ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

­Քա­թա­լո­նիոյ ան­կա­խու­թեան ձգտու­մին ու այդ ուղ­ղու­թեամբ կա­տա­րած քայ­լե­րուն հե­տե­ւան­քով՝ Եւ­րո­պա­յի մէջ ամ­րապն­դո­ւած են տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան նկատ­մամբ զօ­րակ­ցու­թիւնն ու ազ­գա­յին ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քին նկատ­մամբ վե­րա­պա­հու­թիւ­նը:
Ա­հա այս­պի­սի ան­բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րու մէջ էր, որ ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 18 ­Հոկ­տեմ­բեր 2017ին ­Պել­ճի­քա­յի Ֆ­լա­ման­տա­կան խորհր­դա­րա­նին մէջ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեա­նի, ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Մա­սիս ­Մա­յի­լեա­նի եւ ար­ցախ­ցի խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ կազ­մո­ւե­ցաւ 11 հո­լան­տա­խօս քա­ղա­քա­գէտ­նե­րէ եւ քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րէ բաղ­կա­ցած Ար­ցա­խի հետ բա­րե­կա­մու­թեան խումբ մը: Եր­կու օր ետք, Ուր­բաթ՝ 20 ­Հոկ­տեմ­բե­րին, 16 ան­դամ­նե­րէ բաղ­կա­ցած նոյն­պի­սի խմբակ մը կազ­մո­ւե­ցաւ այս ան­գամ վա­լո­նա­կան խորհր­դա­րա­նին մէջ:
­Քա­ղա­քա­կան ան­բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րու մէջ Հ.Յ.Դ. Պ­րիւք­սէ­լի ­Հայ ­Դա­տի Գ­րա­սե­նեա­կին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ­Պել­ճի­քա­յի բա­ղադ­րիչ եր­կու խմբա­ւո­րում­նե­րուն հետ կազ­մո­ւած այդ բա­րե­կա­մա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րուն կազ­մու­թիւ­նը կա­րե­լի է նկա­տել մեծ ձեռք­բե­րում մը, որ բնա­կա­նա­բար մե­տա­սա­նե­րորդ պա­հուն կա­տա­րո­ւած քայ­լի մը ար­դիւն­քը չէր եւ չէր կրնար ըլ­լալ, այլ` ար­գա­սիքն էր 15 տա­րի ա­ռաջ հիմ­նո­ւած նշեալ գրա­սե­նեա­կին կա­տա­րած աշ­խա­տան­քին, վար­կին եւ զար­գա­ցու­ցած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, կազ­մած յա­րա­բե­րա­կան ցան­ցին ու քա­ղա­քա­կան ազ­դե­ցու­թեան, ինչ­պէս նաեւ՝ ա­նոնց ա­ճին վկա­յու­թիւ­նը:
Ար­դէն քա­նիե­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով՝ Պ­րիւք­սէլ այ­ցե­լող Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը դժբախ­տա­բար ե­լոյթ չու­նե­ցաւ եւ նոյ­նիսկ ներ­կայ չգտնո­ւե­ցաւ Գ­րա­սե­նեա­կի կազ­մա­կեր­պած Եւ­րո­պա­յի հա­յե­րու 4րդ ­հա­մա­գու­մա­րի Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած երկ­րորդ օ­րո­ւան նիս­տին: Ի­րո­ղու­թեան մէջ այդ­պի­սի ակն­կա­լու­թիւն մը տե­ղին պի­տի չըլ­լար` նկա­տի ու­նե­նա­լով չճանչ­ցո­ւած հան­րա­պե­տու­թեան մը նա­խա­գա­հը իր հիմ­նա­կան կա­ռոյց­նե­րէն մէ­կուն մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու նկատ­մամբ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ու­նե­ցած խիստ վե­րա­պա­հու­թիւ­նը:
­Սա­կայն ­Վա­լո­նա­կան ու Ֆ­լա­ման­տա­կան խորհրդա­րան­նե­րուն մէջ Ար­ցա­խի հետ բա­րե­կա­մու­թեան խմբակ­նե­րու կազ­մու­թիւ­նը կու գայ ու­րո­ւագ­ծե­լու այն յու­սա­լի հե­ռան­կա­րը, որ եւ­րո­պա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ու ար­ժէք­նե­րու միջ­նա­բեր­դին մէջ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի յաղ­թա­կան ե­լոյ­թը թէեւ շատ դժո­ւար, սա­կայն ան­հա­սա­նե­լի չէ եւ ի վեր­ջոյ պի­տի ի­րա­կա­նա­նայ` շնոր­հիւ Հ.Յ.Դ. Պ­րիւք­սէ­լի ­Հայ ­Դա­տի Գ­րա­սե­նեա­կին եւ ա­նոր անձ­նա­կազ­մի համ­բե­րա­տար ու եր­կա­րա­շունչ աշ­խա­տան­քին: