14 Մայիսի այս օրը, 26 տարի առաջ, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը իր առաջին քայլը նետեց՝ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի համազգային ու ներկայացուցչական անդրանիկ կառոյցը դառնալու հորիզոն բացող ճամբուն վրայ։
1992ի մայիսեան այդ օրը, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, հանդիսաւորապէս բացումը կատարուեցաւ նորաստեղծ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի նորակազմ Հոգաբարձումներու Խորհուրդի առաջին լիակատար նիստին։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը Հոկտեմբեր 1991ին նոր վերականգնած էր իր կորսուած, այլեւ խորտակուած անկախութիւնն ու ազատութիւնը, եւ քանի մը ամիս ետք՝ 1992ի Մարտ 3ին, Հ.Հ. անդրանիկ նախագահ Լեւոն ՏէրՊետրոսեանի պաշտօնական հրամանագրով՝ կեանքի կոչուեցաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը։ Հ.Հ.Հ.ի կազմութեան պետական որոշումը միս ու ոսկոր ստացաւ 14 Մայիս 1992ին, երբ Հիմնադրամի ղեկավար մարմինը՝ Հոգաբարձուներու Խորհուրդը գումարեց իր անդրանիկ նիստը։
Այդպէ՛ս ծնունդ առաւ համահայկական կեդրոնական կառոյցի մը ստեղծման գաղափարին մերօրեայ յաջո՛ղ նախաձեռնութիւնը։
Պատմական փաստ է, որ հայրենիքին, երկրի հայութեան եւ հայոց ազգային պետականութեան օգնութեան փութալու գաղափարը միշտ ալ վառ եղած է աշխարհասփիւռ հայութեան կեանքին մէջ։ Հայաստանի անկախութեան ու հայոց ազգային պետականութեան կերտման օրերուն իսկ, 1919 թուականին, Մեծ Եղեռնէն վերապրած արեւմտահայ քաղաքական միտքը իր մէջ բաւարար ուժ գտաւ, որպէսզի Պոլսոյ մէջ նախաձեռնէր Հայաստանի օգնութեան համահայկական կառոյց մը ստեղծելու քայլին։
Եւ այդ քայլին անվերապահօրէն եւ անմիջապէս ընդառաջեց ու տէր կանգնեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ատենի ղեկավարութիւնը։
Իսկ Հայաստանի անկախութեան կործանումէն ետք, խորհրդայինները առաւելագոյնս չարաշահել փորձեցին մեր ժողովուրդին ազգային-հայրենասիրական այդ վառ ապրումները… Հայաստանի օգնութեան հասնելու նշանաբանին տակ, Կարմիր Երեւանը հետամուտ դարձաւ, սփիւռքեան անուանական կառոյցներու սերմանումով, խորհրդային համայնավարութեան ազդեցութիւնը աշխարհով մէկ տարածելու այլասերիչ նպատակին իրականացման…
«Հայաստանի Օգնութեան Կոմիտէ» եւ «Հայրենիքի Օգնութեան Ֆոնտ» անուններու տակ, խորհրդայիններուն կողմէ կեանքի կոչուած այդ «համահայկական կառոյցներու» դառն ու տխուր պատմութեան, այլեւ ազգը պառակտող անոնց գործունէութեան անդրադառնալու առիթը չէ սակայն այսօր։
Այսօր տարեդարձն է մեր ժամանակներուն ազգային միասնականութեամբ կայացած «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին, որուն յոբելեանը հպարտութեամբ ողջունելու արդար իրաւունքը ունի ողջ հայութիւնը։
Անշուշտ այնքան ալ հեզասահ չեղաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի նուաճած ուղին։
Ընդհակառակն՝ հարթուեցաւ ծանր փորձութիւններ յաղթահարելու եւ քաղաքական խոչընդոտներ վնասազերծելու գնով։
Մեր սերունդներու ազգային յիշողութեան մէջ տակաւին կը յամենան վերապրուկները քաղաքական ու գաղափարական պառակտման այն հեղձուցիչ մթնոլորտին, որ սկզբնական տարիներուն, յատկապէս մինչեւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի նախագահական պաշտօնէն հրաժարումը, հետեւեցաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի քայլերուն։
Վերանկախացեալ Հայաստանի նախագահական առաջին իշխանութիւնը փաստօրէն խորհրդայիններուն օրինակով ինք եւս փորձեց եւ հետեւողական ճիգ թափեց, որպէսզի «քաղաքականացնէ» ու սեփական իշխանութեան հաշիւներուն ծառայեցնէ համազգային այնքա՜ն կենսական այս կառոյցը եւս…
Աւելի՛ն. Հայաստանի նախագահական անդրանիկ իշխանութեանց օրով՝ Հ.Հ.Հ.ն գործնապէս վերածուեցաւ Սփիւռքը հակակշռի տակ առնելու, այլեւ հակադաշնակցական ներշնչումով ձեռնարկուած ոտնձգութեանց «զէնք»ի, ինչ որ իր կարգին պատճառ դարձաւ, որպէսզի ընդհանրապէս Սփիւռքի տարածքին հայօճախները վերապահութեամբ մօտենան Հիմնադրամի տեղական մարմիններ առաջացնելու եւ տարեկան հանգանակութեան գործը ամէնուր իրականացնելու ծրագիրներուն։
