձերբակալուեցան։ 120 հայ յեղափոխականներ բանտարկելով՝ Իթթիհատական կառավարութիւնը իր ձեռքին ունեցաւ թէ՛ հայ ժողովուրդը անջատողականութեամբ «մեղադրելու», թէ՛ ընդհանրապէս հայ յեղափոխական շարժման ու, հնչակեաններու կողքին, նաեւ որոշապէս Դաշնակցութեան վրայ ճնշում բանեցնելու ազդու «յաղթաթուղթ» մը…
Հնչակեան բանտարկեալներուն նկատմամբ կիրարկուեցան թրքական վայրագութեանց զինանոցին ծանօթ բոլոր կարգի բռնութիւնները։ Ատենի թիֆլիսեան «Մշակ» թերթը կը վկայէ, որ Թալէաթ անձամբ հետամուտ էր, որպէսզի Հնչակեան գործիչները ծանրագոյն պատիժներու ենթարկուին։ Այսուհանդերձ՝ թրքական ոստիկանութիւնը հետագայ ամիսներուն ազատ արձակեց 120 բանտարկեալներու մեծ մասին՝ ոմանց պարագային զանազան միջնորդութիւններու տեղի տալով, իսկ միւսներէն ուղղակի կաշառք վերցնելով։
Դատավարութիւնը սկսաւ 1915ի Մայիս 10ին եւ տեւեց 17 օր: Վճիռը հրապարակուեցաւ Մայիս 27ին: Անմեղ հռչակուեցան 6 հոգիներ, որոնց մէջ էր Հմայակ Արամեան, որ հետագային գրեց եւ լոյս ընծայեց «Վերածնունդի երկունքը», «Քսան կախաղանները» եւ «Յարգանք Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան 20 անմահներուն» աշխատութիւնները (այս գործերը կը հանդիսանան դատավարութեան մասին հիմնական աղբիւրները):
«Ռազմական Ատեան»ը երկու տասնեակէ աւելի գործիչներու դէմ արձակեց տարբեր ժամկէտներով բանտարկութեան պատիժներ, իսկ քսան յեղափոխականներու համար վճռեց մահապատիժ, ինչ որ գործադրուեցաւ 1915ի Յունիս 15ին (հին տոմարով` Յունիս 2)։ Վկայութեանց համաձայն՝ կախաղան հանուած առաջին դատապարտեալը եղաւ Փարամազ, որ ծնունդով մեղրեցի էր, ռուսահպատակ, մանկավարժ, հրապարակախօս, յեղափոխական գործիչ, Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, Իթթիհատի ղեկավարները ահաբեկելու գործով հիմնական մեղադրեալ եւ աւազանի անունով Մաթեւոս Սարգիսեան: Պահպանուած է մահէն առաջ անոր արտասանած հետեւեալ խօսքը.
«Դուք միայն մեր մարմինը կրնաք սպանել, բայց մեր գաղափարը` ոչ: Վաղը ան պիտի երեւի Արեւելքի հորիզոնին վրայ: Հայութիւնը պիտի ողջունէ ինքնավար սոցիալիստական Հայաստանը»:
Յաջորդաբար պարանը կ’անցընեն նաեւ միւս դատապարեալներու վիզէն՝
Տոքթ. Պեննէ Թորոսեան. աւազանի անունով՝ Պետրոս, խարբերդցի էր, որ հնարաւորութիւն ունեցաւ բանտէն փախուստ տալու, բայց գերադասեց մահը՝ գաղափարի իր ընկերներուն հետ, իսկ կախուելէ առաջ ալ յայտարարեց.- «Մեզ՝ քսանս կը կախէք, բայց 20 հազարներ պիտի հետեւեն մեզի»:
— Արամ Աչըգպաշեան` արաբկիրցի էր, Գում Գաբուի առաջին՝ հնչակեան ցոյցի եւ Շապին-Գարահիսարի առաջին դիմադրութեան կազմակերպիչներէն, Պոլսոյ Հնչակեան կազմակերպութեան հիմնադիր, 48 տարեկան:
— Գեղամ Վանիկեան` ծնունդով վանեցի էր, զինուորական վարժարանի ուսանող, Հնչակեան Ուսանողական Միութեան նախագահ:
— Երուանդ Թոփուզեան` Պարտիզակի հայոց վարժարանի ուսուցիչն էր, կուսակցական ծածկանունը` Բանուոր: Մեղքերու թողութիւն ընդունելու նպատակով՝ Պոլսոյ Գում Գաբու թաղամասի Մայր եկեղեցիէն հրաւիրուած քահանայ Գալուստ Պօղոսեանի վկայութեամբ, կախուելու վերջին պահուն, անոր շուրթներուն հնչած է «Մեր Հայրենիք»ի վերջին քառեակը. «Ամենայն տեղ մահը մի է…»:
— Ռուբէն Կարապետեան` նաեւ Վահան Պոյաճեան անունով ծանօթ, 41 տարեկան, գործած էր ընդհանրապէս արտասահմանի մէջ:
— Արմենակ Համբարձումեան։
— Գառնիկ Պոյաճեան։
— Երեմիա Մանուկեան։
— Յակոբ Պասմաճեան։
— Յովհաննէս Տէր-Ղազարեան։
— Թովմաս Թովմասեան։
— Մուրատ Զաքարեան։
— Մկրտիչ Երիցեան։
— Գարեգին Պօղոսեան։
— Աբրահամ Մանուկեան։
— Մինաս Քէշիշեան (յայտնի է նաեւ Սարը Խաչիկ, Մշակ Մինաս անուններով)։
— Սմբատ Գըլըճեան։
— Հրանտ Եկաւեան։
— Պօղոս Պօղոսեան:
Բացի կախաղան հանուած այս քսան մարտիրոսներէն, «Ռազմական Ատեան»ը հեռակայ կարգով մահուան դատապարտեց նաեւ հնչակեան ղեկավար գործիչներէն Սապահ-Գիւլեանին, Վարազդատին եւ Հրանտ Աղաջանեանին: Իսկ տասը օր անց, նոյն ատեանը` նախագահութեամբ Նաֆըզ պէյի, մահուան վճիռ կայացուց Հնչակեան կուսակցութեան հետ կապ չունեցող Պօղոս-Նուպար փաշայի նկատմամբ եւս` անկախ Հայաստան ստեղծելու նպատակով օտար տէրութիւններու հետ գործակցելու մեղադրանքով:
Ահա՛ այսպիսի վախճան ունեցան Քսան Կախաղաններու հայ մարտիրոսները, որոնք մահապատիժի գործադրութեան ներկայ հայ քահանային վկայութեամբ՝ իրենք զիրենք պահեցին արիաբար.
«Ոչ մէկ տրտունջ կամ դժգոհութիւն կը լսուէր անոնց բերնէն, որովհետեւ համոզուած զինուորագրեալներ էին ազատութեան բանակին»: Իսկ ականատեսի մը վկայութեամբ՝ նախքան դատավճռի իրականացումը, բոլորը միաբերան երկու անգամ կրկնեցին. «Կեցցէ՛ Հայաստան»։
Թրքական պետութիւնը սպաննեց հայ յեղափոխականներուն մարմինը, ինչպէս որ յաջողեցաւ ծանրագոյն հարուածի տակ առնել ամբողջ հայ ժողովուրդը, բռնագրաւել մեր հայրենիքին մեծ մասը։
Բայց հայասպանը չյաջողեցաւ զգետնել Հայու յեղափոխական կամքն ու կորովը, որովհետեւ կախաղաններ արհամարհող Ազգին ոչ մէկ ուժ կրնայ վերջնականապէս ճզմել։