Քաղաքական այդ պառակտիչ դերակատարութիւնը շեշտելու ծառայեցին նաեւ Հիմնադրամի սկզբնական ղեկավարութեան գործած նիւթական չարաշահումները՝ հանգանակուած նուիրատուութեանց ըստ կամս եւ ի սպաս անձնական իւրացումներու մսխումները…
Ամէն պարագայի, 1998էն ասդին մեր ժողովուրդը կարեւոր ճամբայ կտրեց «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը իր կոչումին բարձրութեան արժանացնելու ուղղութեամբ։ Եւ այսօր հպարտութեամբ կը նշենք 26ամեակը «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի ազգանուէր գործունէութեան։
Աւելի մօտէն ծանօթանալու համար Հ.Հ.Հ.ի կառոյցին, կ’արժէ նկատի ունենալ, որ ըստ հիմնադրամի կանոնադրութեան՝ Հ.Հ.Հ.ի բարձրագոյն ղեկավար մարմինը Հոգաբարձուներու Խորհուրդն է, որուն նախագահը ի պաշտօնէ Հ.Հ. նախագահն է։ Խորհուրդը կը բաղկացնեն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարք-Կաթողիկոսը, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ համաշխարհային ցանցին ներկայացուցիչը, Լ.Ղ.Հ. նախագահը, Հ.Հ. եւ Լ.Ղ.Հ. վարչապետները, Հ.Հ. Սահմանադրական Դատարանի, Ազգային Ժողովի եւ Կեդրոնական Դրամատան նախագահները, Հ.Հ. նախարարներ, համահայկական երեք կուսակցութեանց՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան լիազօրած ներկայացուցիչները, Հ.Օ.Մ.ի, Հ.Բ.Ը.Մ.ի եւ Ամերիկայի Հայկական Համագումարի պատասխանատուները, սփիւռքահայ ճանչցուած բարերարներ ու գործիչներ՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն։
Հիմնադրամի աշխատանքներուն աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերեն եւ մեծ ներդրում ունին Հ.Հ.Հ.ի շուրջ 25 տեղական մարմինները, որոնք ներկայիս կը գործեն աշխարհի 22 երկիրներու մէջ.- Միացեալ Նահանգներ (Լոս Անճելըս եւ Նիւ Եորք), Ֆրանսա, Քանատա (Թորոնթօ եւ Մոնրէալ), Մեծն Բրիտանիա, Գերմանիա, Հոլանտա, Զուիցերիա, Աւստրիա, Շուէտ, Լիբանան, Աւստրալիա, Պրազիլիա, Արժանթին (Պուէնոս Այրէս եւ Քորտոպա), Յունաստան, Կիպրոս, Սուրիա, Ուրուկուէյ, Ռումանիա, Ռուսաստանի Դաշնութիւն, Իրան, Իտալիա եւ Քուէյթ։
Հիմնադրամը իր 26 տարիներու գոյութեան ընթացքին իրագործած է այնպիսի կարեւոր ծրագիրներ, ինչպիսիք են ճամբաներու, ջրազտման եւ ջրամատակարարման համակարգներու, բնական կազատարներու կառուցումը («Գորիս- Ստեփանակերտ», Արցախի մէջ՝ «Հիւսիս-Հարաւ» ինքնաշարժի երթեւեկութեան մայրուղիները եւ այլն)։ Հիմնադրամի ջանքերով են կառուցուած եւ վերակառուցուած նաեւ շարք մը դպրոցներ, մանկապարտէզներ, առողջապահական հաստատութիւններ, մարզական եւ մշակութային կեդրոններ։ Հիմնադրամը իրականացուցած է նաեւ 85է աւելի կրթական, մշակութային եւ գիտական ծրագիրներ։ Հիմնադրամի իրագործած բոլոր հայրենանուէր ծրագիրները նպաստած են հայրենիքի մէջ գոյութիւն ունեցող առաջնային խնդիրներու լուծման՝ նպաստելով հասարակ քաղաքացիներու մօտ առկայ հիմնադրամի ծրագիրներուն անմիջական մասնակցութիւն բերելու ցանկութեան։
Հիմնադրամի տարեկան միջոցառումներու ցանկին վրայ կարեւորագոյն տեղը կը զբաղեցնէ տարեկան հեռուստամարաթոնը, որ կը հեռարձակուի Լոս Անճելըսէն։ Հեռուստամարաթոնը կ’ամբողջացնէ տարուան ընթացքին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ հաւաքուած գումարնրը՝ զանոնք ուղղելով դէպի Հոգաբարձուներու Խորհուրդին կողմէ մշակուած նոր ծրագիրներու իրագործումը։
Հիմնադրամը արդէն թեւակոխած է նոր փուլ, ուր համահայկական իր առաքելութիւնը լիարժէք եւ ամբողջական դարձնելու ճամբուն վրայ, ան լայն բացած է իր գործունէութեան աշխարհագրական կարկինը, ներառած է նաեւ սփիւռքեան գօտիի այն հայօճախները եւ կառոյցները, որոնք ծանր տագնապ կը դիմագրաւեն իրենց հայապահպանման եւ ազգակերտման գործունէութեան ընթացքին։
14 Մայիս 1992
14 Մայիս 1992. «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը նետեց իր առաջին քայլը Ն.